Թուրքիան հզօր պետութիւն մըն է այսօր եւ ծանրակշիռ դեր մը կը կատարէ աշխարհի քաղաքական թատերաբեմին վրայ իր մասնակցութեամբը ՆԱԹՕ-ի նման ռազմական կառոյցին: Ամերիկայի եւ Ռուսաստանի նման գերպետութիւններ միշտ ակնկալութիւն ունին Թուրքիայէն եւ յաճախ պատրաստ են քաղաքական ու բարոյական զիջումներ կատարելու՝ սիրաշահելու համար Թուրքիան, անոր ռազմական, քաղաքական եւ տնտեսական հնարաւորութիւններէն օգտուելու: Եւ Թուրքիոյ իշխանութիւնները գիտակ են մեծ պետութեանց նպատակներուն եւ ակնկալութեանց եւ գիտեն այդ դրութիւնը օգտագործել առաւելագոյնս, առաջ տանելու համար իրենց սեփական շահերը:
Հակառակ Թուրքիոյ հզօրութեան, որուն միջոցաւ ան կրնայ իր քաղաքական կամքը պարտադրել շատ մը երկիրներու, 104 տարի վերջ տակաւին սեղանի վրայ կու գայ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը՝ թուրք պետութիւնը մղելով պաշտպանողական դիրքի: Այս երեւոյթը կու գայ հաստատելու թէ ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը տակաւին կը մնայ աւելի հզօր ոյժ մը քան Թուրքիոյ քաղաքական կշիռը: Այսօր, Ֆրանսա, Իտալիա, Յունաստան եւ Գերմանիա ռազմական դաշնակիցներ են Թուրքիոյ, ՆԱԹՕ-ի կազմէն ներս, եւ քաղաքականօրէն աւելի ձեռնտու է այդ պետութեանց համար խնդիր չունենալ Թուրքիոյ հետ, մանաւանդ որ անոնք միեւնոյն ակնկալութիւնները չունին Հայաստանէն: Հայաստան, իր քաղաքական, ռազմական եւ տնտեսական կշիռով շատ տալիք չունի այդ երկիրներուն: Միեւնոյն ժամանակ հայկական համայնքները եւ անոնց քաղաքական գործունէութիւնը այդ տուեալ երկիրներէն ներս չի կրնար ծանր կշիռ մը ունենալ այդ պետութեանց արտաքին քաղաքականութեան վրայ: Ուրեմն, այսօր տակաւին ցեղասպանութեան հզօր կշիռն է որ իր դերը կը կատարէ այդ երկիրներու արտաքին քաղաքականութեան ձեւաւորման մէջ:
Տարբեր հանգամանք մը ունի նաեւ այլ ժողովուրդներու կեանքին մէջ պատահիլ շարունակուող կամ յայտնաբերուող ցեղասպանութիւններու հարցը: Հրէական ողջակիզումը, Ռուանտան, Քամպոտիան, Միանմարի ռահինկաներու ջարդերը, Իրաքի Սինճարի շրջանի եզիտներու սպանդները եւ Տարֆուրը կու գան արիւնով արատաւորելու երկրագունդի քարտէսը: Այդ պայմաններուն տակ հարցերէն մէկը կը դառնայ թէ այդպիսի աղէտներու շարքէն ներս ի՜նչ կշիռ կրնայ ունենալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Սակայն, հարցին միւս երեսն ալ այն է թէ զանգուածային նման սպանդները աւելի զգայուն կը դարձնեն մարդկութիւնը այդ աղէտներու նկատմամբ եւ միջազգային ատեանները կը սկսին դատաստաններ բանալ այդ ոճիրները գործող պետութեանց ու պետական դէմքերու դէմ: Ռուանտայի եւ պալքանեան պատերազմներու ընթացքին գործուած զանգուածային ոճիրներու հեղինակները յայտնուեցան միջազգային դատարաններու առջեւ, եւ համապատասխան պատժամիջոցներ գործադրուեցան անոնց դէմ:
Այդ դատարաններէն առաջ արդէն 1948ի գոյութեան կոչուած էր ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան Ուխտը՝ փաստաբան Ռաֆայէլ Լեմքինի նախաձեռնութեամբ: Հայոց Ցեղասպանութիւնը իր ամբողջութեան մէջ կը համապատասխանէ այդ Ուխտի օրինական տուեալներուն:
Թէ ինչո՞ւ այդ Ուխտի պայմանները չեն գործադրուած եւ չեն գործադրուիր հայոց պարագային՝ պատճառը պարզ է – Թուրքիոյ քաղաքական կշիռը աշխարհի ոյժերու հաւասարակշռութեան մէջ: Հակառակ այդ իրողութեան՝ վերջին տարիներուն Գերմանիան ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Ֆրանսա արդէն օրինական կերպով ճանչցած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն Էմմանուէլ Մաքրոն քայլ մը առաջ երթալով Ապրիլի 24ը հռչակեց Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր ամբողջ Ֆրանսայի համար: Իտալիոյ օրինակը նոյնքան համոզիչ էր աշխարհին համար. արդարեւ Իտալիոյ խորհրդարանը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը 382 քուէով, որոնց դիմաց ոչ մէկ ժխտական քուէ տրուեցաւ սակայն, արձանագրուեցան 43 ձեռնպահներ: Թուրք պետական ներկայացուցիչներ բուռն կերպով հակադարձեցին Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ նախաձեռնութիւններուն: Նոյնիսկ թուրք պետական դէմքեր չվարանեցան գայթակղութիւն յառաջացնելու ՆԱԹՕ-ի խորհրդարանական 99րդ համաժողովին, որ տեղի կ’ունենար Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ: Նախ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլու քննադատեց Ֆրանսայի որոշումը, յիշեցնելով Ֆրանսայի գաղութարարութիւնը Ալճերիոյ մէջ, առանց ուրանալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Կարծէք ըսել կ’ուզէր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը, որ եթէ Ֆրանսան ոճիր գործած է՝ նոյնքան իրաւունք ունի Թուրքիան նման ոճիր մը գործելու: Իսկ միջխորհրդարանական ժողովին քննադատելու նախաձեռնութիւնը վերցուց Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահը՝ Մուսթաֆա Շենթոք, որուն ի պատասխան ֆրանսական պատուիրակութեան անդամ Սոնիա Քրիմի յայտարարեց թէ ցնցուած էր Պրն. Շենթոքի անբարտաւանութենէն: Այս բանավէճէն վերջ ֆրանսական պատուիրակութիւնը լքեց դահլիճը եւ հեռացաւ: Վէճը տակաւին կը շարունակուի համացանցի մէջ:
Ինչպէս կը տեսնուի՝ օղակը տակաւ կը սեղմուի Թուրքիոյ վզին շուրջ: Անշուշտ 104 տարի ետք Հայոց Ցեղասպանութեան խնդրին այսքան հրատապ մնալու հանգամանքը առաջին հերթին կը պարտինք այն իրողութեան որ քաղաքակիրթ մարդկութիւնը, իր ամբողջութեան մէջ, սկսած է պայքարիլ ցեղասպանութեան երեւոյթին դէմ. սակայն, հայոց պարագային գերակշիռ դեր կատարած են նաեւ պատմակշիռ ակադեմական հրատարակութիւնները որոնք լոյս տեսան տարբեր լեզուներով, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, հայ հեղինակներուն չափ օտար հեղինակներու ստորագրութեամբ:
Դժբախտաբար հայութիւնը դեռ չէ յաջողած հաստատել ցեղասպանութեան հիմնարկ մը (Genocide Institute) հրէական հիմնարկներու մակարդակով, բացի գուցէ Ծիծեռնակաբերդի Յուշարձան հիմնարկէն: Ուաշինկթընի մէջ, Սպիտակ Տան հարեւանութեամբ հիմնուելիք Ցեղասպանութեան թանգարանը զոհ գնաց քաղաքական սադրանքներու: Եւ շարունակուող լռութիւնը աւելի եւս կու գայ հաստատելու սադրանքի վարկածը:
Երբ Ֆրանսա, Իտալիա եւ Գերմանիա հաստատակամօրէն կը գործադրեն իրենց քաղաքական առաջադրանքները Հայոց Ցեղասպանութեան ուղղութեամբ, անդին Ամերիկա եւ Իսրայէլ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը վերածած են քաղաքական սակարանի արժեթուղթի. ամէն անգամ որ Թուրքիայէն ակնկալութիւն մը կ’ունենան այդ պետութիւնները՝ կամ կը փորձեն քաղաքական ճնշում գործադրել Թուրքիոյ վրայ՝ հրապարակ հանելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու սպառնալիքը:
Այսուհանդերձ գոյութիւն ունին պատմաբաններ եւ քաղաքական դէմքեր այդ երկու երկիրներուն մէջ, որոնք հայկական լապիիստական ոյժերէն աւելի ազդու կերպով կը հետապնդեն ցեղասպանութեան ճանաչումը:
Ամերիկա 1951ին արդէն ճանչցած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Նոյնպէս նախագահ Ռեկըն իր զեկուցագրով բնորոշած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը իր բուն բառով: Իսկ նախագահներ Պուշ, Օպամա եւ նոյնիսկ Թրամփ, իրենց ոգեկոչմանց մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը բնութագրած էին իր ամբողջական տարողութեամբ, նոյնիսկ եթէ խուսափած էին գործածելէ ցեղասպանութիւն բառը: Յիշենք նաեւ որ նախագահ Օպամա նոյնիսկ Անգարայի մէջ խորհրդարանի նիստին կոչ ըրած էր որ Թուրքիա առերեսուի իր պատմական մութ անցեալին հետ:
Հետաքրքրական էր որ Եգիպտոս իր հերթին անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան: Արդարեւ, ընթացիկ տարուան Փետրուար 18ի Միւնիխի մէջ կայացող Ապահովութեան խորհրդաժողովի նիստին Եգիպտոսի նախագահը Ապտել Ֆաթթահ Միսի յայտարարեց թէ Եգիպտոս 100 տարի առաջ հիւրընկալած է Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ կազմակերպուած ցեղասպանութենէն վերապրող հայերը: Ճիշդ է թէ այդ ակնարկութիւնը յայտնուած է թուրք-եգիպտական յարաբերութեանց լարուած մէկ պահուն. որովհետեւ Թուրքիա պաշտպան եւ դաշնակից էր իսլամապաշտ «եղբայրներ» իշխանութեան: Իսլամ եւ սիւննի պետութեան մը առնչութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին իմաստալից է անով որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան իսլամական աշխարհի թիկունքը ապահոված են հայոց դէմ, ցեղասպանութեան եւ Արցախի խնդիրները ներկայացնելով քրիստոնեայ-իսլամ հակադրութեան տարազին մէջ:
Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը զօրացած է պատմութեան ոյժով: Մեր կամքով թէ անկախ մեզմէ պատմութիւնը պիտի շարունակէ ընթանալ թրքական մերժողականութեան դէմ: Եւ շարժումը պիտի զօրանայ Հայաստանի քաղաքական հզօրացումով եւ պատմական նոր ու ծանրակշիռ հատորներու հրատարակութեամբ: