Հայոց պատմութիւնը այնպիսի ոլորապտոյտ եւ խճճուած ընթացք ունեցած է որ դժուարացուցած է պատճառի եւ հետեւանքներու ստուգումը: Յաճախ քաղաքական, ռազմական կամ ահաբեկչական արարքներու դիմած են հայ զանգուածները ղեկավարող ոյժերը եւ անոնց նախաձեռնութիւններէն անմիջական հետեւութիւններ ու դատումներ կատարուած են ու քարացած մնացած են պատմութեան մէջ, նոյնիսկ եթէ այդ արարքներուն պատճառաւ, որոշ դրական կամ ժխտական հետեւանքներ են առաջացած յետագային:
Այս ուղղութեամբ հարուստ է կենսափորձը 17րդ եւ 18րդ դարերու լուսաւորութեան ժամանակաշրջանին, երբ հայութեան զանգուածները կը տուայտէին օսմանեան եւ պարսկական լուծերու տակ: Այդ պայմաններուն ներքեւ կղերականութիւնն ու իշխանութիւններու մօտ ամիրայական կամ խանական դասակարգերը միայն պայմաններու համակերպումը կը նկատէին իբրեւ վերապրումի իմաստուն ճանապարհ, առաջնորդուելով մասնաւորաբար, առաջին հերթին, իրենց դասակարգային շահերէն:
Արփիարեանի ՙԿարմիր Ժամուց՚ի պատգամը` պահպանողականութենէն յեղափոխական մտածողութեան անցնելու` աւելի 19րդ դարու երեւոյթ է հայութեան ճնշեալ զանգուածներուն համար: Սակայն այդ հանգրուանէն քանի մը դար առաջ լուսաւորութիւնը յայտնուած էր հայ քաղաքական միտքին մէջ զանգուածներէն շատ հեռու` Հնդկաստանի մէջ, ուր եւրոպականացման արագ հոսանքին մէջ ընդգրկուած էր հայութեան առաջատար միտքը: Այդ դարերու զոյգ լուսաւորիչները հանդիսացած են Իսրայէլ Օրի (1659-1711) եւ Յովսէփ Էմին (1726-1809). զարմանալի զուգադիպութեամբ երկուքն ալ ունեցած են գրեթէ միեւնոյն աշխարհայեացքը եւ այդ մտածելակերպին հետեւանքով` միեւնոյն բնոյթի առաքելութիւնը: Միակ տարբերութեամբ, գուցէ, որ առաջինին պարագային կղերական դասը – կամ անոր առաջատար խաւը – գործակից դարձած է շարժումին մինչ Էմինի պարագային կղերական պահպանողականութիւնը արգելակած է առաքելութեան առաջխաղացքը: Երկուքին պարագային ալ կենսական նմանութիւնը հանդիսացած է զուգորդութիւնը դիւանագիտութեան եւ ռազմական ոյժին: Երկուքն ալ թրծուած են եւրոպական իշխող խաւի շրջանակներուն մէջ, պատրաստուելով միեւնոյն ժամանակ ռազմական գիտութեանց մէջ:
Նկատելով որ իրենց դիւանագիտական առաքելութիւնը իրապաշտօրէն կարելի չէր պաշտպանել հայկական կազմակերպեալ ռազմական ոյժով` դիմած են եւրոպական կամ ռուսական արքաներու եւ իշխաններու:
Երկու լուսաւորիչներու պարագային ալ իրենց առաքելութիւնը չէ յանգած նպատակադրուած վախճանական հանգուցալուծման, սակայն լուսաւոր ուղի մը թողած են յետնորդ սերունդներուն:
Դժուար է գուցէ պատճառի եւ հետեւանքի զուգորդութիւն մը տեսնել անմիջականօրէն, օրինակ Զէյթունի 1862ի ապստամբութեան եւ Պերլինի 1878ի համաժողովին ամրագրուած բարենորոգումներու պարտադրանքին միջեւ: Սակայն, այդպիսի քանակական կուտակումներ անխուսափելիօրէն յանգած են որակական փոփոխութեանց:
Հետաքրքրական պարագայ մըն է նաեւ բաղդատութիւնը մեր Կիլիկիոյ ազգային օճախի շարժումին եւ Արցախեան պատերազմին: Առաջինին պարագային Պօղոս Նուպար Փաշա եւ Միհրան Տամատեան նուազ դիւանագէտներ չէին երբ ստեղծեցին Հայկական Լէգէոնը Կիլիկեան անկախութեան հեռանկարով: Սակայն, ֆրանսական գաղթային իշխանութեանց դաւադրական արարքի հետեւանքով լէգէոնականները զինաթափուեցան եւ դիւանագիտական ոյժը չզուգորդուեցաւ ռազմական պաշտպանութեամբ. մինչ Արցախի մէջ, անկազմակերպ ռազմական ոյժն անգամ բաւարար եղաւ փրկելու հայկական դիւանագիտութիւնը: Եւ մինչեւ այսօր ալ Հայաստան եւ Արցախ – այս անգամ աւելի կազմակերպ – ռազմական ոյժով կը պաշտպանեն դիւանագիտութիւնը:
Կարելի չէ երբեք հայութիւնը կամ հայկական ղեկավարութիւնը մեղադրել որ չեն կարողացած տեսնել եւ օգտագործել պատմական առիթները: Արդարեւ, անոնք միշտ զգօն գտնուած են պատմական այդ հնարաւորութեանց նկատմամբ, կարգ մը բացառութիւններով հանդերձ, ինչպէս օրինակ Կիլիկեան թագաւորութեան անկումին (1375) եւ Կարսի 1918ի պաշտպանութեան պարագաներուն:
Միւս կողմէ չափազանց հեռատես քաղաքականութիւն կ’ենթադրէր Վանի առաջին ինքնապաշտպանական հերոսամարտը 1896ին, երբ ճակատամարտի յաջող ելքէն ետք 860 արմենական մարտիկներ անգլիական դաւադրութեամբ զոհ գացին Բարդողիմէոս լերան մօտ: Եթէ այդպիսի ոյժ մը պահպանուած ըլլար Վանի մէջ, 1915ին երկրորդ հերոսամարտը, Արմենակ Եկարեանի ղեկավարութեամբ կրնար տարբեր ելք մը ունենալ եւ ռուսական զօրքի հեռացումէն ետք ալ Արամ Մանուկեանի գլխաւորած կառավարութիւն մը կրնար ինքնուրոյն ռազմական ոյժ մը ունենալ կրթնելու եւ շարունակելու իր գոյութիւնը` փոխանակ նահանջելու:
Մենք ամենէն աղիտալի խախտումը որ ունեցանք ռազմական եւ քաղաքական ոյժերու զուգորդութեան մէջ Իթթիհատի հետ հայկական գործակցութիւնն էր: Մէկ կողմէ Գրիգոր Օտեաններու եւ Գրիգոր Զոհրապներու իրաւագիտական ներդրումները, միւս կողմէ յեղափոխական կուսակցութեանց իրագործած նուաճումներն էին որ Իթթիհատին պարտադրեցին պետութեան մէջ ընդգրկելու հայկական ղեկավարութիւնը, որ այդ հանգրուանին չունեցաւ նախագահ Ռեկընի զգօնութեան սկզբունքը` ՙվստահիր բայց ստուգէ՚ (Trust but verify) եւ վար դրինք մեր զէնքերը` խոցելի դարձնելով մեր իրավիճակը: Այդտեղ է որ Իթթիհատը հասցուց մահացու հարուածը:
Գալով աւելի նոր ժամանակներու` շատեր վերապահութեամբ եւ ոմանք ալ քննադատութեամբ դիմաւորեցին հայկական դատի զինեալ պայքարը: Ինչ որակում ալ տրուի այդ պայքարին` ՙահաբեկչութի՞ւն՚ թէ ՙանձնազոհական մարտնչում՚` փաստը կը մնայ ան որ այդ պայքարը հայկական արիւնոտ դատը բարձրացուց Եւրոպայի եւ աշխարհի քաղաքական բեմ: Տարիներու քաղաքական ու դիւանագիտական գործունէութեամբ ցեղասպանութեան փաստի քաղաքական գիտակցութիւնը յանգեցաւ պատմական ճանաչումներու Ֆրանսայէն Գերմանիա, եւ պէտք չէ զարմանալ` մինչեւ Վատիկան: Թող թոյլ տրուի Վատիկանի յապաղած այլ ողջունելի կեցուածքը վերագրել այն պայքարին որ տարուեցաւ եւրոպական աշխարհամասի մէջ:
Գուցէ ոմանք խորհին թէ երեւակայութեան որոշ պրկումով է որ այդ դէպքերը կը կապուին իրարու: Սակայն, իրողութիւնը այն է որ երբ դիւանագիտութիւնը կը պաշտպանուի ռազմական ոյժով արդէն առաքելութիւնը կը դրուի իր հարազատ հունին մէջ, ի վերջոյ յաջողի կամ ոչ:
Այն պատգամը զոր մեզի թողուցին Իսրայէլ Օրի եւ Յովսէփ Էմին` կը մնայ տեսականօրէն առողջ եւ իրապաշտութեան պարագային օգտագործելի:
Խմբագրական Պայքար շաբաթաթերթի, դրօշակակիր պաշտօնաթերթ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան