Հայաստանի ներքին կեանքը վերածուած է իսկական խառնարանի մը մինչ շրջապատը` Կովկասը – դարձած է իսկական քաւարան ուր պիտի վճռուին մեծ ու փոքր երկիրներու ճակատագիրները արագ ընթացող զարգացումներու հետեւանքով:
Հայաստանի ընտրական արշաւը, Յունիս 20ին կայացնելու արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ, վերածուած է իրական անհեթեթ (ապսիւրտ) թատրոնի մը: Երկիրը տակաւին չէ յաջողած թաղել իր 5000 զոհերը. իսկ տասը հազարը անցնող վիրաւորեալներու կեանքը կը շարունակուի կաղն ի կաղ, որովհետեւ տակաւին չեն բուժուած անոնց վէրքերը եւ չեն ապահովուած փրոթէզները: Համաճարակն ու պատերազմը գլխիվայր շրջած են երկրին տնտեսութիւնը, իսկ բնակչութեան արտահոսքը միայն կը դանդաղի համաճարակի եւ ճամբորդական դժուարութեանց պատճառով: Ազգ մը ամբողջ որ թշնամացած է ինքն իր դէմ, տակաւին իր հարցերը չլուծած օտար թշնամիին հետ:
Եւ սակայն, կը շարունակուի ընտրապայքարը, ոչ անպայման բարելաւելու երկիրը եւ զայն օժտելու աւելի ատակ իշխանութեամբ մը, այլ յաղթանակ տանելու ընտրութեանց մէջ եւ ջախջախելու հակառակորդը: Այս վիճակը կատարեալ դեղատոմս մըն է ապագայ կործանման, որուն հեռանկարը տեսանելի է բոլորին: Քսանվեց կուսակցութիւն եւ դաշինքներ կը մասնակցին ընտրութեանց: Բոլոր այս աղէտալի գործընթացներուն մէջ միակ մխիթարական երեւոյթը այն է որ այսքան բազմաթիւ կուսակցութեանց մասնակցութեամբ կրնան ձայները տարածուիլ բոլորին վրայ, եւ թոյլ չտալ որ առանձինն ոեւէ կուսակցութիւն կամ դաշինք յաջողի մեծամասնութիւն ապահովել եւ դուռը բաց թողուլ ազգային միասնական կառավարութեան մը կազմին, որ միայն դարմանը կրնայ հանդիսանալ դէպի կործանում ընթացող այս խօլ արշաւին: Մենք անցեալին մատնանշած էինք այս պատկերին գոյառման հաւանականութիւնը, որ իր հերթին հաստատուեցաւ առաջին նախագահին` Լեւոն Տէր Պետրոսեանին հարցազրոյցին ընթացքին:
Մինչ ազգովին կը շարունակուի տգեղ պայքար մը, ցուցաբերելով անհաւատալիօրէն ստորնացած մակարդակ մը լեզուագարութեան, անդին արագ թափով կը յառաջանան քաղաքական զարգացումներ կովկասեան շրջանէն ներս, ուր վախ կայ որ Հայաստանը չկարենայ օգտուիլ բարենպաստ առիթներէ, շարունակուող այս յիմար եւ ինքնակործան կռիւներու պատճառաւ:
Ատրպէյճանը թափանցած է Հայաստանի սահմաններէն ներս եւ կը սպառնայ հողեր յափշտակել նոյնինքն Հայաստանի ինքնիշխան տարածութենէն. ան կը մերժէ յանձնել հայ ռազմագերիները եւ նորեր կ’առեւանգէ Հայաստանի սահմաններէն: Փոխանակ ներքին կռիւները դադրեցնելու եւ ոյժերը միացնելու ընդդէմ թշնամիին` ներքին ու պառակտիչ պայքարը կը շարունակուի բուռն կերպով: Կարծէք մոռցուած է Արցախի դառն ճակատագիրը, անտեսուած են նահատակներն ու անոնց ընտանիքները. հոգ ընող չկայ երկրին հայաթափութիւնը զսպելու:
Իսկ անդին, շրջանային գործընթացները կը շարունակուին ու կը ստեղծուին դրական հնարաւորութիւններ Հայաստանի ի նպաստ: Իմաստուն ղեկավարութիւն մը իր ուշադրութիւնը պիտի լարէր այդ պատեհութեանց վրայ: Իսկ որո՞նք են այդ բարենպաստ պատեհութիւնները –
Ա. Մինչ Ատրպէյճան կը ջանայ պարտադրել Սիւնիքի անցքը Հայաստանի հողին վրայ եւ անդամահատել Մեղրիի շրջանը Հայաստանէն` Իրան կ’ազդարարէ որ ոեւէ սահմանային փոփոխութիւն իր հարեւանութեան մէջ պիտի բախի Թեհրանի սահմանած կարմիր գիծերուն: Աւելին` Իրան որ 44օրեայ պատերազմի ամբողջ տեւողութեան չէզոք դիրք մը բռնած էր` յանկարծ կը սպառնայ որ ոեւէ սահմանային փոփոխութիւն կրնայ ընդհարիլ Թեհրանի զինեալ ոյժերուն: Իսկ վերջին նորութիւնն ալ այն է որ Թեհրան պատրաստ է իր հողին վրայով անցք մը տալ Ատրպէյճանին որ կարենայ հաղորդակցիլ բուն ցամաքամասին եւ Նախիջեւանի միջեւ: Նման առաջարկ մը ամբողջութեամբ պիտի յեղաշրջէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հակամարտութեան սիւներէն մէկը եւ թոյլ պիտի չտայ որ Հայաստան իր սահմանը կորսնցնէ Իրանի հետ: Այս ծիրէն ներս հետաքրքրական է որ Իրան սկսած է աշխուժացնել իր հիւսիս-հարաւ ծրագիրը` Պարսից ծոցը կապելով Սեւ ծովին, Հայաստանի հողին վրայով:
Բ. Ատրպէյճան կը շարունակէ պնդել որ ինք Արցախի խնդիրը լուծած է զէնքի ոյժով եւ այլեւս հարց չէ մնացած Արցախի գոյավիճակի ճշդումին: Այս տեսակէտը հակադրութեան մէջ է Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու տեսակէտներուն եւ պահանջ կայ որ Արցախի խնդիրը իր լուծումը գտնէ Մինսքի խումբի շրջագիծէն ներս ուր դրուած են յստակ սկզբունքներ. այդ սկզբունքներէն մէկն ալ ոյժ չգործադրելու եւ խնդիրները խաղաղ բանակցութեամբ լուծելու սկզբունքն է: Մինչ Ատրպէյճան արդէն բռնաբարած է այդ վերջին սկզբունքը եւ այդ պատճառաւ ալ համարատու է Մինսքի խումբին:
Ֆրանսայի խորհրդարանը եւ մասնաւորաբար նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն կ’առաջարկեն իրականացնել Արցախի ժողովուրդին անկախութիւնը:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Փարիզ եւ Պրիւքսէլ այցելութեան ընթացքին, Յունիս 1-2, թէ Ֆրանսա եւ թէ Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը պահանջեցին հայ ռազմագերիներու վերադարձը, առանց պայմանի եւ Ատրպէյճանի բանակի վերադարձը Յունուար 11ի դիրքերուն: Այս բոլորը հայանպաստ զարգացումներ են, սակայն որպէսզի Հայաստան կարենայ օգտուիլ այս գործընթացներէն` պէտք է կիրարկէ հմուտ եւ արդիւնաւէտ դիւանագիտութիւն մը: Սակայն, երկրին մէջ տեսանելի չէ ու չեն այդ դիւանագէտները, որոնք հմտութեամբ պիտի օգտուէին այս առիթներէն:
Գ. Ամէնէն հետաքրքրական զարգացումը Ամերիկայի ազդու միջամտութեան ազդանշանն է Կովկասի մէջ: Այդ ազդանշանը խորհրդանշողը հանդիսացաւ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի օգնական Ֆիլիփ Ռիքըրի այցը Պաքու եւ Երեւան, ուր ան յստակօրէն սահմանագծեց Ուաշինկթընի դիրքաւորումը շրջանի այժմու տագնապին մասին: Ան եւս շեշտեց հայ ռազմագերիները անյապաղ եւ առանց պայմանի վերադարձնելու պահանջը: Նոյնպէս անթոյլատրելի գտաւ սահմանային խախտումները: Սակայն, այս բոլորէն աւելի ան պահանջեց Մինսքի խումբի աշխատանքներուն վերսկսումը մասնաւորաբար որոշելու Արցախի իրավիճակը:
Հակառակ նախագահ Իլհամ Ալիեւի պնդումներուն` Պր. Ռիքըր շեշտեց որ տակաւին գոյութիւն ունի Արցախի իրավիճակի ճշդումի հարց: Ռուսաստանի նախագահը` Փութին ընդունած էր թէ տակաւին իրավիճակի ճշդում մը գոյութիւն ունի, սակայն, զայն վերապահած էր ապագայ անորոշ ժամանակի մը: Մինչեւ վերջերս ոչ ոք տեղեակ էր թէ ե՞րբ պիտի հասնէր այդ անորոշ ժամանակը: Այս պահուն Մոսկուա լուծելիք հարցեր ունի Պաքուի հետ եւ պէտք է հաճոյանայ անոր իշխանութեան` իրականացնելու համար իր ծրագիրները. Մոսկուա բարձրաձայնած է որ կ’ուզէ Ատրպէյճանը ընդգրկել Եւրասիական Շուկայէն եւ Հաւաքական Պաշտպանութեան Ուխտէն (ՀԱՊԿ) ներս. եւ կը վարանի այսօր սեղանի վրայ դնելու Արցախի գոյավիճակի խնդիրը` չխրտչեցնելու համար Ալիեւի վարչակարգը: Եւ Մոսկուա կ’ուզէ այդ ծրագիրը իրականացնել հակառակ Հայաստանի շահերուն:
Սակայն, երբ կը տեսնէ թէ Ամերիկա եւ Ֆրանսա կը պնդեն իրավիճակի անյապաղ ճշդումին վրայ, եւ այդ ալ Մինսքի խումբի ծիրէն ներս, Մոսկուա սկսած է հաշուի առնել այդ առաջարկը լրջօրէն եւ զարմանալի չէ որ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը` Սերկէյ Լաւրով վերջապէս բացայայտած է Արցախի իրավիճակը ճշտելու ժամանակը Մոսկուայի հաշիւներուն մէջ: Արդարեւ, վերջերս կայացած Փրիմաքովեան զրոյցներու ընթացքին Լաւրով յայտնած է թէ պէտք է նախ լուծուին մարդասիրական խնդիրները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ եւ երկու ժողովուրդները սկսին խաղաղ կենակցութեան, եւ Արցախի իրավիճակի խնդիրը կարելի է քննել 2-3 տարիէն: Սակայն, Ամերիկա կը պնդէ որ նախ պէտք է լուծուի կարգավիճակի հարցը եւ ապա քննարկուին մարդասիրական խնդիրները եւ խաղաղ կենակցութեան հարցերը:
Ամերիկայի պնդումը բնականաբար չի բխիր ՙհայասիրական՚ նպատակներէ. այլ անոր համար ընդունելի չէ ռուս-թրքական համաձայնութիւնը Մինսքի խումբէն դուրս եւ կ’ուզէ Արեւմուտքը եւս ունենայ իր ըսելիքը այդ խնդրին մէջ:
Հայաստանի համար ամէնէն ծիծաղելի կացութիւնը ստեղծուեցաւ երբ Պր. Ռիքըր այցելեց Երեւան. ըստ փրոթոքոլի անոր հետ հանդիպողը պիտի ըլլար արտաքին գործոց նախարարը: Սակայն, ինչպէս ծանօթ է` Պր. Արա Այվազեան հրաժարած էր – հրաժարած էին նաեւ անոր տեղակալները, բացի մէկէն: Հետեւաբար բանակցութիւն կատարելու պարտականութիւնը ինկաւ վարչապետին` Նիկոլ Փաշինեանին, որուն արժանիքներէն մէկը չէ դիւանագիտական հմտութիւնը: Այնպէս որ ոչ միայն այս պարագային այլ բոլոր պարագաներու տակ ալ դիւանագիտութեան պակասը` պատճառ պիտի դառնայ որ Հայաստան չկարենայ օգտուիլ դիւանագիտական այն պատուհաններէն որոնք բաց են այսօր եւ կրնան բացուիլ նաեւ ապագային:
Եթէ Պր. Փաշինեան իսկապէս կը սիրէ հայրենիքը` պէտք է հեռու մնայ իր կարողութենէն վեր հարցերէն եւ դիւանագիտութեան պատասխանատուութիւնը յանձնէ մասնագիտութեամբ դիւանագէտ անձերու:
Եթէ մինչեւ այսօր պատահած ձախաւերութիւնները դաս մը չեղան մեր ՙթաւշապատ՚ իշխանութեանց` կրնան վաղուան աղէտները ըլլալ:
«Պայքար» շաբաթաթերթ