1999 Հոկտեմբեր 27-ին պատահած հաւաքական սպանդը Հայաստանի Ազգային Ժողովին մէջ մօտ 20 տարի ետ մղեց Հայաստանի քաղաքական յառաջխաղացքը: Նկատի ունենալով, որ այդ ողբերգութիւնը գործադրուած էր նախորդ իշխանութեան օրով` կասկածները շարունակուած էին ու կը շարունակեն մնալ օդին մէջ, որովհետեւ ենթադրութիւններն ու պնդումները ուղղուած կը մնան նախկին իշխանութիւններուն, իբրեւ պատասխանատու կամ` մեղսակից:
Արդարեւ, պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող երկրի մը համար անբացատրելի է թէ ինչպէ՛ս այդ երկրին խորհրդարանը կը մնայ այնքան անպաշտպան, որ օր ցերեկով հինգ զինեալներ, իրենց զանգուածեղ զէնքերով կը յաջողին անարգել խուժել խորհրդարանի դահլիճէն ներս եւ կը գնդակահարեն ութը պետական դէմքեր, ներառեալ վարչապետ Վազգէն Սարգսեանն ու խորհրդարանի նախագահը Կարէն Դեմիրճեանը եւ կը պահանջեն լկտի կերպով խօսիլ օրուան նախագահին` Ռոպերթ Քոչարեանի հետ, իրենց զէնքերը վար չդրած:
Ահաբեկիչներու այդ վոհմակը կը գլխաւորէր Նայիրի Յունանեան:
Երկրին ներքին գործոց նախարարն էր Սերժ Սարգսեան, որ չը կանչուեցաւ անգամ պատասխանատուութեան:
Օրէնքը յարգող ոեւէ երկրի մէջ նման դէպքերու պարագային առաջին պատասխանատուն կը մնայ ներքին ապահովութեան գլխաւորը, որ սակայն կը հեռացուի իր պաշտօնէն: Հայաստանի մէջ ոչ միայն չկատարուեցաւ նման բան, այլ Սերժ Սարգսեան, շարունակելով իր քաղաքական վերելքը, ի վերջոյ բարձրացաւ նախագահի գահին:
Խորհուրդ խորին մնաց նաեւ թէ ի՞նչ բանակցութիւն կատարուեցաւ ահաբեկիչներու ղեկավարին եւ օրուան նախագահին միջեւ, իր աւարտին բերելու համար խորհրդարանի սպանդը:
Անմեղութեան կանխավարկածը ընդունելով հանդերձ` պէտք է հաստատել, որ նման պարագաներուն կասկածները կը շարունակեն մնալ արդարացի:
Ոճիրին համար կը տրուին քանի մը պատճառաբանութիւններ, բացի գլխաւոր ահաբեկիչ Յունանեանի խոստովանութենէն, թէ ինք կոչուած էր «քաղաքական առաքելութեան մը» փրկելու երկիրը ենթադրեալ վտանգէ մը:
Կասկածները կը դասաւանդուին հետեւեալ կերպով.
ա.- Կազմուած էր նոր դաշինք մը` «Միասնականութիւնը», գործակցութեամբը Վազգէն Սարգսեանի եւ Կարէն Դեմիրճեանի, երկու հզօր քաղաքական դէմքեր, առաջինը պատերազմի հերոս եւ Հայաստանի բանակի կազմութեան պատասխանատու: Երկրորդը` Կարէն Դեմիրճեան, գերազանց քաղաքական գործիչ, որ նոյնիսկ սովետի օրերուն արժանացած էր «թագաւոր»-ի կոչումին:
Փաստօրէն երկուքը միացած էին անշքացնելու օրուան նախագահը` Ռոպերթ Քոչարեանը, որուն սահմանուած կը մնար արարողական դեր մը: Եւ ինչպէս Հայաստանի մէջ կ’ըսեն «ձեռ էին առնում» զինք կոչելով Անգլիոյ թագուհի:
բ.- Վազգէն Սարգսեան նոր էր վերադարձած Ամերիկայէն, ուր ամերիկեան պետական դէմքեր բացայայտումներ ըրած էին վարչապետին: Փտածութեան այնպիսի փաստեր էին ներկայացուցած, որ երկրին տէրերն անգամ այնքան իրազեկ չէին դարձած: Վազգէն Սարգսեան, իր բնական անկեղծութեամբ բարձրաձայնած էր մաքրագործելու իր դիտաւորութիւնները, մանաւանդ` ի լուր բուն յանցաւորներուն:
գ.- Գոյութիւն ունէր նաեւ քաղաքական լուրջ գործօն մը, այնքան կայուն` Արցախի խնդրին կապակցութեամբը: Արդարեւ, հրապարակ նետուած էր «Մեղրիի խնդիրը», ծրագիր մը զոր առաջադրած էր Ամերիկայի պետական քարտուղարութեան նախկին պաշտօնեայ լրագրող Փօլ Կապըլ: Կ’առաջարկուէր հողային փոխանակում մը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Սիւնիքի հարաւէն հողային հատուած մը կը յանձնուէր Ատրպէյճանին, փոխարէն ստանալու համար Արցախը:
Մանրամասնութիւնները առ այսօր կը մնան պղտոր. կ՛ըսուի թէ Քոչարեան Մեղրիի վրայով անցք մը խոստացած էր Հայտար Ալիեւին, այժմու նախագահին հօր, որոշ վեհապետական իրաւունքներով: Մեղրիի կցումը Ատրպէյճանին պիտի նշանակէր ռազմագիտական ու քաղաքական հզօր նուէր մը Ատրպէյճանին եւ համայն թրքախօս երկիրներուն, ստեղծելով միասնական հողային զանգուած մը Միջին Ասիայէն մինչեւ Իսթանպուլ:
Իսկ Հայաստան պիտի կորսնցնէր իր կենսական դրացնութիւնը Իրանի հետ: Այս ծրագրին բնականաբար դէմ էին Վազգէն Սարգսեան եւ Կարէն Դեմիրճեան:
Ի դէպ, ծրագիրը մերժողը հանդիսացաւ Հայտար Ալիեւ:
Գոյութիւն ունէին նաեւ յայտնի եւ անյայտ պատճառներ, որոնց շարքին հաւանաբար նկատի պէտք է ունենալ (ետքէն պարզուած) պետական գոյքի կողոպուտը Քոչարեան քլանին կողմէ:
Հոկտեմբեր 27-ի ոճիրին 20-ամեակին կապակցութեամբ սկսած են յարուցուիլ նոր վէճեր եւ խնդիրը վերստին քննելու առաջարկներ:
Այս նոր շարժումին առիթը Նայիրի Յունանեանի դիմումն է` վաղաժամ ազատելու բանտային արգելքէն, բայց բուն պատճառը` աւելի քաղաքական է. հիմա որ Քոչարեան բանտի մէջ է, սպասելով իր դատավճիռին Մարտի 1-ի (2008) գործով, իր հակառակորդներուն ձեռնտու է նոր փաստարկութիւններ յայտնագործել խորհրդարանի ոճիրէն, ուր նաեւ կասկածներ կան, որ ինք ունեցած է իր դերակատարութիւնը, քանի այդ սպանդէն առաջին օգտուողը հանդիսացած է ինք:
Հակառակ բուռն վէճերուն եւ հարցազրոյցներուն` յայտնի չէ թէ կը բացուի՞ այդ ողբերգութեան թղթածրարը կամ ոչ. բայց կը թուի թէ ոմանք ցանկութիւններ ունին քաղաքական նոր ասպարէզ կերտելու, սպաննուած ութ պետական դէմքերու դիակներուն վրայ:
Այդ նկրտումին մէջ գտնուող անձերէն մէկը Արման Բաբաջանեանն է, պղտոր անցեալով լրագրող մը, որ Ազգային Ժողովի վերջին ընտրութեանց ընթացքին թեկնածու ներկայացաւ Էտմոն Մարուքեանի կողմէ գլխաւորուած Լուսաւոր Հայաստան խմբակցութեան կողմէ, սակայն, ան վերջերս հրաժարեցաւ այդ խմբակցութենէն խորհրդաւոր պայմաններու տակ եւ ներկայիս կը գործէ իբրեւ անկախ պատգամաւոր:
Նայիրի Յունանեանի դիմումին կապակցութեամբ անոր հետ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի արդարադատութեան նախկին նախարար Արտակ Զէյնալեան, առանց աղմուկի եւ առանց «շուխուր»-ի, ինչպէս կ՛ըսեն Հայաստանի մէջ: Սակայն, զգայացունց հանգամանք մը ստացաւ Արման Բաբաջանեանի բանտային հանդիպումը Յունանեանին հետ, որ տեւած է երկուքուկէս ժամ: Տակաւին կը շարունակուի իրարանցումը եւ պրն. Բաբաջանեան կը վազէ մէկ լրատու տաղաւարէն միւսը, խորհրդաւոր հարցազրոյցներ շնորհելու: Եթէ ուշադրութեամբ դիտէք` մեծամասնութիւնը այդ լրատու աղբիւրներուն, որոնք կը փութան հարցազրոյց կորզել Բաբաջանեանէն, դուրսէն ֆինանսաւորուող միջոցներ են: Անպայման դուրսէն որոշ կողմեր շատ մեծ հետաքրքրութիւն ունին օգնելու Ազգային Ժողովի այս պատգամաւորին, որ քաղաքական կերպար մը կերտէ եւ առաքելութիւն մը հետապնդէ:
Հարց է թէ ինչո՞ւ Բաբաջանեանը եւ ոչ ուրիշ մը բանտային այցելութեան իրաւունք կը ստանայ: Կ՛ըսուի, թէ Ազգային Ժողովի պատգամաւորի մը իրաւունքն է դիմել եւ արտօնութիւն ստանալ բանտային այցելութեան: Ազգային ժողովին 101 պատգամաւորներէն մնացեալ 100-ն ալ ունին այդ իրաւունքը, սակայն ինչո՞ւ չեն օգտուիր անկէ եւ միայն Բաբաջանեան մը պատեհութիւն կը տեսնէ այդ իրաւունքին մէջ իր քաղաքական փրօֆիլը շպարելու:
Իր հարցազրոյցներուն մէջ ան կը խօսի դանդաղ, բառերը հատիկ-հատիկ հաշուելով, իր դէմքին` իմաստութեան եւ իմաստակութեան երանգներ: Կ՛ըսէ թէ իր հանդիպումէն 40 թղթածրարներ պատրաստած է, որոնք պիտի գործածէ ապագային: Ցարդ իր ընելիքները կը մնային խորհրդաւոր քողի մը ներքեւ, սակայն վերջերս, դատախազի հովեր առած, կ՛առաջարկէ, որ բանտարկուի նախագահական նախկին թեկնածու Վազգէն Մանուկեանը:
Հանդարտաբարոյ այդ երեւոյթին ներքեւ գործող քաղաքական այս գործիչը նաեւ յօդուածներ կը գրէ ու մեկնաբանութիւններ կը կատարէ ծածկանուններով, դիմակներու ետին եւ այդ յօդուածներուն գլխաւոր թիրախը Ռուսաստանն է: Այդ դիմակներէն մէկը ըլլալ կը կարծուի Սարգիս Արծրունի ծածկանունը. եթէ նոյնիսկ այդ դիմակին տակէն չյայտնուի Բաբաջանեանը, այնտեղ անպայման կը գործէ իր համհարզներէն մէկը: Ահա թէ ի՞նչ կը գրէ Արծրունի Առաջին լրատուականի մէկ յօդուածին մէջ (Հոկտեմբեր 27, 2019), «Մարտի 1-ի գործը դարձաւ այն լակմուսի թուղթը, որը բացայայտնեց դատական համակարգի ամբողջական կախուածութիւնը հին համակարգից ու նաեւ Մոսկուայից»:
«Այլ խօսքով` դատական ռեֆորմը ոչ միայն լուծելու է Հայաստանում ժողովրդավարութեան անշրջելիութեան հարցը, այլ նաեւ` էապէս սահմանափակելու է Մոսկուայի դեստրուկտիվ ազդեցութիւնը հայաստանեան գործընթացներում. միայն այդ պարագայում է հնարաւոր Հոկտեմբեր 27-ի ամբողջական բացայայտնումը, եթէ ի հարկէ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը Մոսկուայի ճնշումներին դիմակայելու քաղաքական կամք ցուցաբերի»:
Ինչպէս կը տեսնուի` Հոկտեմբեր 27-ի խնդրին վերստին քննարկումը ոչ միայն պայմանաւորուած է արդարութեան վերահաստատումով, այլ ոմանց համար պատեհութիւն է Քոչարեանի մեղքերը բազմապատկելու եւ հակառուսական հոսանքներուն համար ալ`Մոսկուայի մատը յայտնաբերելու այդ ոճրային արարքին մէջ:
Հայաստանը այսօր քաղաքական զգայուն վիճակի մէջ է. Թաւշեայ յեղափոխութիւնը վերականգնեց ժողովուրդին յոյսը երկրի ապագային նկատմամբ: Հայաստանը տնտեսական բարելաւում կ՛արձանագրէ, արտագաղթը սկսած է դանդաղիլ, սակայն յեղափոխութիւնը դեռ երկար ճամբայ ունի իր նպատակները իրագործելու: Ժամանակը չէ հիներու բանտարկութիւնները կրկէսային խրախճանքի վերածելու ոչ ալ ժողովուրդը զբաղեցնելու ներհայեցողական քաղաքականութեամբ:
Երբ Էրտողան եւ Ալիեւ Զանգեզուրը անդամահատելու ախորժակներ կը սնուցանեն մեր սահմաններուն վրայ այդ կենսական խնդիրներէն որեւէ շեղում պիտի նշանակէ քաղաքական լրջութեան պակաս: Հոկտեմբեր 27-ը պէտք է բացուի ինքն իր արժէքին համար` արդարութիւնը վերահաստատելու եւ ոչ թէ այդ լուրջ հարցին շուրջ շահատակութիւններ ընելու:
Նախ պէտք է վերացնել արտաքին վտանգները` ներքին հաշուեյարդարներու անցնելէ առաջ:
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ