Հայաստան-Թուրքիա բանակցութեանց չորրորդ նիստէն վերջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց.«հիմա շատ կարեւոր է, որ մեր գերատեսչութիւնները Թուրքիոյ համապատասխան գերատեսչութիւնների հետ աշխատեն, որովհետեւ այդ աշխատանքից է կախուած պայմանաւորուածի իրագործումը: Իմ յանձնարարութիւնն է համադրուած (կոորտինացուած) աշխատանք, որ հնարաւորինս շուտ կարողանանք իրագործել ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները»:
Իսկ Հայաստանի տնտեսութեան (էկոնոմիկա) նախարար Վահան Քերոբեան աւելցուց. «հիմա մենք ըստ էութեան Հայաստանը փակուղուց դարձնում ենք խաչմերուկ»:
Սակայն, այս բանակցութեանց նկատմամբ կարծիքները միատեսակ չեն, կան բազմաթիւ հարցականներ որոնք կը մնան անպատասխանի: Օրինակ, հարցականի տակ է թէ իսկապէս բանակցութիւնները կ’ընթանան առանց նախապայմաններո՞ւ թէ` որոշ նախապայմաններով. հարցականի տակ կը շարունակէ մնալ նաեւ արհեստավարժ ձեռնհասութիւնը Հայաստանի կողմէ բանակցող Ռուբէն Ռուբինեանի. չորրորդ հանդիպումէն վերջ ձեռք ձգուած արդիւնքը` սահմանը բանալ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն կը մնայ իբրեւ թնճուկ:
Հայաստան երեք տասնամեակէն ի վեր կը գտնուի շրջափակման ներքեւ, հետեւաբար ոեւէ տրամաբանող հայ համամիտ պիտի ըլլար բանակցութեանց` եթէ անոնց արդիւնքը պիտի նշանակէր շրջափակման վերացումը:
Հայաստանի մէջ ոեւէ քաղաքական հարց կը դիտուի երկրին մէջ յառաջացած բեւեռացման պրիսմակէն: Նոյնիսկ կենաց-մահու խնդիրներ կ’առնչուին Փաշինեանի ի նպաստ թէ` դէմ ըլլալու հարցականին: Այդ իմաստով ալ իշխանութիւնն ու իշխանամէտ մամուլը փրկարար լաստի հանգամանք կը վերագրեն այս բանակցութեանց, իսկ ընդդիմադիրներն ալ կը գործածեն զանոնք իբրեւ իշխանութիւնները խծբծելու միջոց:
Հետեւաբար, դժուար է, եթէ ոչ` անկարելի, այս յոյժ կարեւոր բանակցութիւնները դուրս բերել բեւեռացման այս պարունակէն եւ դիտել զանոնք իրենց ինքնարժէքով, իրենց քաղաքական, պատմական եւ իրաւական տարողութեամբ:
Պէտք է յիշել որ թուրքերը կամովին չձեռնարկեցին այս բանակցութեանց. այլ ընթացք տուին նախագահ Պայտընի առաջարկին. եւ այս բանակցութեանց կը մասնակցին այնպէս` ի ցոյց մարդկանց: Ամբողջ այն տարիներուն երբ շրջափակման մէջ էր Հայաստանը, Թուրքիոյ միակ պայմանը այն էր որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պէտք էր լուծուէր ի նպաստ Ատրպէյճանի: Հիմա որ այդ պայմանը բաւարարուած է` սահմանը կը շարունակէ մնալ փակ եւ Անգարա նոր պայմաններ կ’առաջադրէ, հակառակ որ իբր թէ կը մասնակցի բանակցութեանց առանց նախապայմաններու: Եւ Հայաստան աչք կը փակէ` ձեւացնելով որ չի տեսներ Թուրքիոյ կողմէ առաջադրուած այս նոր պայմանները: Բացայայտ երեւոյթը որ Թուրքիա կը բանակցի նախապայմաններով` այն է թէ բանակցութեան մէջ իւրաքանչիւր քայլափոխ ան կը քննարկէ Ատրպէյճանի իշխանութեանց հետ, որ կը սահմանէ չափազանց ծանր պայմաններ: Բանակցութեանց չորրորդ նիստէն երեք օր առաջ,Պաքուի մէջ կայացած Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտարարեց. «Մենք կ’աջակցինք Զանգեզուրի միջանցքի բացման եւ կ’ուզենք որ ան օր առաջ բացուի»:
Իր հերթին, թուրքագէտ Ռուբէն Մելքոնեան կ’ըսէ. «Պրոֆեսիոնալ դիւանագէտների մօտ դառը ժպիտ է առաջացնում այն յայտարարութիւնը, որ Թուրքիան մեզ հետ կարգաւորման գործընթաց է սկսել առանց նախապայմանների: Աւելի ակնյայտ պայմաններ քան դրուած է հայ-թրքական յարաբերութիւնների օրակարգում, երբեւէ չեն եղել: Էրտողանի յայտարարութիւնը, որ մինչեւ չստորագրուի Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր, Արցախը չճանչցուի Ատրպէյճանի մաս, ոեւէ քայլ չենք առնելու, նախապայմաններ չե՞ն»:
Պարզ է որ Թուրքիա կը բանակցի – կամ աւելի` բանակցիլ կը ձեւացնէ – զիջումներ կորզելու Հայաստանէն: Ան յաջողած է արդէն չէզոքացնել փոխադարձ նախապայմանները հայկական կողմէն, մանաւանդ` ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը որ պատմական պարտամուրհակ մըն է Թուրքիոյ վզին` կամովին զանց առնուած է Հայաստանի կողմէ, որովհետեւ Փաշինեան հրապարակաւ կը յայտարարէ որ ցեղասպանութեան հետապնդման հարցը սփիւռքի պարտականութիւնն է:
Այս բանակցութեանց ընթացքին, յաճախ արդիւնքներու մասին առաջին լուրերը կը հասնին թրքական կողմէն, ապա հաստատուելու համար Երեւանէն: Այս գործընթացին մէջ միշտ գլուխ կը ցցէ հարցականը Հայաստանի կողմէ բանակցող Ռուբէն Ռուբինեանի մասնագիտական հմտութեան մասին. ան իր վերջին հանդիպումէն ետք թուրք բանագնաց Սերտար Քըլըչի հետ` հարցազրոյց մը ունեցաւ Պետրոս Ղազարեանին հետ եւ իր տուած պատասխանները դպրոցականի սորվուած բանաձեւերու բնոյթն ունենային կարծէք. մանաւանդ երբ հարցազրուցողը հեգնանքով հարցուց թէ իսկապէ՞ս առանց նախապայմաններու կը կատարուին բանակցութիւնները, առանց դէմքի մկանի շարժումի` տուաւ միեւնոյն պատասխանը:
Այդ ուղղութեամբ Յուլիս 6ին Lur.comի մէջ երեւցաւ յօդուած մը զգայացունց վերնագրով, թէեւ ոչինչ կար զգայացունց, այլ միայն` մտահոգիչ կարգադրութիւն մը, ուր մէջբերուած էր վկայութիւնը Լեհաստանի մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Էտկար Ղազարեանի որ վեր կ’առնէր այն փաստը որ բանակցութեանց չորրորդ հանդիպման Ռուբէն Ռուբինեանին ընկերակցած է «իբրեւ նաժիշտ» յայտնի թրքագէտ Արսէն Աւագեանը, մինչ այդ դերերը շրջուած պէտք է ըլլային ու կ’աւելցնէ. «Նիկոլ Փաշինեանը չի վստահում պրոֆեսիոնալ դիւանագէտներին, իսկ արտասահմանեան առաքելութիւնների գործուղում է իր կնոջը, թիմակից անպիտաններին, իսկ պրոֆեսիոնալներին կարգում է դրանց սպասաւոր` խախտելով դիւանագիտական սկզբունքներն ու նորմերը, որոնք ոչ մէկ դէպքում անհետեւանք չեն մնում»:
Թէեւ որոշ խստութեամբ բնութագրուած է երեւոյթը, սակայն խորքին մէջ իրական է որ այսօրուան իշխանութիւնը աւելի կը վստահի իւրայիններուն քան արհեստավարժ դիւանագէտներու: Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւնները այն տեղը չէ որ մենք կրնանք վերաբերուիլ տնավարի որոշումներով:
Յուլիսի մէկին, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ բանագնացները հանդիպեցան չորրորդ անգամն ըլլալով: Այս նիստի ընթացքին արձանագրուած է որոշ տեղաշարժ եւ առնուած է երկու որոշում. ի դէպ, այս որոշումները ունին քաղաքական բնոյթ եւ կրնան իրականանալ միայն այն պարագային երբ կողմերը կը դիմեն գործնական քայլերու. ուրեմն արդիւնքներէն առաջինն է «Հնարաւոր ամենասեղմ ժամկէտի մէջ Հայաստան-Թուրքիա ցամաքային սահմանը հատելու հնարաւորութիւն ապահովել Հայաստան եւ Թուրքիա այցելող երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար»: Դժուար է կռահել տրամաբանութիւնը այս որոշման-. «Այո, ըսաւ Ռուբինեան յիշեալ հարցազրոյցի ընթացքին, «ոեւէ երկրի քաղաքացի կրնայ հատել հայ-թրքական սահմանը, բացի Հայաստանի ու Թուրքիոյ քաղաքացիներէն»: Ռուբինեան պատասխան մը չունի այդ առեղծուածային որոշման մասին, սակայն վերլուծաբանները յանգած են այն եզրակացութեան որ այդ «երրորդ երկրի քաղաքացիները» միայն կրնան ըլլալ ատրպէյճանցիները, որոնց կը շնորհուի «երկրորդ միջանցք մը», այս անգամ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանին վրայ: Ի դէպ, մերժուած է Հայաստանի կողմէ ներկայացուած առաջարկը որ սահմանը գոնէ բացուի դիւանագէտներուն համար:
Այս միեւնոյն նիստին առնուած երկրորդ որոշումը կ’արտօնէ երկու երկիրներու միջեւ օդանաւային բեռնափոխադրումը:
Թէ ինչո՞ւ այսքան դանդաղ կ’ընթանան բանակցութիւնները` յստակ է պատասխանը. առաջինը այն է որ Անգարա կ’ուզէ ցոյց տալ նախագահ Պայտընի որ ընթացք տուած է իր ցանկութեան եւ սկսած է բանակցութիւններուն: Սակայն, պարզ է որ այդ բանակցութիւնները արդիւնքի պիտի չյանգին, մինչեւ այն ատեն որ Հայաստան չպարտաւորուի ստորացուցիչ «խաղաղութեան պայմանագիր» մը կնքել Ատրպէյճանի հետ: Եւ այնուհետեւ ալ վերջ պիտի չգտնեն քաշքշուքները, որովհետեւ Անգարա առաջ պիտի քշէ իր սեփական քաղաքական օրակարգը. եւ ան պիտի հաւատայ որ Հայաստան պիտի յօժարի անոնց եւս ընթացք տալ, քանի կը գտնուի տկար դիրքի վրայ: Այդ օրակարգի վրայ անխուսափելիօրէն պիտի երեւնան 1921ի Կարսի պայմանագրի վերահաստատումը Հայաստանի կողմէ, ամրագրելու համար Հայաստան-Թուրքիա ներկայ սահմանը: Իսկ ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը արդէն փոխանցուած է սփիւռքին` Փաշինեանի կողմէ: Սակայն, Թուրքիա այդքանով ալ պիտի չբաւականանայ, այլ պիտի պնդէ որ Հայաստանի իշխանութիւնները զսպիչ դեր կատարեն սփիւռքի վրայ, հրաժարելու ցեղասպանութեան քաղաքական պայքարէն, ինչ որ սեպ մը պիտի խրէ սփիւռքի եւ հայաստանցիներուն միջեւ: Այսօր Հայաստանի մէջ դանդաղօրէն տեղ կը գտնէ այն մտայնութիւնը որ` տանք Արցախը եւ հանգիստ կեանք մը ունենանք. նոյն տրամաբանութիւնը կրնայ հասնիլ նաեւ ցեղասպանութեան խնդրին:
Թուրքիոյ դիւանագէտներուն հնարամտութիւնը շատ բեղուն է: Բանակցութիւնները երկկողմանի գոհացման հասցնելու ճամբան պիտի երկարեն, հաւանաբար մինչեւ յաջորդ սերունդը:
Հետեւաբար ներկայ բանակցութեանց ելք մը ակնկալելը տակաւին շատ կանխահաս է, չըսելու համար որ բանակցութիւնները ելքէ աւելի` կրնան յանգիլ նաեւ անելի:
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ