Ո՞Վ ԿՐՆԱՅ ՓՈԽԱՐԻՆԵԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԸ

Երկու տարին բաւարար պէտք էր ըլլար որ Թաւշեայ յեղափոխութիւնը գտնէր իր հունը եւ հաստատուէր. սակայն եկաւ համաճարակը դանդաղեցնելու այդ ընթացքը եւ հատուցանելու խնդիրներ որոնք գոյութեան իրաւունք պիտի չունենային բնականոն պայմաններու ներքեւ:

Երբ Ատրպէյճանը Նախիջեւանի հողամասին վրայ զինավարժութիւններ կը կատարէ թրքական գերարդիական զէնքերով, եւ իր զէնքերու շաչիւններուն համազօր ուժգնութեամբ սպառնալիքներ կը տեղայ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ` Հայաստանի ներքին քաղաքական խոհանոցը եռեւեփումի մէջ է. նոր խմորումներ, նոր զարգացումներ, նոր ցնցումներ կու գան լարուած պահելու հանրութեան ուշադրութիւնը:

Այս կացութեան մէջ նոր իշխանութեան վարկանիշը որ զուգահեռ կ’երթար վարչապետ Փաշինեանի վարկագիծին հետ, սկսած է խաթարուիլ. առաջինը սկսած է որոշ չափով տուժել «Իմ քայլական՚ներու կարգ մը գործարքներուն եւ արարքներուն հետեւանքով, սակայն Փաշինեանի վարկանիշը կը մնայ բարձր ու անոր հեղինակութիւնը` հաստատ, իր անկաշառ վարմունքին պատճառաւ. իր երեկոյեան զրոյցները ժողովուրդին հետ, իր սխալները ընդունելու անկեղծութիւնը եւ իր հաղորդականութիւնը դարձած են այդ վարկանիշի պահպանման ազդակ. ան վերջերս, խորհրդարանին մէջ ելոյթ ունենալով – Մարուքեան-Միքայէլեան բախումէն ետք – ընդունեց որ ատիկա յեղափոխութեան եւ իր անձնական պարտութիւնն է: Ուրիշ առիթով մը երբ լրագրողներ հարց տուին վարչապետի գործակիցներուն կողմէ արձակուած «ասֆալտին փռելու» սպառնալիքներուն մասին, ան, անկեղծանալով ընդունեց թէ անտեղի են անոնք եւ «ինձանից սկսած» պէտք է զսպել զանոնք» ըսաւ:

Այսպիսի խոստովանութիւններ ժողովուրդին համակրանքն ու վստահութիւնը առինքնող ազդակներ են:

Այս բոլորով հանդերձ լրահոսներու մէջ սկսած են շրջագայութեան մտնել հարցականներ թէ Նիկոլը փոխարինելի՞ է այս հանգրուանին: Հանրային Խորհուրդի նախագահը` Ստեփան Սաֆարեան, պատասխանելով հրապարակուած հարցադրումներուն հաստատեց թէ Փաշինեան յաջողած էր իր դիրքը պահել բոլորովին բարդ եւ բազմակողմանի վտանգներով լի քաղաքական իրադրութեան մը մէջ:

Անշուշտ առաջին հարցադրումը եկաւ Միշիկէն` Սերժ Սարգսեանի փեսայ Միքայէլ Մինասեանէն որ սկսած է «դասախօսութեանց» շարք մը սփռել իր խոհանոցէն, անդրադառնալով Հայաստանի կարգ մը գայթակղալի երեւոյթներուն: Եւ որպէսզի ան յաջողի կասկածի որոմը ցանել Փաշինեանի անմիջական գործակիցներու միտքին մէջ` շեշտեց որ փոխարինելու յաւակնութիւն ունեցող անձը կը գտնուի Փաշինեանի շրջանակին մէջ: Միշիկին յաջորդեց Արթուր Վանէցեանը, Ազգային Ապահովութեան Ծառայութեան նախկին պետը, որ կը պատրաստուի իր կուսակցութիւնը կազմել ու մտնել քաղաքական ասպարէզ:

Նիկոլ Փաշինեան արդէն իր ելոյթներէն մէկուն մէջ անկեղծանալով թուեց այն բոլոր կողմերը որոնք յուսախաբ եղած էին իրմէ կամ Թաւշեայ յեղափոխութենէն եւ չվարանեցաւ տալու անոնց շարքը, բաւական յստակ դարձնելով հասցէները. միայն եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու մասին ըրած իր ակնարկութիւնը մնաց անորոշ: Միւս կողմէ դիպուկ էր նշումը «ռուսամէտ»ներուն եւ այն տարրերուն որոնք քալած էին իր հետ յեղափոխութեան ճանապարհին` շահաբաժիններու ակնկալութեամբ:

Նիկոլի կեցուածքը յստակ էր Ռուսաստանի եւ անոր ռազմական խարիսխին մասին, յեղափոխութենէն առաջ, սակայն, երբ իշխանութեան եկաւ` պարտաւորուեցաւ գործել քաղաքական իրապաշտութեամբ, որ, բնականաբար, իր հերթին, յուսախաբութիւն պատճառեց հակառուսերուն:

Իսկ յեղափոխութեան կողմնակիցներուն գալով` ամէնէն խօսուն օրինակը կը վերաբերի Գարեգին Միսկարեանին որ հիմնադիրն է «Քաղաքական Որոշում» սոցիալ դեմոկրատական կուսակցութեան: Յիշեալը վերջերս հրապարակած է յայտարարութիւն մը ուր կ’ըսէ. «Ես` Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի Գարեգին Միսկարեանս, սկսում եմ իմ պայքարը յեղափոխութեան ամպիոնից ինձ լկտիաբար խաբած քաղաքական թիմի եւ յեղափոխութեան ինքնահռչակ առաջնորդ, պոպուլիստ, ստախօս Նիկոլ Փաշինեանի դէմ»:

Եթէ ոչ միեւնոյն բառամթերքով բայց նոր զայրոյթով լիցքաւորուած քանի մը այլ խումբեր եւս աճապարանքի մէջ են համտեսելու յեղափոխութեան պտուղները:

Նիսկարեանին նման դատաիրաւական համակարգը բարեփոխելու ձգտող խմբաւորում մըն է փաստաբան Նորայր Նորիկեանի կազմած մտաւորականներու խումբը, որ կը կոչուի «Արդար Հայաստա» նախաձեռնութիւն, կուսակցութեան վերածուելու յաւակնութիւններով:

Բոլորին բողոքը այն է որ յեղափոխութիւնը չկարողացաւ երկու տարուան ընթացքին բարեփոխել Սահմանադրական Դատարանը:

Եթէ լսէք քաղաքագէտ Լեւոն Շիրինեանը եւ Ազգային Ժողովի անդամ Արման Բաբաջանեանը` վարչապետ Փաշինեան վաղուց կիցով դուրս շպրտած պէտք էր ըլլար Սահմանադրական Դատարանի անդամները, առանց օրէնքներու նրբութեանց երթալու: Այս վերջինը մանաւանդ ձեռնարկած է առանձին խաչակրութեան մը` ուղղուած դատաւորներու եւ դատաիրաւական կարգին դէմ. գործածուած լեզուն շատ հեռու է քաղաքագէտի լեզուէն, իսկ ոգին ու դիտաւորութիւնը աւելի մարտական:

Իսկապէս ալ երկարեցաւ Սահմանադրական Դատարանի փոփոխութեան հարցը: Բաբաջանեանին եւ այլ ծայրայեղականներուն համար լաւի ու վատի զատորոշումը կատարելու միակ չափանիշը այն է թէ յիշեալ դատաւորները գործա՞ծ են նախկին վարչակարգի օրերուն. որակի ու վաստակի ուրիշ չափանիշ չկայ. այդ չափանիշներով ալ կ’ուզեն դաստիարակել հասարակութիւնը, ուր միամիտներ կու գան թութակի նման կրկնել` իրենց հրամցուածը:

Փաշինեան փորձեց հանրաքուէով կատարել փոփոխութիւնը, որ սակայն չյաջողեցաւ համաճարակի պատճառաւ. հիմա խնդիրը յղուած է Վենետիկի Յանձնաժողովին. եթէ Հայաստան կը փափաքի յարգելի տեղ մը ունենալ միջազգային հասարակութեան մօտ, պէտք է գործէ այդ հասարակութեան չափանիշերով: Փաշինեան գիտակից է այս իրողութեան եւ կը ջանայ ճշդել Հայաստանի տեղը այդ հասարակութեան մէջ:

Յեղափոխական թեւին մէջ գործող ուրիշ խումբ մը եւս կազմուեցաւ Ազգային Ժողովրդական Բեւեռ անուան տակ, ուր ընդգրկուած են տարբեր աշխարհահայեացքի եւ բնաւորութեան տէր տարրեր, որոնք իրարու կը միանան հասարակաց մէկ գործօնով – իրենց անհամբերութեամբ: Այս խմբաւորումին մէջ է Եւրոպական կուսակցութիւնը` ֆիլմարտադրիչ Տիգրան Խզմալեանի գլխաւորութեամբ եւ Սասնայ Ծռեր ծայրայեղական խումբը, ուր Վարուժան Աւետիսեան եւ Ժիրայր Սեֆիլեան անվերջ կը խօսին սպառնալիքներու լեզուով: Շատեր արդէն վաստակ մը ունին բռնարարքներու մէջ եւ իրենց անդամներէն ոմանք դեռ կը գտնուին բանտերու մէջ եւ դատարաններու առաջ: Հմուտ պատմաբան եւ հաւասարակշռուած դիւանագէտ Արա Բաբեան եւս կը պատկանի սոյն խմբաւորման. աւելին` կը կատարէ դերը այդ խումբի գաղափարախօսի:

Այս խումբն էր որ կ’ուզէր օր առաջ յեղափոխութիւնը հասցնել Արցախ, առանց նկատի առնելու այդ տեղի փափուկ կացութիւնը:

Ի դէպ Արցախի վերջին ընտրութիւններն ալ պարզեցին Փաշինեանի չափաւորական, հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնը: Արտաքնապէս Երեւան հաւասար հեռաւորութիւն մը կը պահէր թեկնածուներուն միջեւ, սակայն կասկած չկար որ անտեսանելի քաղաքական գործօնները կը կատարէին իրենց դերը` ցանկացուած արդիւնքը իրականացնելու: Սորոսեան խմբաւորումներ իրենց գրաւը դրած էին Արցախի նախկին արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի վրայ. իսկ ռուսամէտները` Վիդալի Բալասանեանի վրայ. յաղթանակեց ողջախոհութիւնը` յանձին Արայիկ Յարութիւնեանի. սակայն, Սասնայ Ծռերը կը շարունակեն սեղմել իրենց ատամները` օլիկարխ անուանելով Յարութիւնեանը:

Շատ յատկանշական էր Փաշինեանի ելոյթը Արայիկ Յարութիւնեանի նախագահական երդմնառութեան առիթով. ան յայտարարեց թէ` «Արցախի մէջ ոչ յաղթեց յեղափոխութիւնը եւ ոչ ալ` հակայեղափոխականութիւնը». այլ` իրապաշտութիւնը:

Ինչպէս կը տեսնուի` Արցախի մէջ թէ Հայաստանի ներքին քաղաքականութեան մէջ Փաշինեան միշտ կը փորձէ գտնել ոսկեայ միջինը. վարքագիծ մը որ դիւրին չէ պաշտպանել, մանաւանդ ոտքի հանելէ ետք հարիւր հազարաւորներ, որոնք յեղափոխութեան յաջորդ օրն իսկ կ’ուզէին խարոյկի վրայ տեսնել Սերժ Սարգսեանն ու Ռոպերթ Քոչարեանը:

Այդ տրամադրութիւններուն դիմաց սկսած են կազմաւորուիլ նաեւ նախկինները, որոնք ի դէպ, յոյսը չունին վերադառնալու, զարգանալիք ընդդիմութեան դաշտը թողելով ոյժի այլ բեւեռներու. Միշիկը կոչ ըրած է միաւորելու նախկին Էլիտաները, հաւանաբար պաշտպանելու համար Ազգային Ժողովին մէջ որդեգրուած օրինագիծէն որ կը ձգտի ապասեփականացնել ապօրինի կերպով ապահովուած գոյքը:

Փաշինեան իր որդեգրած քաղաքականութեան մէջ պիտի ամրապնդուի հետզհետէ` քանի կ’ենթարկուի բազմակողմանի ճնշումներու: Պէտք չէ մոռնալ որ շրջանային եւ համաշխարհային ոյժեր կը ձգտին իրենց քաղաքական խնդիրները լուծել Կովկասի, եւ` մասնաւորապէս Հայաստանի մէջ. յեղափոխական կառավարութիւնը, խուսափելով այդ շահերու փոթորիկին մէջ, պիտի գտնէ եւ իրականացնէ ազգային շահը:

Կրնանք մեր խօսքը եզրակացնել փաստաբան Սաֆարեանի մէկ վերջին հաստատումով` «Չկայ Նիկոլ Փաշինեան, չկայ իշխանութիւն»:

Առ այժմ:

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ