Այնքան բարդ եւ անորոշ է կովկասեան աշխարհի ռազմաքաղաքական վիճակը որ ամէնէն փորձառու դիւանագէտներն անգամ կը դժուարանան գուշակութիւններ ընելու կամ եզրակացութեանց յանգելու: Եւ Արցախի ճակատագիրը սերտօրէն առնչուած է քաղաքական այդ բարդ իրավիճակին հետ:
Կովկասեան շրջանը ազդեցութեան գօտիներու ռազմադաշտի վերածուած է, եւ Հայաստանի եւ Արցախի ճակատագիրները դարձած են սոսկ մանրադրամ մեծերու այդ ճակատումին մէջ:
Տակաւին վերջերս Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովան յայտարարեց որ Պրիւքսէլը կը փորձէ տկարացնել Ռուսաստանը եւ գրաւել անոր դիրքերը Կովկասի մէջ:
Որքան ալ կողմերը փորձեն համոզել աշխարհը թէ մեծերը կը միջամտեն տարածաշրջանի քաղաքական զարգացումներուն, խաղաղութիւն ապահովելու տարածաշրջանէն ներս, պարզապէս կը քօղարկեն ճշմարտութիւնը եւ թաքցնեն իրենց բուն նպատակները որոնք այլապէս ալ այնքան թափանցիկ են:
Եւրոպական Միութեան նախագահուհին` Ուրսուլա ֆոն Տէր Լայէնը վերջերս յայտարարեց որ Եւրոպական Միութիւնը պատժամիջոցներ սահմանելով Ռուսաստանի դէմ եւ զինելով Ուքրանիան` կը ձգտի խախտել Ռուսաստանի տնտեսական հիմքերը այն աստիճան, որ ան չկարողանայ վերականգնիլ տասնամեակներ ամբողջ: Ինչպէս կը տեսնուի` բուն նպատակը Ուքրանիոյ ժողովուրդին սատարելը չէ, որքան այդ ժողովուրդի արեան հաշուին քաղաքական ու ռազմական յաղթանակներ արձանագրել Ռուսաստանի դէմ:
Այս է նաեւ տիրող տրամաբանութիւնը հայոց պարագային բոլոր կողմերու պահանջները որոնք կը լսուին Արեւմուտքէն ազդարարելով Ատրպէյճանին որ բանայ Լաչինի միջանցքը կամ պարպէ Հայաստանի գրաւեալ տարածքները` կը մնան ձայն բարբառոյ յանապատի: Ատրպէյճան կը շարունակէ փակ պահել միջանցքը եւ յայտարարել աշխարհին որ իրականութեան մէջ բաց է այդ միջանցքը: Իսկ Հայաստանի ռազմական դաշնակիցը` Ռուսաստանի եւ յատկապէս անոր արտաքին գործոց նախարարը` Սերկէյ Լաւրով կը կրկնեն այն միեւնոյն յանկերգը որ կը լսուի Պաքուէն: Մինչ այդ, Արցախի 120,000 հայութիւնը կը պայքարի ողջ մնալ ընդհատուող ելեկտրականութեան եւ կազի հոսանքի պայմաններուն ներքեւ:
Պատճառը որ Ալիեւ կ’անտեսէ արեւմուտքէն հասնող կոչերը այն է որ անոնք հետեւանք չունին. վերջերս ալ Ճոզէֆ Պորել, Եւրոպական Միութեան արտգործ վարիչը յայտնեց թէ ԵՄ-ը պարտաւոր չէ պատժամիջոցներ սահմանելու Ատրպէյճանին:
Որքա՞ն կարելի է դիմանալ Արցախի դաժան պայմաններուն եւ Հայաստանի անորոշ վիճակին ու չփնտռել աւելի մարդավարի ապրուստի միջավայր մը այլուր: Հարց է թէ հայու հայրենասիրութիւնը որքա՞ն կրնայ դիմանալ մարդկային պահանջներու զրկանքին եւ շարունակել կառչած մնալ իր պատմական հողին:
Այս հարցումներուն պատասխանները աւելի ծանօթ են Ալիեւին եւ Էրտողանին. անոր համար է որ Ալիեւ յայտարարած է որ հայերը կը լքեն իրենց պատմական հողը որ մենք կարենանք առանց պատերազմի տիրանալ այդ հողերուն:
Դժբախտաբար քաղաքական բարդ ենթախորքը, Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ, սկսած է սատարել այս իրավիճակին, ջուր հայթայթելով թշնամիին նպատակներուն:
Արցախի իշխանութիւնները իրենց կծկուած հողին վրայ կարծէք թէ լարուած վիճակ մը ունին իրարու մէջ, ինչպէս Հայաստանի առիթ տալով Մոսկուայի որ առանձին-առանձին յարաբերի անոնց հետ եւ կարենայ կիրարկել «բաժնէ որ տիրես»ի քաղաքականութիւնը:
Վերջերս Արցախի քաղաքական հարթակի վրայ խորհրդաւոր կերպով երեւցաւ Ռուբէն Վարդանեանը որոշ յոյս ներշնչելով Արցախի ժողովուրդին որ վերջ կը գտնեն չարաշահումները ներքին քաղաքական մակարդակի վրայ եւ աւելի լայն ճանաչում կը ստանայ Արցախի իրավիճակը միջազգային քաղաքական հրապարակի վրայ, շնորհիւ Վարդանեանի լայն կապերուն: Այդ յուսադրիչ երեւոյթին յաջորդեցին հակասութիւնները Վարդանեանի եւ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի միջեւ. եւ երկուքն ալ յաջորդաբար կանչուեցան Տիզպոն, այսինքն` Մոսկուա, ըստ երեւոյթին` հարթելու կարգ մը տարակարծութիւններ, շրջանցելով Երեւանը: Միայն յստակացումն ու թափանցիկութիւնը պիտի կրնան սատարել Արցախի արդէն բարդ իրավիճակին:
Հաւանաբար շուտով կը պարզուի թէ այդ այցերը Մոսկուա որքանով առնչուած են Պրն. Լաւրովի մէկ անճահ յայտարարութեան հետ, որ, ինչպէս ծանօթ է, կ’արդարացնէր Ատրպէյճանի յարձակումը Հայաստանի եւ Արցախի վրայ: Լաւրովի այդ յայտարարութիւնը բաւական մեծ խռովութիւն ստեղծեց Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանէն դուրս: Զարմանալի չէ որ արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը չսրէր հակառուսական զգացումները Հայաստանի մէջ: Այդ յայտարարութեան յաջորդեց Իկոր Խովայեւի գլխաւորութեամբ ռուսական պատուիրակութեան այցը Երեւան. Պրն. Խովայեւ Մինսքի խումբին համանախագահն է Ռուսաստանի կողմէ, թէեւ, ըստ Մոսկուայի, աւարտած է Մինսքի խումբին առաքելութիւնը: Ի՞նչ պատգամ կրնայ բերած ըլլալ Պրն. Խովայեւ, որ չէզոքացնէ կամ մեղմէ Լաւրովի յայտարարութիւնը որ պատմական եւ իրաւական հետեւանքներ ունի: Այսպէս, Ռուսաստան կը ջանայ համոզել Հայաստանը որ Արցախի կարգավիճակը յետաձգուի ապագայ սերունդներու որոշման: Սակայն, Պրն. Լաւրովի յայտարարութիւնը կը կանխէ ապագայ ամէն կարգավիճակ` ալ ի՞նչ կը մնայ խօսելու կարգավիճակի մասին:
Լաւովի յայտարարութիւնը «Ռուսիայի 24»-ի հարցազրոյցի ընթացքին կը փակէ ամէն դուռ երբ կ’ըսէ թէ պատերազմի միջոցաւ Պաքու տիրացաւ այն հողերուն, որոնք արդէն իրն էին:
Այդ հաստատումով կը յարուցուին երկու այլ խնդիրներ – ա) վերջ կը գտնեն Ռուսաստանի յաւակնութիւնները` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լուծում բերելու եւ բ) Ռուսաստան կը հրաժարի այն սկզբունքէն զոր ընդունած էր, միանալով Մինսքի խումբին: Այս խումբին սկզբունքները խարսխուած էին երեք իրաւական տուեալներու վրայ – հրաժարում ոյժի գործածութենէ` քաղաքական տագնապներ լուծելու, պաշտպանել երկիրներու հողային ամբողջականութիւնը եւ փոքրամասնութեանց ինքնորոշման իրաւունքը: Երբ Լաւրով կ’արդարացնէ Ատրպէյճանի պատերազմը` արդէն խախտած կ’ըլլայ Մինսքի խումբի սկզբունքներէն առաջինը:
Ալիեւ չի կրնար երկար ատեն շարունակել իր ծաւալապաշտական եւ ռազմապաշտ քաղաքականութիւնը առանց ռուսական նեցուկին: Այսօր Լաչինի միջանցքը փակ է Մոսկուային որոշումով` պաշտպանելու համար Ալիեւի քաղաքականութիւնը` սովամահ ընելու Արցախի հայութիւնը կամ հայաթափելու Արցախը: Ի զուր չէ որ բոլոր կոչերը` Լաչինի միջանցքը բանալու` հաւասարապէս ուղղուած են Պաքուին եւ Մոսկուային:
Արցախահայութիւնը յուսահատութեան վերջին գիծին հասցնելը, զարմանալիօրէն դուռ կը բանայ ուրիշ, չակնկալուած լուծումի մը: Երբ վերջերս BBC-ի լրագրողը, Սթիվըն Սեքըր հարցազրոյց մը ունեցաւ Ռուբէն Վարդանեանի հետ, հարց տուաւ թէ ի՞նչ ելք կը փնտռէ Արցախահայութիւնը, բացի երկու կարելիութենէ – կամ հեռանալ այդ հողամասէն եւ կամ ենթարկուիլ ցեղասպանական զտումի: Զարմանալիօրէն Ռուբէն Վարդանեան չառաջարկեց երրորդ լուծումը, որուն վիճակը հասած է` – անջատում` վասն փրկութեան (remedial cessation). սկզբունք մը որով անկախութեան տիրացած են Քոսովոն, Հարաւային Սուտանը եւ Արեւելեան Թիմորը: Այդ սկզբունքը կարելի է իրականացնել երբ ոեւէ ՄԱԿ-ի անդամ երկիր թիկունք կը կանգնի այդ սկզբունքին եւ տուեալ փոքրամասնութեան: Այն օրերուն երբ Հիլըրի Քլինթըն կը պաշտօնավարէր իբրեւ Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարար, այս հարցումը ուղղուեցաւ իրեն եւ իր պատասխանը այն էր որ այդ սկզբունքը կիրարկելի չէ Արցախին, որովհետեւ «պայմանները տարբեր են»: Իրականութեան մէջ, ոչ մէկ տարբերութիւն գոյութիւն ունի Արցախի եւ յիշուած պարագաներու միջեւ. խնդիրը այն է որ սկզբունքը միեւնոյնն է, սակայն, քաղաքական խնդիրները տարբեր են: Այսօր չկայ երկիր մը որ ՄԱԿ-ի մօտ դիմում ներկայացնէ Արցախի անկախութիւն շնորհելու` «անջատում վասն փրկութեան» սկզբունքով:
Թէ ո՞ւր պիտի յանգի Արցախի ճակատագրին այս իրավիճակը` դժուար է կռահել: Արցախի ժողովուրդին հերոսութիւնը բաւարար չէ լուծելու տագնապը: Միակ յոյսը քաղաքական պայմաններու գլխիվայր փոփոխութիւնն է` տեսնել կարենալու համար յոյսի նշոյլ մը:
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ