Սփիւռքեան Հայեացք – Հայաստանի Արտաքին Քաղաքականութեան Վրայ

Երուանդ Ազատեան

Խորհրդային Միութեան տապալումով Հայաստան ինքզինք անակնկալօրէն գտաւ ինքնիշխան պետութեան կարգավիճակին մէջ, որուն պատրաստ չէր տակաւին: Սակայն, նախկին սովետական դիւանագիտական դպրոցներու մէջ փորձ ունեցող քաղաքական գործիչներու, ինչպէս սփիւռքեան տարրերու մասնակցութեամբ հետզհետէ ձեւաւորելու իր դիւանագիտութիւնը: Դիւանագիտութեան բնագաւառին մէջ որքան նշանակալի է պատրաստուած դիւանագէտներու ներգործութիւնը, նոյնքան ազդեցութիւն ունին արտաքին ազդակները որոնք քաղաքական մարտահրաւէրներով կը սատարեն տուեալ երկրի դիւանագիտութեան սահմանումին:

Սփիւռքի մեր քաղաքական ոյժերն ու մամուլը, ինչպէս քաղաքական կուսակցութեանց կարգ մը ղեկավարները, յաճախ անիրապաշտ ակնկալութիւններ կը բարդեն Հայաստանի դիւանագիտութեան վրայ եւ անոնց տըւեալներով կը հասնին եզրակացութիւններու: Օրինակ, երբ Իսլամական Համագումարի մասնակից պետութիւնները Թուրքիոյ նախաձեռնութեամբ Ատրպէյճանի ի նպաստ որոշմնագիր մը կը յաջողցնեն ՄԱԿի ընդհանուր ժողովին, յանկարծ ողբաձայն կոչեր կը լսուին որ – «տապալուե’ց Հայաստանի դիւանագիտութիւնը»: Մինչդեռ հարցը կը վերաբերի քուէներու մաթեմաթիկական հաշիւի մը հանրագումարին, որմէ ետք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կրնայ տանիլ իրեն սահմանուած գործի բաժինը՝ վնասները նուազագոյնին իջեցնելով՝ damage control.:

Սակայն, համապատասխան գնահատում չի կատարուիր երբ Հարաւային (լատին) Ամերիկայի կարգ մը երկիրները կը ճանչնան Ցեղասպանութիւնը ուր գրեթէ հայութիւնը անգոյ է. (Պոլիվիա, Չիլի) շնորհիւ Հայաստանի խելամիտ քաղաքական յարաբերութեանց:

Ոեւէ երկրի արտաքին քաղաքականութիւնը կը սահմանուի անոր ունեցած ուժերու բաղադրեալներով – ինչպէս՝ քարիւղը եւ բնական հարստութիւնները. ռազմագիտական դիրքը եւ թէ՝ այդ դիրքը որքանով կարեւոր է աւելի մեծ պետութեանց, ռազմական կարողականութիւնը (potential) եւ այլ ազդակներ – Հայաստանի պարագային սփիւռքի քաղաքական գործօնը: Այս տուեալներու համադրութիւնն է որ կը կազմէ երկրին արտաքին քաղաքական ոյժը: Մեծ պետութիւնները, ինչպէս Ամերիկա եւ Ռուսաստան, որոնք հսկայ ռազմական ոյժեր ունին՝ առանց ռումբ մը պայթեցնելու, այդ ոյժին իսկ սպառնալիքով կը լուծեն արտաքին քաղաքականութեան բազմաթիւ հարցեր:

Սփիւռքի քաղաքական գործը կրնայ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան երկարաձգումն ու լրացումը դառնալ, եթէ սփիւռքը բաւականին քաղաքականանայ: Իսրայէլի եւ Հնդկաստանի նման երկիրներու սփիւռքները շատ մը դիւանագիտական հարցեր կը լուծեն ի հաշիւ իրենց համապատասխան հայրենիքին: Հայութիւնը չունի տուեալները այդ ժողովուրդներուն՝միեւնոյն չափով սատարելու մայր երկրին, սակայն կրնայ օրինակներ վերցնել նման երկիրներէն:

Հայկական սփիւռքի բոլոր երկիրները չէ որ հնարաւորութիւն կու տան հայ զանգուածին քաղաքական գործունէութիւն վարելու: Այդ իմաստով քաղաքական դաշտ բաց է Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Եւրոպայի մէջ: Բռնատիրական վարչակարգեր հերթական տապալումները եւս հնարաւորութիւններ կը ստեղծեն Հարաւային Ամերիկայի երկիրներու մէջ քաղաքական գործօն դառնալու: Իրապաշտօրէն խօսելով նոյնիսկ հնարաւորութիւն ունեցող այս երկիրներուն մէջ հայութիւնը բաւարար չափով քաղաքականացած չէ՝ սատարելու Հայաստանի դիւանագիտութեան, կամ նոյնիսկ տեղական առումով քաղաքական հարցեր լուծելու:

Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական քաղաքականութեան դրօշակակիրը կը հանդիսանայ ՀՅԴ Հայ Դատը, գլխաւորութեամբ Արամ Համբարեանի: Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակը առանձին չէ որ կը տանի քաղաքական գործունէութիւնը. այլ ան կը նպաստաւորուի երկրի տարածքին իր այլ բջիջներէն:

1970ական թուականներէն սկսեալ քաղաքական առաքելութեան լծուեցաւ նաեւ Հայկական Համագումարը. բաւական չէզոք ուժերու գլխաւորութեամբ նուաճեց ուշադրութիւնը Ամերիկայի Պետական Քարտուղարութեան: Յաճախ տեսիլքներու համադրութիւնը պակսեցաւ այս զոյգ կազմակերպութեանց որոնք առանձնապէս ծառայելով հանդերձ Հայաստանին եւ հայ համայնքին, աւելի հանդէս եկան իբրեւ մրցակիցներ քան գործակիցներ: Այսօր երկու իրաւաբաններ՝ Վան Գրիգորեան եւ Էնթընի Պարսամեան կը ղեկավարեն Հայկական Համագումարը՝ գործակցութեամբ՝ վարիչ տնօրէն Պրայըն Արտունիի:

Հայաստանցիներու գաղթով այսօր Ամերիկայի մէջ, եւ յատկապէս Գալիֆորնիոյ՝ գոյացած է քաղաքական ոյժի հսկայ կարողականութիւն մը:

Այս զոյգ կազմակերպութեանց եւ քաղաքական միւս կուսակցութեանց, եւ դեռ քաղաքական յաւակնութիւններ ունեցող մարմիններու համար հսկայ մարտահրաւէր մըն է այդ զանգուածը զօրաշարժի ենթարկել եւ դարձնել արտաքին քաղաքականութեան գործօն մը. արդէն տեղական իմաստով անհատներ եւ հատուածներ կ’օգտագործեն այդ զանգուածին ներոյժը: Սակայն, այսօր աւելի դիւրին է այդ զանգուածը ոտքի հանել Հայաստանի պետութեան դէմ քան անոր ի նպաստ: Արդէն այդ ոյժին ժխտական ներգործութիւնը կ’արտայայտուի տարեկան թեթեթոններուն հանգանակուած գումարներուն ամօթալի նուազումով:

Ամերիկայի մէջ երբեմն ազդեցիկ գործ կը կատարեն կարգ մը անհատներ եւ հայկական թէ ամերիկեան մամուլի աշխատողներ:

Դժբախտաբար հայ եկեղեցին, իր բոլոր Յարանուանութիւններով, քաղաքական գործօն մը չէ հանդիսանար Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի, ինչպէս ուժեղ քաղաքական գործօն է այդ եկեղեցին Ռուսաստանի եւ Վրաստանի մէջ:

Հայ զանգուածը Եւրոպայի մէջ եւ յատկապէս Ֆրանսայի աւելի քաղաքական հնչեղութիւն ունի: Փաստը այն է որ բազմաթիւ նախագահներ կամ նախագահական թեկնածուներ կը մօտենան հայ զանգուածներուն՝ քաղաքական խոստումներով որոնք յաճախ իրականութիւն կը դառնան. Նախագահներ Միթերան, Շիրաք, Սարքոզի Հոլանտ բոլորն ալ իրենց ելոյթներով վկայութիւնը տուած են հայկական զանգուածի քաղաքական ոյժին: Անոր արձագանգն է նաեւ ցեղասպանութեան ճանաչումը, իր բաղադրեալներով:

Եւրոպայի մէջ տարիներէ ի վեր կը գործէ European Armenian Federation for Justice and Democracy 6 ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը գլխաւորութեամբ Գասպար Կարապետեան: Կազմակերպութիւնը ունի բաւական շեշտուած ներկայութիւն Եւրոպայի քաղաքական շրջանակներէն ներս եւ ազդու կերպով սատարած է Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Արցախի դատին:

Սփիւռքի հայ իրականութեան մէջ քաղաքական ոյժերուն յատուկ է գործել առանձին կերպով եւ երբեմն ալ հակադիր ուղղութիւններով: Սակայն, ֆրանսահայ համայնքը յաջողած է այդ ոյժերը համախմբել մէկ կազմակերպութեան մէջ Coordination Committee of Armenian Organizations in France (CCAF). գլխաւորութեամբ Արա Թորանեանի եւ Մուրատ Փափազեանի:

Աւելի ուշ գործի լծուած է նաեւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան մէկ կազմը որ ազդեցիկ գործ կը տանի գլխաւորութեամբ Նատիա Գործունեանի եւ Նիքոլա Դաւիթեանի. այս վերջինը անձնապէս կը ծառայէ նաեւ Եւրոպական Խորհուրդի եւ Խորհրդարանի յանձնաժողովներուն եւ կը տանի հայանպաստ եւ հայաստանանպաստ աշխատանք:

Խմբաւորումներ եւ անձեր հայ դատի աշխատանքներ կը տանին Զուիցերիոյ, Գերմանիոյ, Յունաստանի եւ հիմա ալ՝ Սքանտինաւեան երկիրներոիւն մէջ:

Կարեւոր հարցը այն է թէ բոլոր այն խմբաւորումները ինչպէս կը համադրուին նախ իրարու հետ եւ ապա՝ իբրեւ հաւաքական ոյժ՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հետ: Շատ մը երկիրներու մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները կը թերանան ուղղորդելու այս ոյժերը եւ համադրելու զանոնք երկրի արտաքին դիւանագիտութեան շուրջ:

 

Թուրքիա Եւ Ատրպէյճան

Թուրքիա Եւ Ատրպէյճան շրջափակած են Հայաստանը եւ կը հանդիսանան իբրեւ գոյութենական սպառնալիք: Հայաստանի դիւանագիտութիւնը միայն ճակատային քաղաքականութիւն մը կը վարէ այս երկու երկիրներուն նկատմամբ: Օրինակ Ատրպէյճան հայերէն լեզուով հաղորդումներ կը ձայնասփռէ իր տեսակէտը ներկայացնելու իր թշնամի հասարակութեան: Հայաստան ունի՞ համապատասխան հակադարձութիւն, մամուլի եւ այլ միջոցներով թշնամիին խօսելու թշնամիին իսկ լեզուով: Յետոյ, Ատրպէյճան բազմազկ երկիր մըն է այնտեղ ճնշուած փոքրամասնութիւններ կ’ապրին ինչպէս լեզգիտներ, թալիշներ, քիւրտեր եւ այլ ազգութիւններ, որոնք պետութեան հալածանքին ներքեւ կը դառնան ակամայ դաշնակիցներ հայերուն: Շատ հաւանաբար քաղաքական այս հնարաւորութիւնը անհրաժեշտ չափով չի մշակուիր, օր մը քաղաքական յեղաշրջումի մը պարագային բարեկամ տարրեր ապահովուելու այդ խմբաւորումներէն:

Թուրքիոյ պարագան աւելի խոստմնալից է, որովհետեւ երբեմնի թշնամի քիւրտը  այսօրուան շահերու բերումով ճակատագրականօրէն դարձած է ակամայ դաշնակից: Ուշ կամ կանուխ պիտի ստեղծուի անկախ կամ ինքնավար Քիւրտիստան մը այժմու Թուրքիոյ հողամասին վրայ, ինչպէս պատմական Հայաստանի հողին վրայ: Եթէ նոյնիսկ չկարենանք հողային բաժին ակնկալել քիւրտերէն, կրնանք գոնէ այսօրուընէ երաշխաւորել բարեացակամութիւն, վաղը մեր հայկական ժառանգութիւնը պահպանելու համար այդ հողերուն վրայ:

Հայերս բնաջնջուելով մեր պատմական հողին վրայ մեծ մասամբ կորսնցուցինք իրաւական դաշտը: Այսօր քիւրտերը հողին վրայ են եւ արդէն իրաւունքին 90 տոկոսը ապահոված են:

Մենք նաեւ ունինք օգտագործելի ուրիշ գործօն մը՝ թաքնուած կամ կորսուած հայերու պարագան: Եթէ մենք այսօրուան էլեկտրոնային միջոցներով յաջողինք լեզուական, պատմական, մշակութային ու քաղաքական հաղորդումներ հասցնել, շատ հաւանական է այդտեղ քնացող համակիր զանգուած մը արթնցնել: Մանաւանդ որ այդ քնացող կամ թաքնուած հայերը թուրք պետութեան ու հասարակութեան կողմէ հալածանքի ենթարկուելով իրենց ինքնութիւնը պիտի փնտռեն այդ տեղ՝ հայութեան մօտ:

Ժամանակին Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան կը հաւաստէր որ եթէ Թուրքիոյ պայմանները թոյլատու ըլլան՝ շատ կարճ ժամանակամիջոցին կարելի է մօտ մէկ միլիոն հայութիւն ողջնցնել: Այսօր այդ թիւը աւելի բազմապատիկ կը թուի ըլլալ:

Այժմու Թուրքիոյ սահմաններէն ներս հայկական գիտակից զանգուածի մը գոյութիւնը համապատասխան պիտի ըլլայ քիւրտերուն հողին վրայ գտնուելու իրաւունքին: Թուրքերէն, համշէներէն, քիւրտերէն ծրագրուած հաղորդումները Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առարկայական մարտահրաւէրները կը մնան եւ վստահօրէն կ’արդիւնաւորուին ծրագրուած ու քաղաքականացուած աշխատանքով:

 

Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Ջաւախքի Հայութեան

Վրաստանի հետ յատուկ եւ զգայուն յարաբերութիւններ ունի Հայաստանը: Կովկասի միւս միակ քրիստոնեայ երկիրը, Վրաստանը՝ դիրքաւորուած է այդ աշխարհամասի մէջ Հայաստանի թշնամիներուն՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ։ Բացի ՆԱԹՕ-ի ռազմափորձերէն՝ Վրաստան կը մասնակցի նաեւ յատուկ ռազմափորձերու՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ լաւ իմանալով, որ այդ երկիրներու գլխաւոր թշնամին, այդ տարածաշրջանին՝ Հայաստանն է։ Վերին Լարսի մաքսատան անցքին կամայական փակումները եւս կ’ամբողջացնեն Հայաստանի շուրջ դրուած շրջափակման օղակը՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ։

Վրաստան կը մասնակցի քաղաքական ու տնտեսական նախաձեռնութիւններու, որոնց նպատակն է մեկուսացնել Հայաստանը եւ խեղդել զայն տնտեսապէս։ Կազատար եւ քարիւղատար խողովակները կ’անցնին Հայաստանի սահմաններէն դուրս՝ նպաստաւորելով միւս երեք երկիրները։ Նոյնպէս Թիֆլիս-Պաքու-Կարս երկաթագիծը դիտումնաւոր կերպով կը շրջանցէ Հայաստանը։ Միջազգային մարմիններու մէջ, յատկապէս ՄԱԿ-ի շրջագիծէն ներս երբ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան հակահայաստանեան որոշումնագրեր կ’առաջադրեն, Թիֆլիսի կառավարութիւնը առաջինն է, որ կը քուէարկէ ի նպաստ Հայաստանի թշնամիներուն։

Այսուհանդերձ, Հայաստան շատ զգուշաւոր քաղաքականութիւն մը կը վարէ Վրաստանի նկատմամբ չվատթարացնելու համար դրութիւնը։ Երբ ծրագրեալ հայաթափում կը կատարուի Ջաւախքի մէջ, երբ հայկական եկեղեցիներ կը գրաւուին Թիֆլիս եւ այլուր, Հայաստանի իշխանութիւնները չեն բարձրաձայներ իրենց բողոքը։ Կ’արտայայտուին ծրագրուած զգուշաւոր տարազով մը, որ կ’ըսէ. «Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ չկան հարցեր, որ անլուծելի են»։ Սակայն, կը շարունակուին խնդիրները՝ առանց մօտալուտ լուծումի մը խոստումին։

Այս դրութեան մէջ եթէ Հայաստանի իշխանութիւնները դասագիրքեր ղրկեն Ջաւախք, տեղւոյն հայ բնակչութեան ինքնութիւնը ամրապնդելու, այդ նախաձեռնութիւնը իր ցոլացումը կը գտնէ Հայաստան-Վրաստան պետական յարաբերութեանց կշիռին մէջ, հետեւաբար մարտահրաւէրը դիմակալելու պարտաւորութիւնը կը մնայ սփիւռքին։

1.- Պէտք է կազմակերպեալ կերպով քաղաքական գործիչներ ղրկել Ջաւախք, ինչպէս օտար պետութիւններ կը ղրկեն գունաւոր յեղափոխութիւններ յառաջացնելու տուեալ երկրին մէջ։

2.- Տնտեսապէս սատարել Թիֆլիսի եւ Ջաւախքի հայութեան՝ սանձելու համար հայաթափումը։

3.- Օտար երկիրներու մէջ գործնապէս հակադարձել Թիֆլիսի քաղաքական ճնշումներուն եւ եկեղեցական գրաւումներուն, ցոյցեր կատարելով Եւրոպայի եւ Ամերիկայի վրաստանի դեսպանատուներուն առջեւ եւ վրացահայոց կացութիւնը լուսաբանելով օտար մամուլի եւ այլ ԶԼՄ-ներու միջոցաւ։

Այս ձեւով սփիւռքը սատարած կ’ըլլայ դիւանագիտական աշխատանք մը, որ Հայաստանի դիւանագիտութիւնը չի կրնար իրականացնել։

 

Եզրակացութիւն

Սփիւռքի գոյութիւնը արդիւնք է պատմական ահաւոր ողբերգութեան մը։ Սակայն կայացած իրականութիւնը կարելի է օգտագործել ի նպաստ Հայաստանի եւ ի նպաստ անոր դիւանագիտական առաքելութեան համալրման։

Երբ Հայաստան եւ Ատրպէյճան անկախացան յաճախ կը լսուէին լաւատես հաւաստումներ, որ եթէ Ատրպէյճանը նաֆթ ունի՝ Հայաստանն ալ իր սփիւռքը ունի։ Վաղուց չէ լսուած այդ հաստատումը, որովհետեւ մարդիկ անդրադարձան, թէ անկերպարան սփիւռք մը, չէր կրնար քաղաքական ազդու դեր կատարել՝ ամբողջացնելով մայր երկրի դիւանագիտական նպատակները։

Սփիւռքը ինքնիրեն սատարելու եւ հայրենիքին հասնելու համար կարիքն ունի ցնցուելու, կազմակերպուելու, միանալու եւ քաղաքականանալու։

Հզօր դրամագլուխ մը յառաջացած է յակամայս ու եթէ այդ դրամագլուխը չշահարկուի նպաստելով Հայաստանին՝ դիւանագիտութեան վատնուած պիտի ըլլայ յումպետս։

Տիթրոյթ