Մինչ Արեւմուտքը մերթ մտահոգութեամբ եւ մերթ հեգնանքով կը մօտենայ Ռուսաստանի «ընդհանուր պետութեա» գաղափարին` գոհունակութեամբ կը դիմաւորէ նկրտումները Թուրքիոյ կողմէ թուրանական կայսրութիւն ստեղծելու նախաքայլերուն: Տակաւին դաս չեղաւ Արեւմուտքին որ Թուրքիան հզօրացնելով զայն կ’առաջնորդէ անկախ գործելու ամենազօրութեան եւ որ առաջին հերթին, անգոսնելու նոյնինքն Արեւմուտքի շահերը: Այդ ուղղութեամբ Թուրքիա տուած է բազում ապացոյցներ, որոնց կարգին կարելի է յիշել Անգարայի կազմակերպած ջարդերը Սուրիոյ մէջ մարտնչող քիւրտերուն, ինչպէս նաեւ ճակատելով Իսրայէլի դէմ որ կը վայելէ Արեւմուտքի – եւ մասնաւորաբար` Ամերիկայի – հոգածութիւնը: Կասկած չկայ որ Թուրքիա իր հզօրացումը օր մը պիտի գործածէ Արեւմուտքի շահերուն դէմ, եւ Արեւմտեան մայրաքաղաքներուն մէջ տիրող ինքնավստահութիւնը թէ կարելի է սանձել Թուրքիան ոեւէ հանգրուանի` իրատեսական չէ:
Ռուսաստան կը փորձէ համախմբել Սովետական Միութեան բաղկացուցիչ նախկին ժողովուրդները` կազմելու համար «Ընդհանուր Պետութիւն» (Union State) եւ ցարդ այդ կազմին մէջ մտնելու ցանկութիւն յայտնած է Ալեքսանտր Լուքաշենքօ, Պելոռուսիոյ վարկաբեկուած նախագահը, որ վերջերս վարկաբեկեց նաեւ Հայաստանը, յայտարարելով` «ոչ ոք պէտք ունի Հայաստանին». ատիկա Նիկոլը հասկցած է թէ Հայաստան ուրիշ ելք չունի` բացի միանալէ «Ընդհանուր Պետութեան»:
Միջազգային դիւանագիտական աշխարհին մէջ Լուքաշենքօ կորսնցուցած է իր օրինականութիւնը նախագահական վերջին ընտրութեանց ընթացքին գործուած ապօրինութեանց պատճառով: Հայաստանի պարտութենէն ի վեր Լուքաշենքօ մեր երկիրն ալ կը նկատէ «Ձախողած Պետութիւն» (Failed State) ու կը հրաւիրէ զայն միանալու «Ընդհանուր Պետութեա»: Կը պարզուի որ Լուքաշենքոյի պատկերացումով – «Ընդհանուր Պետութիւն»ը պիտի համախմբէ միայն պարտեալ եւ յուսահատ երկիրները. Մոսկուա, բնականաբար, Պելառուսիայէն եւ Հայաստանէն անդին կը նայի իր «Ընդհանուր Պետութեան» ծրագրին մէջ, առաջին հերթին Ուքրանիան, ապա նաեւ Վրաստանը ու Միջին Ասիոյ թրքախօս պետութիւնները:
Մինչ Ռուսաստան կաղն ի կողն կը հետապնդէ իր ծաւալապաշտական նպատակները` անդին Թուրքիա դիմած է վճռական քայլերու, Արեւմուտքի բարեացակամ ակնարկին ներքեւ:
Թուրքիա ամէնէն հաստատ քայլը առած եղաւ համախմբելով թրքալեզու պետութիւնները, նախ համախմբումի կառոյցին ներքեւ եւ ապա այդ կառոյցը վերածելով կազմակերպութեան եւ զայն ոգեւորելով Էնվեր փաշայի երազով:
Թէեւ պէտք է ըսել Միջին Ասիոյ այդ երկիրները, իրենց ոյժանիւթով եւ ուրանիումի պաշարներով կռուախնձոր դարձած են մէկէ աւելի երկիրներու միջեւ. ինչպէս` Թուրքիոյ, նոյնպէս նաեւ Ռուսաստանի եւ Չինաստանի միջեւ. ինչպէս վերջերս պարզուեցաւ Ղազախստանի մէջ. արդարեւ, այնտեղ փորձուած պետական հարուած մը շրջելով նախագահ Քասիմ-Ճոմարթ Թոքայեւ իրականացուց իր պետական հարուածը` չեզոքացնելով դէպի Արեւմուտք յարող Նուրուսուլթան Նազարպայեւն ու անոր շրջանակը: Փաստօրէն Թոքայեւ իր երկիրը զետեղեց հիւսիսային արջի թաթին տակ:
Թէեւ Թուրքիա նահանջ մը արձանագրեց Ղազախստանի մէջ սակայն, աւելի կարեւոր քայլ մը յաջողցուց ամբողջութեամբ կուլ տալով Ատրպէյճանը, որ Մոսկուայի հաշիւներով երկար ատենէ ի վեր թեկնածու կը մնար Եւրասիական Տնտեսական Միութեան եւ ՀԱՊԿին (Հաւաքական Ապահովութեան Պետութիւններու Կազմակերպութեան):
Թուրքիա, աջակցելով Ատրպէյճանի, ղեկավարեց 44օրեայ պատերազմը եւ փոխանակ յաղթանակի` նախագահ Ալիեւին յանձնեց միայն պատրանքը յաղթանակին, որովհետեւ փաստը այն է որ յաղթանակը տանողներն էին Թուրքիոյ սպայակոյտը, Փաքիստանի ռազմական օդանաւերը, սուրիացի ահաբեկիչները եւ իսրայէլեան անօդաչու սարքերը: Նախագահ Ալիեւ այս պահուն գինովցած է իրեն հրամցուած յաղթանակով ու աջ ու ահեակ սպառնալիքներ կը տեղայ: Բայց այդ երեւոյթը պէտք չէ ծիծաղելու առարկայ դարձնել, որովհետեւ Թուրքիան – «մէկ ազգ-երկու պետութիւն» լոզունգին տակ գրաւելէ ետք Ատրպէյճանը- իր վերահսկողութեամբ` չափազանց խորամանկ քաղաքականութիւն մը վարել կու տայ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն ու մասնաւորաբար Ալիեւին: Թուրքիա, փաստօրէն գրաւման տակ առնելով Ատրպէյճանը- անոր նաֆթային եւ նիւթական հարստութիւններով հանդերձ – պիտի յաջողի խուսափիլ տնտեսական տագնապէն որ արդէն սկսած էր թակել իր դուռը: Թուրքիա գրաւելով Ատրպէյճանը լիազօրութիւն տուաւ Ալիեւին կողոպտելու երկիրը:
Թուրքիա-Ատրպէյճան միացեալ պետութիւնը պաշտօնականացնելու համար, երկու երկիրները անցնող շաբաթ վաւերացուցին Յունիս 15, 2021ի «Շուշիի Հռչակագիր»ը: Ինչպէս բոլոր նման դաշնագիրները, այս հռչակագիրն ալ կը սկսի այն նախաբանով որ հռչակագիրը «ուղղուած չէ ոեւէ երրորդ կողմ»: Այս եզրը դիւանագիտական տարազ մըն է ձախաւեր կերպով պարտկել փորձելու բուն նպատակը:
Այս հռչակագիրը, առաջին հերթին ուղղուած է Հայաստանի դէմ, որ այսօր անմիջականօրէն կը գտնուի թուրք-ատրպէյճանական թուրին ներքեւ: Հեռատես կերպով եւ ապագայ զարգացումներու հաշուին` ուղղուած է նաեւ Իրանի եւ Ռուսաստանի դէմ:
Իրանի պարագային` Ատրպէյճան, միանալով Թուրքիոյ, զօրացուցած կ’ըլլայ իր յաւակնութիւնները իրանեան Ատրպատականի վրայ, որ նոյնպէս կը գտնուի թրքական թիրախի ներքեւ:
Թուրքիա-Ատրպէյճան միութիւնը փաստօրէն հիմնաքարն է թուրանական կայսրութեան որ պիտի հակադրուի Ռուսաստանի եւ Չինաստանի ծաւալապաշտական նպատակներուն:
Այս հռչակագրի հրապարակումէն ի վեր աւելի ռազմատենչ դարձած է Իլհամ Ալիեւ, վստահաբար Անգարայի ուղղորդութեամբ ան որոշած է հարուած հարուածի ետեւէն հասցնել Հայաստանին որ չյաջողի սթափիլ իր պարտուած վիճակէն:
Գրեթէ ամէն օր սահմանային կրակումներ կը կատարուին Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ահաբեկումի մթնոլորտ մը ստեղծելու եւ հայաթափութեան ընթացքը զօրացնելու: Քրեմլինի արդարացումը այն է որ խաղաղապահ ոյժերը չեն կրնար անհատապէս պաշտպանել իւրաքանչիւր հայ քաղաքացին, մինչդեռ մէկ զգուշացում Ալիեւի` բաւարար պիտի ըլլար վերջ տալու սադրանքներուն:
Ալիեւ կը շարունակէ հրապարակով պահանջել Զանգեզուրի միջանցքը, խլելով Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը Սիւնիքի այդ հատուածէն:
Թէեւ Պրիւքսէլի պայմանաւորուածութեամբ համաձայնութիւն գոյացած միայն երկաթուղիի կառուցման, սակայն Ալիեւ, տուեալ առնելով որ արդէն գրաւած է Սիւնիքը` ծրագիրներ կը մշակէ կառուցանելու ինքնաշարժի ճամբաներ եւ ելեկտրական ցանցեր:
Ըստ ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնանի, Թուրքիա, օգտուելով Ուքրանիոյ տագնապէն, կրնայ փորձուիլ գրաւելու Սիւնիքը:
Երբ մէկ կողմէ կը բարձրաձայնուի թէ Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւնները պիտի ընթանան առանց պայմանի` միւս կողմէ արտաքին գործոց նախարար Մեվլուտ Չաւուշօղլու շարունակաբար կը պնդէ թէ Անգարան իր համաձայնութիւնները պիտի համադրէ Ատրպէյճանի հետ. այդ տրամաբանութիւնը մեզ կ’առաջնորդէ հոն ուր նախապայմաններ գոյութիւն ունին` քանի բացայայտ են Ատրպէյճանի ծրագիրները:
Շուշիի հռչակագիրին զուգահեռ հրապարակուեցաւ Ատրպէյճանի պաշտօնական քաղաքականութիւնը` եղծանելու հայկական յուշարձանները, որոնց թիւը կ’անցնի 1600ը, այն հողերուն վրայ որոնք վերջերս անցան Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ:
Դեկտեմբեր 7ի Եւրոպայի Արդարադատութեան Դատարանի զգուշացումը ոչ միայն չէ զգաստացուցած Ատրպէյճանը, այլ զայն առաջնորդած է աւելի խորամանկ քաղաքականութեան մը. փոխանակ Ջուղայի հազարաւոր խաչքարերու ջարդին նման կործանելու հայկական հոգեւոր մշակոյթի յուշարձանները, Ատրպէյճան որոշած է ջնջել անոնց հայկական արձանագրութիւնները եւ զանոնք վերապիտակել իբրեւ Աղուանական յուշարձաններ:
Պէտք չէ ոգեւորուիլ այն լուրով որ UNESCOի յանձնախումբ մը պիտի այցելէ տարածաշրջան, որովհետեւ ա) նախ այդ կազմակերպութիւնը յայտարարած է որ իր իրաւասութիւնը չէ ճշդել յուշարձաններու ինքնութիւնը, այլ միայն` պաշտպանել. ուրեմն, երբ Ատրպէյճան որոշէ որ հայկական յուշարձանները կը պատկանին աղուաններուն` UNESCO բարեխղճօրէն զանոնք պիտի պահպանէ իբրեւ աղուանական յուշարձաններ. բ) Իլհամ Ալիեւի տիկինը եւ երկրի փոխ նախագահը` Մեհրուպանը, UNESCOի բարի կամքի դեսպան է` Ատրպէյճանի միլիոնաւոր տոլարներու նուէրին դիմաց: Կարելի չէ գուշակել թէ այդ կազմակերպութեան պաշտօնատարները որքա՞ն կը դիմանան Ատրպէյճանի փեթրօտոլարներու գայթակղութեան:
Օր նոր` սպառնալիք նոր: Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պաշտօնապէս յայտարարած են որ շուտով կը պատրաստուին ձերբակալելու Արցախի նախագահը` Արայիկ Յարութիւնեանը: Ատրպէյճան ամէն միջոցի կը դիմէ խափանելու համար Մինսքի համանախագահներու այցելութիւնը տարածաշրջան առարկելով որ Մինսքի խումբը ալ ընելիք չունի, քանի` ինք ռազմական ոյժի միջոցաւ լուծած է Ղարաբաղի հարցը. մինչ Մինսքի համանախագահները կը պնդեն որ տակաւին չէ լուծուած Ղարաբաղի իրավիճակի հարցը որ պէտք է լուծուի բացառաբար խաղաղ բանակցութեանց միջոցով:
Կարելի է հեշտութեամբ պարզել կեղծ բնոյթը այն հաստատումին որ հռչակագիրը ուղղուած չէ ոեւէ երրորդ երկրին` պարզապէս վեր առնելով այն հաստատումը որ կողմերը յանձնառու կը դառնան միասնական ճիգերով պայքարելու Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման դէմ:
Վերեւի գայթակղութեան վրայ վերջերս աւելցուած է ուրիշ մը: Արդարեւ, Ատրպէյճան դիմած է ՄԱԿին քննելու համար Հայկական Հիմնադրամի եւ այլ կազմակերպութեանց հանգանակութիւնները իբրեւ Ատրպէյճանի դէմ ուղղուած խարդաւանք: Երկար ատենէ ի վեր սփիւռքահայութիւնը դարձած էր աչքին փուշը Թուրքիոյ – կ’երեւի այդ փուշը սկսած է անհանգիստ ընել նաեւ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները որոնք դիմած են այդ քայլին:
Կը յուսանք այս բողոքը աւելի խթան մը կը հանդիսանայ քնացած եւ մասնատուած սփիւռքը արթնացնելու եւ հակադարձութեան դիմելու:
Ատրպէյճան մէկ կողմէ կը փորձէ խաղաղութեան պայմանագիր կնքել Հայաստանի հետ, միւս կողմէ դիմելով, վերեւի գրգռիչ սադրանքներուն` միջազգային հանրութեան աչքին դիմաց: Եթէ այդ հանրութիւնը շարունակէ անտարբեր մնալ` մարտահրաւէրը պէտք է վերցնէ հայութիւնը, մայր հայրենիքի մէջ թէ` ի սփիւռս աշխարհի:
Թուրքիա եւ Ատրպէյճան, ձեռք ձեռքի տուած, կը դիմեն դէպի թուրանական կայսրութեան իրականացումը: Շուշիի հռչակագիրը հիմնաքարն է ծրագրուած այդ կայսրութեան:
Թուրքիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տավուտօղլու, – որ Օսմանեան կայսրութեան երազատեսներէն մէկն էր – միշտ կը յայտարարէր որ օսմանեան կայսրութեան մէջ ազգերը կատարեալ համերաշխութեան մէջ կը կենակցէին: Այդ պատկերացումը վստահաբար Սուլթանի գահէն դիտուած էր: Հետաքրքրական է իմանալ որ Պր. Տավուտօղլու արդեօք կարծիքը հարցուցած էր նաեւ սուլթանի արիւնոտ թաթին ներքեւ տառապող ռայա (ստրուկ) ազգերուն:
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ