ՀԱՅԱՍՏԱՆ` ԱՐՏԱՔԻՆ ՈՒ ՆԵՐՔԻՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ

Համաճարակի պատճառած խնդիրները բաւարար եղած չըլլային կարծէք որ այսօր Հայաստան կը գտնուի ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներու ոլորապտոյտին մէջ:

Երկու տարի անցաւ թաւշեայ յեղափոխութենէն ի վեր, սակայն տակաւին կը պակսի ակնկալուած կայունացումը: Երկիրը կը գտնուի տագնապներու մէջ որոնք կ’արգելափակեն անոր բնական զարգացումը եւ բարգաւաճումը:

Դժբախտաբար Հայաստան կը գտնուի քաղաքականօրէն ամէնէն լարուած աշխարհամասի մը մէջ, ուր ներքին կայունացման լաւագոյն պայմաններուն ներքեւ իսկ հեշտ պիտի չըլլար անոր վերապրումը: Սովետական դրութեան փորձառութենէն ետք շուրջ երեսուն տարիներու անկախութիւնը կարծէք թէ պէտք է ապահոված ըլլար ինքնակառավարման հասունացումը, որ տակաւին կը մնայ անհասանելի` արդարացնելու չափ մեր թշնամիներուն մատնանշումը թէ հայերը ատակ չեն ինքնակառավարման:

Թաւշեայ յեղափոխութիւնը իշխանութեան բերաւ ամէնէն ժողովրդական կառավարութիւնը: Անսովոր երեւոյթ է ազատ պայմաններու ներքեւ ունենալ իշխանութիւն մը որ կը վայելէ քաղաքացիներուն աւելի քան 70 տոկոսին վստահութիւնը. իշխանութիւն մը որ այդպիսի վստահութեամբ պիտի կրնար կարճ ժամանակի մէջ ապահովել ներքին կայունացումը, առ նուազն, քանի արտաքին կայունացումը մեծաւ մասամբ կախուած է այլ ազդակներէ. առաջին հերթին` շրջապատման իրողութենէն, եւ ապա` պատերազմի անմիջական վտանգէն ու շրջանային պետութեանց շահերու բախումէն:

Տակաւին մինչեւ վերջերս պետութիւնը իր ամբողջ կազմով եւ ամբողջ թափով լծուած էր համեմատաբար աննշան խնդիրներու քննարկման: Այսպէս, Ամենայն Հայոց Հայրապետին մէկ յորդորը` բարեացակամութիւն ցուցաբերելու նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի` վերածուած էր քաղաքական ձիւնագնդակի. նոյնպէս, վարչապետին ձայնագրութեան մէկ նիստին բարձրախօսին բաց մնալու անփթութիւնը` առասպելական վերլուծումներու առիթ ընծայած էր:

Գոյացած հարցերուն քաղաքական նշանակութիւնը անհամեմատօրէն փոքր էր անոնց դէմ գործածուած միջոցներէն, որոնք կ’արտայայտեն պետական հասունացման որոշ պակաս, եթէ ոչ ինքնավստահութեան խախտում:

Այդպիսի զարգացումներու ընթացքին է որ լախտի հարուածը` հաւաքական զգօնութեան հրաւիրելու բոլորը: Արդարեւ, մեր ռազմական դաշնակիցին` Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի թշնամական յայտարարութիւնը եկաւ գլխիվայր շրջելու ամբողջ կացութիւնը: Անոր հրապարակային ազդարարութիւնները Հայաստանի, կու գային հարուածել զայն երկու բնագաւառներէն ներս. առաջինը` կազի գինին բարձրացումն էր, իսկ երկրորդը` Արցախի հիմնահարցի Ատրպէյճանին ի նպաստ լուծելու առաջարկը: Արդարեւ, այն պահուն երբ կազի եւ քարիւղի գիները ինկած են ջուրի գինէն ալ ցած` Մոսկուա կու գայ աւելցնելու Հայաստանին մատակարարուած կազին գինը: Դժբախտաբար նախկին իշխանաւորները այնպիսի համաձայնագիր կնքած են որ Հայաստան չի կրնար իր կազի պահանջը գոհացնել այլ երկիրներէ, աւելի մատչելի գինով: Պրն. Լաւրով կտրուկ կերպով կը մերժէր կազին գինին մասին Հայաստանի ներկայացուցած առաջարկը:

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը իր պատասխանին վրայ կ’աւելցնէր նաեւ յանդիմանութիւն մը թէ` Հայաստան կը թերանայ դաշնակիցի իր պարտաւորութեանց մէջ քրէական դատեր բանալով Կազփրոմի եւ Հարաւ Կովկասեան Երկաթուղիներու դէմ, որոնք ռուսական ընկերութիւններ են:

Տնտեսական այս լախտի հարուածին կը յաջորդէր քաղաքական հարուածը, ուր Պրն. Լաւրով կ’առաջարկէր Արցախի հիմնախնդրին փուլային լուծումը – որուն, ի սկզբանէ ընդդիմացած էր Հայաստանը – գործընթացը սկսելով տարածքներու պարպումով. տարածքներ, որոնք կը գտնուին հայկական ոյժերու ներքեւ, եւ գրաւուած են իբրեւ երաշխիք ապահովութեան:

Արցախեան խնդրի պարագային, սկիզբէն ի վեր, կողմերու բանակցութիւնները կը կատարուին Մինսքի Խումբի հովանաւորութեան տակ, որոշ սկզբունքներով: Մինսքի Խումբի համանախագահներն են Ռուսաստան, Ֆրանսա եւ Ամերիկա: Անշուշտ Ֆրանսայի եւ Ամերիկայի համակրթութիւնները պէտք է յարէին դէպի Ատրպէյճան, բազմաթիւ պատճառներով – նախ` իբրեւ արեւմտամէտ երկիր, քարիւղի պաշարներ ունեցող երկիր եւ ապա` իբրեւ ՆԱԹՕի անդամ Թուրքիոյ ենթակայ երկիր եւ Իսրայէլի խարիսխ, Իրանի սահմանին: Ուրեմն, նախագահական կազմին մէջ կը մնար Ռուսաստանը իբրեւ հակակշռող երկիր. Պրն. Լաւրովի յայտարարութեամբ փուլ կու գար այդ հակակշիռը` բաւական տագնապալի հետեւանքներով:

Հարուածը անակնկալ ըլլալ կը թուէր, սակայն իրականութեան մէջ ան կը պատրաստուէր երկար ատենէ ի վեր, որոշ չափով ալ` հայկական կողմին վարած քաղաքականութեան հետեւանքով:

Նախ` ռուսական ընկերութեանց դէմ բացուած դատերը ոչ-բարեկամական ազդակ նկատուած էին Մոսկուայի կողմէ. ապա` նախագահ Փութինը նուաստացնելու փորձերը եկած էին յաւելելու դժգոհութիւնը Մոսկուայի մէջ: Արդարեւ, նախագահ Փութին երկու անգամ շնորհաւորած էր Ռոպերթ Քոչարեանը երբ ան բանտին մէջ էր, ապա ան ցուցական կերպով այցելութիւն տուաւ Տիկին Պելա Քոչարեանին, երբ կարճ այցելութեամբ մը եկաւ Երեւան: Աներեւակայելի է որ ոեւէ քաղաքական իշխանութիւն չըմբռնէ այդ ազդանշաններուն իմաստը: Այս բոլորին վրայ պէտք է աւելցնել հակառուսական այն պայքարը որ կը մղուի կայքէջերէն ու մամուլէն, եւ որոնք աննըկատ չեն առնուիր Մոսկուայի կողմէ:

Հակառուսական մունետիկները – որոնք անպայման չեն առաջնորդուած Հայաստանի շահերէն – արդարացնելու համար քաղաքական այս ընթացքը առաջ կը քշեն տեսութիւն մը թէ Հայաստան սուվերէն (ինքնիշխան) պետութիւն մըն է. այսինքն` արտօնուած է քաղաքական ոեւէ անխոհեմութիւն կատարելու. մինչդեռ, որեւէ երկրի ինքնիշխանութիւնը կը չափուի, կը սահմանուի եւ կը սահմանափակուի այն կշիռով որ այդ երկիրը կրնայ արժեցնել միջազգային յարաբերութեանց մէջ:

Լաւրովի յայտարարութիւնը շատ հեռայար վտանգ մըն է, որով Երեւանի իշխանութիւնները պիտի մարտնչին երկար ատեն:

Արտաքին այս մարտահրաւէրին կու գան միանալ կարգ մը ներքին մարտահրաւէրներ, որոնք արձագանգն են, եթէ ոչ անմիջական անդրադարձը այդ արտաքին մարտահրաւէրներուն:

Հայաստանի մէջ հաստատուած է նոր իշխանութիւն` ժողովրդավարութեան յաղթանակով: Յաղթող կողմը, որ ինքնավստահ է իր ոյժին, ակնկալուած է ըլլալ վեհանձն: Եթէ կը պակսի այդ վեհանձնութիւնը, ապա կը պակսի նաեւ ինքնավստահութիւնը, իր թեզին հանդէպ իր հաւատքը:

Հայաստանի միջին քաղաքացիին որոշումներուն մէջ գերակշիռ է զգացականութիւնը: Քաղաքական որոշումները կը տրուին աւելի զգացական մակարդակով` աւելի քան սառն դատողութեամբ: Նոյնպէս, այնտեղ կը պակսի այն գիտակցութիւնը, որ ճշմարտութեան բացարձակ սեփականատիրութեան յաւակնութիւնը ազդանշան է տկարութեան:

Նիկոլ Փաշինեան բոցավառելով այդ զգացումները տիրացաւ իշխանութեան: Այսօր ինք գիտակցած է վեհանձնութեան անհրաժեշտութեան. նոյնպէս` բացարձակապաշտութեան վտանգներուն: Սակայն, այն զանգուածը որ զինք բարձրացուց այդ պաշտօնին, լի է վրիժառութեան զգացումներով, որքան որ ալ ինք շարունակէ պնդել թէ վանտեթթա չկայ: Մինչդեռ զանգուածին մեծամասնութեան համար երկրին բարօրութիւնը, անոր ապագան եւ ամէն ինչ կախեալ է հիները ջարդելու պահանջէն:

Ամէնէն խելացի կարծուած խօսնակները – ինչպէս Լեւոն Շիրինեան, երիտասարդ «իմ քայլականնե»ը եւ ուրիշներ – շեշտը դրած են հիները հիմնայատակ ընելու նպատակին վրայ – «թաւիշը շատ է» կը պնդեն անոնք: Մինչդեռ Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանը կը տեսնէ միջազգային քաղաքական հարթակի վրայ, Եւրոպայի տեսանկիւնէն ու կը փորձէ հինի մնացուկները մաքրել օրէնքի ճամբով: Որոշեց Սահմանադրական դատարանի մաքրագործումը կատարել հանրաքուէով. ապօրինի հարստացման լուծումները կ’առաջադրէ խորհրդարանական օրէնքներու հաստատումով: Սակայն, մինչեւ որ հասարակութեան մէջ չամրապնդուի չափաւորականութեան ու խոհեմութեան վարքագիծը` դժուար թէ երկիրը գտնէ իր հաւասարակշռութիւնը:

Վրիժառութիւնը, վանտեթթան պիտի ունենան իրենց հակադարձութիւնը եւ ունին: Հիները իրենց կողոպտած հարստութիւնը սկսած են գործածել մամուլի ճամբով: Այսօր, ազատութիւններէն օգտուելով` աւելի ուժեղ հակաիշխանական մամուլ կը գործէ երկրին մէջ:

Հայաստանի տնտեսութեան շահերէն չի բխիր սպառնալ հիներու հարստութեան եւ պատճառել անոնց փախուստը երկրէն:

Վերջին շրջանին սկսած են անկարգութիւններ ու բռնութիւններ երկրին մէջ, որոնք աննպատակ չեն, ոչ ալ` պատահական: Կարծէք թէ անոնք ծրագրուած են համալրելու համար այն արտաքին մարտահրաւէրները որոնք ցցուեցան Հայաստանի դէմ: Նորադուսի մէջ յանկարծ պայթեցաւ խռովութիւն մը որուն մասնակցեցան հարիւրաւորներ. յարձակում կատարուեցաւ Սեդա Սաֆարեանի եւ անոր ընտանիքի անդամներուն դէմ. Սեդա Սաֆարեան մաս կը կազմէ այն Փաստահաւաք Յանձնաժողովին որ վկայութիւններ կը դասաւորէ Մարտի 1ի սպանդին մասին: Անկապ եւ աննպատակ չէ նաեւ փողոցային կռիւը խորհրդարանի փոխ-խօսնակ Ալէն Սիմոնեանի եւ Արթուր Դանիէլեանի: Այս վերջինը հիմնադիր նախագահն է Ատեքուաթ կոչուած ծայրայեղական խմբաւորման: Ի դէպ, որքան այլասեռած պէտք է ըլլան այս խումբին անդամները, որ ուրիշ անուն գտած չըլլալով որոշած են ծուարիլ «Ատեքուաթ» օտար անունին ներքեւ:

Այնպէս կը թուի թէ այսպիսի դէպքեր, որոնք, երբեմն դուրս կը մնան ոստիկանութեան հակակշիռէն – պիտի շարունակուին նպատակադրուած ձեւով` ապակայունացնելու համար երկիրը:

Անշուշտ հեռուէն դիտելով` հեշտ կը թուին լուծումները, որոնք միայն պէտք է բխին ներսէն:

Վատառողջ բեւեռացում մը կայ երկրին մէջ. հիները ետդարձի երազներով կը պայքարին նոր իշխանութեան դէմ, այնպիսի թափով որ կրնան պատուհասել երկիրը. իսկ նոր իշխանութիւնները եւ անոնց հետեւող զանգուածը երկրին փրկութիւնը կը փնտռեն հիներու ամբողջական անէացման մէջ: Եթէ կան ողջախոհներ` տեսանելի չեն անոնք: Միայն այդ ողջախոհներու յառաջացումով եւ երկրին քաղաքացիական առողջ դաստիարակութեամբ կարելի է սատարել երկրին հաւասարակշռութեան եւ անոր` փրկութեան:

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ