ՆԵՐՍԷՆ՝ ՄԱՍՆԱՏՈՒԱԾ, ԴՈՒՐՍԷՆ՝ ՄԵԿՈՒՍԱՑՈՒԱԾ

ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ, Տիթրոյթ, ԱՄՆ

Մինչ Հայաստան ներքնապէս տարուած էր ինքնախարազանման մոլուցքով, անդին կառուցուածքային աշխարհին մէջ տեղի կ’ունենային այնքան արագ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններ, որոնք կը միտէին ձեւաւորել տարածաշրջանային նոր կառուցուածք մը հետագայ տարիներուն համար:

Արեւմտեան պատժամիջոցներէն ձերբազատած Իրանն ու Արեւմուտքին հակադրուելու մղումներով տարուած Թուրքիան, իրենց հայեացքները ուղղած են դէպի Մոսկուա, իսկ նախագահ Փութին առիթէն օգտուելով, վստահաբար պիտի չանտեսեր հրամցուած հնարաւորութիւնը թուլացնելու համար իր երկրին հանդէպ կիրառկուող արեւմտեան պատժամիջոցները:

Այս փոփոխութիւններու եւ վերադասաւորութիւններու պարագային, Հայաստան շատ հաւանաբար կրնար լքուիլ իր բարեկամներէն ու  ռազմավարական դաշնակիցներէն, մինչ Ազրպէյճանը փայլփլող աստղ կրնար դառնալ քաղաքական բնագաւառ

ին մէջ:

Իրադարձութիւններու յաջորդականութիւնը տագնապալի է, խիստ անհանգստացնող: ՌԴ նախագահ Փութինն ու Իրանի նախագահ Ռուհանին Պաքուի մէջ հանդիպում կայացուցին  Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւի հետ բանակցելու տարածաշրջանային զարգացումներու շուրջ եւ զանոնք ամրապնդելու համար: Ապա Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը Մոսկուա կը ժամանէ  իր քաղաքական դիրքերը ամրացնելու համար հիւսիսային իր դրացիին հետ, իսկ վերջաւորութեան  Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւս կը մեկնի Մոսկուա իրազեկ դառնալու համար այդ քաղաքական զարգացումներու  արդիւնքներու մասին:

Պատմականօրէն, Ռուսաստանը, Իրանն ու Օսմանեան Թուրքիան թշնամիներ եղած են եւ կործանարար պատերազմներ մղած Կովկասի վերահսկողութեան տիրանալու համար: Անոնց թշնամանքը այդ հարցին ծիրէն ներս դեռեւս առկայ եղած է ի հեճուկս քաղաքական հաճոյախօսութիւններուն, սակայն համընդհանուր շահերը կը  ստիպեն, որ անոնք, գոնէ ժամանակաւորապէս, մերձենան իրարու:

Մինչ ՆԱԹՕ-ն կը մօտենայ Ռուսաստանի սահմանինՙ Լեհաստանի մէջ տեղադրելով ռազմավարական  յենակէտեր, Մոսկուան կը փորձէ օգտուիլ Թուրքիոյ հետ ՆԱԹՕ-ին հետզհետէ թուլացող կապերէն:

Թուրքիոյ ձախողած յեղաշրջումը «Աստուծոյ ուղարկած պարգեւն» էր.  նոյնինքն Էրտողան այդպէս բնութագրած էր: Այդ գործընթացը իրեն հնարաւորութիւն տուաւ, թէ՛ միջոցը «մաքրազտելու» զինուորական, դատական եւ կրթական ոլորտներու մէջ աշխատողները եւ թէ՛ պատժելու իրեն հանդէպ անհնազանդ գտնուող մարդիկ: Ան նոյնիսկ փորձ կատարեց վերականգելու մահապատիժը, որ իր հերթին մահախօսականը պիտի ըլլար  Եւրոմիութեան անդամակցելու Անգարայի յոյսերուն:

Միւս կողմէ, Էրտողանն ու թրքական բոլոր լրատուամիջոցները կը մեղադրեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները թրքական յեղաշրջման նեցուկ կանգնած ըլլալուն համար: Անոր միակ ապացոյցը՝ առայժմ, Ֆեթուլլահ Կիւլենի պարագան է, որ կ’ապրի Մ. Նահանգներուն մէջ: Էրտողան Ուաշինկթընը մատնացոյց ընելով կ’ըսէր. «Փուչիստը (Կիւլենը) ձեր երկրին մէջ է, եւ դուք կը պատսպարէք զինք ու հոգ կը տանիք իրեն: Այս արդէն փաստ մըն է, եւ դուք չէք կրնար խաբել իմ ժողովուրդս: Իմ ժողովուրդս շատ լաւ գիտէ, թէ ո՞վ ներգրաւուած է այս դաւին  մէջ եւ ո՞վ է գլխաւոր կազմակերպիչը»:

Հակառակ այն իրողութեան որ Թուրքիան կարգ մը  հարցերով (Ասատի ապագան, Ղրիմի պարագան եւ Ղարաբաղի հակամարտութեան) դեռ շատ տարաձայնութիւններ ունի Ռուսաստանին հետ, սակայն ռուսական ինքնաթիռը անկման ենթարկած ըլլալուն համար Ռուսաստանի կիրառկած պատժամիջոցները զգալի վնաս  հասցուցած են Թուրքիային եւ անոր տնտեսութեան, եւ այդ իսկ պատճառով վերջինս կը մերձենայ Ռուսաստանինՙ փորձելով վերակենդանացնել «Թուրքսթրիմի» միջոցով դէպի Եւրոպա կազ մատակարարելու Մոսկուայի ծրագիրը, եւ միեւնոյն ժամանակ խափանելու համար Արեւմուտքի հակառուսական ծրագիրները:

Մեկնաբանելով մերձեցման գործընթացը՝ Պուրակ Պեկդիլը «Gateston Institute»-ի իր կայքին մէջ կը գրէ. «Յարաբերութիւններու բնականոնացումը, դժբախտաբար, չի կրնար տեղի ունենալ լոկ «ներողութիւն խնդրելու» սահմաններուն մէջ: Թուրքիան, լիարժէք բնականոնացման համար, պարտաւոր է ընդունիլ սուրիական պատերազմի ընթացքին ռուս-իրանեան-սուրիական ուղեգիծը, որուն դէմ է եղած ան  նոյնիսկ սկզբնական օրերուն, 2011-էն սկսեալ: Այս կը նշանակէ ընդունիլ արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ եւս պարտութիւն մը  Էրտողանի համար եւ հարկադրուած՝ շրջադարձ կատարել: Բայց ինչքան Անգարան հեռանայ Ուաշինկթոնէն, այնքան աւելի Ռուսաստանին մերձենալու ցանկութիւն պիտի զգայ»:

Հակառակ այն իրողութեան, որ Էրտողանը ներքնապէս կը քանդէ երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող Աթաթուրքի բարենորոգումներու կառոյցը, սակայն ան կը շարունակէ առաջ տանիլ անոր արտաքին քաղաքականութեան  փիլիսոփայութիւնը: Առաջին աշխարհամարտէն ետք, երբ արեւմտեան իշխանութիւնները կը ծրագրէին մասնատել Թուրքիան, Աթաթուրքը Լենինին դիմեց «յառաջդիմական ազատագրական» պայքար սկսելու (Միլլի կուսակցութեան հիմնումը) քողին տակ ռազմամթերք, սնունդ եւ ոսկի ստանալու համար: Ան այդ բոլորը, անշուշտ, օգտագործեց կոտորելու համար Կիլիկիոյ հայերը եւ Զմիւռնիոյ յոյները: Տեսնենք, թէ պատմութեան քաջատեղեակ Փութինը Էրտողանին հետ իր մերձեցման գործընթացին ծիրէն ներս որքան առաջ երթալու տրամադրութիւն ունի. որովհետեւ այդպէս ընելով հանդերձ, զինք կրկին դատապարտելու են հետագային:

Իրողութիւնն այնպիսին էր, որ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպումը պիտի ծառայէր  միայն տնտեսական հարցեր  քննարկելու, ղարաբաղեան հակամարտութիւնը եւս, վստահաբար, տեղ գտած էր օրակարգին մէջ: Արդէն իսկ համաձայնութիւն կայացած էր կառուցելու հիւսիս-հարաւ երկաթուղային գիծ մը, շրջանցելով Հայաստանը:

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող յուզումներն ու իրարանցումը հետեւանք են ղարաբաղեան բանակցութիւններու եւ այդ հարցին շուրջ զարգացումներու մասին տեղեկատուական բացակայութեան: Ամբողջական տեղեկութիւններու պակասին պատճառով, մարդիկ սկսած են ստեղծել  իրենց լուրերը եւ տեսութիւնները առաջ քշելով, կը հիմնաւորուէին կցկտուր փաստերու  կամ ենթադրութիւններու վրայ: Ներկայիս չափազանց շատ են այդ ենթադրութիւնները, որոնց մէկ մասին համաձայն Ղարաբաղը ստիպուած է հինգ կամ եօթ շրջաններ յանձնել ազերիներուն, որոնք հաստատուելով այդ վայրերուն մէջ, արագօրէն բազմանալու են եւ գրաւելու ամբողջ Ղարաբաղը: Այդ պարագային հանրաքուէն միայն ի վնաս կրնայ ըլլալ հայոց: Այնուհետեւ ազերիները ոտնձգութիւններ պիտի սանձազերծեն բուն Հայաստանի նկատմամբ, որ տագնապալի արագութեամբ կը  կորսնցնէ իր ազգաբնակչութիւնը:

Ենթադրական տեսութիւններու միւս մասին համաձայն, ռուսական ռազմակայանին մէջ տեղակայուած արդիական զինամթերքը եւ հրետանին ամբողջովին կը գտնուին ռուսական վերահսկողութեան տակ եւ պիտի չօգտագործուին  Հայաստանի վրայ որեւէ յարձակման ժամանակ, ինչպէս ցոյց տուաւ ապրիլեան պատերազմը:

Այս եւ նման անհիմն տեսութիւններու լոյսին տակ անհրաժեշտ է, որ կառավարութիւնը աւելի թափանցիկ ըլլայ եւ բացայայտէ ճշմարտութիւնը ժողովրդին, ինչքան ալ ան ըլլայ դառն:

Պաքու մեկնելէն առաջ նախագահ Փութին յայտարարեց, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը փոխադարձ զիջումներ պէտք է կատարեն եւ վերջնական կարգաւորման պարագային յաղթողներ եւ պարտուողներ չըլլան, որպէսզի հետագայ սերունդներ երկու երկիրներու մէջ ալ ապրին խաղաղ պայմաններու մէջ: Արտայայտութիւնը շատ  իրապաշտական քաղաքական մօտեցում է, որ ցարդ անտեսուած է:

Հայկական կողմը իր խնդիրներուն համար պարտաւոր է քաւութեան նոխազներ որոնել եւ գտնել: Այդ պատճառով ալ ժողովուրդը ցեխարձակութիւն կը կատարեն կառավարութեան եւ նախագահին վրայ: Ոչ ոք կրնայ ժխտել այն իրողութիւնը, որ երկրին մէջ առկայ է համատարած կաշառակերութիւն, սակայն մի՞թէ ժամանակն է հիմա թուլացնել կառավարութիւնն ու նախագահը, երբ մենք նոր քաղաքական զարգացումներու շեմին ենք:

Հակառուսական զգացումները ծայր աստիճանի սրած են Հայաստանի մէջ: Այս իրողութիւնը բնականաբար պիտի ունենայ իր թէ՛ դրական եւ թէ բացասական հակազդեցութիւնը Ռուսաստանի մէջ: Վերջերս ազգայնական լիպերալ դեմոկրատ կուսակցութեան հիմնադիր Վլատիմիր Ժիրինովսկին արհամարհական խօսքեր շպրտեց հայ ժողովուրդի հասցէին, հակառակ որ անցեալ տարի Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին առիթով ան կը յորդորէր հայերը ներխուժելու Թուրքիա եւ վերատիրանալու պատմական հայրենիքին:

Ճիշտ է, Ժիրինովսկին հանրածանօթ է որպէս ռուսական քաղաքականութեան «ծաղրածու արքայազնը», սակայն, խորքին մէջ, ան հաւանաբար ճիշդ կ’արտայայտուէր ռուսերու իսկական զգացումնները հայերու նկատմամբ:

Հայաստանը արտաքին աշխարհի կողմէ մեկուսացուած է, իսկ ներսէնՙ բաժան բաժան եղած: Հայաստանի վերահսկողութենէն դուրս գոյութիւն ունին որոշ գործոններ, որոնք կ’ազդեն անոր ճակատագրին վրայ: Բայց ներքին միասնութիւնը առաւելութիւն մը ունի, որ մեր ձեռքերուն մէջ է: Եթէ կարենանք միաւորուիլ, հաւանականութիւնը ունինք նաեւ յաղթահարելու արտաքին մեկուսացումը: Այս գուցէ մեր վերջին հնարաւորութիւնը ըլլայ ունենալ-պահպանելու համար անկախ պետականութիւնը:

 

Արեւմտահայերէնի վերածուած

 Armenian Mirror-Spectator