ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՊԱՏԱՆԴ՝ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐՈՒ ՑԱՆՑԻՆ

Փոքր երկիրներու ճակատագիրն է ենթարկուիլ շրջանային եւ միջազգային վերիվայրումներու թաւալքին՝ առանց հնարաւորութիւնն ունենալու ազդելու անոնց վրայ, ընդհակառակն, մեծապէս ենթարկուելով անոնց հոսանքներուն:

Սուրիոյ պատերազմը՝ մէկ կողմէ – ուր ընդգրկուած են Հայաստանի բարեկամներն ու թշնամիները – Ռուս-ամերիկեան հակամարտութիւնը՝ միւս կողմէ, աքցանի մէջ առած են Հայաստանի ճակատագիրը:

Սուրիոյ պատերազմը նախ քար ու քանդ ըրաւ մեր ամենէն հայաշունչ գաղութը: Բաց աստի, Սուրիոյ պատերազմական թատերաբեմին վրայ շահերու հսկայ բախումներ կ’ընթանան, ինչպէս շրջանային, նոյնպէս համաշխարհային ուժերու միջեւ, իրենց արձագանգը սփռելով ամբողջ տարածաշրջանին վրայ ուր հայկական փոքրիկ օճախը կը ջանայ վերապրիլ: Արդիական պատերազմները աւելի թեքնոլոժիի բախումներ են՝ աւելի քան բազուկի: Օրինակ, Ռուսաստան ռազմական հսկայ ներդրումներ կատարելէ ետք Սուրիոյ հողամասին վրայ, հրթիռային ռմբակոծումներ կատարեց Իսլամական պետութեան թիրախներուն վրայ Միջերկրականէն եւ Կասպից ծովէն եւ ռազմական օդանաւեր ղրկեց Իրանի ցամաքամասէն: Մոսկուան ռազմախարիսխ ունի նաեւ Հայաստանի մէջ՝ հաւատացնելով որ ատիկա Հայաստանի պաշտպանութեան համար է: Մինչ ռազմագիտական գործողութիւնները ցոյց կու տան թէ այդ երկրին բոլոր ռազմական կառոյցները կլոպալ համադրութեան մը մասերն են: Հետեւաբար Հայաստանի հողամասէն արձակուած ոեւէ հրթիռ կամ ռազմական օդանաւ հակադարձութեան թիրախ կը դարձնէ զայն:

Ի դէպ, տեղական բախումներու պարագային եւս – ինչպիսին է Արցախի պատերազմը – ոեւէ մասնակցութիւն չէ արձանագրուած այդ խարիսխին հաշւոյն, ոչ ալ յստակ յանձնառութիւններ կան Հայաստանը պաշտպանելու, պատերազմի մը պարագային:

Սուրիոյ պատերազմական թատերաբեմին վրայ հսկայ ներկայութիւն մըն է Ամերիկան՝ հակակշռելու համար ռուսական եւ իրանեան ներկայութիւնը: Սակայն տուեալ պահուն Ամերիկա հակադրութեան մէջ է իր իսկ դաշնակցին՝ Թուրքիոյ հետ եւ իր անորոշ եւ հակասական քաղաքականութեամբ միայն կը քաջալերէ Էրտողանի լկտի վարքագիծը:

Թրքական ոյժերը այս օրերուն կը ռմբակոծեն Սուրիոյ Աֆրին քաղաքը, քիւրտերը կը ձգտին ինքնավար շրջան մը հաստատել: Էրտողան կը սպառնայ նաեւ մտնել Մենպիճ, ուր տեղակայուած են ամերիկեան ոյժերը որոնք կը փորձեն արգելք հանդիսանալ անոնց յառաջխաղացքին: Ի պատասխան այդ արգելքին Էրտողան սպառնացած է «Օսմանեան ապտակ»ով սաստելու դաշնակիցը:

Ամերիկեան «Փոլիթիքօ» թերթը իր Փետրուար 13ի համարին մէջ կը գրէ.

«Դժբախտաբար մինչեւ այսօր Ամերիկայի կողմէ արձակուած խառն պատգամները, միացած Թուրքիոյ նկատմամբ փափուկ վերաբերումին, համոզած են Էրտողանը որ Ուաշինկթըն ամէն գնով կ’ուզէ պահպանել իր բարի յարաբերութիւնները Անքարայի հետ: Այս քաղաքականութիւնը միայն կը քաջալերէ բախումի վտանգը»: Քիչ անդին թերթը կ’աւելցնէ «Ուաշինկթըն պէտք է բացայայտօրէն բացատրէ հետեւանքները թրքական յառաջխաղացքին դէպի հոն ուր տեղեկայուած են ամերիկեան ոյժերը: Այս մօտեցումը պէտք է առաջ տարուի կարծր քաղաքականութեամբ մը որ վերջին տարիներուն յատկանշած է ռուս-թրքական յարաբերութիւնները»:

Ակնարկութիւնը, անշուշտ Մոսկուայի հակադարձութեան մասին է երբ թուրքերը վար առին ռուսական ռազմական օդանաւ մը, որուն ի պատասխան Փութին անմիջապէս խզեց առեւտրական կապերը եւ կանգնեցուց զբօսաշրջիկային հոսանքը, մինչեւ որ Էրտողան վազեց ծանրադիր ներողութիւն խնդրելու Փութինէն:

Սակայն Ամերիկա դեռ հեռու է նման վճռական քայլէ մը. վերջերս Պետական Քարտուղար Ռեքս Թիլլըրսըն Անքարայի մէջ հանդիպեցաւ Էրտողանին, միայն ժպիտներ փոխանակելու, իսկ երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները՝ Ճէյմս Մեթիս եւ Նուրէտտին Ճանիքլի ՆԱԹՕի շրջագիծին մէջ հանդիպեցան Պրիւքսէլի մէջ, եւ թրքական կողմը այդ հանդիպումէն ետք յայտարարեց թէ Ամերիկա խոստացած է Սուրիոյ քիւրտերէն ետ առնել ծանր զէնքերը:

Ի դէպ, թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւնները ատենէ մը ի վեր լարուած վիճակի մէջ են. իսրայէլեան կողմը բարելաւման ազդանշան մը տալու համար Անքարային, դարձեալ, ոտնագնդակի նման, հրապարակ հանեց հայկական գործօնը. Արդարեւ ընդդիմադիր պատգամաւոր Եայիր Լափիտի քուէի դրաւ Քնեսեթի առջեւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու խնդիրը, որ դարձեալ պարտուեցաւ՝ 41ի դէմ 28 քուէով. եւ արտաքին գործոց փոխ-նախարարուհի՝ Ցիփի Հաթովելի յայտնեց որ Իսրայէլ չի կրնար վտանգել իր արտաքին քաղաքականութիւնը, որքան ալ կարեկից ըլլայ հայոց ողբերգութեան նկատմամբ:

Մինչ շրջանային եւ համաշխարհային ազդակներ կ’անդրադառնան Հայաստանի ճակատագրին վրայ՝ պէտք չէ մոռնալ որ Աննիբալը դրանն է. այսինքն, Հայաստանի անմիջապէս դոկից Ատրպէյճանը կը շարունակէ ռազմական գրգռութիւնները, բարձրացնելով իր ռազմատենչ կոչերը: Նախագահ Ալիեւ վերջերս յանկարծ որոշեց արագացնել նախագահական ընտրութիւնները՝ չորրորդ անգամ ըլլալով անմրցակից մասնակցելով այդ ընտրութեան՝ յաւերժացնելու համար Ալիեւեան տոհմի իշխանութիւնը այդ երկրին մէջ: Մինսքի խումբի ծիրէն ներս Պաքու կը պահանջէր Արցախի շուրջ եօթը շրջաններուն վերադարձը իբրեւ նախապայման խաղաղութեան: Սակայն ազերի նախագահը իր ընտրարշաւին մէջ աւելի ընդարձակ ախորժակներ սկսած է ցուցաբերել. (Նոր Ատրպէյճան» կուսակցութեան Փետրուար 9ի մէկ հաւաքին այն յայտարարած է թէ Երեւանը, Զանգեզուրը եւ Սեւանի շրջանը պատմական ատրպէյճանական հողեր են եւ թէ Պաքուի ռազմագիտական նպատակն է վերադառնալ այդ հողերուն:

Ռուս լրագրող Ալեքսանտր Նեւրագով այս յայտարարութեան վրայ «վտանգաւոր խելագար» անուանած է Ալիեւը. սակայն այդքանը բաւարար մխիթարութիւն չի կրնար ըլլալ հայոց համար երբ Ալիեւի այդ յայտարարութեան ետին կը պարզուին աւելի վտանգաւոր զարգացումներ: Այսպէս, Ամերիկայի ազգային հետախուզութեան տնօրէնին՝ Տէն Քոաթսի բացայայտումները Ծերակոյտի առջեւ կատարուած լսումներու ընթացքին կը պարզեն թէ «Լեռնային Ղարաբաղի վիճելի տարածաշրջանին շուրջ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը կրնայ առաջնորդել լայնածաւալ ռազմական հակամարտութեան՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, դրդելով Ռուսաստանը միջամտելու»:

Այս յայտնութեան ծիրին մէջ պէտք է տեղաւորել  նաեւ ամերիկեան դեսպանատան զգուշացումը Երեւանի մէջ թէ Ուաշինկթընի պատժամիջոցները Մոսկուայի դէմ կրնան անդրադառնալ նաեւ այն երկիրներուն վրայ որոնք զէնք կը գնեն Ռուսաստանէն: Թէեւ ռուս ռազմական մասնագէտ Վլատիմիր Եւսեյեւ կը վստահեցնէ թէ Հայաստան զերծ է այդ պատժամիջոցներու գործնական հետեւանքներէն, սակայն Ամերիկայի վարած քաղաքականութիւնը այդ տարածաշրջանին մէջ երաշխիք մը չ’ընծայեր:

Ուաշինկթընի յայտարարուած քաղաքականութիւնն է չթողուլ որ Ռուսաստան վերադառնայ իր նախկին հզօրութեան. այդ քաղաքականութեան գործնական կիրարկումն ալ այն է՝ Ռուսաստանը արիւնաքամ դարձնել տեղական բախումներու ճահիճին մէջ. ինչպէս այսօր կը կատարուի Սուրիոյ մէջ. հազիւ յոյսեր պարզուին հորիզոնին վրայ որ Սուրիոյ պատերազմը մօտեցած է իր հանգուցալուծման՝ Ռուսաստանի, Իրանի եւ Թուրքիոյ հասկացողութեամբ, յանկարծ հրձիգութիւն մը կը կատարուի Ամերիկայի, Իսրայէլի կամ՝ Թուրքիոյ կողմէ՝ երկարաձգելու համար պատերազմը:

Ուաշինկթըն նաեւ ստեղծած է Ուքրանիոյ ճահիճը՝ ներգրաւելով Ռուսաստանը՝ արիւնաքամութեան միեւնոյն նպատակով:

Ամերիկա եւ իր դաշնակիցները ջարդուկտոր ըրին Իրաքն ու Լիպիան, սակայն Խրիմի միացումը Ռուսաստանին հանրաքուէի միջոցաւ բաւարար պատճառ է պատժամիջոցներու:

Միւս կողմէ Ամերիկայի համար ձեռնտու է զինարշաւը, ներքնապէս տնտեսութիւնը սնուցանելու եւ արտաքնապէս ալ Ռուսաստանի աղբիւրները ցամքեցնելու: Այդ պատճառաւ ալ ՆԱԹՕն կը շրջապատէ ռուսական սահմանները, սպառնալից զինամթերքներ տեղաւորելով Լեհաստանի հողին վրայ:

Ուրեմն, ամերիկեան այս քաղաքականութեան ծիրէն ներս հաւանական ազդակ է Ռուսաստանը նոր բախումի մը մասնակից դարձնելու կարելիութիւնը. եւ այդ բախումին կայծերը այսօր կը թուին ըլլալ Արցախի մէջ, ըսաւ Պր. Քոաթսի:

Որքան ալ Ալիեւ բնորոշուի իբրեւ «վտանգաւոր խելագար»՝ քաղաքական քարտերը դասաւորուած են ի նպաստ Ատրպէյճանի. նոյնիսկ եթէ խափանուի ռուսական զէնքերու հոսքը դէպի Պաքու, վերջինս արդէն կը զինուի Իսրայէլէն, Պելառուսէն եւ Ուքրանիայէն: Իսկ վերջերս ալ Ատրպէյճան սկսած է մօտենալ Իսրայէլ-Սէուտական Արաբիա առանցքին, որոնց համար զէնքի մատակարարումը ամբողջական մասն է իրենց արտաքին քաղաքականութեան:

Հայաստանի զէնք մատակարարողը գլխաւորաբար Ռուսաստանն է. եւ այդ աղբիւրին խափանումը կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ Հայաստանի համար:

Արցախի հարցով մինչեւ անգամ ամենամօտիկ բարեկամները Հայաստանին – Ռուսաստան եւ Իրան – չեն բաժներ Երեւանի սկզբունքը Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան մասին: Մինչ Ատրպէյճան կը վայելէ հզօր Թուրքիոյ թիկունքը՝ «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» տարազով: Ան ՄԱԿի մէջ քուէները ունի Իսլամական Համագումարի անդամ երկիրներուն եւ իր քարիւղի եւ կազի պաշարները կրնայ ռազմագիտական զէնքի վերածել, ծիծաղելի ընծայելով մեր հայոց յոխորտանքը որ եթէ Ատրպէյճան քարիւղ ունի՝ Հայաստանն ալ իր սփիւռքը ունի: Եթէ Համահայկական Հիմնադրամի հանգանակութիւնները չափանիշ մըն են սփիւռքի ենթադրեալ զօրութեան՝ կրնան ծաղրի առարկայ դառնալ Ալիեւի շրջանակին մէջ:

Պատերազմական այս բարդ իրավիճակներուն մէջ ի՞նչ կ’ընէ հայութիւնը. որո՞նք են սփիւռքի եւ Հայաստանի հետապնդած հեռանկարները: Ալիեւ եւ Էրտողան քանիցս նշումներ ըրած են որ հայեր իրենց կամքով կը լքեն իրենց հայրենիքը դիւրացնելով թուրքերուն ապագայ ծրագիրները: Եւ իրօք հայաթափումը գոյութենական վտանգ մըն է Հայաստանի ապագային համար: Ամէն հայ անհատի եւ հայ ընտանիքի դիմաց երկընտրանքը կը ներկայանայ հետեւեալ ձեւով – անմիջականին մէջ ապահովել անձին եւ ընտանիքին բարօրութիւնը՝ ի հաշիւ հաւաքական բարօրութեան: Որովհետեւ վերջինս կ’ենթադրէ ժամանակաւոր զրկանք եւ կազմակերպեալ աշխատանք:

Սփիւռքը կարգին դարձած է «փոշի ազգ». իսկ արտագաղթողները սփիւռքի մէջ միակտուր եւ միաձայն Հայաստանի իշխանութիւնները պախարակելու գործին մէջ են, մոռնալով որ Աննիպալը դրան մուտքին է:

Արդ՝ իշխանութիւնները չունի՞ն թերութիւններ. բնականաբար ունին: Ոմանք նոյնիսկ իրենց փտածութեամբ կը դառնան Հայաստանի ներքին թշնամիները:

Սակայն հորիզոնին վրայ երեւցողը ճակատագրական վերջին մարտն է որ կը պահանջէ ազգահաւաք եւ ոյժերու համախմբում:

Ան որ կը տեսնէ գերհզօր ոյժերու դասաւորումը ընդդէմ Հայաստանին, չի կրնար ուրիշ բան մտածել բացի համախմբուելէ եւ յաղթանակելէ, ներքին տարակարծութիւնները ետքէն լուծելու յոյսով՝ խաղաղութեան եւ ապահովութեան պայմաններուն տակ: