Ամէն ժողովրդավար երկիրներու մէջ ընտրութիւնները անխուսափելիօրէն կը յառաջացնեն հակամարտութիւններ, եւ երբեմն ալ` սուր ելոյթներ: Յունիս 20-ի նախօրէին Հայաստանի մէջ եւս նման մթնոլորտ մը հասկնալի եւ ընդունելի պիտի ըլլար, եթէ երկիրը բնականոն պայմաններու տակ գտնուէր: Սակայն, արտակարգ եւ անսովոր իրավիճակի մը մէջ կը գտնուի երկիրը եւ համապատասխանաբար կողմերը պարտաւոր են նկատի ունենալ այդ իրողութիւնը երբ կը մասնակցին ընտրապայքարի: Սակայն Հայաստանի մէջ կարծէք թէ կը բացակայի այդ գիտակցութիւնը եւ կողմերը բարձրաղաղակ կը ծանուցանեն որ ընտրութեան մէջ յաղթանակ տանելով պիտի ջախջախեն հակառակորդը: Այսքան անգիտակցութիւն` անհաւատալի է, երկրի մը որ կը գլորի անդունդէն վար: Հայաստանը վտանգուած նաւ մըն է ուր կողմերը փոխանակ նաւը փրկելու կը փորձեն իրարմէ խլել նաւուն ղեկը, մինչ նաւուն ուղղութիւնը կ’ընթանայ դէպի ծովուն յատակը:
Հայերս, երբ պատմութիւնը կը սերտենք, կամ աւելի եւս կը գրենք, մեր անկումները կը վերագրենք ամբողջութեամբ մեր անողորմ հարեւաններուն կամ թշնամիներուն, քիչ անգամ ընդունելով մեր պատասխանատուութիւնը մեր անկումներուն մէջ: Արտաքին ազդակներն ու թշնամութիւնները բնականօրէն իրենց դերը ունին մեր պարտութեանց մէջ, սակայն յաճախ, երբ մենք միասնական ըլլանք, արտաքին ազդակները չեն կրնար այդքան ներգործօն դառնալ:
Մեր նահատակներէն շատերուն դիակները թաղման կը սպասեն, հազարաւոր վիրաւորներու վէրքերը դեռ բուժման կը կարօտին, եւ այս բոլորին մէջ ի՜նչ անխոհեմութիւն` ընտրախաղեր սարքելու եւ երկիրը աւելի եւս տկարացնելու:
Երբ կրեցինք ահաւոր պարտութիւնը եւ մէջքը ջարդուեցաւ մեր հայրենիքին` միակ խոհական ընթացքը պիտի ըլլար մեր մնացած ոյժերը համադրելով նուիրուիլ երկրի վերականգնումին եւ պատրաստուիլ թշնամիի յաջորդ հարուածին, որ վստահաբար պիտի չուշանայ:
Սակայն կը տեսնենք որ անխոհեմութիւնը համատարած է. մեր պատմութեան դասերը բաւարար չեն եղած մեր ազգին եւ անոր ղեկավարներուն միտքին մէջ իմաստութիւն ներարկելու եւ կամ մինչեւ իսկ ինքնապաշտպանութեան բնազդը արթնցնելու:
Այս տարանջատումը աշխարհի սպառնալից իրականութիւններէն կը դրսեւորուի ընտրապայքարի բոլոր ճակատներուն վրայ:
Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը որ պատմական տարողութեամբ պարտութեան առաջնորդեց երկիրը, բնաւ չի ցուցաբերեր խոնարհութիւնը պարտուածի, այլ ընդհակառակը, դեռ կը յոխորտայ «ասֆալտին փռել» իր հակառակորդները, մինչ անոր տեսքը նախագահներ Փութինի եւ Ալիեւի դիմաց, խեղճացած ողբերգութիւն մը կը մատնէ:
Ընտրապայքարի ամբողջ տարածքին անսկզբունքայնութիւնը յատուկ է բոլոր ճակատներուն եւ անոնց ղեկավարներուն: Խորքային ոչ մէկ դաւանանք ու գաղափարաբանութիւն կը յայտնաբերեն մարտընչողները, այլ միայն դիմացինը ընկճելու եւ հաշուեյարդար կարդալու սպառնալիք: Զարմանալին այն է որ զանգուածն ալ – կամ, անոր մէկ կարեւոր հատուածը – կը սնանի այդ պոռոտախօսութիւններով, երբ անդին ունի երկրի հողային ամբողջականութիւնը կորսնցնելու վտանգը, իր տնտեսական բարօրութիւնը եւ իր զաւակներուն ապագան: Այսքան ճակատագրապաշտ ժողովուրդ մը դժուար թէ կարենայ ապրիլ աշխարհի այս զարհուրելի վտանգներուն մէջ:
Նիկոլ Փաշինեան մուրճը ձեռքին, կը շրջի գաւառէ գաւառ, սպառնալով ակադեմական «էլիտա»ին, իրաւաբաններու կալուածին եւ մանաւանդ «հոգեւոր էլիտա»ին: Ասիկա նորութիւն մը չէ Հայաստանի վերջին տարիներուն համար: Թաւշեայ յեղափոխութիւնը եկաւ, իր հետ բերաւ սպառնալիքը մեր աւանդական ընտանեկան արժէքներուն, մեր ազգայնականութեան եւ մանաւանդ, տակաւին խարխափումի մէջ գտնուող մեր հոգեւոր կրօնական կեանքին: Լայն բացաւ դուռները աղանդաւորներու դիմաց, որպէսզի անոնք գան եւ խախտեն մեր ազգի հաւատքին հիմքերը. մանաւանդ քաջալերեց պայքարը եկեղեցական հաստատութեան դէմ, զանազան անհիմն ամբաստանութիւններով: Կը բաւէր տեսնել թէ Ռուսաստանի եւ Վրաստանի մէջ ինչ դեր կը կատարէ եկեղեցին` ժողովուրդի ազգային ինքնութիւնը վերահաստատելու գործին մէջ: Միւս կողմէ այդ երկու երկիրներու կառավարութիւնները շատ լաւ կը գիտակցին եկեղեցւոյ դերին` իրենց քաղաքական օրակարգերը արժեւորելու եւ իրենց իշխանութիւնը ամրապնդելու գործին մէջ:
Հայաստանի պարագային` եկեղեցին կրնար եւ կրնայ կատարել վերեւ նշուած ազգային-քաղաքական դերերը եւ աւելին ըլլալով` զայն տարածել աշխարհածաւալ սփիւռքին վրայ: Հայաստանեայց եկեղեցին, իր պառակտումներով հանդերձ, այն միակ ծաւալուն հաստատութիւնն է որ կը շարունակէ ունենալ համազգային տարողութիւն եւ դեր:
Սկզբունքով` հայրենիքը եկեղեցւոյ միջոցաւ պէտք է կարողանայ տէր կանգնիլ աշխարհի տարածքին հայ ժողովուրդի ջանքերով կուտակուած հարստութեանց – Երուսաղէմ, Վենետիկ, Վիեննա, Հնդկաստան եւայլն: Այդ մարզին մէջ տանտիրութեան դերի պակասը հօտը առաջնորդած է նաեւ անտիրութեան:
Բաւարար չէ՞ որ աղանդները արդէն պատուհասած են Հայաստանեայց եկեղեցին որ Նիկոլ Փաշինեան մուրճը առած կը սպառնայ հարուածել «հոգեւոր էլիտա»ն. որքա՞ն խոհեմութիւն է այդ քաղաքականութիւնը:
Երբ եկեղեցին նման սպառնալիքի կ’ենթարկուի` հոգեւոր հաստատութեան մօտ չգտնուող անձերն ու զանգուածներն անգամ կ’անդրադառնան այդ դարաւոր հաստատութեան ուղղուած վտանգին եւ կը սկսին պաշտպան հանդիսանալ անոր:
Պէտք չէ զարմանալ նաեւ որ եկեղեցւոյ իշխաններ եւս հրապարակ ելած են պաշտպանելու իրենց հաստատութիւնը որ նման սպառնալիքի տակ կը գտնուի:
Մայր Աթոռը վերջերս քանիցս հրապարակումներ կատարած է պաշտպանելու համար իր դիրքերը: Մայր Աթոռի հանգամանքէն բխող ուղեգիծը միշտ պիտի ըլլար ողջախոհութեան եւ համերաշխութեան ջատագովումը: Հարց է թէ որքանո՞վ կ’արդարանայ շեշտակի դիրքաւորում մը` վարչապետի հրաժարման պահանջը հրապարակելով: Այստեղ համերաշխութեան յորդոր մը աւելի հեռուն պիտի հասցնէր եկեղեցական իշխանութեան խօսքը:
Այդ վերապահութիւնը արձանագրելով հանդերձ եկեղեցական իշխանութեան հաշւոյն, կ’ուզենք արձանագրել թէ մեր մամուլը, որ տարբեր դիրքի վրայ կը գտնուի` չէ վարանած իր կոչը ուղղելու վարչապետին որ հրաժարի իր պաշտօնէն, քանի ան բացայայտօրէն ցուցաբերած է անատակութիւնը այդ պաշտօնը վարելու: Աւելին, ան ազգային աղէտի առաջնորդած է հայրենիքը եւ եթէ շարունակէ իր դերին մէջ մնալ` ի վիճակի չէ ընծայել աւելին քան ինչ որ տուած է ան հայրենիքին:
Ամերիկայի մէջ նախագահ Թրամփ աւելի քան 70 միլիոն ձայներ ստացաւ վերջին ընտրութեանց ընթացքին: Հարցախոյզներէն պարզուեցաւ որ Թրամփին քուէարկողներուն մեծամասնութիւնը համալսարանական վկայական չունեցող քաղաքացիներն են:
Նման պատկեր մըն ալ կը պարզուի Հայաստանի մէջ: Փաշինեանին քուէարկողներուն մեծամասնութիւնը կը գտնուին մայրաքաղաքէն դուրս, գիւղական շրջաններու մէջ: Հեռու մեզմէ քաղաքացիներու քուէին որակումը. Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներու քուէն հաւասար ոյժ եւ իրաւունք ունի. սակայն կը պարզուի որ Փաշինեանի մուրճի քաղաքականութիւնը աւելի արձագանգ կը գտնէ շրջաններու մէջ, աւելի քան մայրաքաղաքին:
Ի զուր չէ որ հոգեւորականներէն մէկը, ակնարկելով Փաշինեանի մուրճին, թելադրած է «երկաթեայ յեղափոխութիւնը» գործածել թշնամիին դէմ եւ ոչ թէ հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի դէմ:
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ