Ժամանակը իր լարուած գնացքը ունի. ժամանակը յաւիտենական է. ժամանակը չի մաշիր. մարդն ու մարդկութիւնն են որ կու գան ժամանակի մէկ հատուածին հետ առնչուելով մաշելու: Երբ կը թեւակոխենք 2020 տարուան սեմէն ներս` ժամանակը չ’իմանար մարդկութեան քայլերը. մարդն ու մարդկութիւնն է որ կը քանդակեն ժամանակի յաւերժութեան մէջ օրը, ժամը եւ վայրկեանը: Ու երբ իրենց կեանքը կը հասնի իր լրումին` մարդն ու մարդկութիւնը կ’անհետին, տեղ բանալու համար նոր սերունդներուն: Անոնք կ’անհետին` իրենց ոտնահետքերը թողելով երկրագունդին վրայ: Հայն ու հայութիւնը եթէ չկարենան իրենց ոտքահետքերը թողուլ երկրագունդի վրայ, անպայման կը թողուն իրենց արեան հետքերը . արիւնը հայութեան ճակատագրին մէկ անբաժանելի բաղադրամասն է:
Հայութիւնը քալեց 20րդ դարու տառապալից ճամբաներէն եւ ճաշակեց դառն իրողութիւնը ցեղասպանութեան: Թուրքը չբաւականացաւ սպաննելով 1.5 միլիոն հայ ու գրաւելով անոր պատմական հայրենիքը. այլ` գողցաւ նաեւ անոր ապագան: Ցեղասպանութեան դառն ժամանակներէն ի վեր հայութիւնը կը փորձէ վերականգնիլ սակայն չի յաջողիր խուսափիլ թուրքին կողմէ իրեն սահմանուած կորուստի ճակատագրէն:
Երբ Լոզանի դաշնագրի (1923) բանակցութիւնները կը կատարուէին, Անգլիոյ ներկայացուցիչը` Լորտ Քըրզըն հարց տուաւ Իսմէթ Ինիւնիւին, որ կը ներկայացնէր քեմալական Թուրքիան, թէ` ի՞նչ պիտի ըլլար ճակատագիրը տեղահանուած գաղթական հայութեան: Ինիւնիւ պատասխանեց. ՙՏարէք տեղաւորեցէք Գանատայի եւ Պրազիլի մէջ ուր հսկայ անմարդաբնակ տարածութիւններ կան՚:
Ինիւնիւ շնական (սինիք) պատասխան մը տալու համար չըրաւ այդ հաստատումը. այլ տուաւ քաղաքական պատգամ մը. Լորտ Քըրզընին յանձնեց ցեղասպանութեան վախճանական նպատակին ճանապարհային քարտէսը: Եւ իրօք, հայերը հաստատուեցան այդ հեռաստաններուն ու տափաստաններուն մէջ, ծաղկեցան ու ծաղկեցուցին, յղբացան ու դարձան ինքնակորոյս: Այդ գաղթական հայութեան երրորդ սերունդը դարձաւ նախնիներով հայ իսկ չորրորդ սերունդը ալ չի ճանչնար ինքզինք: Մինչ երբ այդ տափաստաններուն մէջ կը մաշէր հայութեան ինքնութիւնը` Թուրքիոյ յաջորդական իշխանութիւնները ձեռնարկեցին յիշատակի ցեղասպանութեան, սրբել ջանալով հայուն ոտնահետքերը իր պատմական հողերէն: 2000 վանք, 1700 դպրոցներ ենթարկուեցան թուրքական պետութեան պուլտոզըրի աւերման:
Բոլոր նուիրեալ ու սրբազան պայքարներէն ետք ի՞նչ է պատկերը սփիւռքին, եթէ ոչ` մէկ ստուերը ազգի մը, աւելին` ծաղրանկարը անոր:
Անդրանիկները գացին ու անհետացան պատմութեան ստուերներուն մէջ ու մեր ինքնութեան պայքարը չունեցաւ կենդանի կռուողներ: Եւ արդէն Շահնուր գուշակած էր այս հեռանկարը երբ վերջին կամքով գոչեց ՙԱզգ, կռուիր քու նահատակովդ՚: Եւ արդէն այսօր մեր ըրածը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ կռիւը շարունակել մեր նահատակներով:
Եւ իրօք, այդ նահատակներուն ձայնը չէ՞ր – աւելի քան ոեւէ ազդակ – որ հնչեց Ամերիկայի օրէնսդիր պալատներուն մէջ, որոնք եկան վերականգնելու արդարութիւնը եւ ձայն տալու այդ նահատակներուն:
Ամերիկեան պետութիւնը ի լուր աշխարհին ծանոյց ցեղասպանութեան իրաւացիութիւնը եւ մեզի յանձնեց հատուցման ճանապարհը, եթէ ոչ բանալիները: Այսօր ո՞վ պիտի ըլլայ իրաւատէրը քաղաքական այդ հսկայ դրամագլուխին. սփի՞ւռքը, իր գալարումներով, իրերամարտ ոյժերով ու բաժանումներով: Իրաւական իմաստով սփիւռքն է ժառանգորդը այդ իրաւատիրութեան, բոլորովին վեր է իր կարողութիւնները անոր տիրութիւն ընելու. իսկ միջազգային օրէնքով միայն վեհապետական իրաւունքներով օժտուած պետութիւն մըն է որ կրնայ տիրանալ քաղաքական այդ դրամագլուխին եւ զայն արժեւորել քաղաքական շուկային վրայ:
Պատմութեան բոլոր արկածներէն վերջ մեզի մնացած է փոքրիկ Հայաստան մը որ կը կքի իր իսկ ծանրութեան ներքեւ: Այդ Հայաստանն է որ ճակատագրուած է շարունակելու պատմութեան շղթան եւ առաւել` վերցնելու իրաւատիրութեան վաւերաթուղթը աշխարհի մեծերուն դիմաց:
Ունինք փոքրիկ Հայաստան մը` մեծ երազներով եւ մեծ արկածախնդրութեանց դիմաց: Հայաստան մը որ կը կանգնի թուրք իսլամական կայսերական երազներու խաչմերուկին վրայ: Ի զուր չէ որ Ալիեւ կը պայքարի Նժդեհի ժառանգութեան դէմ, որովհետեւ վերջինս իր ճանկերով Զանգեզուրը կցած էր Հայաստանի մայր հողին. նոյն նպատակասլացութեամբ կը գործեն Անգարայի կայսերական ծրագիրներու հեղինակները, մեղադրելով Հայաստանը որ կը հատէ հողային շարունակականութիւնը թրքացեղ ազգերու: Եւ այդ պատճառաւ ալ Հայաստանի մը վերացումը այդ աշխարհամասէն անկարելի հաւանականութիւն մը չէ թուրքին համար:
Քեազիմ Քարապեքիր իր յուշերուն մէջ տեղ մը մօտաւորապէս բանաձեւած է թրքութեան մեծ ծրագիրները թէ` մենք հայոց վատութիւն ընելու համար չէ որ գրաւեցինք իրենց հողերը, այլ` մեր ծրագիրները իրականացնելու: Այդ մտայնութիւնն է թուրքին կայսրութիւն կերտելու ծրագրին առաջ մղիչ ոյժը: Այդ ձեւով է որ Թուրքիա հզօրացաւ եւ այսօր գերպետութեան իրաւասութիւններ առած` կը փորձէ տնօրինել շրջանի երկիրներուն ճակատագիրը:
Պատմաբաններ, քաղաքական մեկնաբաններ ու վերլուծաբաններ իրապաշտ չեն գտներ թուրք ազգերու միացման մը ծրագիրը: Սակայն, Թուրքիա կը շարունակէ փորձել: Նախ հրապարակ նետուեցաւ կրօնական գործօնը որ հրաշալի կերպով յաջողած էր Թուրքիոյ սահմաններէն ներս: Սակայն, կրօնքի գործօնը. տեղ չբռնեց նախկին սովետական երկիրներու անհաւատ ազգերուն մօտ: Յաջորդ հանգրուանը լեզուի գործօնն է. այնպէս ինչպէս Ֆրանսա կը փորձէ միութիւն մը գոյացնել ֆրանքոֆոնիով` Թուրքիա իր կարգին կ’օգտագործէ նման միութիւն մը գոյացնել հասարակաց լեզուական ընտանիքը օգտագործելով:
Թուրքիոյ համաթուրանական ծրագիրներուն ճամբուն վրայ երկու քրիստոնեայ ազգեր կան որոնք կը խափանեն այդ միութիւնը` հայերը եւ վրացիները: Թուրքերը արդէն թրքացնելու վրայ են Վրաստանը, որ իր հերթին կը յանձնուի Թուրքիոյ, ամէն ճիգով հեռանալու համար Ռուսաստանէն. եւ այս գործընթացը աւելի եւս կը սեղմէ օղակը Հայաստանի շուրջ:
Վերջերս Թուրքիա, Ատրպէյճան եւ Վրաստան նոր պայմանագիր մը ստորագրեցին 2020-2022 տարիներու համար: Այդ ծրագիրը կը նախատեսէ ճանապարհաշինութիւն ու մանաւանդ` շրջանի քարիւղն ու կազը Եւրոպա հասցնելու ծրագիրներ: Հայոց համար յատկանշական պարագան այն է, որ համաձայնագիրը ունի նաեւ քաղաքական բաժին մը ուր բանաձեւուած են Ապխազիոյ եւ Հարաւային Օսէթիայի լուծման պայմանները` ըստ Վրաստանի ցանկութեան եւ ընդդէմ Ռուսաստանի. իսկ Լեռնային Ղարաբաղի պարագային լուծման բանաձեւը ամբողջութեամբ ընդգրկած է թուրք-ազերի բնութագիրը եւ մեր բարեկամ Վրաստանը ստորագրած է այդ պայմանագրին տակ:
Նման գրգռութեան պարագային կը մնար որ Հայաստան ճանչնար Ապխազիայի եւ Հարաւային Օսէթիայիի անկախութիւնը, իբրեւ հակադարձութիւն. սակայն քաղաքականօրէն իրապաշտ ընթացք մը պիտի չըլլար ատիկա, տրուած ըլլալով որ Վրաստան կրնայ առաւել եւս խոչընդոտել Հայաստանի յարաբերութիւնները դուրսի աշխարհին հետ, մանաւանդ որ, միւս ուղին` Իրանը կքած է ամերիկեան պատժամիջոցներու բերան տակ:
Հայաստանը յօշոտման հեռանկարին առջեւ է թուրք-ազերի պետութեանց: Ան նաեւ կռուախնձոր մըն է մեծ պետութեանց աշխարհակալական քարտէսին վրայ:
Հայաստանի նոր իշխանութիւնը գտած է վերականգնումի ուղին. սակայն երկիրը բաժնուած է սեւերու եւ սպիտակներոււ միջեւ, յեղափոխականներու եւ հակա-յեղափոխականներու միջեւ, ինչպէս նաեւ հիներու եւ նորերու միջեւ:
Այս ներհայեցողական պայքարներուն մէջ ժամանակն է պահ մը դադար առնելուª գնահատելու հարեւան ոյժերու ծրագիրները եւ երկիրը պահելու իր պատմական յաւերժական ուղիին վրայ:
խմբագրական «Պայքար» շաբաթաթերթի