ՄԵՐ ՌԱԶՄԱԳԻՏԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿԻՑԸ ՈՐՔԱՆՈ՞Վ Է ԴԱՇՆԱԿԻՑ

Կիլիկեան թագաւորութեան անկումէն ի վեր Հայաստան եւ հայ ժողովուրդը միշտ գտնուած են գոյութենական վտանգի առջեւ եւ միշտ իրենց հայեացքը ուղղած են փրկարար ոյժերու. առաջինը` Եւրոպայի եւ ապա` ռուսական կայսրութեան: Իսրայէլ Օրի կենդանի օրինակն է պաշտպաններու եւ փրկիչներու այդ փնտռտուքին, նախ դիմելով եւրոպական իշխանութեանց եւ ապա իր յոյսը թաղելով Ռուսաստանի հսկայ կայսրութեան ձիւներուն ներքեւ:

1828ի Թիւրքմենչայի դաշնագրէն ի վեր Հայաստանի ճակատագիրը եւ անոր վերապրումը անցած են ռուս ցարերու ձեռքը: Որքան ունեցած ենք Ռուսաստանի պաշտպանութիւնը, նոյնքան ալ տուժած ենք այդ պաշտպանութեան առթած թշնամութենէն` եւրոպական պետութեանց եւ մասնաւորաբար օսմանական իշխանութեանց մօտ:

Հայաստանի ճակատագիրը այսօր ալ կանգնած է միեւնոյն քաղաքական կշիռին մէջտեղ:

Թուրքիան եւ Ատրպէյճան որքան հարուածեն  Հայաստանը ու վնասեն անոր` կը փորձեն Արեւմուտքէն վարձատրութիւն ապահովել Ռուսաստանին կամ անոր արբանեակին վնասած ըլլալու յաւակնութեամբ: Հետեւաբար Ռուսաստանը երկսայրի սուր դարձած է Հայաստանի համար:

Վերջին 44-օրեայ պատերազմը շատ բան պարզեց Ռուսաստանի կարողականութեանց եւ Հայաստանին սատարելու անոր տրամադրութեան մէջ: Պատերազմին յաջորդող ինը կէտերով համաձայնագիր-յայտարարութիւնը, որ, իբրեւ թէ արձանագրուած է յաւելեալ արիւնահեղութիւն չպատճառելու համար Հայաստանին` դարձած է խօսուն վկայագիր մը       Մոսկուայի քաղաքական շահերուն:

Այդ պայմանագրով է որ Ռուսաստան իր ռազմական ոյժերը մտցուց Ատրպէյճան, ուրկէ վտարուած էր Կապալայի ռազմական դիտարանի փակումէն ի վեր:

Ռուսաստան երկար ատենէ ի վեր կը փորձէր Ատրպէյճանը ընդգրկել Եւրասիական Տնտեսական Միութեան ծրագրէն ներս: Եւ այսօր կը կարծուի թէ եկած է անոր ժամանակը ինչպէս կը խոստովանի ռուս քաղաքագէտ Ալեքսանտր Տուկինը, որ կ’ըսէ Ատրպէյճանին. «Հիմա որ մենք ապահովեցինք Հայաստանի պարտութիւնը` ալ ժամանակն է որ Պաքուն հատուցանէ այդ ծառայութեան գինը». եւ Մոսկուայի ակնկալութեամբ այդ գինը պիտի ըլլայ նախ Ատրպէյճանի յարումը տնտեսական միութեան եւ ապա` անոր յարումը ռազմական դաշինքին: Մինչդեռ Ատրպէյճան իր ռազմական երաշխաւորութիւնը ապահոված է միանալով Թուրքիոյ:

Ատրպէյճանը սիրաշահելու փորձերը կատարուած են ու կը կատարուին Հայաստանի հաշւոյն. թէ տնտեսական եւ թէ ռազմական դաշինքի անդամակցութիւնը կ’իրականացուի միւս անդամներուն համաձայնութեամբ: Երեւան ուզէ կամ ոչ` Մոսկուա պիտի պարտադրէ այդ անդամակցութիւնը բոլորին, որովհետեւ պարտուած Հայաստանը ոյժեր չունի նոյնիսկ օրինաւոր քուէն արժեցնելու: Մոսկուա այնպէս կը վարուի Հայաստանի հետ որ ալ ան իր գրպանին մէջ է:

Ռուսաստանի շահոյթի հեռանկարներէն մէկն ալ Ատրպէյճանի գրաւած հողերուն տնտեսական վերականգնումին մասնակցելու հեռանկարն է. եւ բան մը որուն կը ձգտին նաեւ Թուրքիան եւ Իրանը:

Ռուսաստանի անզգամ վերաբերումը Հայաստանի նկատմամբ կը դրսեւորուի անով որ ան կը վարանի իրագործել գերիներու վերադարձը, ինչպէս նաեւ հայկական սրբավայրերու պաշտպանութիւնը, որոնք, իբրեւ թէ կը գտնուին նախագահ Փութինի անձնական երաշխաւորութեան ներքեւ:

Գերիներու պարագային նոյնիսկ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իւրացուցած ըլլալ կը թուի Պաքուի պատճառաբանութիւնը թէ մնացեալ գերիները կը դասուին իբրեւ ահաբեկիչներ: Մինչդեռ Եւրոպական Միութիւնէն եկող ձայներ յստակօրէն կը պահանջեն որ գերիները պէտք է ազատագրուին` ե՛րբ որ ալ ըլլայ անոնց գերեվարութեան ժամանակը:

Վտանգաւոր լռութիւն մըն ալ դիմաւորեց Հայաստանը երբ Իլհամ Ալիեւ մէկէ աւելի անգամներ սպառնաց Սիւնիքին, նախ` զայն հռչակելով պատմական ատրպէյճանական հող եւ ապա սպառնալով որ Պաքու պիտի պարտադրէ միջանցքի կառուցումը Հայաստանին` այս վերջինը կ’ուզէ կամ ոչ:

Այս բոլորը կը յանգին Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը վտանգի տակ դնելու: Եթէ Հայաստանի ռազմական դաշնակցութիւնը Ռուսաստանի հետ իր հողային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու համար էր, գոնէ Մոսկուա համապատասխան յայտարարութիւն մը պէտք է կատարեր, զգուշացնելու համար Ատրպէյճանը որ իր սպառնալիքը ուղղուած է նաեւ Ռուսաստանի յանձնառութեան: Սակայն, դժբախտաբար կատարեալ լռութիւն տիրեց այդ պարագային, մտահոգելով Հայաստանի իշխանութիւններն ու բնակչութիւնը թէ որքանով ի զօրու է դաշնագիրը` պաշտպանելու Հայաստանը:

Այս լռութեան քաղաքականութեան աւելի խօսուն արտայայտութիւնները դրսեւորուեցին նաեւ միջազգային հարթակներու վրայ. արդարեւ Եւրոպայի խորհրդարաններու խորհուրդի նիստին ռուսական պատուիրակութիւնը կամ հակառակ արտայայտուեցաւ գերիներու հարցը օրակարգի վրայ դնելու եւ կամ մնաց ձեռնպահ. հակառակ այդ թշնամական վերաբերումին` մեծամասնութիւնը որոշեց որդեգրել գերիներու հարցը օրակարգի վրայ եւ քննարկել:

Միւս դրսեւորումը միջազգային հրապարակի վրայ ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդն էր, որ օրակարգի վրայ դրած էր 44-օրեայ պատերազմը կասեցնելու խնդիրը:

Հարցը յանկարծ վերցուեցաւ օրակարգէն եւ չքննարկուեցաւ: Զրոյցներ շրջեցան թէ ատիկա Անգլիոյ կողմէ սարքուած դաւ մըն էր. սակայն, վերջերս հաստատուեցաւ որ այդտեղ եւս դերակատար հանդիսացած է Մոսկուան:

Այս բոլոր դէպքերուն կուտակումով կը պարզուի քաղաքական յստակ գիծ մը – թէ Մոսկուան տրամադիր չէ կամ կարող չէ պաշտպանելու դաշնակիցին կենսական շահերը: Երկու պարագային ալ` վտանգաւոր կացութիւն:

Հետեւաբար զարմանալի չէ որ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ արմատանան հակառուսական տրամադրութիւնները, եւ բացայայտուին Արեւմուտքի կողմնակիցները: Յունիս 20ի խորհրդարանական ընտրութեանց պատրաստութեան մէջ յստակօրէն կը ձեւաւորուի արեւմտամէտ քաղաքական հոսանք մը. Ազգային Ժողովրդական Բեւեռը եւ Յանուն Հանրապետութեան կուսակցութիւնը արդէն համարձակօրէն կը դրսեւորեն արեւմտեան կողմնորոշումը: Բեւեռէն Տիգրան Խզմալեան արդէն ամերիկեան դրօշով քաղաքական ցոյցի կը մասնակցէր: Այս բոլորը կը բխին այն ներքին վախէն որ ճակատագրական պահուն Մոսկուա կամ պիտի չուզէ կամ պիտի չկրնայ պաշտպանել Հայաստանը:

Նախագահ Պայտընի ցեղասպանութեան ճանաչումը եւս նպաստեց տրամադրութիւններու բարձրացման` դէպի Արեւմուտք: Նոյն ձեւով ալ կը բացատրուի կարգ մը քաղաքական ոյժերու անտեսումը եւ նշանակութեան նուաստացումը այդ ճանաչման:

Իրանի Իսլամական հանրապետութիւնը հզօր երկիր մըն է. այդուհանդերձ կը դիմագրաւէ նոյն կամ նման մարտահրաւէրներ: Իրան անուղղակի դաշնակից է Ռուսաստանին` Արեւմուտքի եւ Թուրքիոյ դէմ: Երկուքն ալ, միացած Իսրայէլի, հակամէտ են կիսելու Իրանի հողային ամբողջականութիւնը, իւրաքանչիւրը` թելադրուած իր շահերէն:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարին վերջերս հրապարակած գաղտնի մէկ զրոյցը կը պարզէ թէ Իրանը եւս հարցականի տակ կը դնէ Ռուսաստանի դիտաւորութիւնն ու ոյժը դաշնակիցներ պաշտպանելու: Արդէն Իրան գտած ըլլալ կը թուի իր լուծումը: Այս բոլոր մտահոգութիւններու ծիրէն ներս Թեհրան վերջերս յայտարարեց որ կնքած է երկարաժամկէտ տնտեսական զարգացման պայմանագիր մը Չինաստանի հետ. 450 միլիառ տոլար արժող տնտեսական զարգացումը պիտի իրականացնէ Չինաստանը. ինչ որ աւելի նշանակալից է` պաշտպանելու համար այդ հսկայ ներդրումը` Փէքին որոշած է իր ռազմական հսկողութեան ներքեւ դնել անոր գործադրութիւնը: Նման զարգացում մը ուղղակի ազդարարութիւն մըն է Իրանի թշնամիներուն:

Իրան ամբողջատիրական երկիր մըն է. կրնայ նման քաղաքականութիւն մը պարտադրել իր բնակչութեան` ապագայ ապահովութեան հաշւոյն: Մինչ Հայաստան բզկտուած եւ պառակտուած երկիր մըն է եւ ի վիճակի չէ միակտուր արտաքին քաղաքականութիւն մը վարելու, այդ ձեւով ապահովելով իր հողային ամբողջականութիւնն ու ապագան:

Եթէ Հայաստանի մէջ նման փորձ մը կատարուի` անպայման հակառակ կողմը կը յաջողի ձախողցնել զայն: Ուրեմն Հայաստանը արտաքին վտանգներէ պաշտպանելու համար` իմաստութիւնը կը սկսի ներքին միասնականութիւնը զօրացնելու կարելիութենէն:

Արդեօք ժամանակը հասած չէ՞ քաղաքական հասունութեան օրինակը քաղելու Իրանէն:

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ