ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Վերջերս մեծ աղմուկ սկսած են բարձրացնել Հայաստան – Թուրքիա բանակցութիւնները: Առերես «առանց նախապայմաններու» այս բանակցութիւնները արդէն իսկ սկսած են քողարկուած նախապայմանները պարտադրել Թուրքիոյ կողմէ՝ Հայաստանին:
Նկատի ունենալով
- – Թուրք դիւանագիտութեան մեծ փորձառութիւնն ու սադրանքները.
2.- Հայաստանի տկար դիրքը՝ այս բանակցութիւններու ընթացքին:
3.- Հայաստանի բանագնացներու յարաբերական անփորձութիւնը:
4.- Հայաստանի համար «խաղաղութիւն» ապահովելու եւ Հայաստան – Թուրքիա սահմաններու բացումի Հայկական Պետութեան աճապարանքը,
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Գերագոյն Խորհուրդը Հայկական կողմին կը ներկայացնէ իր «Կարմիր Գիծ»երը որոնցմէ անդին ոչ մէկ բանակցութիւն կամ զիջողութիւն ընդունելի չեն հայ ժողովուրդի համար
Կարմիր գիծ պիտի մնան
1.- Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքներու վրայ որեւէ արգելք:
2.- Արեւմտահայաստանի պատմական հողերու եւ արեւմտահայութեան իրաւունքներու ժխտումը անընդունելի է:
3.- Արցախի անկախ գոյատեւումի ժխտումը անընդունելի է:
4.- Արցախի հայ բնակչութեան ինքնակառավարման իրաւունքի հարցը անժխտելի է:
5.- Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմաններու հարցը պէտք է դիտուի Արեւմտեան Հայաստանի գրաւեալ հողերու եւ – կամ Ուիլսընեան Սահմաններու լուսարձակի տակ:
6.- Սիւնիքի շրջանի մէջ հողային ոչ մէկ զիջում – երթեւեկութեան բոլոր միջոցները պէտք է Հայաստանի Պետութեան բացարձակ եւ ամբողջական վերահսկողութեան ներքեւ ըլլան:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Գերագոյն Խորհուրդը միշտ պայքարած է, կը պայքարի եւ պիտի պայքարի Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին գերագոյն շահերը պաշտպանելու ի խնդիր:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան
Գերագոյն Խորհուրդ
Դոկտ. Հրաչ Գույումճեան Վարդգէս Գուրուեան
Ատենապետ Ատենադպիր