ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻ՞ՒՆ ԹԷ` ԳՈՎԵՐԳՈՒԹԻՒՆ

Վերջին քանի մը շաբաթներուն ընթացքին սփիւռքի մտաւորական աշխարհը ունեցաւ քանի մը ծանրակշիռ կորուստներ. գրուեցան յիշատակի յօդուածներ որոնք կը բնութագրէին այդ կորուստները իբրեւ «տերեւաթափ» եւ այն «տերեւ»ներուն անկումը դարձաւ այնքան յաճախակի որ ստիպուած ենք որոնելու թէ ո՞ր ծառէն կը թափին այդ տերեւները:

Մօտիկ անցեալի կորուստներէն մէկն էր պայծառ ու գաղափարապաշտ մտաւորական Գասպար Տէրտէրեան, բեղուն գրիչի, ոսկեհունչ հռետորաբանութեան վարպետը. իսկ անմիջական կորուստներու ցնցիչ օրինակներն ալ տուին բանասէր, մատենագէտ ու դաստիարակ Ժիրայր Դանիէլեանն ու ջղուտ գրող եւ պայծառ թարգմանիչ Մարզպետ Մարկոսեանը: Այս անհատականութիւնները ունին այնքան հարուստ կենսագրութիւններ, որոնց անդրադառնալը պիտի ողողէր մեր սիւնակները:

Մատենագիտութիւնը յատուկ նկարագրի արտայայտիչ մտաւորական դաշտ մըն է ուր անհատին միտքը հարուստ գրադարանի մը բնոյթն ունի, ուրկէ կրնան օգտուիլ պատմաբաններ ու գրականագէտներ. այսինքն մատենագէտը ակադեմականներու ակադեմականն է, այն իմաստով որ ան հասարակ ընթերցողի հասանելիութեան մակարդակէն վեր կը մնայ եւ անոր գիտութիւնը կը մատուցուի հասարակութեան այլ մտաւորականներու միջնորդումով: Ժիրայր Դանիէլեան ըլլալով հանդերձ այդ ակադեմականներու ակադեմականը, ունէր նաեւ իր բնութագրութեան մատչելի երեսը, իբրեւ գրող, գրականագէտ, խմբագիր եւ սերունդներու դաստիարակ:

Իր խմբագրութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Շիրակ» ամսագիրը զգեցաւ յատուկ դիմագիծ եւ պարբերաթերթի պատմութեան վերիվայրումներուն մէջ գագաթային հանգրուան մըն էր անոր դիմագծութեամբ յատկանշուող շրջանը:

Դանիէլեանի աքսոր «Շիրակ»էն դէպի «Կամար» պարբերականի խմբագրութիւնը ոսկի կամուրջ մըն էր այն իմաստով որ արդէն խորտակուած էր սովետի երկաթեայ վարագոյրը, առիթ տալով որ սփիւռքահայ եւ հայրենի գրողներ ազատօրէն հրատարակուէին «Կամար»ի էջերուն մէջ Դանիէլեանի ճկուն գրիչին համադրութեամբ:

Դեռ սերունդներ պիտի գան հպարտութեամբ յիշելու Ժիրայր Դանիէլեանի տնօրինութեամբ իրենց ստացած հայեցի եւ մարդկային դաստիարակութիւնը:

Միտքի արտակարգ կարգապահութեան տէր մտաւորական մըն էր Մարզպետ Մարկոսեան: Մասնագիտացած էր բժշկագիտութեան մէջ իր կեանքին մեծ մասը համբերութեամբ անցնելով տարրալուծարաններու մէջ. բայց իր հոգին ողողուած էր գրականութեամբ որ ի վերջոյ պիտի սահմանուէր բոլորանուէր գրողի դիմագիծը:

Մարզպետ Մարկոսեան սուր ու թափանցող միտքի տէր մտաւորական մըն էր ու գիտութեան մարդու ցուրտ դատողութեան կը միացնէր գրականութեան, եւ յատկապէս` հայ գրականութեան պաշտամունքը որ իրեն համար պատարագի մը սրբութիւնն ունէր: Մարզպետը իր «Եռագոյն» երեք հատորներով բնականօրէն պիտի գրաւէ իր ուրոյն դիմագծութեամբ պայծառ անկիւնը սփիւռքահայ գրականութեան մէջ, սակայն ան աւելի եւս պիտի հաստատէ իր հեղինակութիւնը հայ գրականութեան միջազգայնացումով: Արդարեւ, անոր գործակցութեամբը բանաստեղծուհի Տայանա Տէր Յովհաննէսեանի գոյութեան կոչուեցաւ բազմակողմանի հատորը հայ բանաստեղծութեան անգլերէն լեզուով. բայց մանաւանդ աշխարհ եկաւ Թէքէեանի պատկառելի հատորը բանաստեղծին իւրայատուկ բանաձեւումով` «Ըմբոստութիւն Սրբազան» (Sacred Wrath):

Մարզպետը չմոռցուելիք անհատականութիւն մըն էր` իր կճող սրամտութեամբ եւ հայ մշակոյթի, հայ գրականութեան եւ հայ արժէքներուն նկատմամբ իր պաշտամունքին խնկարկութեամբ: Ո՞ւր կը գտնուի հասարակաց գիծը Ժիրայր Դանիէլեանի եւ Մարզպետ Մարկոսեանի – իրենց կրթական կենսագրութիւնը. երկուքն ալ շրջանաւարտներ էին Հ.Բ.Ը.Միութեան Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանէն: Չէինք անդրադարձած թէ կրթական ինչպիսի վառ օճախ մըն էր այդ հաստատութիւնը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած են Արտեմ Փաթափութեանը, իբրեւ առաջին հայ նոպելինակիրը, աշխարհին ծանոյց որ կրթական հզօր հաստատութեան մը արտադրութիւնն էր:

Ժամանակին Պոլսոյ Կեդրոնական եւ Հինդլեան վարժարաններուն շրջանաւարտները մտաւորական դասակարգ մը կը կազմէին ու մտած մեր պատմութեան մէջ: Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեամբ շարունակուեցաւ այդ աւանդութիւնը: Այսօր, երբ Յովակիմեանի դիմագծութիւնը լուծուած է այլ կրթական հաստատութեան հետ, ուշացումով կ’անդրադառնանք թէ ռահվիրայի ինչպիսի դեր կատարած է ան սփիւռքի մտաւորական պատմութեան մէջ. եւ ապա յետադարձ կերպով կը վերադառնանք այն դաստիարակներուն որոնք կերտեցին այս մտաւորական սերունդին դիմագիծը եւ բեղմնաւորեցին անոր վաստակը:

Անուններու շարայարումը միշտ վտանգաւոր արկածախնդրութիւն մըն է, որովհետեւ կը պատահի որ միշտ արժանաւորներ կրնան մնալ դուրսը. այդ լրացումն ալ թողելով ներողամիտ ընթերցողին կ’ուզենք այդ ոսկեշարան սերունդին թւումը սկսիլ ողբացեալ Յակոբ Աքսքալով, որ իբրեւ հոգեբան նուաճած էր համաշխարհային համբաւ. անոր անուան պէտք է յաջորդէ արժանաւոր գրողներու եւ խմբագիրներու սերունդը որ կ’ընդգրկէ- ի միջի այլոց – Յակոբ Սահակեանը, Յակոբ Պօղոսեանը, Վաչէ Սեմերճեանը, Գրիգոր Սաթամեանը, Սարգիս Մինասեանը, Կիրակոս Մինասեանը, Զաւէն Ճապուրեանը, Ռուբէն Թերզեանը, Գրիգոր եւ Յարութ Երէցեանը, Օշին Քեշիշեանը եւ ուրիշներ:

Այս մտաւորական շքախումբին ետին կը կանգնին իրենց դաստիարակները, որոնք տուին իրենց միտքի սերուցքը, առանց գուցէ արժանանալու որեւէ յիշատակութեան. այսպէս Արա Թօփճեան, Գերսամ Ահարոնեան, Վահէ-Վահեան, Զարեհ Մելքոնեան, Սիմոն Սիմոնեան, Բիւզանդ Եղիայեան, Գէորգ Կարպիսեան վարդապետ, Երուանդ Դաւիթեան եւ այլ դաստիարակներ, որոնց կեանքը հատեցաւ մոմի նման, լուսաւորելու այն պայծառ սերունդը որ եկաւ լեցնելու մտաւորական կեանքը սփիւռքի մէկ ստուար հատուածին:

Ժիրայր Դանիէլեանի եւ Մարզպետ Մարկոսեանի կորուստները առիթներ էին ողբալու անոնց մահերը, սակայն նաեւ փառաբանելու այն վաստակը որ անոնք մատուցին սփիւռքի պատմութեան ոսկի շղթային շարունակման:

 

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ