Առանց երկար մեկնաբանութիւններու, մինչ մօտէն կը հետեւինք Հայաստանի մէջ այս շրջանին տեղի ունեցող ներքաղաքական թէ արտաքին քաղաքականութեան ճակատագրական զարգացումներուն, հակիրճ կերպով կը յայտարարենք հետեւեալը:
Իրաւունք կու տանք մենք մեզի, որպէս հայ՝ պահանջելու անոնցմէ որոնք կը յաւակնին հայրենիքի ճակատագրին ճշդման մէջ որոշիչ դեր կատարել, արդարացնել այդ իրաւունքը, իրենց գործունէութեան մէջ բացայայտօրէն ցուցաբերելով խորագոյն չափով ԼՐՋՈՒԹԻՒՆ եւ արհեստավարժ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ:
Դժբախտաբար, վերոյիշեալ լրջութեան եւ կարողութեան բացակայութիւնը այսօր ակնյայտ է շատերուն մօտ որոնք տակաւին կը յամառին եւ կը համարձակին միջամուխ ըլլալ մեր ազգին ճակատագրին ճշդման գործին:
Առաջին հերթին, խստօրէն կը պախարակենք անոնք որոնք իրենք իրենց ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆ անուանելով Ազգային Ժողովը մէկ տարիէ ի վեր կրկէսի վերածեցին: Իսկ տասը օրերէ ի վեր ալ, Երեւանի փողոցները եւ հրապարակները լեցնելով եւ որեւէ լուրջ ծրագրի բացակայութեամբ, ցոյց տուին թէ առաւելագոյնը մեծ պղպջակ մը կը ներկայացնեն : Ոչ Հայաստանի մէջ եւ ռչ ալ Սփիւռքի մէջ որեւէ լուրջ հետեւորդ կրնան ունենալ անոնք:
Երկրորդ մեր ակնարկութիւնը բնականաբար կը վերաբերի օրուան իշխանութեանց: Անկասկած՛ անոնք ունին դժուար պատասխանատուութիւն մը: Գիտակից հայեր, Հայաստան թէ Սփիւռքի մէջ կուզեն տեսնել անոնց յաջողութիւնը: Սակայն իրենց պարագային եւս յաճախ ակնյայտ են անընդունելի տկարութիւններ: Վարչապետ Փաշինեան չկարողացաւ ձերբազատուիլ իր անմիջական շրջանակին կառչելու բարդոյթէն: Իբրեւ հետեւանք իր ղեկավարութեան կը պակսին թէ խորք թէ նրբութիւն, թէ ճկունութիւն եւ թէ հետեւողականութիւն: Այս բոլորին հետեւանքով ալ ան կորսնցուց շատերու, իրեն նկատմամբ վստահութիւնը եւ համակրանքը:
Վերջին օրինակը Ապրիլ 13-ի ԱԺ-ին մէջ իր ունեցած տխրահռչակ ելոյթն էր Արցախի մասին: Այդ ելոյթին մէջ ան յստակ կերպով ըսաւ թէ պէտք է համակերպինք որ Արցախը մտնէ Ատրպէյճանի սահմաններէն ներս: Ակնկալելի ազգային ընդհանուր ընդվզումէն ետք, հիմա Վարչապետը կուզէ հաւատացնել թէ ինք այդպէս չէ ըսած…
Արցախը ամէն իրաւունք ունի Ատրպէյճանէն դուրս մնալու: Եթէ Քոսովօն անկախ է, ուրեմն Արցախը եւս անկախ պէտք է մնայ: Այնպէս կ’երեւի թէ ի վերջոյ նոյնիսկ Փութինը եւ Պլինքընը անգամ գրեթէ նոյնը կ’ըսեն…
Մէկ խօսքով թէեւ վերջերս Հայաստան քիչ մը աշխուժացած է իր արտաքին քաղաքական աշխատանքին մէջ, սակայն կը պակսին անոր արհեստավարժ կարող այն գործիչները որոնք պէտք է կարենան նաւարկել թէ Մոսկուայի, թէ Ուաշինկթընի, թէ Փարիզի, Թէ Անգարայի եւ թէ ալ Պաքուի ջուրերուն մէջ… Ունինք այդ աշխատանքին ատակ հայ կարող քաղաքագէտներ ինչպէս նաեւ ուրիշ բնագաւառներու մէջ արհեստավարժ կարող ոյժեր: Փաշինեան պէտք չէ խուսափի բոլորը իր շուրջ հաւաքելու իր պարտականութենէն…այլապէս ան պէտք չէ ակնկալէ ժողովուրդին վստահութիւնը եւ զօրավիգը…