ՄՕՏԱԼՈ՞ՒՏ Է ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

Հակառակ տիրող համաշխարհային համաճարակին` աշխարհի տարբեր շրջաններուն կը շարունակուին քաղաքական եռուն գործունէութիւններն ու նոյնիսկ պատերազմական գործողութիւնները. որոշ ոյժեր, ներկայ պղտոր ժամանակները կը փորձեն օգտագործել, երկար ատենէ ի վեր ծրագրուած նպատակներ իրականացնելու եւ կատարուած իրողութիւններ ստեղծելու:

Մեզի համար կարեւորը այն է թէ պէտք է հաստատենք քաղաքական ի՞նչ բարեխառնութեան մէջ կը գտնուի Արցախեան հիմնախնդիրը. հարցը այն է թէ երկու ճակատող ոյժերը – Հայաստանն ու Ատրպէյճանը – ինչպիսի՞ պատրաստութեան մէջ են: Քանի որ պատերազմի ճակատագիրը չ’որոշուիր միայն անոնց տուեալներով. այլ պէտք է նկատի ունենալ եւ վերլուծել շրջանային ու համաշխարհային այլ ոյժերու շահերն ու տրամադրութիւնները: Այդ վերլուծումով միայն կարելի է որոշ առարկայական եզրակացութիւններու յանգիլ:

Հայաստան եւ Ատրպէյճան կը շարունակեն բանակցութիւնները հեռավար կերպով, Մինսքի խումբի հովանաւորութեան ներքեւ. սակայն, հակառակ այդ խումբի համանախագահներուն շարունակական յորդորներուն թէ խնդիրը չունի ռազմական լուծում` նախագահ Ալիեւ կը շարունակէ պատերազմի սպառնալիքը, առանց դոյզն յանդիմանութեան մը ենթարկուելու համանախագահներուն կողմէ: Նոյնիսկ ան վերջերս յայտարարած է թէ 1918ին Հայաստանի Հանրապետութիւնը կայացած է Ատրպէյճանէն խլուած հողերու վրայ:

Նախագահ Ալիեւ վստահաբար ունի ներքին խնդիրներ որոնցմէ կ’ուզէ հեռացնել հանրութեան ուշադրութիւնը. նախ նաֆթի գիներու անկումը ոչ միայն երկրին մէջ ստեղծած է տնտեսական տագնապ մը, այլ սահմանափակած է իր հնարաւորութիւնները միջազգային շուկային վրայ արդիական զինամթերք գնելու: Միւս կողմէ սկսած է հրապարակային դառնալ ներքին խուլ պայքար մը նախիջեւանեան եւ ապշերոնեան խմբաւորումի միջեւ, որուն կը թուի թէ զոհ պիտի դառնայ արտաքին գործոց նախարարը՝ Էլմար Մամետիարովը. անոր պաշտօնատեղին խուժած են վերջերս ապահովութեան ոյժերը եւ ձերբակալած են նախարարին ամէնէն մտերիմ գործակիցներէն մէկը: Զրոյցներ կը շրջին նաեւ նախարարի հաւանական հրաժարման մասին: Մամետիարովը յարգուած դիւանագէտ մըն է որ բաղդատած Ալիեւին եւ պաշտպանութեան նախարարին` աւելի նուազ առիթներով կը դիմէ պատերազմի սպառնալիքին: Պատերազմի սպառնալիքի պաշտօնը առաւելաբար կարծէք վերապահուած է նախագահ Ալիեւին եւ պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովին: Վերջերս Հասանով հրապարակաւ ափսոսանք յայտնած էր որ հայերը նոր զինատեսակներու ապահովումով դժուարացուցած են ատրպէյճանցի դիպուկահարներուն գործը:

Այս բոլորին մէջ ամէնէն վտանգաւոր զարգացումը այն է որ Հասանով աւելի ենթակայ է թրքական սպայակոյտին քան նոյնինքն Ալիեւին: Եթէ թուրքը նկատէ թէ հասունցած են պայմանները ռազմական գործողութեանց ձեռնարկելու` դժուար թէ Ալիեւ կարենայ ընդդիմանալ անոր, մանաւանդ որ վերջնոյն ռազմական ոյժերը տեղակայուած են Նախիջեւանի մէջ, քանի մը լուրջ ռազմագիտական պատճառներով. բացի Հայաստանին սպառնալէ` այդ ոյժերը տեղաւորուած են այնտեղ հակակշռելու համար ռուսական 102րդ ռազմախարիսխը Կիւմրիի մէջ եւ առերեսուելու Իրանի հետ:

Այստեղ աւելի հանգամանօրէն պէտք է անդրադառնալ Թուրքիոյ դերին եւ, անմիջական ու հեռակայ նպատակներուն, որովհետեւ պատերազմը հրահրելու եւ չհրահրելու գործօնը մեծ մասամբ կախեալ է Թուրքիոյ շրջանային ծրագիրներէն:

Թուրքիա գրաւած է Կիպրոսի հիւսիսը 1974էն ի վեր եւ ոչ մէկ ոյժ ցարդ յաջողած է դուրս բերել թրքական ոյժերը այդ կղզիէն: Ան բանակ մտցուցած է Իրաքի եւ Սուրիոյ հողամասին վրայ, հակառակ այդ երկիրներու իշխանութեանց: Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ կը հակակշռէ ռուսական զինոյժը: Հիւրընկալ պետութեանց համաձայնութեամբ ռազմախարիսխներ հաստատած է Քաթարի եւ Սոմալիի մէջ: Իսկ այսօր ճակատումի մէջ է աշխարհի մեծ ոյժերուն դէմ Լիպիոյ մէջ: Անցեալ շաբաթ գրաւեց Թրիփոլին, ոչ միայն վարձկան ոյժերով այլ նաեւ ուղղակի Թուրքիոյ բանակին միջամտութեամբ, եւ Լիպիոյ Ազգային համաձայնական կառավարութեան (որ կը վայելէ ՄԱԿի ճանաչումը) պետը` Ֆայյէզ Սարրաժ կարմիր գորգերով ընդունեց Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը` Հուլուսի Աքարը, որ անձամբ կը ղեկավարէր թրքական ոյժերը: Ասիկա պարտութիւն մըն էր մրցակից Զօր. Խալիֆա Հաֆթարի ոյժերուն, որոնք կը վայելեն պաշտպանութիւնը Ռուսաստանի, Եգիպտոսի, Սուտանի եւ նոյնիսկ ՆԱԹՕի անդամ Ֆրանսայի: Եգիպտոս սպառնացած էր իր բանակով դիմադրել Թուրքիոյ, սակայն այս վերջինը առ ոչինչ նկատեց այդ սպառնալիքը:

Կ’ըսուի թէ Ամերիկա դիտողի դիրքին մէջ է. սակայն, իրականութեան մէջ Ուաշինկթընի կեղտոտ գործերը կատարելու եւ Ռուսաստանի քիթը արիւնելու պարտականութիւնը յանձնուած է Թուրքիոյ, Լիպիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ` Սուրիոյ: Ամերիկա այլեւս մրցակից չի նկատէր Ռուսաստանը, այլ իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է Չինաստանի բարձրացող ոյժին վրայ: Այստեղ եւս Թուրքիա կը փորձէ դեր մը կատարել եւ սկսած է բանակցութեանց` փոխարինելու համար Չինաստանը, երբ նախագահ Թրամփ բացայայտօրէն կը յայտնէ իր նպատակը` խզելու կամ նուազեցնելու իր առեւտրական կապերը Պէյճինկի հետ: Թուրք-ամերիկեան կապերը սկսած են ջերմանալ. պէտք չէ զարմանալ թէ ինչո՞ւ Սպիտակ Տունը ճշդում կատարեց թէ իր քաղաքականութիւնը չէ փոխած հայկական ցեղասպանութեան հարցին նկատմամբ:

Բիւզանդական Այա Սոֆիա տաճարին վերստին վերածումը մզկիթի, աւելի քան խորհրդանշական իմաստ մը ունէր: Ատիկա կը նշէր Ֆաթիհ Սուլթան Մեհմէտ Բ.ի յաղթանակը բիւզանդական կայսրութեան, իմա՛, Արեւմտեան քաղաքակրթութեան դէմ, երբ ան գրաւեց Պոլիսը 1453ին: 1934ին Աթաթիւրք զայն վերածած էր թանգարանի: Այսօր զայն կրկին իսլամացնելու նպատակը նախագահ Էրտողանի պատգամը արձակելն է իսլամական աշխարհին, թէ ինք ստանձնած է իսլամութեան պետի պաշտօնը, կամ Ֆաթիհ Սուլթանի դերը:

Թուրքիոյ համար իսլամութիւնը քաղաքական զէնք մըն է: Վերջերս Թուրքիա սպառնաց Ռուսիան պայթեցնել ներսէն, այնտեղ բնակող 25 միլիոն իսլամներուն միջոցաւ, սակայն Քրեմլինէն համապատասխան հակադարձութիւն չեկաւ:

Վերադառնալով Կովկաս, այնտեղ լարուածութիւնը կը շարունակուի, նոյնպէս նաեւ` ռազմաշունչ հռետորութիւնը: Հայաստանի նախկին իշխանաւորները,ԵԱԽԿի համանախագահներու լոզունգներուն ապաւինած, Պաքուի սպառնալիքներուն դիմաց, անվերջ կը կրկնէին միեւնոյն յանկերգը, թէ Արցախեան խնդրին ռազմական լուծում չկայ: Սակայն, Հայաստանի նոր իշխանութիւնը, շարունակելով հանդերձ բանակցութիւնները, աւելի կը յարի ակն ընդ ական-ի քաղաքականութեան: Նախ Արայիկ Յարութիւնեան, իր նախագահական երդումը կատարած օրը յայտարարեց թէ ոչ ոք կրնար վախցնել Արցախի ժողովուրդը: Իսկ վարչապետ Փաշինեանի խօսնակը` Մանէ Գէորգեան, պատասխանելով Ալիեւի սպառնալիքներուն, յայտարարեց որ եթէ Ատրպէյճան կ’ուզէ ռազմական ճամբով լուծել խնդիրը, ուրեմն Արցախի ժողովուրդը այդ կերպով արդէն լուծած է: Իսկ Զօր. Նորատ Տէր-Գրիգորեանց, որ հայկական բանակի կերտիչներէն մէկն է, յայտարարած է. «Ինքն ագրեսոր է, Թուրքիայի հետ միասին ուզում է այլ տարածքներ գրաւել, ինչպէս դա արեցին Արեւմտեան Հայաստանում, երբ իմ ծնողներիս, հարազատներին ոչնչացնում, վառում էին… Փաշինեանը Ալիեւին թող ասի` զզուացրիք, էլի, պատերազմ էք ուզում` սկսէք, բայց յետոյ չբողոքէք». դիպուկ եւ տեղին:

Իսկ գալով Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Զօր. Վաղարշակ Յարութիւնեանին, ան կը հաստատէ թէ ՙպատերազմը Ատրպէյճանի հետ փաստացի աւարտած չէ՚ եւ ապա կ’աւելցնէ թէ հայկական կողմը, իր տրամադրութեան ներքեւ գտնուած հեռահար հրթիռային համալիրներով կրնայ ոչնչացնել բոլոր թիրախները Ատրպէյճանի մէջ եւ «այդ դէպքում երկրի 2/3րդը կը մնայ ջրի տակ»: Իսկ որո՞նք են այն թիրախները, ըստ Յարութիւնեանի.- «Հակամարտութեան այս տրամաբանութեան մէջ Մինգեչաուրի ջրամբարին, Պաքուի նաֆթային թերմինալին կամ Ատրպէյճանի ռազմավարական օբիեկներին, օրինակ Պաքու-Թբիլիսի-Ջէյհան նաֆթատար եւ Պաքու-Թբլիսի-Էրզրում կազատարներին հարուածելն ընդհանուր առմամբ տեղաւորում է հակառակորդի «ասիմեդրիկ զսպման տեսութեան» մէջ … ոսկէ փամփուշտը պէտք է օգտագործել ոսկերչական ճշգրտութեան հաշուարկով»,«Ի հարկէ, տա Աստուած, որ բանը դրան չհասնի, եւ հայկական կողմը ստիպուած չլինի օգտագործել իր նախավերջին կամ ՙոսկէ փամփուշտը»: Բայց եթէ գործ ունինք այնպիսի անկանխատեսելի կողմի հետ, ինչպիսին Ատրպէյճանն է, պէտք է աչքի առաջ ունենալ ոեւէ սցենար, այդ թւում` վատթարագոյնը՚:

Գալով Ատրպէյճանին, նուազ սպառնալից չէ այդ երկրի պաշտպանութեան նախարարին` Հասանովի խօսքը որ կ’ըսէ. «Որպէս պաշտպանութեան նախարար` ես զեկուցում եմ նախագահ Իլհամ Ալիեւին եւ ողջ Ատրպէյճանի ժողովրդին, որ ատրպէյճանական բանակը պատրաստ է կատարել գրաւուած տարածքներն ազատագրելու` իր առջեւ դրուած առաջադրանքը»:

Հակառակ երկուստեք յայտարարուած մագլցող հռետորականութեան` ռուսաստանցի ռազմական փորձագէտ Վլատիմիր Եւսեյեւը այն կարծիքին է թէ Ատրպէյճանը տարածքներ «կծել-պոկելէ» անդին չի կրնար անցնիլ. ան կ’աւելցնէ. «Ատրպէյճանը կարող է գնալ սահմանափակ զինուած բախման»:

Այս պահի դրութեամբ` կողմերը իրար չափելու փորձին մէջ են. կ’ըսուի թէ Ատրպէյճան 2016ի Ապրիլի պատերազմին դիմած է` մասամբ Հայաստանէն տրուած ներքին նշաններով թէ հայոց բանակի զինուորները սնունդ չունին, թէ հրասայլերը վառելիք չունին եւ ժողովուրդը անօթի է` կը թողու երկիրը: Եթէ այդպիսի ապատեղեկութիւն հաշուի կ’առնուի Պաքուի ռազմական ծրագիրներուն մէջ, ուրեմն, քննադատութիւնները պէտք է խոհեմօրէն կատարուին որ թշնամին չօգտագործէ զանոնք:

Այս իրողութեանց լոյսին տակ բաւական անխոհեմ էր նախկին վարչապետ Հրանդ Բագրատեանի զայրալից յայտարարութիւնը որ «Եթէ ես Ալիեւի տեղն ըլլայի, 4-5 շաբաթէն կը սկսէի պատերազմի»:

Վերեւի նշուած բոլոր զարգացումներն ու ազդակները թոյլ կու տան մեզի եզրակացնելու թէ պատերազմը հաւանական եւ անմիջական վտանգ մըն է որ կը սպասէ կայծի մը:

Անշուշտ հայկական բանակը, ըստ կարելւոյն, պատրաստ է, եթէ պատահի անխուսափելին: Սակայն պատրաստ պէտք է ըլլայ նաեւ ժողովուրդը: Դժբախտաբար, այսօր, ոեւէ ժամանակէ աւելի պառակտուած եւ բեւեռացած է Հայաստանի բնակչութիւնը: Եթէ հայրենիքի սէրը ազդակ մը պիտի չըլլայ միասնականութիւն ստեղծելու երկրին մէջ, գոնէ պատերազմի սարսափը պէտք է պարտադրէ այդ միասնականութիւնը:

 

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ