Ահաւասիկ ուրիշ պայթուցիկ խնդիր մը որուն մասին կարելի չէ խօսիլ ու գրել առանց կիրքի, առանց թիւրիմացութեան, միեւնոյն ատեն խուսափելով կարծրացած մտայնութիւններէ եւ աւանդականօրէն նուիրականացած թիւրիմացութիւններէ:
Որպէսզի կարենանք ընդհանուր պատկերի մը մէջ տեղաւորել մեր պետութեան եւ մեր եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները` պէտք է անդրադառնալ պարագային տարբեր երկիրներու եւ ժողովուրդներու, որոնք կրնան օրինակ հանդիսանալ մեզի:
Իսլամական երկիրներու պարագային կրօնքը վերածուած է քաղաքական զէնքի, որովհետեւ կրօնքը հաւատքի հարց մըն է եւ տուեալ կրօնքի մը հետեւորդները պիտի ընդունին այդ կրօնքի հաւատալիքները, առանց հարցաքննութեան: Սակայն, այն երկիրներուն մէջ ուր կրօնքի ու պետութեան անջատում գոյութիւն ունի, յարաբերութեանց հարցը դրուած է տարբեր հարթակի վրայ: Սակայն այդ չի նշանակեր որ գոյութիւն չունի ներդաշնակութիւն այդ երկուքին միջեւ. նոյնիսկ այդ չի նշանակեր որ երկուքը կրնան յենիլ իրարու, փոխադարձ շահաւէտութեան կամ` տուեալ ժողովուրդի շահուն ի խնդիր:
Օրինակ, Ռուսաստանի մէջ եկեղեցին ունի քաղաքական լուրջ հեղինակութիւն. այդ պատճառաւ է որ Քա Կէ Պէ-ի շարքերուն մէջ հասունցած նախագահ Փութին այնքան կարեւորութիւն կ’ընծայէ Ռուս Ուղղափառ եկեղեց ւոյ: Սովետի փլուզումէն ետք Ռուսաստանի պետութիւնը վերականգնեց Մոսկուայի սիրտին վրայ եղող հզօր տաճարը որ սովետի շրջանին քանդուած էր:
Վրաստանի մէջ Իլիա Բ. պատրիարքը նշանակալից դեր կատարեց Իվանաշվիլիի Վրացական Երազ կուսակցութեան յաղթանակին մէջ, Սաակաշվիլիի անկումէն ետք:
Նոյնիսկ սովետի տարիներուն Մոսկուան տէր կանգնած է ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ շահերուն, Երուսաղէմի մէջ: Նոյնպէս, Օսմանեան պետութիւնը ինքզինք իրաւասու նկատած է Երուսաղէմի մէջ հայ եկեղեցւոյ իրաւունքներուն տնօրինման մասնակցելու, որովհետեւ այդ շրջանի հայ եկեղեցւոյ ամենէն հզօր կեդրոնը Կ. Պոլիս կը գտնուէր, եւ երկար ժամանակ եւ Երուսաղէմը կը գտնուէր անոր ենթակայութեան ներքեւ: Այդ էր պատճառը որ Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը Օրմանեան Սրբազանն ու Վահան Թէքէեանը 1914ին ղրկած էր Երուսաղէմ, միաբանութեան խնդիրները կարգաւորելու:
Պետութիւններ կ’օգտագործեն եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը, շատ մը պարագաներու, իրենց քաղաքական հարցերը լուծելու: Այդպիսի պարագաներուն եկեղեցի-պետութիւն անջատումը կը մնայ սկզբունքային տարազ մը:
Սովետի շրջանին Հայաստանի կառավարութիւնը ունէր Հայց. Եկեղեցւոյ Գործերու խորհուրդ մը: Անոր միջոցաւ սովետները կը փորձէին իրենց քաղաքական օրակարգը գործադրելու, իսկ հայ պետական դէմքերը, համայնավարութեան գլխարկին ներքեւ, կը հետապնդէին իրենց ազգայնական օրակարգը` պաշտպանելով Մայր Աթոռի հեղինակութիւնը, իբրեւ համայն հայութեան համար նուիրական կեդրոն:
Պատմութիւնը հետզհետէ պիտի կատարէ իր զտիչ դերը հաստատելու համար թէ ո՞վ էր գործակալ, ո՞վ էր իսկական հայրենասէր եւ ո՞վ էր պատեհապաշտ այդ օրերուն:
Եթէ սովետները գիտէին եկեղեցւոյ հեղինակութեան արժէքը եւ եթէ սփիւռքի մէջ քաղաքական կուսակցութիւն մը գիտէ իր հաշուոյն ծառայեցնել եկեղեցին, հետեւորդներ ապահովելու եւ իր նիւթական աղբիւրները ստեղծելու, ուրեմն հասկնալի պիտի ըլլայ Հայաստանի պետութեան համար այդ տուեալներով մօտենալու եկեղեցւոյ եւ զայն օգտագործելու (եւ ոչ` չարաշահելու) ի նպաստ հայրենիքին:
Անկախութեան հռչակումէն ի վեր երկրին իշխանաւորները, առանց բացառութեան, ո՛չ հասկցան եկեղեցւոյ դերը, ոչ Օրմանեան կարդացին ոչ ալ գիտցան թէ ո՞վ է Օրմանեանը:
Լեւոն Տէր Պետրոսեան, գլուխ-գործոց միամտութեամբ մը, կարծեց եկեղեցւոյ բաժանման հարցը լուծել կախարդական ցպիկով մը, Գարեգին Բ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը Էջմիածին բերելով եւ աւելի հզօր հեղինակութեան մը ճամբան հարթելով Անթիլիասի մէջ: Իսկ Տէր Պետրոսեանի յաջորդները Ամենայն Հայոց Հայրապետը ուզեցին արարողակարգային զարդի տեղ գործածել. եւ այդ պատճառաւ չէ՞ր որ Էջմիածնի Գարեգին Ա. կաթողիկոսը կը վազէր բոլոր հանդիսութեանց ներկայ գտնուելու, ի հաճոյս պետական իշխանաւորներու. նոյնը կատարուեցաւ ներկայ Հայրապետին պարագային. ու երբ այդ իշխանաւորները հեռացան քաղաքական բեմէն, ու քանի որ Մայր Աթոռի դերը տեղ չէր գտած ժողովուրդին միտքին մէջ, շարունակուեցաւ այն պատկերը որ հայրապետը «հիներուն մարդն է»: Եթէ այդ իշխանաւորները անհրաժեշտ գիտակցութիւնն ունենային իր ճշմարիտ կշիռով ճանչնալու եւ ճանչցնելու Մայր Աթոռը, եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները հասկնալի մակարդակի մը վրայ կրնային ըլլալ այսօր:
Որքան ալ պետութիւն-եկեղեցի անջատ ըլլան սկզբունքային կերպով, ինչո՞ւ Հայաստանի իշխանութիւնները պիտի չունենան հեղինակութիւն միջամտելու եկեղեցւոյ գործերուն եւ վերջ տալու անմիաբանութեան: Եթէ կ’ուզէք այս հարցումին պատասխանը, այն է թէ երեք տասնամեակէ ի վեր ոչ մէկ նախագահ հոգ ըրած է հասկնալու թէ ի՛նչ են պատճառները բաժանման որպէսզի մտածեն թէ ուրկէ՞ սկսին միացման գործընթացը:
Եկեղեցւոյ միութեամբ պիտի զօրանան այդ եկեղեցւոյ բոլոր կառոյցները, բոլոր նուիրապետական աթոռները: Եւ ամէն մէկ աթոռի ոյժը, հեղինակութիւնը եւ հարստութիւնը հաւասարապէս պիտի տարածուին բոլորին վրայ: Օրինակ, Արամ Կաթողիկոս բարոյական հսկայ դրամագլուխ մըն է հայ եկեղեցւոյ համար, ինչպէս պարզուեցաւ 2015ին Հռոմի մէջ. ինչո՞ւ այդ դրամագլուխը սահմանել միակ աթոռի մը: Այլ արժէքներ եւս կարելի է օգտագործել համայն եկեղեցւոյ շահուն համար:
Աշխարհի վրայ ոեւէ սինակոկի վրայ նետուած քար մը, անպայման իր արձագանգը կը գտնէ Իսրայէլի մէջ եւ Իսրայէլի պետութիւնը ոչ միայն կը գոհանայ դիւանագիտական միջամտութիւններով այլ ան կ’ամբաստանէ ամբողջ այդ տուեալ երկիրը հակասեմականութեամբ: Միւս կողմէ Իսրայէլի պետութեան համար նուիրական գործ է գտնել հրեական ժառանգութեան որեւէ հետք, պահել զայն իբրեւ իր երկրին սեփականութիւնը: Ճիշդ է, մեր պետութիւնը չունի այդ ոյժը եւ միամիտ պէտք չէ ըլլալ նոյն արդիւնքը ակնկալելով. սակայն քաղաքական օրինակը մեր դէմն է եւ կրնանք անկէ օգտուիլ այն չափով որ մեր ոյժը կ’արտօնէ մեզի:
Հզօր եւ ամբողջացած եկեղեցի մը – որուն տէր տիրական է հայոց պետութիւնը` հաճելի չէ թրքական իշխանութեանց որոնք ըստ կամս կը գրաւեն եկեղեցական ու համայնքային կալուածներ: Այդպիսի հզօր եկեղեցի, պետական պաշտպանութեամբ հաճոյ չէ նաեւ Իսրայէլի պետութեան որ իր հնարովի օրէնքներով հետզհետէ պիտի խեղդէ ու սնանկացնէ հայոց պատրիարքութիւնը:
Հայաստանի պետութիւնը պէտք է սկսի հանրագումարը կազմել մեր հայկական եկեղեցական, համայնքային կալուածներուն, սկսելով Հնդկաստանէն, ու տարածուելով Երուսաղէմ, Պոլիս, Եգիպտոս, Ամերիկաներ եւ ամէնուր եւ բարոյական տէրը կանգնի հայոց ունեցուածքին ու նաեւ – հետզհետէ – օրէնքի արտօնած չափով – նաեւ իրաւական տէրը:
Սակայն պէտք է սկսիլ հանգրուանէ մը: Հայաստանի պետութիւնը պէտք է ունենայ սպասարկութիւն մը, եթէ ոչ նախարարութիւն մը, իր հակակշռին տակ առնելու եկեղեցւոյ հարցերը:
Ցարդ պետութիւնը եւ պետական իշխանաւորները կը բաւականանան եկեղեցական աթոռէ մը կոնդակ մը, կամ բարենիշ մը ստանալով: Ընդհակառակն պետութիւն մը տիրոջ հանգամանքով պիտի մօտենայ եկեղեցիին եւ եկեղեցականներուն. սակայն, նախ պէտք է ճանչնայ այդ եկեղեցին, անոր աւանդութիւնները, օրէնքները, հարստութիւնը եւ հօտին ոյժն ու տարողութիւնը: Այսինքն պետական գործի չափանիշներով պէտք է մօտենանք եկեղեցիին:
Անաստուածներ, աղանդաւորներ, եւ եկեղեցւոյ թշնամիներ չուզեցին անգամ որ հայոց եկեղեցին յիշատակուի Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ. բարեբախտաբար անմեղ յիշատակութեամբ ան տեղ գտաւ սահմանադրութեան մէջ, հետեւեալ կերպով.
Յօդուած 18 – Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցին.
1- Հայաստանի Հանրապետութիւնը ճանաչում է Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցու` որպէս ազգային եկեղեցու բացառիկ առաքելութիւնը հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքում, նրա ազգային մշակոյթի ինքնութեան պահպանման գործում:
2- Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական սուրբ եկեղեցու յարաբերութիւնները կարող են կարգաւորուել օրէնքով:
Ցարդ սահմանադրութեամբ ամրագրուած Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ դերը, թուղթի վրայ արձանագրուած հաստատում մըն է լոկ. միս ու ոսկոր ու կենդանի իրականութիւն չէ դարձած, որովհետեւ մեր նորանկախ երկիրը, իր ծնունդէն ի վեր ծանրաբեռնուած է պետականաշինութեան աշխատանքով եւ այդ աշխատանքը դժուարացնող աղէտներով, պատերազմով, յեղափոխութեամբ եւ այսօր ալ` համաճարակով:
Դիւրին պիտի չըլլայ եկեղեցին համալրել (ինդեգրել պիտի ըսէին Հայաստանի մէջ) մեր պետականաշինութեան գործընթացին:
Եկեղեցւոյ միացումը, վերին հեղինակութեան մը ամրացումը, ինչպէս նաեւ պետական հակակշռի ներազդեցութիւնը միայն դժգոհ պիտի չթողուն Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի պետութիւնները. դժգոհ պիտի մնան նաեւ կարգ մը եկեղեցականներ, որոնք օգտուելով եկեղեցւոյ բաժանումէն գտած են իրենց տաք անկիւնները եւ հաստատած են առանձին իշխանապետութիւններ: Հետեւաբար երբ Հայաստանի իշխանութիւնը ճանչնայ իր դերը եւ ձեռնարկէ անոր կիրարկումին, իր դէմ պիտի գտնէ տաք անկիւններու վրայ ծուարած այդ իշխանաւորները եւս, որոնք նոյնքան պիտի դժուարացնեն պետութեան գործը, որքան պիտի դժուարացնեն թշնամիները: Անգամ մը որ պետութիւնը ստանձնէ իր դերը, ամէն քար պիտի իյնայ իր տեղը: Այդ պարագային ոչ միայն օգտագործելի կենդանի գանձով մը պիտի օժտուի հայրենիքը այլ պիտի դադրին, կամ` առնուազն զսպուին այն վէճերը ու վիրաւորանքները որոնք կ’ալեկոծեն հայութիւնը (գոնէ` սփիւռքահայութիւնը) 65 տարիներէ ի վեր:
Ժամանակն է պատմութեան արահետներէն գտնել մեր կորուսեալ եւ կորսուելու դատապարտուած ոյժերը, արժէքները եւ նուիրականութիւնները եւ մեր պետութեան մականին ներքեւ համադրել զանոնք, ի խնդիր միաձոյլ ազգի մը հեռանկարին:
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ