Յուլիս 12ին Տաւուշի մարզի ուղղութեամբ շղթայազերծուած ռազմական գործողութիւնները աւելի տարբեր բնոյթի մարտավարութիւն մը կը յայտնաբերեն, որովհետեւ թելադրուած են քաղաքական ուրիշ նպատակներէ: 2016ի ապրիլեան պատերազմը Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական տրամաբանութեան ծիրին մէջն էր, թէ` Պաքուն կը փորձէր «ազատագրել» իրը նկատուող տարածք մը: Սակայն այս անգամուան ոտնձգութիւնը միջազգայնօրէն ճանաչում վայելող Հայաստանի հողին վրայ` աւելի անդին կ’երթայ նախորդ պատերազմի տրամաբանութենէն ու պատճառաբանութենէն: Այս անգամուանը կը հետապնդէ այլ նպատակներ. առաջինը` այն որ նախագահ Ալիեւ Հայաստանի տարածքն ալ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» կը սեպէ. իսկ երկրորդը` այն որ Ատրպէյճան, իր հերթին, իսկ Թուրքիա` անոր կողքին կ’ուզեն փորձութեան ենթարկել կշիռը Հաւաքական Պաշտպանութեան Ուխտին, զոր Հայաստան կնքած է Ռուսաստանի եւ նախկին Սովետական միւս հանրապետութիւններու հետ: Այդ Ուխտին որքան կենդանի ու գործօն ըլլալու հարցը կը հետաքրքրէ որքան թուրքերն ու ազերիները, նոյնքան նաեւ` հայերը: Հայաստանի կողմէ որոշ թերահաւատութեամբ դիտուած է այդ ուխտին տարողութիւնը: Քննարկումներն ու վէճերը կայացած են այն անորոշութեան շուրջ որ եթէ Արցախը ենթարկուի արտաքին յարձակման, այդ պայմանագիրը ի զօրո՞ւ է Արցախի համար: Այդ հարցին պատասխանը միշտ մնացած է բացասական:
Սակայն, այսօր որ յարձակումը կատարուած է ուղղակի Հայաստանի սահմանին վրայ` ո՞ւր է այդ Ուխտին արձագանգը, կամ աւելի ճիշդը` հակազդեցութիւնը:
Ի տես այն լռութեան կամ չէզոքութեան, որ այս Ուխտի ղեկավարութիւնը կը ցուցաբերէ ցարդ, քաղաքագէտ Ռուբէն Մեհրաբեան կը գրէ. «ՀԱՊԿ այս յայտարարութեամբ փորձ է անում ցոյց տալ, թէ ինքը գոյութիւն ունի: Դա իր մօտ ստացւում է, այո, գոյութիւն ունի: Բայց չի ստացւում ցոյց տալ, որ այն գոյութիւն ունի որպէս ռազմական դաշնակից, որովհետեւ այս ամէնը ցոյց է տալիս, որ ՀԱՊԿը որպէս ռազմական դաշինք գոյութիւն չունի: Իր դաշնակցին հրետակոծում են, գնդակոծում են, իր դաշնակիցը մղում է պաշտպանական մարտեր, այդ յարձակումը դատապարտող ոեւէ խօսք չկայ, կայ ընդամէնը բարեսիրական յայտարարութիւն»:
Այս լռութիւնը պէտք է վտանգաւոր նախանշան մը սեպել ապագայի հաշւոյն, որ եթէ ծագի ամբողջական ու լայնածաւալ պատերազմ, արդեօք ՀԱՊԿ կոչուած կառոյցը միեւնոյն կրաւորականութի՞ւնը ցոյց պիտի տայ թէ պիտի կրնայ անցնիլ թուղթէն դէպի գործ, խօսքէն դէպի ռազմի դաշտ:
Այս կեցուածքը ուղղակի արտացոլումն է մեր ռազմական դաշնակից Ռուսաստանի, որուն խօսնակները զգաստութեան խօսք ուղղած են հաւասարապէս կողմերուն եւ պատրաստակամութիւն յայտնած են միջնորդութիւն կատարելու հակամարտող կողմերուն միջեւ: Մինչդեռ Ատրպէյճանի ռազմական դաշնակիցը` Թուրքիան բացայայտօրէն կողմ բռնեց եւ յայտարարեց թէ բոլոր միջոցներով կը զօրակցի Պաքուին:
Եւ արդէն, շան գլուխը թաղուած է այնտեղ: Անցեալին անդրադարձած ենք այս երեւոյթին եւ աւելորդ չէ կրկին անդրադառնալ միեւնոյն հարցին, որ այսօրուան տագնապը քաղաքական ընդհանուր վերադասաւորումի մը անդրադարձն է միջազգային քաղաքականութեան ոլորտին մէջ: Ամերիկա այլեւս երկրորդական ոյժ կը սեպէ Ռուսաստանը եւ Թուրքիոյ պարտականութիւն տուած է զսպելու Մոսկուայի ծաւալապաշտական յաւակնութիւնները, եւ ինք իր ուշադրութիւնը դարձուցած է Չինաստանի վրայ: Եւ Թուրքիա պատասխանատուութեամբ կը կատարէ իր յանձնառութիւնը Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ, ուր փաստօրէն չէզոքացուցած է ռուսական յառաջխաղացքը: Հիմա հերթը եկած է Կովկասին: Այսօրուան գրգռութիւնը միայն Պաքուի նախաձեռնութիւնը չէ. այլ բացայայտ փորձ մըն է Անգարայի կողմէ Ռուսաստանը ներքաշելու կռիւի մէջ եւ ստեղծելու միեւնոյն հակակշռուած իրողութիւնը (stalemate) այնտեղ եւս:
Հետեւաբար, ոյժերու այսպիսի հակամարտութեան մը լոյսին ներքեւ բացատրելի եւ հասկնալի կը դառնայ ՀԱՊԿի լռութիւնը: Թէեւ, Մոսկուա, այս ծուղակէն խուսափելով հանդերձ զգացուց թէ այս կացութեան պորտալարերը ո՞ւր կը գտնուին:
Արդարեւ, երբ Թուրքիա պաշտօնապէս տէր կանգնեցաւ Պաքուի նախայարձակ քաղաքականութեան, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ռուտենքան զգուշացուց Անգարան որ Մինսքի խումբի անդամները իրաւունք չունին կողմնակալ յայտարարութիւններ ընելով սրել դրութիւնը Կովկասի մէջ:
Արտաքին նախանշաններ ցոյց կու տան թէ Ատրպէյճան մատնուած է ներքին որոշ տագնապներու, որոնց մանրամասնութեանց իրազեկ չէ միջազգային հանրութիւնը. սակայն, եթէ Երեւանն ալ կը մնայ նոյնքան անտեղեակ` ատիկա կը մատնէ բաւական վտանգաւոր դրութիւն մը:
Այդ տագնապին հետեւանքով պաշտօնանկ եղաւ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարով, որ 17 տարիներէ ի վեր կը վարէր այդ պաշտօնը եւ բաւական յարգուած դիւանագէտ մըն էր միջազգային քաղաքական շրջանակներէ ներս. անոր պաշտօնանկութիւնը կատարուեցաւ հրապարակով, բաւական անպատկառ սաստումովը նախագահ Ալիեւին:
Կ’ենթադրուի որ Մամետիարովի հրաժարականը կապ ունի ալիեւեան եւ փաշաեւեան խմբաւորումներու հակամարտութեան հետ: Տիկին Մեհրուպան Ալիեւան (Փաշաեւ), որ կը պատրաստուի ստանձնել իր ամուսինէն այդ պաշտօնը, մեծ համակրութիւն չի վայելեր, Անգարայի մէջ. ժողովուրդին կողմէ խորհրդարանի վրայ կատարուած յարձակումն ալ ներքին անհակակշռելի տագնապներու դրսեւորումը կը նկատուի. արդարեւ, Ալիեւ զանգուածները գրգռելով հրապարակ հանած էր Հայաստանի դէմ պատերազմական լոզունգներով, սակայն զանգուածը գնաց յարձակելու խորհրդարանին վրայ:
2016ի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը խորունկ վէրքեր թողուցած էր իր ետին եւ խորունկ հարցեր, մանաւանդ մարդկային եւ հողային դիրքի կորուստներու իմաստով: Այդ պատճառաւ ալ Հայաստանի բանակը պատրաստուած էր լաւագոյն հակահարուածը տալու` նոր նախայարձակման մը առիթով: Եւ տուաւ այդ արժանի հակահարուածը` խուճապի մատնելով ատրպէյճանական բանակը, սպաննելով թշնամի բանակէն ընտրանի առաջնորդներ ու բարելաւելով իր դիրքերը ռազմադաշտի վրայ: Համապատասխան ուժգնութեամբ արտայայտուեցաւ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մինսքի մէջ իր ունեցած ելոյթին ընթացքին. ան յայտարարեց թէ կարելի չէ մեզի հետ ոյժի լեզուով խօսիլ եւ նոյնպէս` միակողմանի զիջումներ պարտադրել: Արդիական ռազմագիտութեան մէջ գերազանցութիւն ցոյց տալով հայկական բանակը խփեց նաեւ անխոցելի նկատուող իսրայէլեան անօդաչու օդանաւը: Այսքանը բաւարար եղաւ բարձրացնելու տրամադրութիւնը Հայաստանի ժողովուրդին, որ այնքան կարիքն ունի այս օրերուն խրախոյսի:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, ցնցուած ըլլալով հայկական բանակի սխրագործութիւններէն, յատուկ պատուիրակութիւն մը ղրկեց Անգարա` խորհուրդ եւ պաշտպանութիւն հայցելու: Ահա այս հանգրուանին է որ կը բարդանայ դրութիւնը: Արդարեւ, հայկական բանակը, այս անգամ եւ նախապէս ալ ցոյց տուած է թէ կրնայ յաջող պաշտպանութիւնը կատարել Հայաստանի եւ Արցախի` Ատրպէյճանի սադրանքներուն դիմաց. սակայն, ոյժերու հաւասարակշռութիւնը կը փոխուի` անմիջապէս որ Թուրքիոյ բանակը յայտնուի պատկերին մէջ: Արդէն այս անգամ սադրանքին բուն նպատակը այդ է. ներքաշել Ռուսաստանը կռիւի մէջ: Եթէ յանկարծ Մոսկուա որոշէ խուսափիլ այդ թակարդէն` Հայաստան կը մնայ ոտքի տակ:
Այս կացութեան մէջ բնաւ ձեռնտու չէ եւ խոհեմ չէ հակառուսական տրամադրութիւնները լարել Հայաստանի մէջ` «Հայաստանը սուվըրէն է, մենք վասալ չենք Ռուսաստանի» շպարային յայտարարութիւններով:
Այսօր որ Հայաստան արձանագրած է ռազմական յաջողութիւն մը` պէտք է այդ յաջողութիւնը ամրապնդէ համաշխարհային հանրային կարծիքին առջեւ: Թուրքիան, իր ոճրային վարքագիծով հանդերձ, արհեստավարժ կերպով կը տանի մամուլի եւ հանրային կարծիքի պայքարը Հայաստանի դէմ: Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի մէջ կը գործեն հանրային կարծիք ստեղծող մասնագէտները Թուրքիոյ հաշւոյն: Այդ մասնագիտական փորձէն կ’օգտուի նաեւ Ատրպէյճանը: Հայոց դատին արդարացիութիւնը, ինքնին, բաւարար չէ պաշտպանելու մեր տեսակէտը համաշխարհային հանրային կարծիքին դիմաց:
Չտարուինք ինքնախաբէութեամբ եւ ընդունինք թէ Հայաստանի եւ սփիւռքի հնարաւորութիւնները շատ հեռու են հակադարձելու թուրք-ազերիական հանրային կարծիքին պատերազմին: Միայն աչքի առաջ ունենալով վերջին վեց ամիսներու փորձառութիւնը, պէտք է համոզուինք որ դեռ շատ հսկայ մարտահրաւէր մը ունինք մենք մեր դիմաց այդ մարզին մէջ. նշենք դէպքեր, օրինակ, արտգործ նախարար Զոհրապ Մնացականեանի ելոյթը BBCի Հարտթոք բաժինէն, վարչապետ Փաշինեանի ճակատումը Գերմանիոյ հեռատեսիլէն Ալիեւի հետ, ու դեռ քանի մը օր առաջ Ալիեւի խորհրդական Հիքմէթ Հաճիէվի ճակատումը վարչապետի նախկին խորհրդական Արսէն Խարատեանի հետ` (Էլ Ճէզիրէ) համեմատաբար անբաւարար ելոյթներ էին միջազգային հանրութեան դիմաց:
Միւս կողմէ օտար աշխարհի մէջ գործող եւ կամ բարեկամ աշխատողները միջազգային մամուլի` չենք կրցած ընդգրկել բաւարար չափով: Պիտի ուզէինք յիշել Մոսկուայի լրատու միջոցներու աստղ Մարկարիտա Սիմոնեանը, որ սակայն, վրդոված գրառում մը կատարած է դիմատետրին մէջ հայկական մամուլի եւ ընկերային ցանցերու մէջ երեւցած հայհոյանքներուն պատճառաւ: Սակայն, Հայաստանի մամուլին մէջ «դաւաճան» հռչակուած է Սիմոնեանը: Ոչ ոք պահ մը խոհեմութիւնը ունեցած է հայելիին մէջ նայելու թէ արդեօք ճշմարտութիւն մը կա՞յ Սիմոնեանի կատարած մեղադրանքին մէջ:
Դժբախտաբար Հայաստանի մամուլը եւ ընկերային ցանցերը գռեհկութեան մրցանիշներ հաստատած են. ընդհանուր կարծիքը այն է թէ ան որ ամէնէն այլանդակ հայհոյանքը կ’արտայայտէ` արդէն յաղթանակը տարած է: Եւ բոլորն ալ կը կարծեն թէ այդ չափանիշը ի զօրու է նաեւ միջազգային հրապարակի վրայ:
Այդ կենցաղը, արտայայտուելու այդ այլասերումը պարտութեան տանող ուղին է. ներքին թշնամին է զոր պէտք է յաղթահարենք: Պարոնեանը վաղուց վճռած է թէ հայհոյանքը փաստի սով է»:
Պէտք է ազգովին իմաստութիւնն ունենանք մեր ռազմական յաղթանակը վերածելու բարոյական յաղթանակի, պատմական ճշմարտութեան յաղթանակի: Մամուլի մէջ հանրային կարծիք ստեղծելու ճամբան իր օրէնքները ունի, իր արդիական միջոցները ունի:
Եւ այդ միջոցները այնքան ազդու են որքան ատրպէյճանական անօդաչու օդանաւեր խփելու հայոց արդիական զէնքերը:
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ