Ռ.Ա.Կ.-Ի ԽՕՍՔԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ
ՀՌՉԱԿԱԳՐԻ ՆԱԽՕՐԷԻՆ
Մեր նախորդ թիւով անդրադարձած էինք Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակագրի 30-ամեակին: Այդ հռչակագրի հրապարակումէն երեք օր առաջ, նոյն խորհրդարանին մէջ, կայացած հանդիսաւոր նիստին իբրեւ առաջին սփիւռքահայ ներկայացուցիչ, յանուն աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ին խօսք առաւ ընկեր Երուանդ Ազատեան, որ բեմ հրաւիրուեցաւ նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք ընկ. Ազատեանի խօսքը.-
Խմբ.
Մեծայարգ Նախագահ Պրն. Լեւոն Տէր Պետրոսեան,
Յարգելի նախագահութիւն եւ պատգամաւորներ,
Երկար դարերու ազատազրկումէն ետք, այս պահուն պատմական երազ մըն է որ կ՛իրականանայ ինծի համար, երբ այս ազատ հողին վրայ կը բարձրանամ Հայաստանի Հանրապետութեան Խորհրդարանի ամբիոնը՝ իմ հարազատ մայրենի լեզուով մտածումներս եւ զգացումներս կիսելու հայ մարդոց պատկառելի այն խումբին հետ, որ իր ձեռքերուն մէջ ունի պատասխանատուութիւնը՝ տնօրինելու ճակատագիրը այս հողին եւ հետեւաբար նաեւ բովանդակ հայութեան։ Այո՛, պատմական երազ մը ինծի համար, ինչպէս Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան որուն վերին ղեկավարութեան անունով հաճոյքը եւ պատիւը ունիմ ողջունելու Ձեզ եւ շնորհաւորելու հանրապետութեան նորընտիր ղեկավարութեան կազմը։
Իբրեւ անհատ թէ կազմակերպութեան ներկայացուցիչ, ինծի համար միշտ նուիրական եղած են հայ ազատագրական պայքարի բոլոր դիւցազունները։ Մեր կազմակերպութիւնը իր կարգին, իր Արմենական թէ Վերակազմեալ արմատներով, հայ ժողովուրդին պարգեւած է հայ ազատամարտի աննկուն հերոսներու պատկառելի հոյլ մը։ Այդ կազմակերպութիւնը՝ նոյնպէս գործնական միջոցներով ողջունած է հայ պետականութեան վերականգնումը այս հողին վրայ։ Արդարեւ, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան օրով ան իր նիւթական ու բարոյական միջոցները ի սպաս դրած է այդ հանրապետութեան, այդ միջոցներէն ամէնէն նշանակալիցը ըլլալով հայրենապաշտպան առաջնորդներէն՝ Տալւորիկի ու Մուշի կտրիճ Միհրան Տամատեան, Հայաստանի այդ օրուան հանրապետութիւնը խորհրդանշող եռագոյն դրօշի պարզումով հռչակած է Կիլիկիոյ հայկական օճախի անկախութիւնը Օգոստոս 6, 1920-ին։
Մեր ռահվիրաններն ու հիմնադիրները Հայաստանի Հանրապետութեան հանդէպ որդեգրած են դրական վերաբերում մը, հակառակ այնտեղ տիրապետող կուսակցութեան սկզբունքներուն եւ անոր վարքագծին հանդէպ իրենց ունեցած վերապահութեան։
Մեր կուսակցութիւնը նաեւ թիկունք կանգնած է Խորհրդային Հայաստանին՝ իր ընդդիմութիւնը յայտնելով հանդերձ անոր ամբողջատիրական վարչաձեւին եւ ընկերվարական գաղափարաբանութեան հանդէպ։ Այդ հայրենապաշտպան ոգիով է որ օդատորմիղ մը կը նուիրէր ան Հայաստանի Հանրապետութեան, միեւնոյն այդ ոգիով կը սատարէր Սասունցի Դաւիթ զօրասիւնին, Բ. Աշխարհամարտի օրերուն։ Այսպիսի անշեղ եւ հետեւողական դիրք մը, հայրենիքի գոյներէն վեր եւ անդին՝ կը բխէր այնտեղ ծուարած ժողովուրդին յաւերժացումը իրականացնելու ազնիւ ու խորունկ տենչէն։ Եւ այսօր հայկական նոր հանրապետութեան կերտումի արշալոյսին, ես կու գամ միեւնոյն այդ երկիւղածութեամբ, հաւատքով ու նուիրումով ձեռք մեկնելու այս իշխանութեան, որ մեր ժողովուրդին ազատ կամքով կու գայ ձեռնարկել այս փոքրիկ հանրապետութիւնը առաջնորդելու ճակատագրական առաքելութեան։
Մեր ժողովուրդը տէր է բազմաթիւ ազնուական արժանիքներու, զորս կը ճանչնանք մենք ու կը հպարտանանք անոնցմով. սակայն, այս պահուն անկեղծ ինքնաճանաչումն է, որ մեզի պիտի բերէ իմաստութիւնը՝ պատմական ու ճակատագրական պահը դիմակալելու գիտակցութեամբ։ Մեր դժխեմ ճակատագրին բերումով պետական հեղինակութիւն կերտելն ու մեր իսկական հերոսները ճանչնալը մեր ժողովուրդի արժանիքներուն առաջին գիծին վրայ չեն գտնուած միշտ, պատճառ դառնալով մեր պետականութեան եւ ազատութեան կորուստին։ Արդարեւ, իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ նստած է արքայ մը՝ յաճախ պատճառ դառնալով որ իբրեւ հաւաքականութիւն մենք չկարենանք միակամ ղեկավարել փոքրիկ երկիր մը։
Ալ հասած է պահը, երբ անհատական ու խմբակցական եսերը պէտք է ենթարկուին մեր հայրենիքի հաւաքականին եսին։ Վերջին 70 կամ 72 տարիներու պատմութիւնը եկաւ ցոյց տալու թէ ո՛չ մէկ անհատ կամ խմբակցութիւն ունի մենաշնորհը՝ հայրենիքի փրկութիւնը իրականացնելու իմաստութեան։
Այսօր մեր դիմաց ունինք ժողովրդային ազատ կամքով ընտրուած խորհրդարան մը եւ խորհրդարանի նախագահ մը, յանձին Պրն. Լեւոն Տէր Պետրոսեանի։ Հետեւաբար, ինչ որ ալ եղած ըլլան մեր վերապահութիւնները, նախասիրութիւններն ու ցաւերը՝ հայրենիքի գերագոյն շահերը կը պահանջեն որ բոլորուինք այդ պետականութեան շուրջ, լծուինք հայրենիքի պաշտպանութեան գործին, զօրացնենք մեր պետական կառոյցները եւ վաղուան յետաձգենք մեր լիամբողջ օգտագործումը՝ վիճելու մեր ազատութեան։
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը արդէն յայտարարած է իր ամբողջական նեցուկը նոր կառավարութեան՝ խոստանալով սատարել անոր կայունացման եւ ամբողջ հանրապետութեան վերակառուցման գործընթացին։ Թէ իբրեւ բարոյական քաղաքացիները այս երկրին եւ թէ իբրեւ ազգային դեմոկրատական կազմակերպութիւն։ Միթէ մենք չունի՞նք նկատողութիւններ ու քննադատութիւններ՝ այս Խորհրդարանէն ներս թէ դուրս գործող անհատներու եւ խմբաւորումներու չափ։ Ի հարկէ որ ունինք։ Սակայն, երբ Հայրենիքը ներքին անկայունութեան եւ արտաքին պաշարման ներքեւ կը գտնուի եւ մեր ամբողջ երկրին ճակատագիրը կը մնայ կախուած մազի թելէ մը՝ միթէ՞ հայրենասիրութիւն պիտի ըլլայ մեր վիճասիրութիւնը դնել առաջին գիծին վրայ՝ անմիջական ու հրատապ հարցերուն վերապահելով երկրորդական տեղ մը։
Այսօրուան հանրապետութիւնը կրնայ դառնալ պատմութեան վերջին պարգեւը մեզի՝ եթէ չունենանք իմաստութիւնը զայն պահպանելու, ազգովին ու հոգեւին բոլորուելով անոր շուրջ։
Հայաստանի նոր պայմանները հնարաւոր կը դարձնեն նոր առաջադրութիւններ իրագործելու։ Արդէն արագ թափով վերագնահատման կ՛ենթարկուին մեր անցեալի հերոսներն ու շքեղ գոյամարտները, մեր եկեղեցին ու եկեղեցականութիւնը։ Հասկնալի կը դառնան չափազանցութիւնները այսօր ազատութեան այս եռուն օրերուն,¬ սակայն, կը հաւատանք որ հետզհետէ արդարութիւնն ու հաւասարակշռութիւնը կու գան փոխարինել այսօրուան խանդավառ զեղումները։
Մենք համոզուած ենք, որ մեր նոր Խորհրդարանը, ազգային արժէքները վերահաստատելու իր տենչին մէջ, պիտի վերականգնէ մեր դասական ուղղագրութիւնը, երբ գործնապէս հնարաւոր դառնայ ան, եւ պատմութեան գիրկը պիտի վերադարձնէ այժմու Աբեղեանական ուղղագրութիւնը, որ ոչ միայն խորացուց անջրպետ մը մեր ժողովուրդի զոյգ հատուածներուն միջեւ, այլ դիմազերծեց մեր լեզուն՝ մեր ժողովուրդը խզելով իր պատմութեան ու մշակոյթի ակունքներէն։
Այսօր բազմաթիւ երկիրներ ու ժողովուրդներ բռնած են վերամիացման ուղին։ Հայ ժողովուրդը ամէնէն աւելի պէտքն ունի միասնականութեան, մենք կ՛ակնկալենք որ մեր այս Խորհրդարանը իր բոլոր նախաձեռնութիւններով անխուսափելի կը դարձնէ այդ միասնականութիւնը, ոչ միայն լեզուի եւ ուղղագրութեան մարզերէն ներս, այլ նաեւ բոլոր ճակատներուն վրայ։ Այդ ուղղութեամբ վճռական դեր մը պիտի կատարէ այս խորհրդարանին որդեգրելիք հռչակագիրը։
Մենք սրտատրոփ կը հետեւինք այս խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցող քննարկումներուն եւ վիճաբանութեանց, եւ արծարծուող հարցերուն շուրջ կ՛ունենանք մեր սեփական խորհրդակցութիւնները ոչ միայն կուսակցական եւ ազգային մեր համապատասխան մարմիններէն ներս, այլեւ մեր մամուլի էջերէն՝ արտերկրի լայն զանգուածներուն հետ։ Ծանօթ ենք նաեւ այն տարբերակներուն, որոնցմէ մէկը կամ անոնց համադրեալ մէկ փոփոխակը պիտի ընդունիք դուք այստեղ, իբրեւ Հռչակագիր ապագայ կարգավիճակի։
Մեզի հետեւող զանգուածները, ինչպէս մենք, ունինք մեր յստակ տեսակէտը համազգային տարողութեամբ այս հարցին շուրջ։ Չենք ուզեր այստեղ առանձնացել հռչակագրի տարբերակներէն մէկը կամ միւսը, սակայն կ՛ուզենք պարզել կարգ մը հիմնական խնդիրներ, որոնք պէտք է լուծում գտնեն որդեգրուելիք հռչակագիրով.¬
ա.- Տեմոկրատական հիմքերով գործող անկախ պետականութեան համար ոչ միայն պահանջ է այսօր անկախութիւնը, այլ մեր ժողովուրդին անկապտելի իրաւունքն է ան։ Եւ մենք աներկբայօրէն կողմ ենք անոր։
բ.- Ազգային անկախ պետականութիւնը թուղթին վրայ արձանագրուած հռչակագիր կամ յայտարարութիւն չէ միայն, այլ, ամէն բանէ առաջ՝ կեցութիւն եւ գործ։ Հետեւաբար, այդ գործին պիտի ձեռնարկենք ազգովին, անյապաղ, յաջորդական հանգրուաններով՝ գործընթացի մը մէջ, զայն քայլ առ քայլ իրականացնելու սեւեռուն՝ նպատակով, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ քաղաքական լիակատար անկախութեան հասնելու իտէալով։
գ.- Իբրեւ իրապաշտ ու գործնապաշտ կազմակերպութիւն, մենք կը խորհինք թէ պէտք չունինք ժամանակէն առաջ անցնելու, ո՛չ ալ անկէ ետ մնալու։ Առնելիք որոշումները պէտք է թելադրուին մեր երկրին ու ժողովուրդին այսօրուան պայմաններէն։ Մենք պէտք չունինք ապաժամ կերպով վար ցատկելու գնացքէն, եթէ այդ ոստումը մեզ պիտի առաջնորդէ կորստեան. ոչ ալ պէտք ունինք մեր յապաղումով խորտակուելու այդ գնացքին հետ։ Այլ պէտք է գիտնանք ժամանակն հանգիստ կերպով վար գալու գնացքէն, մեր ամբողջ ունեցուածքով եւ անկորուստ։
դ.- Քաղաքական իրադրութեանց իրապաշտ քննարկումով մը մենք համոզուած ենք, թէ մեր նոր պետականութիւնը պէտք է յաջողի մեր ամբողջ երկիրը պահել ապահովական¬պաշտպանական համակարգի մը մէջ, որ միեւնոյն ատեն պիտի դառնայ մեր տնտեսական բնական շուկան, ստեղծուելիք նոր շուկաներու կողքին։ Այսուհանդերձ, մեր արիւնալի պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ մեր անկախ եւ ինքնուրոյն կեանքը, կարելի կ՛ըլլայ ապահովել միայն այն ատեն երբ իրականանայ մեր վախճանական սկզբունքը՝ որ է սեփական ռազմական ուժով պահպանել մեր հայրենիքը։
ե.- Մեր նոր պետականութիւնը պէտք է յայտարարել պարզապէս Հայաստանի Հանրապետութիւն, առանց զայն ուղղակի շարունակութիւնը նկատելու 1918-20 թուականներու հանրապետութեան կամ վերջին 70 տարիներու Խորհրդային Հանրապետութեան։ Այս առնչութեամբ հասկնալի կը դառնայ որ վերականգնին անցեալի մեր պետական եւ ազգային խորհրդանիշները, առանց իյնալու անցելապաշտութեան գիրկը։ Մեր ներկայ բարդ ժամանակները արդիական լիցք ու բովանդակութիւն կ՛ենթադրեն մեր խորհրդանիշներուն ու երգերուն մէջ, եթէ քայլ պիտի պահենք այդ ժամանակներուն հետ։
զ.- Մեր կազմակերպութիւնը միշտ դաւանած է թէ մեր ներկայ փոքրիկ Հայաստանը կռուանն է վաղուան մեր մեծ հայրենիքին։ Այդ իմաստով ալ կ՛ակնկալենք մեր նոր պետութենէն ինքզինք յանձնառու նկատել մեր ազգային անժամանցելի իղձերուն եւ անկապտելի իրաւունքներուն։ Մասնաւորապէս ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն ու մեր հողային պահանջատիրութիւնը պէտք է դառնան ինքնուրոյն հայկական պետականութեան մնայուն օրակարգերը. սակայն անոնց հետապնդումի ձեւն ու ժամանակը կրնան որոշել մեր այսօրուան հեռատես ղեկավարները։
* * *
Հայաստանի վերջին երկու տարիներու զարգացումները աւելի միասնական դարձուցին բովանդակ սփիւռքը, որուն մէջ գործող խմբաւորումները, պահելով հանդերձ իրենց առանձին ուղիները, սրբազան ու գերագոյն նպատակ դարձուցած են հայրենիքին օժանդակելու պահանջը, մասնաւորաբար նաեւ թելադրուած երկրաշարժին աւերիչ աղէտէն եւ Արցախի տխուր տագնապէն։ Մենք վստահ ենք թէ ազգային դեմոկրատական պետականութեան վերականգնումով նոր, առողջ եւ շինարար հեռանկար մը պիտի պարզուի նաեւ սփիւռք¬հայրենիք յարաբերութեանց դիմաց։ Վստահ ենք նոր մօտեցումով մը հայրենի նորաստեղծ պետութիւնը պիտի գիտնայ չափել իրական կարողութիւնը (փոթենցիալ) սփիւռքին։
Արեւմտահայութիւնն ու սփիւռքը կը սկսին Հայաստանէն, ուր ժամանակի ընթացքին եկած են հաստատուիլ հարիւր հազարաւոր գաղթականներ Վասպուրականէն եւ սփիւռքի տարբեր անկիւններէն։ Սակայն, յաճախ անոնք չեն արժանացած լիիրաւ քաղաքացիի վերաբերումին, եւ ոչ անպայման եւ միշտ վարչակարգին մեղքով։ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ընտրութիւնը այդ իմաստով եւս բեկում մը կ՛արձանագրէ անցեալէն՝ դէպի աւելի առողջ եւ համահայկական ու պետական վարքագիծ։
Յօգուտ Հայաստանի զօրաշարժի ենթարկուելով սփիւռքը՝ կը շահի ամբողջ հայութիւնը։ Սփիւռքը, սակայն, պետութիւն չէ, այլ տարանջատ միաւորներու հաւաքականութիւն մը, որ կը կենսաւորուի ու կ՛արժեւորուի հայրենի իրականութեան մագնիսական դաշտով։
Հանրապետութեան խորհրդարանի պատմական այս նստաշրջանին կարգ մը սփիւռքահայ կուսակցութիւններ կու գան բացայայտել իրենց գործունէութիւնը հայրենի հողին վրայ այդ կերպով խոշոր հարցական մը պարզելով մեր կուսակցութեան դիմաց։ Արդարեւ, հարց կը տրուի մեզի թէ ե՞րբ ինքզինք պիտի բացայայտէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը։ Սակայն, մեր կուսակցութիւնը, իր տնտեսական առաջին երկու ծրագիրներու իրագործումով եւ մամուլի ներկայացուցիչով՝ փաստօրէն արդէն կը գործէ մայր հողի վրայ։ Սակայն համոզուած ըլլալով որ խորհրդարանը մօտ օրէն արդէն կ՛ընդունի որոշումնագիր՝ օրինականապէս հրաւիրելու սփիւռքահայ կուսակցութիւնները մասնակցելու մեր հանրապետութեան քաղաքական կեանքին՝ այդ պարագային մեր կազմակերպութիւնը կը դառնայ այդ օրէնքը յարգող առաջին կուսակցութիւնը, բացայայտելով իր վերադարձը հայրենիք։
Պատմական այս բարդ ե զգայուն պահուն հայրենիքը պէտք ունի իր բոլոր հատուածներուն եւ զաւակներուն։
Մենք դարձեալ կոչ կ՛ուղղենք բոլորին՝ համախմբուիլ մեր նոր պետականութեան շուրջ, որպէսզի ան կարողանայ մեր երկիրը առաջնորդել դէպի ապահով հանգրուան։
Մեր իմաստուն նախահայրերը այսօր երկինքէն մեզ կը դիտեն՝ հաւատալով որ մենք ազգովին պիտի կարողանանք փրկել մեր երկիրը եւ առաջնորդել զայն դէպի յաւերժութիւն։
Յաջողութիւն Ձեր սրբազան գործին։
ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիազօր Ներկայացուցիչ, Կուսակցութեան Մամլոյ Դիւանի Վարիչ
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ