ՀԱՅԱՍՏԱՆ` ՆԵՐՔԻՆ ԵՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԱՂԷՏՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ

Առասպե՞լ է թէ պատմական իրականութիւն այն պատկերը որ կը ներկայացնէր Բիւզանդական կայսրութեան արքունիքը երբ թուրքերը պաշարած էին Կոստանդնուպոլիսը 1453ին. մինչ արքայական պալատին մէջ վէճ կը դառնար այն հարցին շուրջ թէ գնդասեղի մը ծայրին քանի՞ հրեշտակներ կրնան կանգնիլ: Հարկ չկայ ճշդելու պատմական իրողութիւնը այդ մասին. կը բաւէ դիտել Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքը` տեսնելու համար որ ինչպիսի՜ քաղաքական կարճատեսութիւն մը կը տիրէ այնտեղ. թուրք-ազերի բանակը գրաւելէ ետք, Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին 75 տոկոսը` եկած ու մտած է Հայաստանի սահմաններէն ներս եւ կը սպառնայ նոյնիսկ Հայաստանի ինքնիշխան պետութեան գոյութեան, մինչ Հայաստանի քաղաքական խմբաւորումները – առանց սկզբունքային ոեւէ փլաթֆորմի – լծուած են ընտրապայքարի` իշխանութեան գալու եւ հաշուեյարդար կարդալու դիմացինին: Չեն անդրադառնար անգամ որ թուրքերն ու ազերիները արդէն այդ հաշուեյարդարը կը պատրաստեն մեր ամբողջ հայրենիքին համար: Այսօր նաեւ որոշ է որ եթէ բոլոր կողմերը նոյնիսկ եթէ իրենց ոյժերն ու իրենց գլուխը հաւաքելով միացեալ քաղաքական ճակատ կազմեն, արդէն չեն կրնար դիմակայել արտաքին սպառնալիքը, ուր մնաց այդ սպառնալիքը դիմաւորել քայքայուած եւ իրարամարտ ոյժերով:

Նորագոյն պատմութիւնը ցոյց տուաւ որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի սպառնալիքները քաղաքական հռետորութիւն չեն, այլ իրական սպառնալիքներ, որոնց ետին կանգնած են թրքական հզօր բանակը եւ պետական ամուր կառոյցը: Չմոռնանք որ անցեալ տարուան Դեկտեմբեր 10ին, երբ Էրտողան կը մասնակցէր Պաքուի յաղթանակի զօրահանդէսին, ոգեկոչեց Էնվէր փաշայի առաքելութիւնը եւ յայտարարեց թէ «եկած ենք իրականացնելու մեր նախնիներու կիսաւարտ ծրագիրը»: Իր հերթին Ատրպէյճանի նախագահը` Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց թէ զինու ոյժով պիտի պարտադրէր Հայաստանին բանալ միջանցքը դէպի Նախիջեւան: Այսօր այս սպառնալիքները գործադրութեան մէջ են արդէն: Մայիս 12էն ի վեր 250 ազերի զինուորներ մուտք գործած են Սիւնիքի սահմաններէն ներս, իրենց հսկողութեան ներքեւ առնելէ ետք Սեւ լիճը: Սեւ լիճէն երկարող տարածքը մինչեւ Նախիջեւան Սիւնիքի ամէնէն նեղ շրջանն է Ատրպէյճանի երկու տարածքներուն միջեւ, միայն 40 քիլոմեթր:

Մինչ բանակցութիւնները կը շարունակուին բազմաթիւ ձեւաչափերով եւ տարբեր երկիրներ, Եւրոպական Միութենէն սկսելով մինչեւ Միացեալ Նահանգներ կը պահանջեն ատրպէյճանական ոյժերու հեռացումը հայկական հողերէն, Ալիեւի լկտի իշխանութիւնը կը բազմապատկէ զինեալ թափանցումը հայկական սահմաններէն ներս, այդ ոյժը բարձրացնելով 600էն մինչեւ 800ի: Կը նշանակէ որ Ալիեւ արդէն չափած է տարողութիւնը այդ ոյժերուն եւ գիտէ թէ ատամ չկայ այդ կոչերուն ետին եւ հետեւաբար անպատիժ կը շարունակէ շահարկումը:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը` Ճէյհուն Պայրամով, Եւրոպական Միութեան յղած մէկ պատգամին մէջ կը զգուշացնէ Հայաստանը չդիմելու վրիժառութեան (ռեվանշիզմի) եւ կոչ կ’ուղղէ որ ան համակերպի Նոյեմբեր 9ի յայտարարութեան պայմաններուն որոնք իբրեւ թէ լաւագոյն առիթը ստեղծած են տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը ամրապնդելու եւ տնտեսական բարօրութիւն ստեղծելու: Իր հերթին նախագահ Ալիեւ կը յայտնէ թէ ինք պատրաստ է խաղաղութեան դաշինք մը կնքելու Հայաստանի հետ, պայմանաւ որ Երեւան ճանչնայ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղը:

Ատրպէյճանը թրքական կախեալ գաղութ մը դառնալէն ի վեր սորված է Էրտողանին խորամանկ ռազմավարութիւններով առաջնորդուելու: Հայաստանի սահմաններէն ներս թափանցելով եւ նոյնինքն Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը վտանգելով կը հասկցնէ որ հայերը աւելի զբաղին իրենց հողը փրկելու մտահոգութեամբ քան Ղարաբաղի ճակատագրով, որուն հարցը արդէն ինք լուծած է ռազմական ճանապարհով:

Կարծէք բաւարար եղած չըլլային տիրող գայթակղութիւններն ու խառնակչութիւնները, որ յանկարծ հրապարակ նետուեցաւ Միքայէլ Մինասեանի գաղտնազերծումով, գաղտնի փաստաթուղթ մը, զոր Փաշինեան կը պատրաստուի ստորագրել: Ատիկա հերթական ստորնացումն է զոր պատրաստած են Ռուսաստանն ու Ատրպէյճանը, օրինականացնելու համար Հայաստանի սահմանային զիջումները Ատրպէյճանին:

Փաստաթուղթի հրապարակումէն ետք Փաշինեան խոստովանեցաւ անոր իրական ըլլալը եւ յայտնեց թէ ինք պատրաստ է ստորագրելու զայն, որովհետեւ ան հարիւր տոկոսով կը համապատասխանէ Հայաստանի շահերուն: Հարցը այն է որ եթէ ան կը համապատասխանէ Հայաստանի շահերուն, ինչո՞ւ գաղտնի կը պահուի հայ ժողովուրդէն. անգամ անոր Ազգային Ժողովէն: Կը պարզուի նաեւ որ այդ փաստաթուղթէն տեղեակ չեն արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան եւ պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան:

Հայութիւնը անգամ մը զոհ գնաց փլուզուող կայսրութեան մը փլատակներուն:         Օսմանեան կայսրութիւնը փլուզուեցաւ հայ ժողովուրդի գլխուն: Այս անգամ ալ կը թուի թէ զոհը պիտի դառնայ մեր ենթադրեալ պաշտպանին` Ռուսական կայսրութեան տկարութեան եւ հաւանական փլուզման: Ռուսաստան կը շարունակէ սնուցանել կայսերական հին յաւակնութիւններ, սակայն փաստը այն է թէ բոլոր ճակատներուն վրայ ուր կը հակադրուի Թուրքիոյ` կը հարկադրուի տեղի տալ քան փորձել իր ռազմական կարողութիւնը: Նման համակերպումներ Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ տեղի ունեցան Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ եւ ապա` Կովկասի մէջ: Չմոռնանք Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի յոխորտանքը թէ Մոսկուա յաջողած էր ռազմագիտական կարեւոր ծրագիր մը իրականացնել Թուրքիոյ հետ Կովկասի մէջ, ինչպէս ըրած էր Սուրիոյ մէջ:

Ահաւասիկ Հայաստան զոհն է այս «յաջող ծրագրին», որ կը փորձէ Կովկասի տարածքը պահել ռուսական ու թրքական ազդեցութեան ներքեւ, հեռու պահելով Արեւմուտքը անկէ, եւ ոտքի տակ տալով Հայաստանը:

Ալիեւ կը պնդէ որ այլեւս Ղարաբաղի իրավիճակի հարց գոյութիւն չունի. այդ լուծուած է զինու ոյժով: Նախագահ Փութին կ’ընդունի թէ իրավիճակի հարցը առկայ է սակայն պէտք է լուծել զայն անորոշ ապագայի մը: Մինչդեռ Մինսքի խումբը որ դուրս ձգուած է այս բոլոր կարգադրութիւններէն կը փորձէ վերադառնալ իր սկզբնական եւ սկզբունքային առաքելութեան  որ կը միտէր Ղարաբաղի խնդիրը լուծել խաղաղ բանակցութիւններով` Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան եւ Ղարաբաղի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքին վրայ:

Քանի արդէն լուծուած կը նկատուի Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան սկզբունքը, բանակցութեան սեղանին վրայ կը մնայ Ղարաբաղի ինքնորոշման սկզբունքը:            Սակայն, Թուրքիա եւ Ռուսաստան կը շարունակեն ձգձգել Մինսքի խումբին առաքելութիւնը` պարտադրել փորձելով կատարուած իրողութիւնը Կովկասի մէջ:

Միւս կողմէ Ֆրանսա առաջարկած է Ատրպէյճանի նկրտումները Հայաստանի սահմաններէն ներս տանիլ ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդին եւ անոր հովանաւորութեամբ ռազմական օժանդակութիւն ընծայել Հայաստանին: Նիկոլ Փաշինեան տակաւին չէ օգտուած եւ վախնայ օգտուիլ` Ռուսաստանը չանսաստելու համար: Իսկ Մոսկուա կը շարունակէ պնդել որ խնդիրը պէտք է լուծել Հաւաքական Պաշտպանութեան Ուխտի հովանաւորութեամբ, կացութիւնը դուրս չհանելու համար իր հակակշիռէն: Մինչդեռ այդ Ուխտը ծաղր ու ծանակի վերածուեցաւ, երբ անոր միւս անդամները, մասնաւորաբար Պելառուսը գացին շնորհաւորելու Ալիեւը, փոխանակ թիկունք կանգնելու իրենց դաշնակիցին, Հայաստանին:

Վերջերս այդ ուխտը կայացուց իր տարեկան նիստը, Հայաստանի ալ մասնակցութեամբ եւ որդեգրեց չորս որոշմնագրեր, եւ չանդրադարձաւ անգամ Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան:

Մինչ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը վտանգի ներքեւ է եւ ազերիները խուժած են Հայաստանի տարածքներէն ներս, Ռուսաստանի 102րդ ռազմակայանը անտարբեր կը մնայ այս վտանգին հանդէպ: Հայաստանի մէջ սկսած են հարց տալ թէ ի՞նչ նպատակի կը ծառայէ այդ ռազմակայանը եթէ Մոսկուա անով պաշտպան պիտի չկանգնի իր դաշնակիցին:

Ռուսաստանի արտաքին գործող նախարարը` Սերկէյ Լաւրով անամօթաբար կը կրկնէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին` Պայրամովի խօսքը թէ Երեւան կը փորձէ միջազգայնացնել սահմանային պարզ քննարկումի մը խնդիրները:

Հայաստանի բանակը պարտուած է. անոր դիւանագիտութիւնը մատնուած է անելի եւ այս պայմաններուն ներքեւ թշնամիներ ու պաշտպաններ կ’ուզեն պարտադրել իրողութիւններ որոնք կը սպառնան Հայաստանի գոյութեան:

Փաշինեան հարկ էր ընդունիլ Ֆրանսայի առաջարկը տագնապը տանելու ՄԱԿի ատեան, լաւ իմանալով որ այդ քայլը պիտի յարուցանէր Մոսկուայի վրդովումը. նոյնիսկ, վստահաբար, Մոսկուա, իբրեւ Ապահովութեան Խորհուրդի հայուն անդամ վստահօրէն պիտի գործադրէր իր վեթոյի իրաւունքը, վիժեցնելու համար նախաձեռնութիւնը: Սակայն, այդ քայլով Հայաստան ցոյց պիտի տար որ ունի այլընտրանքներ ռուսական չկամութեան դիմաց:

Նիկոլ Փաշինեան միջակ լրագրող մըն էր որ յանկարծ կոչուեցաւ երկիր մը կառավարելու լուրջ պաշտօնին: Արդար չէ գուցէ զինք կոչել դաւաճան, ինչպէս կը կատարեն զայն ոմանք: Սակայն, պարզ է որ ան չունի կարողութիւնը աշխարհի շնագայլերուն կողքին Հայաստանը առաջնորդելու կարողութիւնը: Ինք եւ իր անփորձ խումբը հազիւ թէ կրցած էին կառավարել Հայաստանը խաղաղ պայմաններուն ներքեւ, սակայն այսպիսի վտանգաւոր ժամանակներուն աւելի եւս մտահոգիչ է անոնց վերարտադրութիւնը:

Յունիս 20ի ընտրութիւնները ցոյց պիտի տան Հայաստանի հասարակութեան քաղաքական հասունութեան մակարդակը:

 

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ