ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ԽՈՒՍԱՓԻՆ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՆՈՐ ԹԱԿԱՐԴԷՆ

Հայ-թուրքական յարաբերութիւնները հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն ստուար մասը կը կազմեն եւ այսօր ալ, պատմականէն անցնելով, կը տիրապետեն մեր հայրենիքի առօրեային վրայ:

Վահան Թէքէեան, որ իր հանճարին ամէնէն դառն էջերը յատկացուցած էր թուրքին գործած չարիքին, դեռ 1930-ականներուն համարձակած էր իրապաշտական մօտեցումով մը անդրադառնալ թէ երկու հարեւան ժողովուրդներու թշնամութիւնը չի կրնար յաւիտենական դառնալ. ի վերջոյ անոնք պիտի յանգին համակեցութեան: Նման կարծիք յայտնած էր սովետական տարիներուն գրող Վարդգէս Պետրոսեան, պատկերաւոր կերպով նշելով որ հայրենիքը հիւրանոց չէ որ հարեւանը չսիրելու պարագային ճամպրուկներդ հաւաքես ու հեռանաս:

Հոգեբանական ցաւի ահաւոր կշիռը կը դժուարացնէ այդ հարցին լուծումը. սակայն, այսպիսի խնդիրներ միայն զգացական տուեալներով չէ որ կը լուծուին. այլ` օրինական ու քաղաքական, մեր պարագային տակաւին չթերգնահատելով զգացականը:

Բայց ե՞րբ պիտի ստեղծուին քաղաքական եւ օրինական պայմանները որ այս առկախ խնդրին լուծման ժամանակը հասնի: Երբ Հրանդ Տինք իր պարզ տեսութիւնը բանաձեւեց այս մասին` ոմանք զայրացան եւ ուրիշներ ալ զարմացան: Ան կը հաւատար որ հայկական վտիտ ոյժերով ճակատային պայքար մղելը հզօրացող Թուրքիոյ նկատմամբ, խնդիրները չի կրնար լուծել. հակառակ որ զինեալ պայքարը անկարելի կարծուածը իրագործած էր ժամանակաւորապէս, համաշխարհային քաղաքական թատերաբեմին վրայ դրսեւորելով ցեղասպանութեան խնդիրը: Տինքը կը հաւատար որ Թուրքիոյ ներքին վերափոխումով, դեմոկրատացումով կարելի պիտի ըլլար թուրք լուսաւորեալ զանգուածը համոզել ցեղասպանութեան փաստին եւ, անոր հետեւանքով` Թուրքիոյ ունեցած հատուցման պարտքին, հայոց նկատմամբ: Եւ ան բաւական ճամբայ կտրած էր այդ ուղղութեամբ, երբ Թուրքիա ետդարձ մը կատարեց դէպի բռնատիրական ու յետադիմական իշխանութիւն: Եւ այդ ետդարձն ալ խորհրդանշուեցաւ Հրանդ Տինքի բարբարոս սպանութեամբ:

Այսօր, սակայն, փորձիչ հեռանկարներ կը պարզուին հորիզոնին վրայ. հայ-թրքական յարաբերութեանց մէջ, որոնց պէտք է տալ քաղաքական մեկնաբանութիւն եւ գնահատանք սառնարիւն կերպով:

Նոյեմբեր 9ին եռակողմ յայտարարութեամբ կը պարզուի հեռանկարը թրքական եւ ազերիական շրջափակման վերացումին: Հայաստանի քաղաքական շրջանակներուն մէջ որոշ լաւատեսութիւն կը դրսեւորուի շրջափակման վերացման հետեւանքով ձեռք բերուելիք առեւտրական եւ այլ բնագաւառներու մէջ ստեղծուելիք տեղաշարժներուն նկատմամբ:

Այս ուղղութեամբ Երեւանի Փետրուար 6ի «Ազգ»ի խմբագրականը կը զգուշացնէ իշխանութիւնները այդ կանխահաս ակնկալութիւններու նկատմամբ: Արդարեւ, այնտեղ յիշեցումը կը կատարուի թրքական անօդաչուն զէնքերով եւ ահաբեկիչներով խլուած 5000 կեանքերու եւ 10,000 հաշմուած երիտասարդներու մասին. եւ դեռ չէ չորցած թափուած արիւնը եւ չեն թաղուած մեռելները: Յակոբ Աւետիքեանի խմբագրականը կը գրէ- «Ու մինչ ոմանք, յատկապէս «իմ քայլական»ների ամենատգէտ շարքերից անհասկնալի ոգեւորութեամբ շարունակում են բարբաջել սահմանների վերաբացմամբ ու նոր ուղիների կառուցմամբ Հայաստանի համար իբր բացուող տնտեսական եւ այլ մեծ հեռանկարների մասին, պէտք է զսպել այդպիսի մարդկանց ոգեւորութիւնը»:

Արդարեւ, երբ Թուրքիա այսօր իսկ, սահմանին միւս կողմը, իր մկանները կը ցուցադրէ` Կարսի մէջ զօրավարժութիւններ կատարելով` Հայաստանի նկատմամբ ոեւէ քայլ թելադրուած պիտի ըլլայ հաշուենկատ նպատակներէ եւ տակտիկական խաղերէ:

Այս մասին կան նաեւ վկայութիւններ միջազգային մամուլէն:

Այսպէս, «Ուաշինկթըն Փոստ»ի մէջ վերջերս հրատարակուած յօդուածով մը թուրք յայտնի քաղաքական մեկնաբան Ասլի Այտընթաշպաշ կ’անդրադառնար թուրք-ամերիկեան յարաբերութեանց լարուած վիճակին եւ կը նախատեսէր թէ դժուար պիտի ըլլար յաղթահարել լարուածութիւն պատճառող գլխաւոր հարցերը – ռուսական S-400 հրթիռներու գնումը, սուրիացի քիւրտերու խնդիրը, Հալքպանքի դատավարութիւն եւայլն – սակայն լրագրողը կը հաւատար թէ Էրտողանի իշխանութիւնը կրնար սկսիլ լուսանցքային խնդիրներէն – Թուրքիոյ ունեցած տագնապներէն` Կիպրոսի եւ Հայաստանի հետ:

Ինչպէս կը տեսնուի, հայ-թրքական յարաբերութիւնը «լուսանցքային» կը նկատուի այսօրուան քաղաքական լայն պաստառին վրայ:

Իսկապէս ալ նախագահ Էրտողանին համար մարտավարական խորամանկ խաղ մըն է բանակցութիւններ սկսիլը Կիպրոսի եւ Հայաստանի հետ: Կիպրոսը Գորդեան հանգոյց դարձած է 1974ի թրքական արշաւանքէն ի վեր, որուն հետեւանքով Թուրքիա գրաւած է կղզիի տարածքին 40 տոկոսը: Եւ ամէն անգամ որ միջազգային ճնշումը կ’աւելնայ` Թուրքիա կը դիմէ ձեւական բանակցութեանց, որոնցմէ թիզ մը հող անգամ չէ վերադարձուած Կիպրոսի օրինաւոր պետութեան:

Թուրքիա նոյն հնարքներուն կը դիմէ նաեւ հայոց պարագային: Այդ թակարդները ան լարած էր Հայաստանի դէմ 2009ի Ցիւրիխի մէջ փրոթոքոլներու ստորագրութեան պատրուակով ինչպէս նաեւ ֆութպոլային քաղաքականութեան առիթով` Սերժ Սարգսեանի եւ Ապտուլլա Կիւլի օրերուն:

Հիմա որ հեռանկարը պարզուած է հաւանականութեան, Թուրքիա կը փորձէ միեւնոյն լարախաղացութեան դիմել, մեծ պետութեանց ըսել տալով որ արդէն հայերն ու թուրքերը իրարու հետ լեզու գտնելու վրայ են եւ հետեւաբար արտաքին միջամտութիւնները կրնան խանգարել այդ բարեդէպ բանակցութիւնները:

Թուրքիոյ շրջափակումը Հայաստանին պատիժ մըն էր, սակայն այդ շրջափակման վերացումը պարգեւ մը պիտի չհանդիսանայ: Արդէն այդ շրջափակումը միջազգային օրէնքի խախտում մըն էր եւ շրջափակումը վերացնելով Թուրքիա վերջ պիտի տայ իր ապօրինի արարքին:

Թուրքիա արդէն ձեռնարկած է խաղաղասիրական կեղծ արշաւի մը – այսպէս` դիմած է ՄԱԿին որ վերսկսին բանակցութիւնները Կիպրոսի հետ, արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլու մեկնած է Պրիւքսէլ վերսկսելու համար բանակցութիւնները Եւրոպական Միութեան հետ` Թուրքիոյ անդամակցութեան հեռանկարով: Ահաւասիկ այս ծիրէն ներս է որ Անգարա կը միտի ընդգրկել նաեւ Հայաստանը` միջազգային քաղաքական հասարակութենէն եւ Պայտընի վարչակարգէն բարի վարուց վկայական մը ապահովելու դիտումով:

Թուրքիա կը մօտենայ Հայաստանին պարզապէս խափանելու համար հաւանականութիւնը` նախագահ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման:

«Ալ-Մոնիթոր՚ի խմբագիր թուրք լրագրող Ամպերին Զաման իր թերթի Փետրուար 4-ի թիւին մէջ յօդուած մը ստորագրած է շատ խօսուն վերնագրով մը – «Թուրքիոյ կողմէ խաղաղութեան բանակցութիւնները Հայաստանի հետ դատարկ կը հնչեն»:

Միւս կողմէ Զաման կ’արձագանգէ այն անձերուն եւ պատճառներուն որոնք այս պահուն անկարելի կը դարձնեն հայ-թրքական մերձեցումը.«քննադատները Թուրքիոյ այս երեւութական վեհանձնութիւնը կը վերագրեն Ուաշինկթընի հետ իր խաթարուած յարաբերութիւնները բարելաւելու ճիգին, առանց իրական զիջում մը կատարելու»: Զաման նոյն ատեն կը մէջբերէ անանուն հայ դիւանագէտի մը կարծիքը եւս, որ կ’ըսէ.«ոչ անմիջական ապագային. դիւանագէտը խոստովանեցաւ որ Թուրքիոյ մերձեցումները կապուած են Ճօ Պայտընի խոստումին` միանալու բազմացող թիւին այն երկիրներուն որոնք պաշտօնապէս ճանչցած են 1915-ին օսմանցի հայերուն զանգուածային ջարդերը որպէս ցեղասպանութիւն». ապա յիշեալ դիւանագէտը աւելցուցած է` «ցնցիչ երեւոյթ է որ երկիր մը շարունակէ կառչիլ իր ցեղասպան նպատակներուն, ամբողջ դար մը, առանց զգալու յանցանքի պուտ մը թէ ինչ ըրին իր նախնիները, փոխանակ ճանչնալու ոճիրը եւ վիշտ արտայայտելու»:

Զաման բազմաթիւ այլ հեղինակութիւններէ եւս մէջբերումներ կը կատարէ հաստատելու համար անկարելիութիւնը իրաւ հաշտութեան մը հայերու եւ թուրքերու միջեւ, այս պահուն:

«Ալ-Մոնիթոր՚ի միեւնոյն համարին մէջ Զաման հրատարակած է ուրիշ յօդուած մը, ուր կը յարուցանէ հարց մը որ շատ նման է այս օրերուն Հայաստանի եւ սփիւռքի մամուլի մէջ արծարծուած մէկ հարցին: Յօդուածին վերնագիրն է «Էրտողանի ներկայացուցիչը անկարելի առաքելութեան մը կը ձեռնարկէ Ուաշինկթընի մէջ»: Խօսքը կը վերաբերի Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ նորանշանակ դեսպան Մուրատ Մերճանին: Յիշեալը Էրտողանի մտերիմն է եւ հիմնադիրներէն է անոր ԱՔՓ կուսակցութեան: Սակայն, ան դիւանագէտ մը չէ. անորը` քաղաքական նշանակում մըն է: Հետեւաբար յօդուածագիրը զարմանք կը յայտնէ թէ ինչո՞ւ Էրտողան փորձուած դիւանագէտ մը չի ղրկեր, երբ այնքան բարդ խնդիրներ ունի Անգարան Ուաշինկթընի հետ լուծելիք: Միեւնոյն հարցականին առջեւ կը գտնուի նաեւ Հայաստանը, որ կը մտադրէ քաղաքական նշանակում մը կատարել յանձին Լիլիթ Մակունցի, երբ այնքան նուրբ խնդիրներ կան լուծելիք Ուաշինկթընի մէջ, Հայաստանի համար:

Հայոց պարագային խիստ նշանակալից է նաեւ ժամանակը, որովհետեւ այսօր նախագահ Պայտըն ունի դրական տրամադրութիւններ հայկական հարցին նկատմամբ, որոնք կրնան նպաստաւոր լուծում մը գտնել թուրք-ամերիկեան լարուած պայմաններուն ներքեւ:         Անգամ մը որ այդ պայմանները փոխուին` կը փոխուին նաեւ խոստումներն ու տրամադրութիւնները: Անցեալ Դեկտեմբերի ամերիկեան Քոնկրէսը կը ծրագրէր ճնշել Թուրքիոյ վրայ եւ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Այսօր, Պայտընի օրակարգին վրայ ոչ միայն ցեղասպանութեան հարցն է, այլ նաեւ Ամերիկայի գործօն ներգրաւումը Մինսքի խումբի համանախագահներուն հետ` լուծելու համար Արցախի օրինավիճակի ճշդումը: Ռուսաստան կը պնդէ որ Արցախի գոյավիճակի ճշդումը պէտք է յետաձգուի անորոշ ապագայի մը: Երբ նախագահ Պայտըն հակադրութեան մէջ է Ռուսաստանի հետ, կրնայ նաեւ չհամակերպիլ Մոսկուայի հետ, այս հարցին մէջ եւս:

Թուրքիոյ հրաւէրին ընդառաջելու համար` Հայաստան պէտք է շատ բարձր բռնէ նշաձողը, պայման դնելով որ Անգարա ճանչնայ ցեղասպանութիւնը եւ միացեալ յանձնախումբ մը կազմէ միայն սահմանելու համար Թուրքիոյ հատուցման չափը Հայաստանին: Ճամբաները բանալը աւելի նուէր մըն է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին, աւելի քան Հայաստանին. Թուրքիա մէկ դար ամբողջ կը ծրագրէր կամ գրաւել Սիւնիքը եւ կամ անցք մը ապահովել անկէ դէպի Միջին Ասիա:

Հիմա որ ճամբաներու բացումով Սիւնիքի անցքը պիտի պարտադրուի Հայաստանին` բանակցութեան պայմանը աւելի նշանակալի առաւելութիւն մը պէտք է ըլլայ Թուրքիոյ համար:

Հայաստանի իշխանութիւնները երկու անգամ ինկան թրքական թակարդին մէջ. այդքանը բաւական պէտք է ըլլայ դասեր քաղելու եւ այս անգամ խուսափելու այդ թակարդէն:

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ