Այսօր աշխարհի բոլոր քաղաքական շրջանակներու ուշադրութիւնը բնականաբար կեդրոնացած է Ուքրանիոյ պատերազմին վրայ, որովհետեւ գերպետութիւններէն սկսեալ մինչեւ շրջանային փոքր երկիրները կենսականօրէն հետաքրքրուած են պատերազմին պատճառներով, որքան` անոր ելքով:
Ռուսաստանի դառնութիւնն ու վրէժխնդրական զգացումները կը բխին այն փաստէն որ Մոսկուա խաբուած է Արեւմուտքէն եւ կը հետապնդէ Ռուսաստանը նուաստացնելու քաղաքականութիւնը: Արդարեւ, երբ Միխայել Կորպաչեւ կը պայմանաւորուէր նախագահ Ճորճ Պուշի հետ Գերմանիոյ միաւորման մասին` օրուան պետական քարտուղարը` Ճէյմս Պէյքըր վստահեցուցած էր որ Գերմանիոյ վերամիացումէն եւ ՆԱԹՕի կազմին մէջ մտնելէն ետք, ՆԱԹՕն մէկ քայլ անգամ պիտի չյառաջանայ դէպի Արեւելք: Զարմանալիօրէն նման պատմակշիռ յանձնառութիւն մը չէ ամրագրուած թուղթի վրայ, հռչակագիրի ձեւով կամ պայմանագրով: Նոյն շրջանին Ամերիկայի գանձային նախարար Նիքըլըս Պրէյտի առաջարկած է նախագահ Պուշին որ Ռուսաստանը իջեցնէ երրորդ աշխարհի երկիրներու մակարդակին, որպէսզի ան չյաջողի կրկին դառնալ միջազգային ոյժի բեւեռ մը, ինչպէս էր Սովետական Միութիւնը:
Սակայն, հակառակ տրուած հաւաստումներուն ՆԱԹՕն շարունակեց ծաւալիլ Մոսկուայի մականին ներքեւ գտնուող Արեւելեան Եւրոպայի գրեթէ բոլոր երկիրները ընդգրկելով, մօտենալով Ռուսաստանի սահմանակից Ուքրանիոյ, որ իր չէզոքութիւնը կորսնցուցած էր Մայտասնի յեղափոխութեամբ: Յեղափոխութիւն` որ սարքուած էր Ամերիկայի կողմէ:
Ուրեմն, Ուքրանիան ՆԱԹՕի կազմին մէջ ընդգրկելն ու այնտեղ հիւլէական զէնքեր տեղադրելու հեռանկարը` նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ նկատուեցաւ գոյութենական սպառնալիք մը, ինչպէս 1962ին նախագահ Ճոն Քենետի զգացած էր Նիքիթա Խրուշչեւի կողմէ Քուպայի կղզիին վրայ զետեղուած հիւլէական զէնքերու պարագային:
Ճիշդ է որ Ռուսաստան տնտեսապէս ետ կը մնայ Արեւմուտքէն, սակայն, սովետի փլուզումէն ի վեր Ռուսաստան սկսաւ արագօրէն զինուիլ` միջազգային քաղաքական հրապարակի վրայ վերահաստատելու իր կորսնցուցած վարկը:
Ռուսաստան վերագտնելով իր ռազմական հզօրութիւնը սկսաւ գործադրել զայն նախկին սովետի ժողովուրդները համախմբելու: Առաջին հարուածը տրուեցաւ Վրաստանին, անոր կազմէն խլելով Հարաւային Օսեթիան եւ Ապխազիան, Արեւմուտքի անզօր նայուածքին դիմաց:
Վերջերս Ղազախստանի քաղաքականութեան սրբագրումը` ի նպաստ Ռուսաստանին, պէտք է նախաբան մը նկատել այն պատերազմին որ այսօր կը մղուի Ուքրանիոյ մէջ:
Ի՞նչ են Ռուսաստանի նպատակները Ուքրանիոյ մէջ – հաստատել չէզոք կամ բարեկամ իշխանութիւն մը որ սպառնալիք չդառնայ Մոսկուային. ապա` պաշտօնապէս ընդունիլ տալ Քիեւի իշխանութեան որ Խրիմը օրինաւոր մասը կը կազմէ Ռուսաստանին: Այս փաստերը հաստատելէ ետք` շատ հաւանական է որ Ուքրանիան հրաւիրուի եւ դառնալու միութենական պետութիւն որուն թմբկահարն է Պելառուսի վարկաբեկեալ նախագահ` Ալեքսանտր Լուքաշենքօ, որ վերջերս անարգեց Հայաստանը ըսելով. «ո՞վ պէտք ունի Հայաստանին. Նիկոլը անդրադարձաւ որ ուրիշ ընելիք չունի բացի միութենական երկիր մը դառնալ»:
Ինչպէս վերեւը նշեցինք, թէ շրջանային եւ թէ այլ երկիրներ ինչպէս պիտի ազդուին Ուքրանիոյ պատերազմի ելքէն: Նոյնքան եւ նոյնպէս Հայաստան եւս պիտի ազդուի այդ պատերազմէն:
Նախ պէտք է ըսել որ 45 միլիոնանոց այդ երկրին մէջ կ’ապրին 500,000 հայեր: (Տարբեր աղբիւրներ այդ թիւը կը ներկայացնեն 200,000 կամ 300,000): Հայ բնակչութեան կէսը Ուքրանիական հպատակներէ կազմուած է եւ մնացեալ կէսը` նոր գաղթականներէ: Ռուսաստանէն ետք ամէնէն հսկայ գումարները Հայաստան կը ղրկուին Ուքրանիոյ համայնքէն:
Միւս կողմէ Արեւմուտքի կողմէ սահմանուած տնտեսական պատժամիջոցները Ռուսաստանի դէմ, անխուսափելիօրէն պիտի անդրադառնան Հայաստանի տնտեսութեան վրայ, որովհետեւ այդ երկիրը Հայաստանի արտածումներուն համար ամէնէն մեծ շուկան է: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս անդրադարձած են Իրանի դէմ դրուած արեւմտեան պատժամիջոցները, եւ Հայաստան որ բարեկամական կապեր ունի Իրանի հետ, չյաջողեցաւ իր առեւտուրի ծաւալը բարձրացնել Իրանի հետ` հնարաւոր մակարդակի:
Երբ Ռուսաստան կը պատրաստուէր պատերազմի` բազմաթիւ միջնորդութիւններ առաջարկուեցան. Ֆրանսայի նախագահը` Էմմանուէլ Մաքրոն անձամբ այցելեց Մոսկուա, նոյնպէս Գերմանիոյ վարչապետը` Օլաֆ Շոլց: Միջնորդական այս մրցավազգին մէջ ուզեց մասնակցութիւն բերել Թուրքիոյ նախագահը Ռեճեփ Էրտողան իր վարկը բարձրացնելու համար Արեւմուտքի մէջ: Բայց Թուրքիոյ նախագահը անտեսուեցաւ որովհետեւ արդէն դիրքաւորուած էր Մոսկուայի դէմ, դատապարտելով Խրիմի կցումը Ռուսաստանին: Աւելին, երբ Ուքրանիա կը պատրաստուէր ներկայ պատերազմին Թուրքիա անոր վաճառեց այն Պայրաքտարներէն, զորս գործածած էր հայկական ոյժերու դէմ: Նաեւ Անգարա պայմանագիր կնքած էր Ուքրանիոյ հետ միեւնոյն պայրաքտարները համատեղ արտադրելու համար: Թուրքիա լայնօրէն օգտագործեց Պայրաքտարներու համբաւն ու ազդեցութիւնը Արցախի վերջին պատերազմին կապակցութեամբ: Սակայն, Ուքրանիոյ այս պատերազմին առիթով պարզուեցան երկու իրողութիւններ. նախ` այն որ ռուսական ոյժերը յաջողապէս չէզոքացուցին ու պարտութեան մատնեցին այդ պայրաքտարները, իսկ երկրորդ` այն որ արցախեան պատերազմին ընթացքին Մոսկուա հայկական կողմին չտրամադրեց նման պաշտպանողական զէնք, պատճառ դառնալով 3800 հայ զինուորներու մահուան եւ 7-8000 ուրիշներու անդամալուծման:
Նախագահ Ալիեւ ճիշդ պատերազմի նախօրէին փութաց Քիեւ եւ ստորագրեց պայմանագիր մը, որ ունէր նաեւ ռազմական համագործակցութեան պայմաններ: Նոյն ատեն, երբ Արեւմուտքը յայտարարեց որ տնտեսական պատժամիջոցներուն շարքին պիտի դադրեցնէր հիւսիսային Հոսանք 2-ը, որ ռուսական կողմը կը մատակարարէ Գերմանիոյ, Ալիեւ խոստացաւ ինք մատակարարել այդ կազը` դաշունահարելով Ռուսաստանը: Սակայն, զարմանալիօրէն նախագահ Փութին չզայրացաւ, ընդհակառակն, հրաւիրեց Ալիեւը իր մօտ, որ նման համաձայնագիր մըն ալ կնքէ Ռուսաստանի հետ:
Ռուսաստանի այս նախայարձակ պատերազմը ազդանշան մըն է բոլոր նախկին սովետական երկիրներուն: Առաջին հերթին կը տեսնենք որ այդ ազդանշանին անսացող առաջին երկիրը հանդիսացաւ Վրաստանը, որ այնքան հակառուս քաղաքականութիւն մը կը վարէ: Արդարեւ, Թիֆլիսի իշխանութիւնը յայտարարեց որ պիտի չմիանայ Արեւմուտքին, Ռուսաստանը մեղադրելու արշաւին: Այդ ազդանշանը իր անդրադարձը ունեցած պիտի ըլլայ նաեւ Միջին Ասիոյ թրքախօս երկիրներուն վրայ, որոնք ցարդ համակրանքով մօտեցած էին Էրտողանի համաթուրանական ծրագիրներուն:
Այսօր Ուքրանիոյ պատերազմը կը մղուի հիմնաքարը դնելու համար Ռուսաստանի հետ համագործակցութեան մը, որուն առաջին թեկնածուն Պելառուսն է:
Այս նոր զարգացումներու լոյսի տակ Հայաստան եւս կը գտնուի լուրջ երկընտրանքի մը առջեւ. նախ պէտք է հաստատել որ ան անցուց առաջին վտանգը, որովհետեւ, Ռուսաստան կրնար այս պատերազմին մասնակից դարձնել Հաւաքական Ապահովութեան Պետութիւններու Կազմակերպութիւնները (ՀԱՊԿ) եւ հրաւիրել Հայաստանը որ զօրք ուղարկէ Ուքրանիա, ինչպէս ըրած էր Ղազախստանի պարագային: Եթէ Հայաստան մասնակցած ըլլար նման գործընթացի մը, մեծապէս պիտի տուժէր իր վարկը Արեւմուտքի մէջ, ինչպէս ան պատահեցաւ երբ Հայաստան ջոկատ մը ղրկեց Սուրիա ռուսական դրօշին ներքեւ:
Ներկայիս երկրորդ փորձութիւնը այն է որ Հայաստան հրաւիրուի դառնալու միութենական պետութիւն, ինչպէս արդէն Մոսկուա առաջարկած է նախկին նախագահ Ռոպերտ Քոչարեանի բերնով: Այդ պարագային Հայաստան պիտի կորսնցնէ իր ինքնիշխանութիւնը եւ Արեւմուտքէն օգտուելու հնարաւորութիւնը:
Այսօր նոյնիսկ առանց միութենական երկիր դառնալու Հայաստան կը տուժէ Մոսկուայի վարած քաղաքականութենէն, որ միշտ զիջումներ կը կատարէ Ատրպէյճանին ի հաշիւ Հայաստանին: Իսկ երբ Հայաստան իր օձիքը յանձնէ Մոսկուային, այդ քաղաքականութիւնը կրնայ կիրարկուիլ աւելի խիստ կերպով:
Եթէ այսօր Հայաստան հանդէս գայ ի նպաստ Ռուսաստանի կը կորսնցնէ քոմփլիմանթեր քաղաքականութիւն վարելու իր հնարաւորութիւնը. իսկ Արեւմուտքի կողքին կանգնելով այս պատերազմը դատապարտելը բոլորովին դուրս է իր հնարաւորութենէն:
Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ցոյցեր կը կատարուին Ռուսաստանի դէմ եւ ի նպաստ Ուքրանիոյ: Բնականաբար պէտք է մտահոգուիլ ռումբերու ներքեւ տառապող ուքրանացի ժողովուրդին ճակատագրով: Սակայն, կարգ մը հայեր անցած են կարեկցումի այդ գիծը եւ հակառուսական իրենց տրամադրութիւնները հասցուցած են հոն ուր կը պաշտպանեն Զելենսքիի կառավարութիւնը Ուքրանիոյ մէջ, առանց հաշիւ ընելու որ Զելենսքի զէնք մատակարարեց Ատրպէյճանին 44-օրեայ պատերազմին եւ իր ձեռքերուն վրայ կայ հայ զինուորներուն արիւնը: Աւելին ըլլալով պատերազմի աւարտին շնորհաւորեց նախագահ Ալիեւը հայոց դէմ տարած անոր յաղթանակին առիթով:
Կարեկցելով հանդերձ Ուքրանիոյ ժողովուրդին Զելենսքիի նկատմամբ պէտք է վարել այն քաղաքականութիւնը զոր ինք վարեց Արցախի հերոսամարտի նահատակներուն հանդէպ:
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ