ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ԿԱՐՕՏԻ ՏԵՍԼԱԿԱՆ Մ0ՏԵՑՈՒՄԻ ՄԸ

Երուանդ Ազատեան

Անցեալ տարի նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը:

Այդ առիթէն բխած արարողական եւ քաղաքական գործունէութիւնները եղան հեռահաս, այնքան՝ որ մարդիկ սկսան մտածել թէ ի՞նչ կարելի ընել յաջորդ տարուան ընթացքին որ հաւասարի կամ գերազանցէ 2015-ի ոգեկոչումները:

101-րդ տարելիցին առիթով Ատրպէյճան գործադրեց չորս օրուայ պատերազմ մը, Թուրքիոյ դրդումով: Հայաստանի համար կորուստները եղան ծանր եւ տրամադրութիւնները՝ տրտմագին: Հակառակ այս ձախորդութեան, արժանապատիւ ոգեկոչում մը կատարուեցաւ, նոյն ժամանակ ընդարձակելով մեր հորիզոնը: Ոգեկոչման ձեռնարկները որոնք իրագործուեցան այս տարի Երեւանի մէջ, ապացուցանեցին թէ ազատագրուելու ընթացքին մէջ ենք ծխական մտայնութենէն, որ ցարդ կաղապարած է մեր քաղաքական մտածելակերպը:

Մենք միշտ ենթադրած ենք թէ մեր զոհուածութիւնը լաւ ճանչցուած էր ամբողջ աշխարհի մէջ եւ ուրեմն, արժանի էինք որոշ արդարութեան: Դժբախտաբար, քաղաքական ընթացքը չբանիր այդ ձեւով: Եթէ չկարենանք մեր ցաւը բարձրացնել ընդհանրական մակարդակի մը եւ չբաժնենք զայն աշխարհի տարածքին, կը մնանք լուսանցքի վրայ: Նաեւ այդ մակարդակին վրայ կայ որոշ լռելեայն փոխադարձութիւն մը. եթէ հոգ չնենք եւ մեր ցաւը չբաժնենք ուրիշ ժողովուրդներու հետ, ինչու՞ ուրիշը պէտք է մտահոգուի մեր հարցերով:

Հրեաներն ալ կաշկանդուած են նոյն երկուութեան մէջ. անոնցմէ ոմանք կը պաշտպանեն Հրկիզման առանձնայատկութիւնը, պահանջելով գերագոյն հատուցում, սակայն աւելի լայնախոհ առաջնորդներ Հրկիզումի երեւոյթը կը դիտեն մարդու անմարդկութեան պրիսմակէն եւ կը ցաւակցին այլ զանգուածային բնաջնջումի զոհերուն համար:

Այն ինչ որ պատահեցաւ այս տարի Հայաստանի մէջ կարելի է որակել համայնականացում մեր հաւաքական ցաւին: Անշուշտ, ակնարկութիւնը «Աուրօրա Մրցանակ Մարդկութեան Արթնութեան» կը վերաբերի, որ մտայղացումն էր Ռուբէն Վարդանեանի, Նուպար Աֆէեանի եւ Վարդան Կրիկորեանի: Ճորճ Գլունիի կողմէ պարգեւատրումը հանդիսացաւ մէտիայի վիթխարի եղելութիւն մը, իր ունեցած խոշոր մարդասիրական երեւոյթի կողքին: Մրցանակին արժանացողը Հայաստանէն շատ հեռու անձ մըն է: Մարկրիթ Պարանկիցէ մարդասէր մըն է, որ հիմնած է Պուրունտիի «Շալօմի Տուն»ը: Որպէս «Աուրօրա Մրցանակ»ի դաբնեկիր, Պարանկիցէ պիտի ստանայ 100,000 Տոլար եւ պիտի ապահովուի շարունակութիւնը մէկ միլիոն Տոլարի նուիրատուութիւնը այն կազմակերպութիւններուն, որոնք իր աշխատանքին ներշնչողները եղան: Ան փրկած է մօտ 30,000 երեխաներ 2008-ին, բացած է հիւանդանոց մը ուր դարմանուած են  80,000 անձ:

Ոմանք կրնան առարկել թէ պարգեւատրուած գումարը կարելի էր օգտագործել Հայաստանի մէջ աւելի ստիպողական կարիքներու համար: Բայց այդ արարքը պիտի յատկանշուէր որպէս անձնակեդրոն օրակարգ:

Մրցանակին տարողութիւնը համաշխարհային եղաւ եւ ի վերջոյ պիտի նպաստէ Հայաստանին եւ հայութեան այլազան ձեւերով: Անձնուէր մէկու մը նուիրումը երեխաներ փրկելու համար, մեզի հայերուս համար նորութիւն մը չէ: Մինչ տասնեակ հազարաւոր երեխաներ խեղդամահ կըլլային Սեւ Ծովուն մէջ Տրապիզոնի կառավարիչին հրահանգով, կային նաեւ այն երեխաները որոնք ազատուեցան Արեւմուտքի կամաւորներու եւ միսիոնարներու կողմէ:

«Մարկարէթ Պարանկիցէի օրինակը կը յիշեցնէ թէ ինչ ազդեցութիւն կունենայ մէկ անձ մը երբ ան կը դիմագրաւէ անարդարութեան եւ հալածանքի անյաղթահարելի կացութիւններ» ըսած է Քլունի պարգեւատրութեան օրը:

Ռուբէն Վարդանեանի մտածումները եւս կը համընկնէին նոյն չափանիշներուն երբ ան կը հիմնէր Դիլիճանի Միջազգային Դպրոցը, Հայաստանը վերածելով միջազգային ուսանողներու մագնիսի մը:

Կայ այլ դաս մը եւս սորվելիք այս երեւոյթին մէջ: Մեր նպատակները համաշխարհայնացնելու գաղափարը եւ գործադրութիւնը չեն բխիր մեր աւանդական կրօնական կամ աշխարհական առաջնորդող կառոյցներէն. անոնք կը յայտնուին անհատներու կողմէ, որոնց քսակը, բազկերակը եւ հասկացողութիւնը միաժամանակ կ’ընթանան:

Այս մարդասիրական ճիգը նաեւ պիտի ստեղծէ քաղաքական արժէքներ: Ուրեմն անհրաժեշտ կը դառնայ որ ընդլայնենք մեր մտածումները վերոյիշեալ ծրագիրներու գծով:

Մենք ունինք յաւիտենական պայքար մը Թուրքիոյ հետ: Մինչ մեր ուժերը հետզհետէ կը նսեմանան Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, Թուրքիա կը բարձրանայ տարածաշրջանի ուժի մը մակարդակին: Մեր պայքարը կը վերածուի Դաւիթի եւ Գողիաթի նմանողութեան, եթէ չզինակցինք ուրիշ խմբաւորումներու հետ որոնք տառապած են Թուրքիոյ լուծին տակ, յատկապէս՝ Յոյներ եւ Քիւրտեր:

Յոյներու հետ մեր քաղաքական  յարաբերութիւնները շատ հեռու չեն երթար, մանաւանդ սփիւռքի մէջ: Բարեբաղդաբար Հայաստան կը գործակցի Յունաստանի հետ պետական մակարդակի վրայ:

Բայց Քիւրտերը այսօր մահու-կենաց պայքարի մէջ են, մինչ մենք այդ պայքարին պարզ դիտողի վիճակին մէջ կը մնանք: Հասկնալի է թէ անցեալէն մնացած վիշտեր ունինք երբ Թուրք հեղինակութիւններու կողմէ շահագործուած Քիւրտ ցեղախումբեր Հայեր ջարդեցին եւ յափշտակեցին անոնց ստացուածքները: Բայց շատ մը Քիւրտեր անդրադարձած են նախորդ սերունդներու սխալներուն եւ անհատ ղեկավարներ կամ առաջնորդող դէմքեր հրապարակաւ ներողութիւն խնդրած են: Անոնք վստահաբար պիտի գնահատեն հայերու հետ բարեկամութիւնը անմիջապէս որ անկախութեան կամ ինքնավարութեան տիրանան Սուրիայէն եւ Թուրքիայէն:

Այս հանգրուանին Թուրքիա անխիղճ կերպով կը ջարդէ Քիւրտերը, իսկ Արեւմուտքը իր խիղճը կը մաքրէ Քիւրտերը պիտակելով ահաբեկիչներ: Իր սահմաններէն ներս Թուրքիոյ կատարած վայրագութիւններուն եւ ճակատամարտներուն կողքին, Սուրիոյ մէջ ստեղծած է ուժի տակնուվրայութիւն մը՝ օգնելով ISIS-ին եւ սպաննելով Քիւրտերը, ամբողջովին հակասելով Միացեալ նահանգներու քաղաքականութեան:

«Քրտական PKK-ի անդամներուն դէմ պայքարելու պատրուակով, Թրքական ուժերը կը ռմբակոծեն Սիրնաքի եւ Տիարպէքիրի բնակիչներու շրջանները եւ ընթերքային կառոյցները», կ’ըսէ Քիւրտ իրաւաբան եւ մարդկային իրաւունքներու գործիչ Հոշին Էպտիւլլահ: «Տասնեակներով քաղաքացիներ սպաննուած են, հարիւրներ վիրաւորուած են եւ տասնեակ հազարաւոր փախստականներ տեղահան եղած են երկրին հարաւարեւելեան շրջանի թրքական ուժերու վայրագ գործողութիւններու հետեւանքով», կ’ըսէ Էպտիւլլահ ARA լրատու գործակալութեան: «Աւելի քան 100,000 տարագիրներ արձանագրուած են երկու ամիսներու ընթացքին, մինչ բազմաթիւ ուրիշներ կը մնան Քրտական շրջաններու պատերազմէ քանդուած գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ»:

Մարդու կողմէ ստեղծուած մարդասիրական տագնապ մը ստեղծուած է ամբողջ աշխարհին ի տես, սակայն քաղաքական շահեր կը ստիպեն քաղաքական ուժերու լուռ մնալու:

Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Քիւրտ պատգամաւորներ յանդգնութեամբ արտայայտուած են, ինչպէս՝ կին պատգամաւոր մը, որ կրքոտ ելոյթէ մը ետք գոչած է, «Պիտի վճարէք այն արիւնին համար որ կը հոսեցնէք Քիւրտիստանի մէջ»!

Կան վիտէօ-արձանագրութիւններ այլ Քիւրտերու որոնք խօսք առած են եւ արտայայտած են իրենց նախատինքը: Անոնք բոլորը կը յայտնեն թէ Թուրքերը կը պատկանին Կեդրոնական Ասիոյ, բայց յափշտակած են Հայերու, Ասորիներու, Յոյներու հողերը:

Անոնք բոլորն ալ գիտակից են թէ Նախագահ Էրտողան կը ձեւափոխէ օրէնսդրութիւնը, անոնց խորհրդարային մենաշնորհներէն զրկելու եւ զանոնք բանտ առաջնորդելու:

Անցեալ տասնամեակներուն Թուրքիոյ Քիւրտերը կը կռուէին իրենց անկախութեան համար: Անոնց բանտարկեալ ղեկավար Ապտիւլլահ Օճալան նսեմացուց պահանջները, համաձայնելու համար լեզուի եւ մշակութային իրաւունքներու պահպանման շուրջ: Այսպէս, շարունակուեցաւ բանակցութիւնները կառավարութեան եւ Քիւրտերու ղեկավարութեան միջեւ: Բայց Յուլիս 2015-ին Էրտողան յետադարձ կերպով փոխեց ընթացքը եւ սկսաւ պատերազմը Քիւրտերու դէմ. պատերազմ մը՝ որ 1980-էն ի վեր պատճառած է 40,000 զոհեր:

Էրտողան պատերազմի դիմեց որովհետեւ ան խորհրդարանի քրտական պլոքը նկատեց արգելք մը իր բացարձակ ուժին: Բայց այս բոլորէն աւելի, հաշուի առնելով զարգացումները Իրաքի մէջ, ուր ինքնավար Քիւրտիստան մը յառաջացաւ, եւ Սուրիոյ մէջ ուր Քիւրտերը գրեթէ կարողացան շերտել ինքնավար բաժին մը, դժուար չէր իրեն համար նախատեսել «տօմինօ»ի հետեւանքով զարգացումները Թուրքիոյ մէջ:

Քիւրտերը կը պայքարին նոյն հողերուն համար որոնք Հայերը կը պահանջեն որպէս իրենց սեփականութիւնը: Եթէ Քիւրտերը հասնին իրենց նպատակին, Հայերը հաշուի պէտք է նստին անոնց հետ: Այսօր Հայերը ի՞նչ կընեն երբ Քիւրտերը այնքան պէտք ունին իրենց նեցուկին:

Հայերը մեծամասնութեամբ ապաքաղաքականացած են: Այլապէս անոնք կամաւորներ ուղարկած պիտի ըլլային: Բայց ամենէն աւելի, Քիւրտերը կը կարօտին քաղաքական նեցուկի որպէսզի իրենց ձայնը լսելի դառնայ: Օրինական է որ մեր քաղաքական քայլերը համակարգենք Քիւրտերու հետ համաշխարհային մակարդակով, այնպէս որ պաշտօնական ներողութեան մը կողքին կարենանք յուսալ հողային որոշ զիջում մը ի նպաստ մեր պահանջներուն: Անոնք հողին վրայ գտնուելով 90 տոկոսով արդէն շահած են վէճը:

Ժամանակն է հայերուն տեսլական եւ ստեղծագործական քաղաքականութեան մը որդեգրումին:

 

                                                                                                                                                 Թարգմ. Յ.Ա.