Այն ինչ որ պատահեցաւ Յունիսի 3ին Երեւանի մէջ կարծէք նախանշանն էր որ ցոյցերու ընթացքը սկսած է դուրս գալ հակակշռէ եւ մտնել վտանգաւոր ուղեծիրի մէջ: Արդարեւ, ցուցարարները այդ օր ուղղուած էին դէպի Պռօշեանի վրայ գտնուող կառավարական ամարանոց` պահանջելով որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դուրս գայ եւ լսէ իրենց պահանջները: Սակայն, յանկարծ ցոյցը ստացաւ աւելի բուռն բնոյթ երբ ոստիկանները արձակեցին լուսաձայնային նռնակներ եւ ցուցարարները փոխադարձեցին զանոնք քարերով եւ բռունցքի հարուածներով: Անմիջապէս հաղորդուածը եղաւ ան որ 38 վիրաւորեալներ փոխադրուած են հիւանդանոց, որոնց մեծ մասը` ոստիկան:
Մայիսի մէկին սկսած օրական ցոյցերը հետզհետէ կորսնցուցին իրենց թափը` նօսրացնելով ցուցարարներու շարքերը: Ու քանի նօսրացան ցուցարարներու թիւերը` բախումները սկսան դառնալ աւելի ջղային:
Վերջին օրերուն «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան պետը` Արթուր Վանէցեան, ցոյցերու շարքերէն անջատուելով մեկնեցաւ Գերմանիա, կարծէք գուշակելով շարժումին ելքը:
Որքան ջղային էին ցուցարարները, նոյնքան ջղայնութիւն կը ցուցաբերէր իշխանութիւնը, ոչ միայն բազմապատկելով ոստիկաններուն շարքերը, այլ գործի լծելով իր բոլոր լրատուամիջոցները եւ թուաբանական խաղեր սարքելով զանգուածներու ծաւալներուն մասին: Որքան իշխանական պատգամաւորները` նոյնքան վարչապետը առիթը չէին փախցներ հեգնելու եւ մանրացնելու ընդդիմադիրներու ցոյցերուն տարողութիւնը: Երկկողմանի բռնութիւններու սաստկացումը կարծէք կ’ազդարարէ որ կացութիւնը կը թաւալի դէպի 2008ի Մարտի 1ին մթնոլորտը: Կը յուսանք որ ողջախոհութիւնը կը տիրապետէ երկկողմանի, եւ այդ արիւնալի դէպքերը չեն կրկնուիր: Ի դէպ, իշխանութիւնը մերթընդմերթ կը վերադառնայ Մարտի 1ի դէպքերուն` վախցնելու համար ընդդիմութիւնը:
Ընդդիմութիւնը, նկատելով որ վարչապետը հրաժարեցնելու նպատակը չկրցաւ իրականացնել` յանկարծ փոխեց իր նպատակը եւ որոշեց փողոցէն վերադառնալ Ազգային Ժողով եւ այդ ատեանին մէջ պարտադրել որ ՔՊ-ական մեծամասնութիւնը մասնակցի որոշմնագիրի մը` յայտնելով որ «Արցախը չի լինելու Ատրպէյճանի կազմում»: Յունիս 3ին կայացաւ այդ նիստը, եւ ըստ նախատեսուածին` իշխանական մեծամասնութիւնը բացակայելով, տապալեց նիստը: Սակայն, ընդդիմութիւնը դարձեալ յաղթանակ հռչակեց իշխանաւորներու բացակայութիւնը, ցոյց տալով իբրեւ վկայութիւն, որ իշխանութիւնը համաձայն չէր այդ բանաձեւին եւ կը պատրաստուէր Արցախը յանձնելու Ատրպէյճանին:
Մարտ 1ի դէպքերուն ընթացքին նոյնքան մեղաւոր էր օրուան ընդդիմութիւնը – որուն առաջնորդներէն մէկն էր նոյնինքն Փաշինեանը – որքան օրուան իշխանութիւնը, զանգուածը առաջնորդելով ծայրայեղութեան: Այս հաստատումը երբեք չ’արդարացնէր օրուան նախագահին` Ռոպերթ Քոչարեանի սանձազերծած արիւնահեղութիւնը եւ բանակը ժողովուրդին դէմ իջեցնելու ապօրինի արարքը:
Թէ ինչո՞ւ այսօր իշխանութիւնները հրապարակ չեն ելլեր յայտարարելու «Արցախը Ատրպէյճանի կազմում չի լինելու», իշխանութիւնը ունի իր բացատրութիւնը – որ քանի Ատրպէյճանի հետ բանակցութեան մէջ է Հայաստանը, նման յայտարարութիւն մը կրնայ վտանգել այդ բանակցութիւնները:
Այս մտահոգութիւնը արդարացի է. բայց աւելին` որքա՞ն նպատակայարմար են ցոյցերը եւ ներքին քաղաքականութիւնը ապակայունացնող արարքները երբ Հայաստան կը գտնուի զուգահեռ բանակցութեանց մէջ, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ: Ծայրայեղ արարքները միայն կը հաճոյացնեն թշնամիները եւ շփոթութեան կը մատնեն Հայաստանի անփորձ իշխանաւորները որոնք այլապէս ալ չեն փայլիր իրենց դիւանագիտական հմտութեամբ: Այս բոլորին հետեւանքը կ’ըլլայ ոչ միայն օրուան իշխանութեան վարկաբեկումը այլ նոյնինքն Հայաստանի պարտութիւնը բանակցութեան սեղանին շուրջ:
Ընդդիմութեան շղթայազերծած ցոյցերը եթէ չկրցան իրականացնել իրենց նպատակները, բայց յաջողեցան ընել մէկ բան – ցոյցերը գլխաւորողները, խօսնակները, կազմակերպողները եւ պոռացողները դաշնակցական ղեկավարներն էին: Արդէն Արթուր Վանէցեանի ձայնը չկար ու ետքէն ան անձայն մեկնեցաւ Գերմանիա:
Սակայն, ցոյցերը, որոնք շարժման մէջ դրուած էին Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի հնարաւորութիւններով, սատարեցին դաշնակցական ղեկավարներու տեսանելիութեան: Դաշնակցութիւնը բոլոր նախընթաց ընտրութեանց 2-3 տոկոսի շեմը չէր կարողացած անցնիլ` բաժնեկից դարձաւ նախկին օլիկարքներու վճարումներով յառաջացած շարժումի ժողովրդականութեան. եթէ պիտի չափուի այդ ժողովրդականութիւնը Ազգային Ժողովի մէջ ընդդիմութեան համեմատութեամբ, ուրեմն, տեսականօրէն Դաշնակցութեան երեք տոկոսը բաժնեկից դարձաւ 30 տոկոսի ժողովրդականութեան չափին:
Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կորուստին կապակցութեամբ պատմաբաններ, պետական իմաստուն ղեկավարներ, նախկին դիւանագէտներ, խղճի հանդարտութեամբ, կը մեղադրեն պոլշեւիկներու եւ թուրքերու դաշնակցային յարաբերութիւնները որոնք ուղղուած էին Հայաստանի ինքնիշխանութեան դէմ. քիչ անգամ կ’իմանանք թէ ո՞ւր էր մեր պատասխանատուութիւնը այդ կորուստին մէջ: Այսօր ալ Հայաստանը շրջապատուած է թշնամիներով որոնց նպատակն է բնաջնջել Հայաստանը աշխարհի քարտէսէն: Այս պատկերին եւ այս տխուր հեռանկարին դիմաց ի՞նչ վիճակ կը ներկայացնէ Հայաստանի ներքին քաղաքականութիւնը. դժբախտաբար չափազանց անձեռնհաս վիճակի մէջ կը գտնուին թէ իշխանութիւնը եւ թէ ընդդիմութիւնը. ընդդիմութիւնը որեւէ ժամանակ խորհրդարանի առջեւ չպարզեց առաջարկ մը կամ օրինագիծ մը որ նպաստէր երկրի բարելաւումին: Մերժեց նոյնիսկ մասնակցիլ խորհրդարանական յանձնաժողովներուն, ուր կը քննուէին իր իսկ պարզած խնդիրները:
Միւս կողմէ օրէնսդիր թէ գործադիր իշխանութեանց լծակները ձեռքին ունեցող Քաղաքացիական Պայմանագիր խմբաւորումը նոյնպէս բաղկացած է անփորձ տարրերէ, որոնք բոլորը միաբերան միեւնոյն գաղափարները, միեւնոյն պատճառաբանութիւնները ունին բոլոր խնդիրներու նկատմամբ գրեթէ միեւնոյն բառամթերքով: Այս բոլորին քաղաքական պատրաստութիւնը կը սահմանուի իրենց մասնակցութեամբը այն քայլերթին զոր Փաշինեան իրականացուց Կիւմրիէն Երեւան` շղթայազերծելու համար իր Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը: Բոլորին բերանէն արձակուած ամէնէն իմաստո՜ւն բացատրութիւնը այն է որ «ժողովուրդը մեզ ընտրեց». ճիշդ է որ ժողովուրդը ընտրեց զիրենք, բայց ատիկա չի նշանակեր նաեւ որ ժողովուրդը իրենց որակ պարգեւեց:
Ազգային Ժողովը վերածուած է կրկէսի. ընդդիմութիւնը խեղկատակ հնարքներով հանդէս կու գայ այնտեղ, եւ միեւնոյն կրկէսային որակով կը հակադարձէ նաեւ իշխանութիւնը, որուն կողմէ զրախօսելու պաշտօնը տրուած է ՔՊ-ի անդամ Վահագն Ալեքսանեանի: Այս վերջինը ամէնէն լպիրշ ելոյթներով կը փորձէ անարգել ընդդիմութիւնը եւ, զարմանալիօրէն, կ’արդարացուի նոյնինքն վարչապետին կողմէ: Աւելին` վարչապետը եւս, իր կարգին, կը մասնակցի այդ կրկէսին իր թատերական ելոյթներով:
Այս բոլորէն վերջ, ընդդիմութիւն կամ իշխանութիւն կ’ակնկալեն որ ժողովուրդը յարգէ զիրենք. աւելին` կը սպասեն որ միջազգային քաղաքական շրջանակները լուրջի առնեն զիրենք:
Իշխանութիւնը, բացայայտօրէն քաղաքական նպատակներով կը կատարէ ձերբակալութիւններ եւ դատական գործարքներ. հետեւաբար պէտք չէ զարմանալ որ Աւետիք Չալապեանի նման լուրջ մարդ մը բանտ տարուի ծիծաղելի մեղադրանքներով:
Իշխանութեանց ամէնէն մեծ դատապաշտպանը Անդրանիկ Քոչարեանն է, նախագահը` Ազգային Ժողովի պաշտպանութեան յանձնաժողովին: Գուցէ միակ ինքնուրոյն անդամը Ազգային Ժողովին որուն հարցազրոյցները կ’ունկնդրուին հաճոյքով, յատկապէս իրենց զուարճախօսութեանց պատճառաւ: Անդրանիկ Քոչարեան յանձնաժողով կազմեց որ ուսումնասիրէ եւ տեղեկագրէ 2016-ի քառօրեայ պատերազմին պատճառներն ու հետեւանքները. Յանձնախումբի գործունէութեան ամբողջ տեւողութեան պարզուեցաւ որ Պր. Քոչարեանի բուն նպատակն էր այդ ժողովին պատրուակով վարկաբեկել նախկին իշխանաւորները, ներառեալ պատերազմին հերոսացած բարձրաստիճան զինուորականները, ինչպէս, Զօր. Եուրի Խաչատուրովը: Մինչեւ քառօրեայ պատերազմին տեղեկագիրը պատրաստելը, վրայ հասաւ 44օրեայ պատերազմը. հիմա ալ կազմած է յանձնաժողով մը այս պատերազմին քննարկումը կատարելու եւ սպառնալից հրաւէրներ ղրկած է ինչպէս ներկայ նոյնպէս նաեւ` նախկին իշխանաւորներուն:
Ուրիշ տարօրինակութիւն մըն ալ այն է որ Սասնայ Ծռերու մէկ խմբաւորումը գրաւած էր ոստիկանատուն մը Սերժ Սարգսեանի իշխանութենէն պահանջելով Ժիրայր Սէֆիլեանի ազատ արձակումը բանտէն: Այդ զինեալ բախումին ընթացքին սպաննուած էին երեք ոստիկաններ, եւ այդ պատճառաւ ալ Ծռերու այդ ղեկավարները առաջնորդուած էին բանտ: Թաւշեայ Յեղափոխութենէն վերջ կարգ մը բանտարկեալներ ազատ արձակուեցան, ինչպէս անոնց ամէնէն արմատականներէն Վարուժան Աւետիսեանը: Ատիկա ապտակ մըն էր Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան: Սակայն, բանտէն արձակուելէ վերջ, Սասնայ Ծռերը որդեգրեցին ծայրայեղօրէն հակափաշինեանական վարքագիծ մը. այս օրերուն անոնք կը վերադառնան բանտ, իրենց նախկին ոճիրին համար: Վստահաբար իշխանութիւնները օրինական արդարացում մը կրնան ներկայացնել այս վերաբերումին մասին. սակայն, դժուար է այս վարմունքէն չեզրակացնել որ իշխանութիւնը պետական վարչամեքենան կը գործածէ հաշուեյարդար կատարելու իր ընդդիմադիրներուն նկատմամբ:
Այսօրուան գլխաւոր մտահոգութիւնը այն է որ բախումները չզարգանան այնպէս որ երկիրը կրկին գտնուի Մարտի մէկի հանգրուանին: Արդէն համազգային համերաշխութեան մասին մտածողներ չկան: Ոչ ալ` նախաձեռնողներ:
Եթէ այս անգամ ալ կորսնցնենք մեր անկախ պետականութիւնը, թող վաղուան պատմաբանները յանցանքը չվերագրեն միայն արտաքին պայմաններուն:
Թող հաշուարկեն նաեւ մեր ժողովուրդի անմիաբանութիւնն ու քաղաքական տհասութիւնը:
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ