Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան
Մայիսի 12-ին՛ 250 Ազերի զինուորներ քալելով, համարեա պարզ զբօսաշրջիկներու նման, 3.5 քլմ. մուտք գործեցին Սիւնիքի սահմաններէն ներս: Ոչ մէկ արգելք կար իրենց դիմաց… Այդ թիւը այսօր կ’ըսուի թէ բարձրացած եւ հասած է հազարի… Ոչ մէկ արգելք կը թուի ըլլալ նաեւ որ վաղը նոյնը չպատահի Տաւուշի սահմաններուն վրայ եւ կամ Սեւանայ Լճին ափերուն մօտ: Եւ յետոյ՞, ուրիշ ո՞ւր… Մինչեւ Երեւա՞ն… Ին՞չու ոչ :
Այսօրուան Հայաստանի պատասխանատուները խորունկ դիւանագիտական բացատրութիւններով կը պատճառաբանեն հայոց բանակին միջամտութեան բացակայութիւնը ըսելով թէ այլապէս, ան կրնայ նկատուիլ խախտումը Նոյեմբեր 9-ի տխրահռչակ համաձայնագրին Հայաստանին կողմէ եւ կրնայ հետեւաբար առաջնորդել պատերազմի վերսկսման որուն պատրաստ չէ Հայաստանը…
Մինչ այդ Հայաստանի սահմանամերձ քաղաքացիները ընդվզումի, լքուածութեան, բողոքի եւ մանաւանդ ինքնապաշտպանութեան դիմելու որոնումներով կլանուած եւ տագնապներու մէջ ընկղմած են: Անըմբռնելի եւ անընդունելի ձգտուած այս մթնոլորտը անխուսափելիօրէն կ’առաջնորդէ ամէն օր աւելի եւս պայթուցիկ վիճակի մը ձևաւորման, որուն մէջ Հայաստանի անզէն քաղաքացիները բոլորովին անհաւասար եւ անզօր դիրքերու վրայ կը գտնուին: Գոյութենական այս սպառնացող տագնապին առջեւ հայաստանաբնակ ինչպէս նաեւ աշխարհատարած մտահոգ հայերը ու՞ր պէտք է փնտռեն ինքնապաշտպանութեան կամ ընդհանրապէս հայրենիքի սահմաններուն պաշտպանութեան ապահովման յենարանները:
Եթէ յառաջիկայ արտահերթ ընտրութիւններէն պիտի սպասուէր քաղաքական յուսալից նոր դարձուածքի մը ձևաւորումը որպէս լուծման ճանապարհ, այդ հեռանկարը երթալով կը մթագնի: Անցնող վեց ամիսներուն ընթացքին կ’ակնկալէինք որ բացի երկու ոխերիմ հակառակորդներու՝ Փաշինեանի եւ Քոչարեանի շուրջ հաւաքուած հաւատարիմներէն, ժողովուրդին մէջէն յայտնուէին քաղաքական, դիւանագիտական, տնտեսական եւ ռազմավարական կարողութիւն եւ պատրաստակամութիւն ունեցող անհատներէ կազմուած նոր խմբաւորումներ կամ անհատներ որոնք պիտի կարենային ժողովուրդին տալ երրորդ եւ հաւասարակշռուած նոր ոյժի մը ընտրութեան յոյսը եւ պատեհութիւնը: Եթէ յայտնուէր այդպիսի երրորդ հաստատուն ոյժի մը ուրուագիծը, գուցէ նոյնիսկ անոր լայն շրջանակին հետ կարելի ըլլար լայնամտօրէն որոշ գործակցութիւն մը նախատեսնել: Սակայն այդ լուսաւոր եւ յուսադրիչ երրորդ ոյժը չյայտնուեցաւ մինչեւ այսօր եւ այլեւս անհաւանական կը թուի ըլլալ անոր իրականացումը:
Որոշ է նաեւ թէ որեւէ յոյս կապել որեւէ Արեւելեան կամ Արեւմտեան իբրեւ թէ դաշնակից կամ բարեկամ պետութեան մը՝ յանուն արդարութեան մեր սահմաններու պահպանման՝ ի նպաստ միջամտութեան, բոլորովին միամտութիւն պէտք է համարուի երբ մենք ձեռնածալ նստած ենք եւ առաւելագոյնը բողոքի նամակներ կամ կոչեր կը տարածենք հոս ու հոն, մինչ թշնամի զինուորներուն կրունկները շատոնց մտած են մեր սահմաններէն ներս:
Հարիւր տարի առաջ ստեղծուած հայոց պետականութիւնը որ անցնող տասնամեակներուն ընթացքին պատմութեան հազար եւ մէկ արհաւիրքներէն ազատելէն ետք տէր դարձած էր պապենական իր երկրին, եւ նուաճած էր գիտութեան, մշակոյթի եւ տնտեսութեան, միջազգային բարձրագոյն մակարդակները, այսօր իբրեւ հետեւանք երկրին մէջ տիրող քաղաքական անճարակութեանց, առանց մէկ իսկ փամփուշտ կրակելու, բացայայտ հանգրուաններով կ’ընթանայ դէպի ոչնչացում և կորուստ:
Նկարագրուած այս ահազանգային կացութեան առջեւ ակնկալիօրէն Հայաստանի մէջ կը բարձրանան նոր Սարդարապատներու կոչեր: Այս անգամ, ի տարբերութիւն 1918 Մայիսին, ուր երկիրը պաշտպանելու կոչերը ուղղուած էին Հայ ժողովուրդի ջարդերէն ազատուած բեկորներուն որոնք այդ օրերուն հաւաքուած էին Սարդարապատ, Ղարաքիլիսա եւ Պաշ Ապարան սահմանափակ շրջաններուն մէջ, այսօր վտանգը տարածուած է համարեա ամբողջ Հայաստանի սահմաններուն երկայնքին, բացի Վրաստանի եւ Պարսկաստանի բարեկամական հատուածներէն: Նոյնպէս այս անգամ Հայ ժողովուրդի լայն մէկ հատուածը կը գտնուի երկրէն դուրս ամբողջ սփիւռքի տարածքին եւ հետեւաբար եթէ ֆիզիքապէս անիրատես է իր ներկայութիւնը ակնկալել սահմանագծին վրայ, ան պարտաւոր է սակայն այլ միջոցներով օգնութեան հասնիլ իր հայաստանաբնակ եղբայրներուն եւ քոյրերուն որոնք իրենք ստիպողաբար ֆիզիքապէս պիտի պատնէշ կանգնին վտանգուած բոլոր շրջաններուն եւ թոյլ չտան որ Ազերի կամ թուրք զինուոր փորձուի կրկնել Սիւնիքի օրինակը, անկոչ եւ ազատ զբօսաշրջիկութեան իր ոտնձգութիւնը:
Եթէ Հայաստանի կանոնաւոր բանակը օրուան իշխանութեանց խոր դիւանագիտական հաշուարկներով, առ այժմ պիտի չարտօնուի տակաւին ձեռնարկելու պաշտպանական ռազմական գործողութեանց, այդ պարագային չկայ այլ տարբերակ, քաղաքացիները եւ կամաւորներն են որ պէտք է մարդկային շղթայ մը կանգեցնեն թշնամիին առջեւ’ հարիւր տարի վերջ անգամ մը ևս վերակոչելով Սարդարապատի քաջերուն ոգին և ղօղանջելով անոր զանգերը
Այս պայմաններուն տակ այլեւս որոշ է թէ յատկապէս սահմանամերձ քաղաքացիները պէտք է արդէն իսկ անհրաժեշտօրէն կազմակերպուին, մարզուին եւ զինուին արդիւնաւէտ կերպով կատարելու համար պաշտպանական գործողութիւնները: Այսօր սակայն տակաւին օրէնքով անոնք չունին զինուելու արտօնութիւն: Քաղաքակիրթ որեւէ երկրի մէջ, երբ տարբեր պարագաներու բերմամբ քաղաքացին պաշտպանուած չէ երկրին օրինաւոր եւ զինեալ ոյժերուն կողմէ, իրաւունք կը տրուի անոր ՛ ունենալ իր անձին, ընտանիքին եւ ինչքերուն պաշտպանութեան անհրաժեշտ զէնքի միջոցները: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները ցայտուն օրինակն են այս դրութեան: Այնտեղ քաղաքացիին զինուելու այս իրաւունքը բացայայտ կերպով սրբագործուած է Սահմանադրութեան հիմնական մէկ յօդուածով: Անհրաժեշտ է ուրեմն որ ստեղծուած ազգային գոյութենական արտակարգ այս պայքարին նախօրեակին, Հայաստանի իշխանութիւնները այդ իրաւունքը անմիջապէս շնորհեն և օրինականացնեն:
Պարզ է թէ այս հանգրուանին երկընտրանք չկայ: Կամ պատրաստ պէտք է ըլլալ վերակենդանացնելու Սարդարապատի յաղթական ճակատամարտները Հայաստանի սահմաններուն երկայնքին եւ կամ պէտք է հաշտուիլ թշնամին Երեւանի մէջ դիմաւորելու գաղափարին հետ, ինչ որ արդէն իսկ Ալիեւ անպատկառօրէն եւ բացայայտ կերպով յայտարարեց ամիսներ առաջ իր պատերազմաշունչ ճառերէն մէկուն մէջ: Եթէ այն ժամանակ հայերս հեգնանքով լուրջի չառինք այդ խօսքերը, այսօր անպատասխանատու կը նկատուինք եթէ չանդրադառնանք անոնց գայթակղեցուցիչ հաւանականութեան:
Այսօր ամբողջ Հայ ժողովուրդն է որ հոգեբանօրէն եւ գործնապէս պէտք է պատրաստ ըլլայ մասնակցելու հաւանական Նոր Սարդարապատներու ճակատամարտերուն: Հայաստանաբնակ քաղաքացին ֆիզիքապէս թէ նիւթապէս կը գտնուի պաշտպանութեան առաջին գծին վրայ: Սփիւռքահայը իր կարգին կարող է նուազագոյնը նիւթապէս իր օգնութիւնը հասցնելու ինքնապաշտպանութեան տրամադրելի վերջին այս միջոցառումին:
Բնականաբար այս բոլորը կարելի է կանխել եթէ այսօրուան թէ վաղուան իշխանութիւնները կարողանան պետականօրէն իրագործել կանխարգելիչ դիւանագիտական թէ ռազմական անհրաժեշտ միջոցառումները: Շատ մաղթելի է նաեւ որ մեր դաշնակից եւ բարեկամ երկիրները կտրուկ եւ որոշ կեցուածքով միջամտեն չէզոքացնելու եւ կասեցնելու համար գոյութենական այս մղձաւանջային վիճակը:
Իսկ եթէ այս երկու մաղթելի կարելիութիւնները մնան չիրականացուած, կը պահանջուի օրուան իշխանութիւններէն բացայայտել եթէ կայ համոզիչ ուրիշ տարբերակ մը գան թոյլ տալ Հայ ժողովուրդին պատրաստուելու յաղթական Սարդարապատի նոր ճակատամարտներ մղելու հաւանականութեան:
Մոնթրէալ