Հայերս ամբողջ աշխարհի երեսին կ’երազենք օր մը ազատագրել Արեւմտահայաստանի պատմական տարածքը եւ զայն միացնել ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան: Երազ մըն է որ կրնայ իրականանալ կամ ոչ. սակայն ազգովին անտեղեակ ենք որ Թուրքիոյ քաջալերանքով ազերիներն ալ կը ծրագրեն հիմնել Արեւմտեան Ատրպէյճանը ներկայ Հայաստանի հողամասին վրայ . ոչ աւելի, ոչ պակաս:
Այս «աւետիս»ը հաղորդողն է Փոլ Կոպըլը: Շատեր պիտի յիշեն այս անունը որ առնչուած էր Արցախի եւ Մեղրիի փոխանակման ծրագրին առնչութեամբ. առաջին պահուն մինչեւ անգամ ծիծաղելի թուեցաւ գաղափարը. սակայն, հետզհետէ զարգանալով ծրագիրը գրեթէ իրականութիւն պիտի դառնար Քի Ուեսթի մէջ, ուր արդէն Ռոպերտ Քոչարեան եւ Հայտար Ալիեւ համաձայնած էին փոխանակութեան ծրագրին շուրջ: Հայր Ալիեւ հրաժարեցաւ ստորագրելէ համաձայնագիրը, անգամ մը որ վերադարձաւ իր երկիրը:
Դժուար է երեւակայել թէ ինչպիսի մղձաւանջային աղէտ մը պիտի ըլլար հայկական հողը հայկական հողով փոխանակելու ծրագիրը. այսինքն հայկական Մեղրիի կորուստին դիմաց Հայաստան պիտի ստանար հայկական Արցախը, կամ անոր օրինականացման փաստաթուղթը: Հետեւանքը այն պիտի ըլլար որ Հայաստան պիտի կորսնցնէր իր սահմանը Իրանի հետ, Ատրպէյճան պիտի իրականացնէր իր հողային ամբողջականութիւնը` միակտուր տարածք մը ունենալով Նախիջեւանի հետ, առ յաւէտ դատապարտելով Նախիջեւանի ճակատագիրը Ատրպէյճանի կազմին. եւ այս բոլորը` առանց դեռ նկատի ունենալու ռազմաքաղաքական հետեւանքները հարեւան երկիրներու մէջ:
Ուրեմն, Փոլ Կոպըլ իր երեւակայութեամբ չէր յօրինած փոխանակման այդ ծրագիրը: Նաեւ ծանօթանալով անոր կենսագրութեան ու գործունէութեան կարելի է հաստատել անոր կապերը ամերիկեան «խորունկ պետութեան» (deep state) հետ: Արդարեւ, ան ծառայած է CIA-ին, պետական քարտուղարութեան եւ գործունէութիւն ծաւալած է նախկին Սովետական Հանրապետութիւններու մէջ, յատկապէս մերձ – պալթեան երկիրներու մէջ ուր Ամերիկա շահեր ունի չթոյլատրելու որ Մոսկուա ոեւէ կերպով յաջողի այդ հանրապետութիւններէն մի քանին համախմբելու, նախկին Սովետական Միութեան մանրապատկերով համադաշնակցութիւն մը կազմելու:
Քանի ցնցիչ նախընթաց մը յայտնաբերուած էր Փոլ Կոպըլի կողմէ` իրաւունք չունինք անտեսելու նաեւ այս նոր բացայայտումը, որքան ալ ան այս հանգրուանին անհաւանական թուի: Այսպէս, Մայիս 13, 2020 թուակիր Eurasia Review պարբերականին մէջ Պրն. Կոպըլ ստորագրած է հետեւեալ վերնագրով վերլուծական յօդուած մը «Արեւմտեան Ատրպէյճանի հանրապետութիւնը հռչակուած Թուրքիա բնակող փրօֆեսէօրի մը կողմէ. շուտով կը կազմուի վտարանդի կառավարութիւն մը»: Յիշեալ գրութեան մէջ հեղինակը կը յայտնէ թէ Թուրքիոյ Գայսերի (Կեսարիա) քաղաքին մէջ բնակող փրօֆեսէօր Կաֆար Շահամաղլը յայտարարած է կազմութիւնը Արեւմտեան Ատրպէյճանի վտարանդի կառավարութեան մը. յիշեալ դասախօսը կը բնակի Թուրքիոյ մէջ սակայն կը սերի Արեւմտեան Ատրպէյճանցի ընտանիքէ: Յիշեալ կազմակերպութեան նպատակն է պահանջել հողային տարածքը Արեւմտեան Ատրպէյճանի, այդ հողամասէն տարագրուած ատրպէյճանցիներու յետնեալներուն անունով: Յիշեալ Ատրպէյճանը, համաձայն փրօֆեսէօրին, կը գտնուի այժմու Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին վրայ. համաձայն յիշեալ դասախօսին պահանջը «ճիշդ է եւ արդար», քանի իր նախնիները պարտադրաբար աքսորուած են այդ հողերէն: Հետաքրքրական է ամբողջութեամբ մէջբերել տրամաբանութիւնն ու ծրագիրը կազմուած այս «կառավարութեան»:
Այսպէս, Փրօֆ. Շահմաղլը կը գրէ – «Պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ մենք որքան ճիշդ ենք առնելով այս քայլը … ոչ մէկ վատ բան կայ այս նախաձեռնութեան մէջ. եթէ գործերը ընթանան ըստ ծրագրի եւ եթէ Ատրպէյճանի հանրապետութիւնը օգնէ այս տարագիրներուն եւ Իրաւանի հանրապետութեան, հետեւաբար նախատեսելի ապագային, անհաւատալի պայմաններու ներքեւ, նոյնիսկ արեան հեղմամբ, այն տարագիրները որոնք պարտադրաբար դուրս դրուած են անկէ, պիտի դառնան իրական ոյժ մը, տէրը դառնալով իրական Ատրպէյճանական հողամասի մը»: Պրն. Շահմաղլըն նոյնիսկ կը վկայակոչէ նախագահ Իլհամ Ալիեւը որ ակնարկած է թէ այդ հողերը ատրպէյճանական են:
Եթէ Պրն. Կոպըլի նախորդ յայտնագործութիւններուն հաւաստիութիւնը ունի այս մէկը եւս, պէտք է լրջութեամբ մօտենանք անոր եւ զայն տեղաւորել շրջանային քաղաքական զարգացումներու համայնապատկերին մէջ:
Պէտք է յիշել որ վերջին շրջանին մէկէ աւելի անգամներ Թուրքիոյ նախագահը նշեց թէ կովկասեան աշխարհամասին մէջ Հայաստան խոչընդոտ մըն է: Խոչընդոտը ի՞նչ բանի. բնականաբար համաթուրքական-թուրանական ծրագրի իրագործման: Իսկ նախագահ Իլհամ Ալիեւ յաճախ կը կրկնէ թէ մինչեւ անգամ մայրաքաղաք Երեւանը մաս կազմած է Ատրպէյճանին: Պատմութեան փաստը միշտ չէ որ կրնայ քաղաքական ոյժի վերածուիլ: Մեծ պետութեանց ըսել թէ Ատրպէյճան կոչուած երկիրը միայն գոյութեան կոչուած է 1918ին, շատ բան ըսել չի նշանակեր: Նայած այդ պետութեանց շահերուն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ներկայացուցած պատմական փաստերը ըսի-ըսաւի սահմանէն անդին չեն երթար: Անոնք մեծ պետական ամբարտաւանութեամբ պիտի բնորոշեն այդ փաստերը իբրեւ յետամնաց ազգերու անվերջանալի կռիւ եւ ազգային սնապարծութեան արտայայտութիւն:
Այս թուրք փրօֆեսէօրին ծրագիրը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ գագաթնակէտը սարձալերան (iceberg) որուն ընդջրեայ մասը կը կազմեն Էրտողանի եւ Ալիեւի համաթրքական ծրագիրները: Իսկ հայոց վկայակոչումը աշխարհի մեծերուն մօտ թէ մենք առաջին քրիստոնեայ երկիրն ենք միայն ծիծաղ կը յառաջացնէ: Արդէն այդ մանրադրամին արժէքը մենք հաստատած ենք Պերլինի Վեհաժողովին (1878) եւ Լոզանի դաշնագրի (1923) ստորագրութեան օրերուն:
Այսօր Ատրպէյճանը շահագործելի երկիր մըն է Արեւմուտքին համար, ոչ միայն իր քարիւղին պատճառաւ, այլ անոր համար որ ան կը գտնուի Իրանի հարեւանութեան մէջ եւ արդէն խորունկ կապեր հաստատած է Իսրայէլի հետ: Նախագահ Ալիեւ կը վկայէ թէ այդ կապերը այնքան խորն են, որ միայն անոնց տասը տոկոսն է տեսանելի:
Իսրայէլը Ամերիկայի արտաքին քաղաքականութեան անքննելի նախասիրութիւններէն մէկն է: Եթէ քանի մը տասնեակ տարիներ առաջ անհաւատալի կը թուէր Իրաքի, Սուրիոյ եւ Լիպիոյ նման ուժեղ եւ կայուն պետութեանց տապալումը, այսօր իրականութիւն մըն է, ասպարէզը բաց թողելով Իսրայէլի` Միջին Արեւելքի տիրապետութեան մէջ:
Գաղտնիք մը չէ որ միեւնոյն նպատակով զոհասեղանին թեկնածու է նաեւ Իրանը, ուր կը բնակին շուրջ 40 միլիոն ազերիներ: Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Պարսկական Ատրպատականը կը նկատեն իբրեւ հարաւային Ատրպէյճան եւ նոյնիսկ նախագահ Էլֆազ Էլչիպէյ պաշտօնական պահանջ դրած էր այդ հողամասին վրայ: Այսօր նոյնիսկ եթէ Ատրպէյճան չհամարձակի այդ պահանջը հրապարակ հանելու, Իսրայէլ կրնայ Ամերիկայի բազուկով ուզել տալ զայն, երբ պահը հասուն նկատէ Իրանը անդամահատելու: Նախագահ Թրամփ որ միջազգային օրէնքը անտեսելով սուրիական Կոլանի բարձրունքները «նուիրեց» Իսրայէլի եւ այս օրերուն ալ խոստացած է Յորդանանի Արեւմտեան ափի հողերէն մաս մը դարձեալ«նուիրել» Իսրայէլի, անկարելի դարձնելով պաղեստինեան հարցի լուծումը:
Դարաշրջանի մը մէջ ենք ուր երկիրներ կը փլուզուին եւ ուրիշ երկիրներ կ’անդամահատուին. Թուրքիա հողեր կորզած է անպատիժ կերպով Կիպրոսէն, Իրաքէն եւ Սուրիայէն, իսկ Ռուսաստան` Ուքրանիայէն ու Վրաստանէն. Հետեւաբար ո՞ր ոյժը կրնայ արգելք ըլլալ որ Արեւմտեան Ատրպէյճան մը կազմուի Հայաստանի հողին վրայ:
Ահաւասիկ այս պայմաններուն տակ երբ երկիրներ կ’անդամահատուին եւ հողային «նուիրատուութիւններ» կը կատարուին` պէտք չէ՞ հայերս հարց տանք թէ որքա՞ն ապահով է մեր երկրին հողային ամբողջականութիւնը եւ որքա՞ն երեւակայական կարելի է նկատել Արեւմտեան Ատրպէյճանի մը կազմութիւնը Հայաստանի հողին վրայ (հաւանաբար Արցախն ալ ներառեալ):
Երկու տարի առաջ տեղի ունեցաւ յեղափոխութիւն մը Հայաստանի մէջ. ժողովուրդը ազատուեցաւ կեղեքողներու իշխանութենէն. հաստատուեցաւ օրէնքի գերակայութիւնը. սակայն թոյլ չտրուեցաւ որ այս երիտասարդ իշխանութիւնը հաստատուի, կազմաւորուի եւ պատրաստ ըլլայ դիմակայելու արտաքին ու ներքին բոլոր մարտահրաւէրները: Ինչպէս վերջերս պարզուեցաւ` նոր իշխանութիւններն ու իշխանաւորները ենթակայ են հալածանքի: Անշուշտ գոյութիւն ունին ներքին հակասութիւններ, սակայն կասկած չկայ որ անոնք ալ կը սաստկանան արտաքին գործօններու պատճառաւ: Որո՞ւ շահին կը ծառայէ Հայաստանի ներքին անկայունութիւնը:
Պետութիւնն ու նոր իշխանաւորները եւս, իրենց հերթին, տեղի տուին գայթակղութեանց` խորհրդարանը փողոց փոխադրելով (Ալէն Սիմոնեան-Արթուր Դանիէլեանի կռիւ) եւ փողոցն ալ բերելով խորհրդարան (Էտմոն Մարուքեան-Սասուն Միքայէլեան կռիւ): Եւ այս իրարանցումին մէջ որքա՞ն կրնայ Հայաստանի քաղաքացին ապահով ըլլալ որ կանոնաւոր կերպով կը գործեն արտաքին գործոց նախարարութեան ու բանակի կառոյցները այդ աշխարհամասին հանգոյցներուն մէջ բնորոշելու Հայաստանի տեղը եւ անոր ռազմագիտական ուղին եւ վախճանական նպատակը:
Ամէն մեծ երկիր իր շահերու ծիրին մէջ կրնայ օգտակար ըլլալ իր դաշնակիցին: Ռուսաստան տարբեր չի կրնար ըլլալ. ամէն ինչ կարելի չէ սպասել Ռուսաստանէն իբրեւ ռազմագիտական դաշնակից: Բայց ուզենք կամ ոչ Հայաստանի շահերը առաւել չափով կը համընկնին Ռուսաստանի շահերուն հետ, աւելի քան ոեւէ երկրի. ռուսերը սիրե՞լը կամ չսիրելը զգացական բնորոշումներ են որոնք տեղ չունին քաղաքականութեան մէջ: Այսօր Հայաստանի մէջ զօրացող հակառուսական տրամադրութիւնները ներհակ են մեր երկրի շահերուն:
Չենք գիտեր ի՛նչ ծրագիրներ կը մշակեն Հայաստանի իշխանութիւնները Կովկասի խառնարանին մէջ գոյատեւելու. մէկ բան յստակ է սակայն դուրսէն եկող ճգնաժամը պիտի չսպասէ մեր ներքին կռիւներուն եւ անիրապաշտ արեւելումներուն:
Մեծ թուրանի ճամբուն վրայ Հայաստան կրնայ միայն խոչընդոտ մը ըլլալ բայց ոչ պատուար մը: Այդ ճամբուն վրայ պատուար են Չինաստանն ու Ռուսաստանը: Չինացիք հեռատես են եւ իրենց հեռաւորութենէն կ’օգնեն Հայաստանին որ վերջինը կատարէ իր ռազմագիտական դերը: Թուրքերը իրենց թուրանական ծրագիրը իրականացնելու ճամբուն վրայ իբրեւ խարիսխ գտած են Չինաստանի 23 միլիոն հաշուող իսլամ ույկուտները երկրի Շինկճիանկ ինքնավար նահանգին մէջ (Autonomous Region of Xinjiang): Անգարա կը քաջալերէ հայկուրներու իսլամական ըմբոստութիւնները` միւս կողմէ մեղադրելով Չինաստանը ցեղասպանութեամբ:
Թուրքիոյ ծրագիրն է միացնել Միջին Ասիոյ թրքախօս իսլամները, ինչպէս ժամանակին փորձեց ընել Էնվէր Փաշա, այդ շրջանին խալիֆայութիւն մը հաստատելու ծրագրով:
Համաթուրքական այդ ծրագիրը դէմ է նաեւ Ռուսաստանի ազգային շահերուն: Էրտողանի ազդու զէնքերէն մէկն է կրօնքը եւ միւսը` թրքալեզու ցեղերը միացնելու երազը: Տակաւին վերջերս ան սպառնաց Ռուսիոյ որ կրնայ այդ երկիրը պայթեցնել ներսէն գործի լծելով 45 միլիոն իսլամները Ռուսիոյ մէջ: Առաջին անգամը չէր որ Էրտողան կրօնքը ու ազգագրական ազդակը զէնքի կը վերածէր: Աւելի կանուխ ան պատգամեց Գերմանիոյ եւ Հոլանտայի թուրքերուն եւ իսլամներուն ընտանիք գլուխ ունենալ հինգ զաւակ, իսլամական ովկիանոսին մէջ խեղդելու համար Եւրոպան:
Ինչպէս կը տեսնուի` Կովկասը կը ձեւաւորուի, Միջին Ասիան կ’արթննայ եւ աշխարհի հզօր ոյժերը իրենց դերը կ’ունենան այս զարգացումներուն մէջ: Այս բոլոր տուեալներու հաշուառումներով Հայաստան պէտք է գտնէ իր տեղն ու դերը:
Քանի Թուրքիա յանձն կ’առնէ իր հողին վրայ հիւրընկալել Արեւմտեան Ատրպէյճանի վտարանդի առավարութիւնը, այդ արարքը ինքնին իրաւունք կու տայ փոխադարձելու` միեւնոյն քայլով: Արդարեւ, այս տարի Սեւրի դաշնագրի հարիւրամեակն է եւ ամէնէն յարմար առիթն է կազմելու Արեւմտեան Հայաստանի վտարանդի կառավարութիւն մը եւ արժեցնել նախագահ Ուիլսընի ստորագրած միջազգային պարտամուրհակը:
Փոլ Կոպըլի հրապարակ նետած առաջին ծրագիրը մտացածին կը կարծուէր եւ իրականութիւն դարձաւ. շատ հաւանական է որ այս վերջինն ալ հաւաստի ըլլայ:
Պատրա՞ստ է Հայաստան զայն դիմակայելու:
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ