Հայաստանի Անկախութեան Տարեդարձին Առիթով

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ՝ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ՝

Առաջին, Երկրորդ, Երրորդ… Չորրո՞րդ …

Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան

 

Այս վերնագրով յօդուած մը գրելու մղուած պիտի չ’ըլլայի եթէ յառաջիկայ Սեպտեմբեր 21-ին նախօրեակին, յատկապէս այս տարի, յանկարծ նկատած չ’ըլլայի թէ Հայ ժողովուրդը վեց դարեր շարունակ իր անկախութիւնը կորսնցնելէ ետք վերջին մէկ դարուայ ընթացքին նուազագոյնը երեք եւ հաւանաբար նոյնիսկ չորս քաղաքական յեղաշրջումներէ, կամ յեղափոխութիւններէ եւ հետեւաբար Հանրապետական շրջաններէ անցնելու վիճակին մէջ կը գտնուի…

Անկիւնադարձային համապատասխան թուականները ծանօթ են որեւէ ուշադիր ընթերցողի, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք թէ այս տարուայ Սարդարապատեան յաղթական պատերազմներուն  եւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հարիւրամեակին առիթներով առատ մելան թափուեցաւ եւ գրականութիւն տարածուեցաւ յիշելու եւ յիշեցնելու բոլորիս անցնող հարիւր տարիներու մեր պատմութեան անկիւնադարձային դրուագները եւ անոնց նշանակութիւնները:

Սկսելով 1918 Մայիս 28-ի շրջանէն, յետոյ 1920 Նոյեմբեր 29-ի շրջանը, յետոյ 1991-ի Սեպտեմբեր 21-ի շրջանը եւ ի վերջոյ այս տարի եւ հիմա կայ նաեւ 2018 Մայիս 8-ի շրջանը, թէեւ այս վերջնոյն  մասին կան տարբեր կարծիքներ: Հարց է թէ այս վերջինը պէտք է բնորոշել որպէս իշխանութեան յեղաշրջո՞ւմ թէ յեղափոխութիւն: Նաեւ որքա՞ն վաւերական են այն կարծիքները թէ Մայիս 8-ին նոյնիսկ դադրեցաւ Երրորդ Հանրապետութիւնը եւ թէ այսօր մեր հայրենիքը կ’ապրի Չորրորդ Հանրապետութեան շրջանը…:

Նկատի ունենալով այս բոլորը այս տողերուն հեղինակը կը մղուի այս օրերուն կատարելու աւելի լայն խորհրդածութիւններ, մինչ ամէն տեղ կը ծրագրուի նշել, ինչպէս ամէն տարի, Հայաստանի Անկախութեան 27րդ տարեդարձը 2018 Սեպտեմբերի 21-ին:

Արդարեւ միջազգային հասկացողութեամբ, անկախութեան ընդհանրապէս ընդունուած իմաստը այն է թէ տուեալ ազգ մը որ որոշ շրջան մը ապրած ըլլալով օտար ազգի մը իշխանութեան եւ տիրակալութեան ներքեւ  ի վերջոյ տարիներու ընթացքին կուտակուած ազգային իր ընդվզումը կ’արտայայտէ ապստամբելով օտարին տիրապետութեան դէմ եւ իր ֆիզիքական մանաւանդ զինուած ոյժերը հաւաքելով, բուռն, կարճ կամ երկար, պայքարէ մը ետք օտարը կը շպրտէ իր երկրէն դուրս եւ յեղափոխական այս արարքով կը հռչակէ իր անկախութիւնը:

Այդպէս է պարագան օրինակի համար Յունաստանին՝ Թուրքերու դէմ, Եգիպտոսին՝ Անգլիացիներուն դէմ, Եթովպիան՝ Իտալիոյ դէմ եւայլն:

Երբ միւս կողմէ ուշադրութեամբ վերլուծենք մեր անցնող հարիւրամեակը հետաքրքրական է երբ կը հաստատենք թէ վերեւի այս բնորոշումով, հայութեան համար՝ վերոյիշեալ թուականներէն եւ ոչ մէկը բոլորովին կը համապատասխանէ սովորաբար ընդունուած  անկախութեան՝ եւ անոր կապուած Հանրապետութեան, կամ յեղափոխութեան այս տուեալներուն:

Արդարեւ 1918 Մայիսի 28-ին Հայաստանի այն բեկորը ուր անկախութիւն կը հռչակուէր, այլեւս գրաւուած չէր որեւէ օտար երկրի մը կողմէ: Հայերս մնացած էինք մենք մեզի եւ հետեւաբար հռչակեցինք մեր անկախութիւնը:

1920 Նոյեմբերի 29-ին, իսկական կատարուածը ներքին քաղաքական յեղաշրջում մըն էր երբ համայնավար հայեր հաստատեցին Խորհրդային համակարգ մը փոխարինելով տիրող Հ.Յ.Դ.-եան մեծամասնական համակարգը:

1991-ի Սեպտեմբեր ի 21-ին անգամ մը եւս Հայաստան մնացած էր ինք իրեն եւ հետեւաբար առանց իսկական յեղափոխութեան ան ինքզինք վերակազմակերպեց եւ այդպիսով հաստատուեցաւ համակարգ մը ուր համայնավարութեան փոխարէն, այս անգամ մեծամասնութեամբ կը տիրապետէր նորաստեղծ. Հայ Համահայկական Շարժումը (Հ.Հ.Շ.)-ի համակարգը:

Եւ ահա վերջինը, այս տարուայ Մայիսի 8-ին՝ տիրող Հ.Հ.Կ.ի, Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան մեծամասնական համակարգը յեղաշրջուեցաւ եւ այժմ Հայաստանի մէջ կը տիրէ ժողովրդավարական նկատուած համակարգ մը որուն իսկական նկարագիրը տակաւին յստակ կերպով ոչ մէկը կրնայ բնութագրել: Անկասկած, եկող ամիսները եւ թերեւս տարիները պիտի ցոյց տան այս վերջին յեղաշրջումին գործնական իսկական նկարագիրը:

Որոշ է հետեւաբար թէ վերեւը յիշուած չորս շրջաններէն եւ ոչ մէկը կրնայ ճշգրտօրէն բնորոշուիլ որպէս օտարին դէմ կատարուած իսկական յեղափոխութիւն եւ անկէ բխող նոր Հանրապետութիւն կամ Անկախութիւն:

Բնականաբար այլապէս յիշուած այդ շրջաններէն իւրաքանչիւրը ունի իրեն յատուկ պատմական անկիւնադարձային նկարագիր, եւ հետեւաբար արժանի է նշուելու կամ տօնուելու:

Այսպիսի տրամաբանութեամբ անցնող հարիւր տարուայ ընթացքին Հայաստան առաւելաբար եւ մասնաւորապէս անցած է յաջորդական չորս համակարգերու (regime) շրջաններէ այնպէս ինչպէս մեզի ծանօթ շատ երկիրներ ինչպէս Ֆրանսան, Գերմանիան, Յունաստանը, Իտալիան եւ այլ երկիրներ կ’անցնին տարբեր regime-ներու շրջաններէ: Պահպանողականը կը յաջորդէ Աշխատաւորականին, Ընկերվարականը, ֆաշիզմին կամ Համայնավարին եւայլն:

Ընդհանրապէս regime-ի փոփոխութիւնները տօնուելու արժանի թուականներ չեն սեպուիր տարբեր ազգերու պարագային, մեր պարագային սակայն այդ փոփոխութիւնները այնքան մը ցնցիչ եւ հիմնական են, որ մեր ազգային գիտակցութեան եւ հասկացողութեան մէջ անոնք նոր «անկախութիւններու» հռչակման զգացումի համազօր դարձած են:

Ժամանակն է այլեւս որ  ուրիշ երկիրներու նման մենք եւս կարենանք զատորոշել իսկական յեղափոխութիւն եւ անկախութիւնը լոկ համակարգերու (regime) փոփոխութեան պարագաներէն: Այս ըսելով, անհրաժեշտ է սակայն որ ամէն համակարգ դրուի հաշուետուութեան լուրջ պատասխանատուութեան առջեւ: Մինչ իւրաքանչիւր համակարգ արժանի է գովասանքի իր իրագործումներուն համար սակայն նաեւ ան նոյնքան պախարակելի է իր շրջանին կատարուած եւ թոյլ տրուած ազգավնաս գործունէութեանց եւ պատահարներուն համար:

Այսօրուայ այս յօդուածը յարմար տեղը չէ որպէսզի այդ հաշուեյարդարը կատարենք վերեւը յիշուած չորս շրջաններէն իւրաքանչիւրին համար: Սակայն թող որոշ ըլլայ թէ երկարատեւ պատմութեան ընթացքին բացասական ծանրակշիռ յանցանքները պահելու համար թաքցնելիք միջոց չիկայ եւ ոչ ալ անոնց պատմուճան հագուեցնելով դիմափոխելու միջոց կայ: Այսօր՝ ամէնայն դէպս մեր մաղթանքն է, որ ներկայ հաստատուած նոր համակարգը կարենայ մեր հայրենիքին պարգեւել արդիւնաւէտ առողջ՝ եւ խաղաղ տարիներու շրջան մը: Մանաւանդ մեր մաղթանքն է, որ մեր հայրենիքը, որքան որ կարելի է, անցնի երկար տարիներու շրջանէ մը ուր այլեւս առիթ եւ անհրաժեշտութիւն չստեղծուի երբեւէ իսկական նոր յեղափոխութիւններ կատարելու «Անկախութիւններ» հռչակելու եւ նոր «Հանրապետութիւններ» հաստատելու համար մեր երկրին մէջ:

Միւս կողմէ ոչ միայն հասկնալի այլ նաեւ բնական եւ ակնկալելի է թէ տարիներու ընթացքին Հայաստան անցնի տակաւին տարբեր համակարգերու շրջաններէ:

Անձնապէս այս տողերու հեղինակին մաղթանքն է որ գայ այն օրը ուր Հայաստանի մէջ տիրէ Ռամկավար Ազատական Համակարգ մը, ՌԱԿ ը առանձին՝ կամ գործակցաբար իրեն ներդաշնակ գաղափարախօսութիւններ ունեցող ուրիշ կուսակցութիւններու:

Որպէսզի յստակ ըլլայ այդ մաղթանքիս գործնական նշանակութիւնը, կ’ուզեմ շատ հակիրճ կերպով թուել իմ մաղթած Ռամկավար Ազատական համակարգիս յատկանիշները որոնք մինչեւ այսօր ընդհանրապէս կը պակսին մեր հայրենի աշխարհին մէջ:

Մեր ժողովուրդը պարտի կարենալ ապրիլ ազատ շուկայի պայմաններուն մէջ ուր իւրաքանչիւր քաղաքացի ապահով կերպով կարենայ ձեռնարկել որեւէ տեսակի շահաբեր գործունէութեան մը, պաշտպանուած ըլլալով անկողմնակալ արդարադատութեան կառոյցի մը կողմէ:

Իւրաքանչիւր քաղաքացի պարտի ազատութիւն ունենալ քաղաքակիրթ ձևով՝ ագատ արտայայտուելու:

Իւրաքանչիւր քաղաքացի պարտի իր առջեւ տրամադրելի գտնել կրթութեան եւ ուսման լաւագոյն հաստատութիւնները յաճախելու կարելիութիւնները, յառաջանալու համար իր նախընտրած մարզերուն մէջ այնքան որքան իր մտքի կարողութիւնները թոյլ կու տան իրեն:

Իւրաքանչիւր քաղաքացի ապահովուած պէտք է զգայ կարենալ ստանալու համար առողջապահական եւ բժշկական լաւագոյն խնամքը երբ բնութիւնը զինք դնէ այդ պահանջքին առջեւ, առանց սահմանափակուելու իբրեւ հետեւանք իր սահմանափակ անձնական նիւթական կարողութեան:

Ամէն քաղաքացի ինքզինք ապահովուած պէտք է զգայ իր տարիքի ամենայառաջացած տարիներուն որպէսզի իր կեանքը աւարտէ պատուով՝ առողջապահական եւ բնակարանային քաղաքակիրթ կեանքի պայմաններուն մէջ:

Վերջապէս հայրենիքի սահմանները պաշտպանուած պէտք է ըլլան բարձր մակարդակով եւ արդիական զէնքերով օժտուած առողջ զինեալ ոյժերու մէջ ծառայող հայորդիներէ կազմուած բանակով:

Այս բոլորը իրականանալի եւ մատչելի պայմաններ են որոնց օրինակները արդէն իսկ կան մեզմէ շատերուն ապրած երկիրներուն մէջ եւ սակայն տակաւին յաճախ կը պակսին մեր հայրենիքին մէջ:

Մաղթանքս է ուրեմն որ շուտով Հայաստանի քաղաքացին եւս ապրի քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ տիրող բարենպաստ այսպիսի  պայմաններու տակ:

Ահա այս մտածումներով բարի երթ կը մաղթեմ Հայաստան աշխարհին եւ շնորհաւոր տարեդարձ ու յարատեւ եւ «անխափան անկախութիւն» յառաջիկայ  երկար տարիներու ընթացքին: