Թաւշեայ յեղափոխութեան այս վաղորդայնին, երբ այնքան լաւատես ու վառ են ժողովրդային տրամադրութիւնները՝ ամէն ինչ կը թուի ըլլալ իրագործելի, քիչեր միայն կը հաւատային, որ կրնար յեղափոխութիւն ծագիլ եւ այդ յեղափոխութիւն ունենալ այսպիսի խաղաղ աւարտ: Հետեւաբար, այս մթնոլորտին մէջ, ամէն ինչ կը թուի ըլլալ կարելի:
Մեր վերնագրին տուն տուող պատճառը, նոյնինքն, նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մէկ արտայայտութիւնն է, զոր ունեցած է Սփիւռքի նախարարութեան տուած իր առաջին այցելութեան ընթացքին: Ան յայտարարած է, որ պետութիւնը պէտք է նոր աշխատատեղիներ ապահովէ՝ նախաձեռնելէ առաջ հայրենադարձութեան ծրագրին:
Հայը, իր աւանդութեամբ եւ բնոյթով, եղած է աւելի արտագաղթող, քան ներգաղթող: Ան դարերու ընթացքին նուիրումով եւ կիրքով աւելի շուտ կերտած է օտար երկիրներու մայրաքաղաքները, քանի իր սեփականը: Պոլիսը, Թիֆլիսը, Պաքուն բոլորն ալ կերտուած են հայուն ձեռքով, թողուելու համար թշնամիներուն. Եւ հայը ոչ միայն կերտած է ֆիզիքական կառոյցը այդ մայրաքաղաքներուն, այլ տուած է անոնց դիմագիծ, կեանք եւ շունչ՝ ստեղծելով յատուկ մշակութային մակարդակը:
Անբնական երեւոյթներէն մէկն ալ այն է, որ երբ Հայաստան տիրացաւ 1918-ի իր առաջին անկախութեան, իր մայրաքաղաքը՝ Երեւանը, գիւղաքաղաք մըն էր, եւ Ազգային Խորհուրդը, որ պիտի դառնար նոր երկրին պետականութեան կորիզը, պարտադրաբար պիտի թողուր, շէն ու բարգաւաճ Թիֆլիսը, գալու եւ կերտել սկսելու իր նոր մայրաքաղաքը:
Այսօր աշխարհի բնակչութիւնը շարժումի մէջ է, Միջին Արեւելքի, Ափրիկէի եւ Ասիոյ անապահով երկիրներէն միլիոնաւոր զանգուածներու հոսքը կ’ուղղուի դէպի Եւրոպա եւ Ամերիկա, եւ մենք այդ հոսանքին ընդդէմ կ’ուզենք իրագործել մեր դարաւոր երազը հայրենադարձութեան:
Հայրենադարձութեան մղիչ ոյժը աննիւթական այլ հզօր ազդակ մըն է՝ յոյսը: Յոյսը, որ հայրենադարձութեան իրագործումով կը դառնայ թանձրացեալ իրականութիւն: Վերջին անկախութեան մութ ու ցուրտ օրերուն, մարդիկ կառչած ու մնացած էին հայրենի հողին, նոյնիսկ ամենադաժան կենցաղային պայմաններուն ներքեւ. անգամ մը, որ մարեցաւ այդ յոյսը՝ ծայր տուաւ արտագաղթը:
Հայաստանը ունի փորձառութիւնը հայրենադարձութեան: Հայեր դարձած են իրենց հայրենիքը տարբեր ժամանակներուն: Մասնակի ներգաղթեր կայացած են 1920-1930-ական թուականներուն՝ Յունաստանէն եւ այլ երկիրներէն, նոյնիսկ այդ շրջանին հայրենիք վերադարձած են յայտնի արուեստագէտներ ու գրողներ՝ Մարտիրոս Սարեան, Երուանդ Քոչար, Արա Սարգսեան, Աւետիք Իսահակեան եւ ուրիշներ՝ վստահութիւն ներշնչելով զանգուածներուն, որ պահը հասած է հայրենակերտումի:
Սակայն ամէնէն զանգուածային ներգաղթը տեղի ունեցաւ Բ. Աշխարհամարտի աւարտին, երբ հարիւր հազարաւորներ վերադարձան հայրենիք, իսկ 1960-ական թուականներուն կայացաւ մասնակի ներգաղթ յատկապէս Եգիպտոսէն:
Թէ ի՞նչ էր նպատակը օրուան սովետ իշխանութեան ներգաղթ քաջալերելու եւ կազմակերպելու՝ տակաւին ենթակայ կը մնայ կարգ մը վարկածներու: Ոմանք կը խորհին, թէ քսան միլիոնէ աւելի պատերազմական զոհերու կորուստէն ետք՝ երկիրը կարիքն ունէր աշխատող ձեռքերու ուրիշ մեկնաբանողներ այն կարծիքին են, որ սովետի արտաքին պատկերին համար դրական երեւոյթ էր, որ մարդկային զանգուածներ կը փութան հաստատուիլ սովետի սահմաններէն ներս: Գոյութիւն ունին նաեւ այլ կարծիքներ: Սակայն, կենսականը այն էր, որ Հայաստանի բնակչութիւնը յաւելում կրեց, երբեմն դաժան յուսախաբութեանց գինով: Ո’չ Հայաստանը, եւ ոչ ալ՝ ընդհանրապէս սովետական երկիրը պատրաստ էին զանգուածային բնակչութիւն ընդունելու: Շատերու համար անձնական ահաւոր զոհողութիւններու գինով՝ շահեցաւ Հայաստանի պատմութիւնը: Եւ որքան մարդկային եւ իրաւականօրէն անընդունելի էր հեռացման արգելքը սովետի սահմաններէն, սակայն այդ պարտադիր իրավիճակը սատարեց Հայաստանի բնակչութեան յաւելման: Անգամ մը եւս չի կրնար յառաջանալ այդպիսի պարտադիր իրավիճակ՝ բնակչութեան աճումին սատարելու:
Ու դարձեալ կը վերադառնանք յոյսի հզօր ազդակին. մարդիկ հայրենի հողին վրայ հաստատուելով՝ կը յուսային կերտել նոր կեանք մը: Այլ առակ որ շատեր իրենց կեանքը պիտի մաշեցնէին կամ աւարտէին Սիպերիոյ մէջ:
Յոյսի կողքին յառաջ մղիչ երկրորդ ազդակը այն էր, որ տակաւին տիրող եւ որոշիչ էր հայրենի հողէն վտարուած ըլլալու վիշտը՝ գործնական որոշումը կայացնելու հայրենադարձութեան:
Ուրեմն, երկրորդ ազդակը, որ գոյացած էր մեր կամքէն անկախ, մեր թշնամիին ձեռքով՝ ալ պիտի չկրկնուի: Այդ կերպով մեզի կը մնայ միայն յոյսի ազդակը: Պիտի կրնա՞յ նոր իշխանութիւնը վերականգնել այդ յոյսը, որպէսզի հայ ընտանիքներ համոզուին, որ ապագայ մը կը սպասէ այնտեղ իրենց զաւակներուն: Սակայն, կամեցողութիւնը բաւարար չէ, որովհետեւ երկրի նոր իշխանութեանց կամքէն գերիվեր, գոյութիւն ունին իրավիճակներ, որոնք կրնան աղոտել այդ յոյսը: Անոնցմէ առաջինը շրջափակումն է եւ անոր կցորդ՝ պատերազմական վիճակը: Կառավարութիւնը որքան ալ յաջողի աշխատատեղիներ ապահովել՝ երկրի կայունութեան ազդակը երբեմն պիտի մնայ վեր իր հասողութենէն: Ոչ միայն Հայաստանի եւ իր անմիջական հարեւաններու յարաբերութիւնն է խնդրոյ առարկայ՝ այլ ամբողջ տարածաշրջանի կայունացման երաշխիքը: Այս օրերուն մանաւանդ հրթիռներ թիրախաւորուած կը մնան դէպի Իրան – որեւէ ապակայունացում Իրանի՝ իր անխուսափելի անդրադարձը պիտի ունենայ Հայաստանի վրայ:
Կարեւոր է նաեւ ճիշդ հաշուարկումներ կատարել եւ նոյնիսկ կայացնել ընկերաբանական հարցախոյզներ թէ սփիւռքի ո՞ր խաւին ուղղուած պիտի ըլլայ հայրենադարձութեան հրաւէրը:
Այն սերունդը, որ արտաքսուած էր իր հայրենի օրրաններէն, եւ ցաւն ունէր հայրենազրկութեան վիշտը նաեւ իրաւունքը՝ որոշելու հայրենադարձութեան հրաւէրը:
Այն սերունդը, որ արտաքսուած էր իր հայրենի օրրաններէն, եւ ցաւն ունէր հայրենազրկութեան վիշտը նաեւ իրաւունքը՝ որոշելու հայրենադարձը: Այդ սերունդի բացակայութեան՝ երկրորդ եւ երրորդ սերունդները, որոնք հաստատուած են ամերիկաներու եւ Եւրոպայի մէջ՝ չունին միեւնոյն մղումն ու պատճառները Հայաստան հաստատուելու:
Հայրենադարձութեան հաւանական թեկնածուները պիտի հանդիսանան այն հայերը, որոնք գաղթած են նախկին Սովետական Միութեան երկիրներ, եւ մասնաւորաբար Ռուսաստան եւ ունին դժուարութիւններ օրինական կեցութեան եւ աշխատանքի: Այդ խաւը, այլընտրանք չունենալով պիտի ուզէ վերադառնալ հայրենիք, մանաւանդ՝ երբ իրականութիւն դառնան խոստացուած ծրագիրները եւ երբ մանաւանդ՝ գոյանայ արդար Հայաստանը:
Յաջորդ խաւը կրնայ ըլլալ այն իտէալապաշտ սերունդը, որ ունի մասնագիտութիւն եւ կը ցանկայ մատուցանել հայրենիքին: Այդ խաւին սակայն անոր ընծայելիք բարիքը գերակշիռ պիտի ըլլայ միւս խաւերու գործադրած ներգաղթէն:
Հսկայ խաւ մը գոյութիւն ունի քնացած կամ կորսուած հայերու Թուրքիոյ սահմաններէն ներս: Այդ զանգուածը արթնցնելը կը կարօտի գիտական լուրջ ուսումնասիրութեան եւ այդ ուսումնասիրութեան արդիւնքով գործնական ծրագիրներու: Ձայնասփիւռով, հեռատեսիլով, ընկերային ցանցերով պէտք է արթնցնել այդ զանգուածը եւ բերել ինքնագիտակցութեան: Մնացեալ գործը ըրած են թուրքերը եւ կը շարունակեն ընել, այն է՝ սերունդէ սերունդ հալածել այդ զանգուածին հետ: Անգամ մը, որ ինքնագիտակցութեան գայ այդ զանգուածը՝ անպայման ան պիտի գիտնայ գտնել հայրենադարձութեան ուղին, ինչպէս ցոյց կու տան մասնակի փորձերը:
Վերջին խաւը պիտի կազմեն այն հայերը, որոնց բնակած երկիրները ենթակայ են վտանգի, ինչպէս պատահեցաւ Սուրիոյ մէջ. ցանկալի եւ մաղթելի չէ այդ իրողութիւնը, սակայն եթէ կայ տեղ մը, ուր հարցականի տակ է հայ զանգուածին անհատական ու հաւաքական կեանքը, այդ զանգուածը պէտք է հաւատայ, թէ ապաւէն մը ունի Հայաստանի հողին վրայ:
Ինչպէս կը տեսնուի՝ այսօրուան հայրենադարձութիւնը տարաբնոյթ է. չի նմանիր հայրենադարձութեան նախորդ ծրագիրներուն: Այսօր շատ բան կատարուած է սուրիահայերու համար, որ մնան հայրենի հողին վրայ, սակայն տակաւին շատ բան կը մնայ կատարուելիք՝ եթէ լուրջ են հայրենադարձութեան գաղափարն ու ցանկութիւնները:
Ի’նչ խօսք՝ որ պատմական անհրաժեշտութիւն մըն է հայրենադարձութիւնը՝ եթէ պիտի ապրի Հայաստանը: Ան կը մնայ գոյութենական գերխնդիր մը:
Եթէ ներեն արտաքին պայմանները՝ նոր իշխանութեան ամէնէն սրբազան առաքելութիւնը կրնայ հանդիսանալ ուսումնասիրուած, կազմակերպուած եւ հաւատք ներշնչող հայրենադարձութիւնը: