Ա
նցեալ շաբաթ Անգլիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամէրոն Էտինպըրկի մէջ խօսած իր ճառով, հազուադէպ քաղաքական բացայայտումով, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը որակեց «Ալ-Քաէտայի կողմնակից ամբոխավար բռնակալ մը», դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ հովանաւորութեամբ Եւրոպայի մէջ անոր կատարած ահաբեկչութիւնը, ISIS-ի հետ գործակցութիւնը եւ կոչ ուղղեց ամրապնդելու անկլօ-ամերիկեան յարաբերութիւնները:
Ռուսաստանի նախագահ Փութինի առանց վերապահումներու Էրտողանի հանդէպ թշնամական վերաբերմունքը գաղտնիք մը չէ: Ոչ ալ Ֆրանսայի նախագահ Հոլլանտի բացայայտ քննադատութիւնները որեւէ վարկ կը բերեն Էրտողանին: Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Օպաման իր լռութեամբ միայն կ’արտայայտէ իր հակակրութիւնը Էրտողանի նկատմամբ, չարատաւորելու համար իր նախագահութեան վերջին ամիսները եւ չվտանգելու համար Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու ռազմական խարիսխները. իր Արտաքին Քարտուղար Ճօն Քէրրիի միջոցաւ է որ շատ զուսպ կերպով կ’արտայայտուին ամերիկեան վերապահութիւնները Թուրքիոյ եւ Էրտողանի վերաբերեալ: Նոյնիսկ Չինաստանն ու Ճափոնը չզրկուեցան Էրտողանի նետերէն: Տակաւին չենք խօսիր Սուրիոյ, Եւրոմիութեան, Եւրոխորհրդարանի, Եւրոպայի շարք մը այլ երկիրներու (Յունաստան, Իտալիա, Գերմանիա, Զուիցերիա, Հոլանտա եւ ուրիշ երկիրներու) կողմէ յայտնուած մտահոգութիւններուն մասին Էրտողանի նկատմամբ: Վերջին մէկ դարու ընթացքին միայն Հիթլէր մը, Ստալին մը կամ Չաուչէսքու մը հասած են համաշխարհային վարկի այդ տականքները, մինչեւ իրենց անբարունակ վերջաւորութիւնը:
Գալով Հայաստանի եւ Արցախի վերաբերեալ Էրտողանի արտառոց եւ անհաւասարակշիռ արտայայտութիւններուն, օր մը ան կը զգուշացնէ Հայաստանին որ «կրակի հետ չխաղայ», յաջորդ օրը՝ հայերու վշտակից կը դառնայ, մինչդեռ կրակի հետ խաղացողը ի’նք է եւ իր Ատրպէյճանցի զարմիկները, իսկ հայերու պարագային՝ պարզապէս ինքնապաշտպանութեան ազդու միջոցներու կիրարկումն է որ կը կատարուի առայժմ: Պաշտպանութեան առաջին գիծերու վրայ խաղաղ բնակչութեան վրայ կրակոցներ իրագործող Ազերի, ISIS-ի դահիճներու եւ վարձկան այլ ոճրագործներու գրգռութիւնները կը ներկայացուին իբրեւ հայերու կողմէ զինադադարի խախտումներ եւ նախայարձակ քայլեր: Միւս կողմէ, անմեղ բնակիչներ Ազերիներու կողմէ կ’օգտագործուին որպէս վահան, պաշտպանուելու կրակոցներէ: Արցախի հայկական բանակի հրամանատարները կը զգուշացնեն այսպիսի խաղեր չխաղալ:
Այս բոլոր թոհուբոհին մէջ, Ապրիլեան Եղեռնի յիշատակութեան օրերուն, քանի մը րոպէի համար կերպարանափոխուած Էրտողանը յանկարծ բարի կամեցողութեամբ ցաւակցութիւններ կը զեղու. «Պատերազմի օրեր էին, շատ տուժողներ եղան. յիշենք բոլորը…»: Բայց նոյն շունչով կը շարունակէ արտայայտել թէ այսօր Թուրքիոյ մէջ կ’ապրին մօտ 150,000 հայեր, որոնց միայն 50,000-ը Թուրքիոյ քաղաքացի են, իսկ մնացեալ 100,000-ը օտարականներ են եւ ինք պարտաւոր չէ անոնց կեանքի եւ ապահովութեան երաշխաւորը ըլլալ, այսինքն՝ այդ հայերը իր պատանդներն են, որոնց ինք կարող է որեւէ վայրկեան «վտարել» երկրէն: Բայց յաջորդ օրը թիւերը փոխուեցան – ընդամէնը 100,000-էն 50,000-ը քաղաքացի են, եւ մնացեալ 50,000-ը աքսորի ենթակայ պատանդներն են: Ահա անհաւասարակշիռ եւ աննախատեսելի նախագահական սպառնալիք մը, պետական ահաբեկչութիւն մը:
Ամբողջ Եւրոպան, Ռուսաստանը եւ Միացեալ Նահանգները պիտի ուզե՞ն Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնել կամ ի հարկին՝ տնտեսական, նիւթական, զինուորական կամ այլ սեղմումներով պարտադրել որ դադրեցնէ իր պետական ահաբեկչութիւնը, ինչպէս կատարեց Ամերիկան Պարսկաստանի նկատմամբ մինչեւ երկու տարի առաջ, որպէսզի չյորդի եռացող քաղաքական կաթսան եւ խաղաղութիւնն ու բարգաւաճութիւնը վերադառնայ միջին Արեւելքի մէջ:
Տոքթ. Յ. Արզումանեան