ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՐԿՈՒ ՔԱՐԻ ՄԻՋԵՒ

Երուանդ Ազատեան

Հայաստանի այսօրուայ ներքին տագնապը աւելի գէշ ժամանակներու չէր կրնար զուգադիպիլ, երբ երկիրը տակաւին ինքզինք ամբողջովին չէր վերագտած Ապրիլ ամսուան սկզբնաւորութեան տեղի ունեցած չորսօրեայ պատերազմէն:

Ատրպէյճան խրախուսուած է վերջին բռնկումի յաջողութենէն, որ կը չքմեղանար Ռուսիոյ կողմէ եւ կը քաջալերուէր Թուրքիոյ կողմէ:

Մինչ այդ, Թուրքիա յարաճուն կերպով կը վարուի որպէս գերպետութիւն մը փոխան շրջանային իր հանգամանքին, իր քաղաքական եւ զինուորական մկաններու ցուցադրութիւնը տարածելով Միջին Արեւելքի սահմաններէն անդին՝ մինչեւ Պալքանեան եւ Կեդրոնական Ասիական շրջաններ:Ան արդէն իսկ զինուորական խարիսխներ հաստատած է Քաթարի, Սօմալիի, Վրաստանի եւ վերջերս ալ Ատրպէյճանի, Սումկայիթի մերձակայքի մօտ, հակառակ պաշտօնական ժխտումներու: Ասկէ է որ կը բխի Նախագահ Իլհամ Ալիեվի անհաշտ կեցուածքը բանակցութիւններու սեղանին շուրջ:

Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծումի շատ ծրագիրներ ներկայացուած են բայց միշտ ալ փշրուած են: Մէկ բան յստակ է. ժամանակը Հայաստանի կողքին չէ: Այդ է պատճառը որ Երեւան ենթակայ կը դառնայ միջազգային հանրութեան ճնշումին՝ փոխադարձ զիջումներ կատարելու ի գին անկարելի տեղատուութիւններու:

Այս հանգրուանին Գազանի ծրագիրը վերակենդանացած է, ըստ որուն կը յետաձգուի Ղարաբաղի հանրաքուէի (referendum) վերջին քայլը, որ կը պահանջէ՝ նախ հողային զիջումներ կատարել:

Ապրիլեան յարձակումներէն ետք, փորձի փուչիկներ սկսան ծածանիլ թէ՝ Հայաստան պատրաստ է իր զօրքերը ետ քաշելու Ատրպէյճանէն ապահովութեան համար իւրացուած հինգ շրջաններէ, փոխան անորոշ խոստումներու, թելադրելով որ ատրպէյճանցի բնակչութիւնը կարենայ վերադառնալ այդ շրջանները:

Այդ բեմադրութիւնը սարսափեցուց Հայ հանրութիւնը եւ գուցէ այդ էր պատճառը՝ ուղտին մէջքը կոտրող վերջին յարդի շիւղը, որ ճամբայ բացաւ ապստամբութեան:

Այդ ըմբոստութիւնը սկսաւ նոյնիսկ առանց արտաքին ուժերու ճնշումին: Նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի յաջորդական իշխանութիւնները չյաջողեցան տնտեսութեան բարելաւում յառաջացնելու, շրջելու արտագաղթի հոսքը, օլիկարքներու թաթերը հեռու պահելէ հաստատուած բոլոր նախաձեռնութիւններէն եւ երկիր մտնող մեծագումար ներդրումներէ, եւ հաստատելու օրէնքի կարգն ու կանոնները: Գրեթէ բոլոր ընտրութիւնները կորզուեցան փտախտի եւ հարկադրանքի միջոցներով, թոյլ տալով ունեւոր վերին դասակարգին շարունակելու լկտի փարթամութիւն մը, մինչ կը նուազէր հանրութեան կենցաղի մակարդակը:

Գայթակղութեան հետեւող գայթակղութիւններ թաքնուեցան: Հեղինակութիւնները հրճուեցան իրենց քաղաքական ընդդիմութեան ջլատումին կարճատես յաջողութիւններով, առանց անդրադառնալու թէ փակելով կազմակերպուած ընդդիմութիւն մը, կը ստիպէին ընդյատակեայ արմատական զարգացումներ:

Ժողովուրդը պատին հրուեցաւ, ուր ազդեցութիւնները միշտ ալ տրամաբանական չեն ըլլար: Կարելի է նկատել թէ հրաշք մըն է որ այդպիսի հակազդեցութիւն մը այսքան երկար ժամանակ պահանջած է դրսեւորուելու:

Ժիրայր Սէֆիլեան, Վարուժան Աւետիսեան եւ նոյն խումբէն այլ անդամներ որոնք հերոսի կոչումին արժանացած էին Ղարաբաղի պատերազմին ընթացքին, յետագային կազմած էին իրենց կուսակցութիւնը՝ «Հիմնադիր Խորհրդարան»ը, արմատական գաղափարախօսութեամբ որ կը միտի տապալել կառավարութիւնը եւ վերահաստատել ռամկավարութիւնը: Այս գաղափարախօսութիւնը կը բխի այն հասկացողութենէն որ պատերազմի հերոսները իրաւունք ունին իրենց կամքը պարտադրել կառավարութեան, նոյնիսկ՝ իրաւասու են փոխարինել ընտրուած կառավարութիւնը:

Եւ այս տենչը միշտ կը հրահրուի հանրութեան կողմէ հերոսի պաշտամունքով:

Բայց պատմութիւնը ցոյց կուտայ որ յեղափոխական հերոսները կը վերածուին ամենաանխիղճ կառավարիչներու:  Օրինակ՝ առաջնորդները Ֆրանսական, Ռուսական, Չինական, Գուպայի, Զինպապուէյի եւ Քոլիւմպիայի յեղափոխութիւններու. եւ շարքը կ’երկարի:

Միայն Նելսըն Մանտէլան բացառութիւն մը եղաւ Հարաւային Ափրիկէի մէջ: Անշուշտ զինք յաջորդող Ճէքըպ Զուման եւ իշխող ANC-ն փտախտի ճախճախուտին մէջ ինկան:

Ի դէպ, բոլոր յեղափոխականներ եւ անոնց վրայ հիացողներ պէտք է կարդան մեր նշանաւոր երգիծաբան Երուանդ Օտեանի «Յեղափոխութեան Մակաբոյծները» գործը, կարենալ չափելու համար յեղափոխականներու քաղաքագիտութեան մակարդակը:

Այսօր Հայաստանը կը գտնուի լուրջ տագնապի մը մէջտեղը: «Սասնայ Ծռեր» անունը կրող ռազմատենջ խմբաւորում մը որ մէկ ճիւղն է Հիմնադիր Խորհրդարանի, գրաւած է ոստիկանատուն մը Էրեբունիի մէջ:

Մէկ զինուորական մահացած է եւ չորս ուրիշներ վիրաւորուած են: Ռազմատենչները, ընդամէնը 31 հոգի, ազատ արձակած են մնացեալ չորս պատանդները եւ այժմ ծրարուած են ոստիկանատան մէջ, զէնքերու եւ զինամթերքի խոշոր պաշարով մը:

Անոնց պահանջները կը փոխուին օրէ օր: Սկիզբը անոնք պահանջեցին Ժիրայր Սէֆիլեանի ազատ արձակումը, ինչպէս նաեւ այլ քաղաքական բանտարկեալներու եւ Նախագահ Սարգսեանի հրաժարականը:

Անցեալ Երկուշաբթի ընդդիմադրութեան իններորդ օրն էր, որ որեւէ յոյս չէր ներշնչէր արագ լուծումի մը կարելիութեան:

Ժողովուրդը կը հաւաքուի ոստիկանատան շուրջ, արտայայտելու համար իրենց դժգոհութիւնները: Մէկ բան յստակ է. հեղինակութեան նկատմամբ որեւէ սէրի նշոյլն իսկ չկայ. ատելութեան մակարդակը եւ հրետորականութիւնը, խառնուած լեզուի ամենացած մակարդակին, նշանակելի է:

Յստակ է թէ Հայաստանի մէջ կայ արտայայտութեան ազատութեան որոշ չափ մը, ուր իշխանութիւնը կը վարկաբեկուի բացայայտօրէն եւ հրապարակաւ կ’արհամարհուի: Սա, արդարեւ, նորութիւն մըն է: Սակայն փոխանակ հայհոյանքներ տեղացնելու, պահանջներու իսկական հարթակ մը (բլաթֆորմ) պէտք է, որ պիտի օժանդակէ երկրին յառաջդիմութեան եւ ոչ միայն մի քանի անհատներու:

Ժողովուրդը նոյնպէս զզուած է քաղաքական կուսակցութիւններէ, որոնք կը չարաշահեն ներկայ քաղաքական կլիման: Խուժանը կը շարժի առանց ղեկի: Անիշխանականութեան մթնոլորտ մը կը տիրէ: Մարդիկ կոչ կը կատարեն կառավարութիւնը տապալելու եւ ժողովուրդին ետ յանձնելու իշխանութիւնը: Եթէ, Աստուած չ’ընէ, այս խուլիգանները տապալեն հեղինակութիւնը եւ ստանձնեն իշխանութիւնը, Աստուած ազատէ Հայաստանը:

Հայ ժողովուրդը զոհի հոգեբանութիւնը ունի ինչ կը վերաբերի իրենց վիճակուած աղէտներուն նկատմամբ: Սելճուքները կը մեղադրուին 11-րդ դարու Անիի թագաւորութեան ոտնակոխման համար. Մամլուքները կը մեղադրուին 1375-ին Կիլիկիոյ Թագաւորութեան քայքայման համար. Պոլշէվիքները կը մեղադրուին Առաջին Հանրապետութեան կորուստին համար. չմոռնանք որ մենք ալ արիւնահեղութիւն մը իրագործեցինք ատոր համար, եւ այլն:

Մենք մեզ երբեք չենք մեղադրեր մեր ինքնակործան բնազդներուն համար եւ օրէնքի ու հեղինակութեան յարգանքի պակասին համար: Այսօր այդ ինքնակործան բնազդը ողջ առողջ է: Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը որոշած են Հայաստանը սրբել քարտէսին վրայէն: Մեր ներքին ճգնաժամը միայն օգտակար է իրենց նպատակներուն համար:

Որեւէ քաղաքակիրթ երկրի մէջ, կառավարութիւնը պիտի չհանդուրժէ զինեալ խռովութիւն մը այսքան երկար ժամանակ: Անոնք գտած պիտի ըլլային կացութիւնը կարգաւորելու միջոցները: Հայաստանի պարագային, ատիկա պիտի առաջնորդէր յաւելեալ արիւնահեղութեան: Կառավարութիւնը նախընթացներ ունեցած է ի մտի:    Հոկտեմբերեան ջարդը խորհրդարանին մէջ 1999-ին եւ տասը կեանքերու կորուստը Սարգսեանի Մարտ 2008ին իշխանութեան գլուխ գալու նախօրեակին, որոնք իշխող վերնախաւին համար կը մնան քաղաքական պարտաւորութիւններ: Յաւելեալ արիւնահեղութիւն պարզապէս պիտի աւելնայ այդ պարտաւորութիւններու ցանկին վրայ:

Այս է պատճառը որ կառավարութիւնը կը շարժի զգուշաւորութեամբ: Նախագահը խիստ ազդարարութիւն մը կատարած է թէ ճգնաժամը պէտք է լուծուի օրինականօրէն: Մարտնչողները նոյնքան վճռական են իրենց պահանջներուն մէջ:

Միջնորդները բազմաթիւ են. անոնց մեծամասնութիւնը կը հետապնդեն իրենց քաղաքական ասպարէզներու օգուտները: Վարդան Օսկանեան, նոր կուսակցութեան մը հիմնադիրը. Նիկօլ Փաշինեան, որ լքեց Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ՀԱՔ-ը իր նոր կուսակցութիւնը գլխաւորելու համար. Վիթալի Պալասանեան, երբեմնի Ղարաբաղի նախագահութեան հետապնդողը եւ պատերազմի հերոս մը: Սակայն անշարժութիւնը կը շարունակուի:

Նախագահ Սարգսեան պատրաստ է հանդիպելու բանտարկեալ ընդդիմադիր առաջնորդ Սէֆիլեանի հետ, եթէ անոր կազմակերպութեան զինեալ անդամները որոնք գրաւած են ոստիկանատուն մը Երեւանի մէջ, վար դնեն իրենց զէնքերը, ըսած է բանբեր մը անցեալ Կիրակի:

Նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, որ շատ սէր չէ ունեցած Սարգսեանի նկատմամբ, գրաւոր յայտարարութեամբ  մը ըսած է թէ Սէֆիլեան, «Հիմնադիր Խորհրդարան»ի շարժումի ղեկավարներէն, կարող է «տրամաբանական որոշում»ներ կատարել, հակառակ որ շատերու կողմէ ան նկատուած է «ծայրայեղական» մը: Ան կը նշէ թէ առեւանգումի լուրջ տագնապը միայն կը վատթարացնէ  Հայաստանի ազգային ապահովութեան լուրջ մարտահրաւէրը որ կը յառաջանայ վերջերս վատթարացած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութենէն:

Ղարաբաղի ապահովութիւնը «գերակայ է բոլոր այլ հարցերէն զորս կը դիմագրաւէ Հայ ժողովուրդը» եզրակացուցած է Լեւոն Տէր Պետրոսեան  անցեալ Ուրբաթ:

Եթէ իմացական ձայնը տիրապետէ, արիւնահեղութիւնը կրնայ շրջանցուիլ, բայց Հայաստան դուրս պիտի գայ աւելի տկարացած ինք իր վրայ բերած վէրքերէն. թէեւ ըմբոստութեան նպատակներէն մին արգելք հանդիսանալ է հողային զիջումներու, սակայն ան կրնայ վատթարացնել կացութիւնը երբ տկարացած Սարգսեանը նստի բանակցութեան սեղանը:

Սա կրկնակի կորուստ կը նշանակէ, որովհետեւ Հայաստան բռնուած է երկու քարերու միջեւ:

 

                                                                       The Armenian Mirror-Spectator

Թրգմ. Յ.Ա.