Պատմութիւնը պարտի արձանագրել
Հազիւ թէ երեք տարիներ անցան այն օրերէն երբ հայերս ազգովին նշեցինք ուրիշ հարիւրամեակ մը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակը: Այդ առիթով տեղի ունեցան տպաւորիչ եւ հանդիսաւոր բազմատեսակ ձեռնարկներ Հայաստանի մէջ ինչպէս նաեւ ամբողջ Սփիւռքի տարածքին որոնց ընթացքին հայ ժողովուրդը ցուցաբերեց միասնականութեան քաջալերական գեղեցիկ կեցուածք մը: Նկատի ունենալով այդ Հարիւրամեակին բնոյթը սակայն, բնականաբար ակնկալելի էր այդ երեւոյթը: Հայութեան կեցուածքը չէր կրնար տարբեր ըլլալ: Միւս կողմէ սակայն ինչ կը վերաբերի 2018 Մայիսին, տեղի ունենալիք Մայիսեան Հարիւրամեակին, պարագաները բաւական տարբեր են:
Այս յօդուածին նպատակն է մասնաւոր լոյս սփռել այս նոր Հարիւրամեակին նշման վերաբերեալ յատուկ մէկ տուեալին վրայ որ յստակ կերպով բանաձեւուած է վերնագրին մէջ:
Այս պարագան ինձ կ’առաջնորդէ շատ հակիրճ կերպով, միայն արագ եւ հիմնական ակնարկ մը նետելու հայոց վերջին հարիւր տարիներու պատմութեան վրայ:
Մեր վերջին հարիւր տարիներու պատմութիւնը կը յատկանշուի անկիւնադարձային դրուագներով որոնց մանրամասնութեանց եւ մեկնաբանութեանց մասին անցեալին եղած են բաւականին խորունկ տարակարծութիւններ: Տրուած ըլլալով որ այս յօդուածին նպատակը այդ տարակարծութեանց մասին գրելը չէ հետեւաբար պիտի բաւականանամ նկարագրելով պարզապէս անվիճելի կարգ մը անկիւնադարձներ որոնց մասին դժուար թէ անկողմնակալ ընթերցողներ տարակարծիք գտնուին:
Երբ հարիւր տարի ետ երթանք մինչեւ 1918 թիւը, վեց դար պետականութենէ զուրկ ըլլալէ ետք, Արեւմտահայաստանը նոր անցած էր ցեղասպանութեան ահաւոր ողբերգութենէն եւ ժողովուրդը արդէն իսկ ցրուած էր արագօրէն ընդլայնող Սփիւռքին մէջ:
Միւս կողմէ, Արեւելահայաստանը որ երկար ժամանակէ ի վեր կը գտնուէր Ռուսական տիրապետութեան տակ, 1917-ին պարպուած էր նոր ստեղծուած համայնավար Ռուսական բանակին կողմէ: Հայերը թէեւ տկար, սակայն որպէս միջոց պաշտպանութեան , իրենց դրացի Վրաստանին եւ Ատրպէյճանին միանալով կազմած էին Անդրկովկասեան դաշնակցութիւն մը, Սէյմը, պաշտպանուելու համար մէկ կողմէ Թուրքերուն դէմ որոնք տակաւին կը շարունակէին առաջին Աշխարհամարտի վերջին ամիսներու պատերազմը, իսկ միւս կողմէ Հիւսիսի նորաստեղծ պոլշեւիկներուն դէմ:
Այս հանգրուանէն սկսելով, մինչեւ մեր օրերը երկարող հարիւր տարիներու մեր պատմութիւնը տրամաբանօրէն կարելի է բաժնել երեք շատ յստակ շրջաններու:
ԵՐԵՔ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ա.) Մայիս 1918 էն Նոյեմբեր 1920: Այս շրջանը կը սկսի Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէ-ի աննախընթաց յաղթական պատերազմներով մինչ նոյն օրերուն կը պատահէր Սէյմ-ի փլուզումը, յետոյ Հայաստանի Անկախութեան հռչակումը եւ 1918 Մայիս 28-ի Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ստեղծումը. այս շրջանը կը վերջանայ 1920 Նոյեմբերին կամ Դեկտեմբեր ի սկիզբը, ստեղծումովը Հայաստանի Երկրորդ՝ Խորհրդային Հանրապետութեան:
բ.) 1920 Նոյեմբերի վերջ կամ Դեկտեմբերի սկիզբէն, երբ Հայաստան կը դառնար Երկրորդ Խորհրդային Հանրապետութիւն, մինչեւ եօթանասուն տարիներ ետք Սեպտեմբեր 1991: Այս շրջանը ամէնէն երկարն է որ աւարտեցաւ իբրեւ հետեւանք Խորհրդային Միութեան փլուզման եւ առաջնորդեց Հայաստանի նորագոյն անկախութեան հռչակման՝ 1991 Սեպտեմբեր 21-ին եւ Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան ստեղծման:
գ.) Սկսելով 1991 Սեպտեմբեր 21էն եւ Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան հռչակումէն մինչեւ այսօր, եւ որ կը շարունակուի քսան եւ վեց տարիներէ ի վեր, ուր Հայաստան կը ներկայանայ որպէս բոլորովին գերիշխան երկիր:
Վերոյիշեալ այս (ա), (բ) եւ (գ) երեք շրջանները կարելի է այժմ աւելի ընդլայնելով յատկանշել հետեւեալ կերպով:
Առաջին, (ա), շրջանի երկու տարիները եղած են անհաւատալիօրէն տագնապալից եւ շփոթ շրջան մը: Պարզապէս Հայաստան գերիշխան պետութիւն մը դառնալու պատրաստ չէր: Այս շրջանը կը յատկանշուի իրերայաջորդ կարեւոր պատահարներով, պատերազմներով, զիրար կոխկրտող համաձայնութիւններով, դաշինքներով որոնք կը ստորագրուէին ապա կը ջնջուէին շատ կարճ ժամանակամիջոցներու մէջ, թերեւս ժամերու, օրերու կամ ամիսներու տեւողութեամբ մը միայն: Այս շրջանին կարեւորագոյն եւ անկիւնադարձային եղելութիւնները հետեւեալներն են:
1918 Մայիս ամսուան ընթացքին, Սարդարապատի մէջ հայ ժողովուրդը ամբողջ՝ դարերէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով յաղթականօրէն ճակատեցաւ թրքական կանոնաւոր բանակին դէմ եւ զայն կասեցուց: Մինչ Սէյմը քայքայուած էր, թրքական ճնշման տակ հայերը անկախութիւն հռչակեցին: Հակառակ որ այս վերջինը կը կատարուէր թրքական ճնշման տակ, ան կը հանդիսանար մեր պատմութեան մէջ անկիւնադարձ մը՝ քանի որ վեց դարերէ ետք առաջին անգամ ըլլալով կը ստեղծուէր հայկական պետականութիւն մը: Քանի մը ամիս ետք Օսմանեան Թուրքիան կը կորսնցնէր Համաշխարհային պատերազմը: Սակայն անհաւատալի ըլլալով հանդերձ, կարճ ժամանակ ետք Արեւմուտքի իսկ օգնութեամբ Թուրքիան կը վերականգնէր, եւ 1920 Նոյեմբերին՝ Քէմալ Աթաթիւրքի բանակը վայրագօրէն կը յառաջանար դէպի Երեւան, այս անգամ նպատակ ունենալով Հայաստանի վերջնական կործանումը: Այս հանգրուանին է ուր հայ համայնավարները, օգնութեամբ Խորհրդային իրենց դաշնակիցներուն կը կասեցնէին Թուրքերը եւ այսպիսով կը ստեղծուէր Խորհրդային Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
Երկուք ու կէս տարի տեւողութեամբ Առաջին Հանրապետութեան այս շրջանին, մինչ Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ որպէս մեծամասնութիւն՝ տիրական դիրք ունէր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, միւս կողմէ, սկիզբի շրջանին բոլոր միւս կուսակցութիւնները ինչպէս նաեւ անկուսակցականներ մաս կազմեցին կառավարութեան: Յատկապէս Ժողովրդական Կուսակցութիւնը որ աւելի վերջ բաղկացուցիչ մաս մը պիտի դառնար Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, աշխոյժ եւ կարեւոր դեր մը ստանձնեց, յանձն առնելով բազմաթիւ նախարարութիւններ: Յետոյ սակայն վերջաւորութեան մօտ Դաշնակցութիւնը հաստատեց իր մենատիրութիւնը:
Յաջորդ, (բ), շրջանը տեւեց եօթանասուն տարիներ: Վերջին շրջանի ահաւոր պայմաններէն հազիւ փրկուած հայ ժողովուրդը, օգտուելով ապահով սահմաններ ունենալու պատեհութենէն, ձեռնարկեց վերածնունդի եւ վերակառուցման աշխատանքի՝ հակառակ ստեղծուած ամբողջատիրական համայնավար կարգերուն:
Այս օրերուն ընդունուած նորաձեւութիւն դարձած է Խորհրդային շրջանը նկարագրել ամէն տեսակի ընկերային, մարդկային եւ քաղաքական վիշապային մեղքերով: Իրականութիւնը սակայն այն է թէ, մինչ իսկապէս ալ եթէ հայ ժողովուրդը այդ շրջանին ենթարկուեցաւ համայնավար կարգերու ծանօթ ծայրայեղութեանց, միւս կողմէ ան յաջողեցաւ այդ շրջանին Հայաստանը կառուցել որպէս աննախընթացօրէն յառաջադէմ արդիական երկիր՝ գիտութեան, ճարտարարուեստի, գեղարուեստի, գրականութեան, ճարտարապետութեան, սփօրթի եւ այլ բնագաւառներուն մէջ:
Հայկական միջազգային համբաւի հասած անուններ լսել բոլոր այդ բնագաւառներուն մէջ, դարձաւ սովորական երեւոյթ. Համբարձումեան, Ալիխանեան, Մերկելեան, Խաչատուրեան, Պապաջանեան, Միկոյեան, Սարեան, Սեւակ, Իսահակեան եւ Կապուտիկեան, անունները այսպիսի տիտաններու քանի մը օրինակներն են միայն:
Այս շրջանին ընթացքին է նաեւ որ Հայաստան մասնակցեցաւ Համաշխարհային կործանիչ Երկրորդ պատերազմին եւ զոհ տուաւ 300 000 հոգիներ ինչ որ իր բնակչութեան հետ համեմատած չափազանց մեծ թիւ մըն էր: Վերջապէս ամբողջ այս շրջանին, ոչ ոք, մէջն ըլլալով Ամերիկեան CIA-ը կրնար երեւակայել որ Խորհրդային Միութիւնը պիտի չշարունակեր, տակաւին բազմաթիւ տասնամեակներ գոյութիւն ունենալ: Սակայն իրարյաջորդ անհաւատալի զարգացումներու հետեւանքով Խորհրդային կարգերը յանկարծ քայքայուեցան եւ անգամ մը եւս Հայաստան առանձին մնաց՝ դիմակալելու համար իր ճակատագիրը: Այսպիսով կեանք առաւ Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութիւնը 21 Սեպտեմբեր 1991-ին:
Այսպէս կը սկսէր վերեւը նշուած երրորդ, (գ), շրջանը որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Այս շրջանը շատ աւելի մօտ ըլլալով մեր օրերուն, չի կարօտիր մանրամասն նկարագրութեան: Այս շրջանին մաս կը կազմէ Ղարաբաղի հերոսական ազատագրումը: Բնականաբար Երրորդ նորագոյն Հանրապետութիւնը մեծ առաւելութիւն մը ունէր որովհետև իբրեւ սկզբնակէտ ունէր Խորհրդային շրջանին արդէն իսկ կազմուած պատկառելի երկիր մը: Կը մնար այլեւս այդ երկիրը աւելի եւս կառուցել, փոխել զայն եւ ծրագրել անոր ապագայի զարգացումը: Պիտի չուզեմ ձեռնարկել այս վերջին շրջանի վերլուծման՝ տնտեսական, քաղաքական կամ ընկերային տեսակէտներէն քանի որ ան տակաւին այսօր շարունակական բարեփոխման շրջան մը կ’անցընէ:
Որոշ է սակայն թէ այս շրջանն է ահա որ առիթը կը ստեղծէ նշելու Մայիսեան Հարիւրամեակը իբրեւ ամբողջովին անկախ երկիր, անդամ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան եւ տէր արդիական պատկառելի բանակի մը: Ան պատուաբեր տեղ մը կը գրաւէ այսօրուան ազգերու մեծ ընտանիքին մէջ: Նոյնպէս աշխարհով ցրուած Սփիւռքի հայութիւնը այլեւս ինքզինք տեղաւորած է եւ բարգաւաճ է: Թէեւ Սփիւռքը մէկ կողմէ քննադատական դիրք ունի Հայաստանի մէջ տիրող կարգ մը քաղաքական եւ այլ պայմաններուն նկատմամբ, միւս կողմէ սակայն, ան անսակարկ կերպով կապուած կը զգայ իր հայրենիքին եւ պատրաստ է իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգնելու անոր:
Այս բոլորը առնելով որպէս յենակէտ, կ’ուզեմ նախ եւ առաջ աւելի մանրամասնութեամբ անդրադառնալ յօդուածին սկզբնաւորութեան յիշուած այն բանավէճին որ կը վերաբերի 2018ի Մայիսեան Հարիւրամեակին:
Արդարեւ, որքան որ տարօրինակ թուի, կարեւոր է անդրադառնալ թէ մինչեւ այսօր մանրամասնօրէն, եւ ճշգրտօրէն բոլորովին յայտնի չէ թէ ինչի Հարիւրամեակն է որ նշուելու է այս օրերուն:
Երբ ամիսներ առաջ. Հայաստանի կառավարութիւնը յայտարարեց թէ 2018 Մայիսին պիտի կատարուին Հարիւրամեակի տօնակատարութիւններ, Դաշնակցութիւնը անմիջապէս դաշտ իջաւ յայտարարելու թէ այս վերջինը կը վերաբերէր առանձնապէս 28 Մայիս 1918ին Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հռչակման: Նոյն ժամանակ օգտագործելով անցնող տասնեակ տարիներուն ընթացքին այդ թուականը սեփականացնելու իր ստեղծած վարկածը՝ ան ուզեց նաեւ սեփականացնել ամբողջ Հարիւրամեակը: Բնականօրէն անոնք ջանացին նաեւ այդ շրջանի կարգ մը ղեկավարները հռչակել որպէս այդ օրերու միակ հերոսները հակառակ որ անոնք կատարած են նաեւ շատ վիճելի արարքներ:
Այդ ելոյթներուն իբրեւ հետեւանք ստեղծուած բանավէճին ընթացքին պարզուեցաւ թէ հայոց պետականութեան վերահաստատման իսկական սկիզբը Սարդարապատով խորհրդանշուած հայ ժողովուրդի 1918 Մայիսին տարած այն յաղթանակներն են, որոնց մասնակցած է ամբողջ հայ ժողովուրդը եւ եկեղեցական դասը գլխաւորութեամբ Ս. Էջմիածնայ եւ Մայր Աթոռին: Նոյնպէս մատնանշուեցաւ, թէ բացի Դաշնակներէն, միւս կուսակցութիւնները եւս, յատկապէս Ժողովրդական Կուսակցութիւնը (ապագայ Ռամկավար Կուսակցութեան բաղկացուցիչ մէկ մասը) Հնչակեան Կուսակցութիւնը եւ Անկախներ կարեւոր չափով իրենց մասնակցութիւնը բերած են 1918-ի Առաջին Հանրապետութեան:
Վերջապէս, անվիճելի իրականութիւն է թէ Հայ Պետականութեան վերահաստատումը ոչ մէկ տօնախմբութեան առիթ պիտի ըլլար, ոչ ալ իմաստ պիտի ունենար, եթէ այդ պետականութիւնը շարունակուած չըլլար մինչեւ այսօր: Եթէ Հայաստան կառուցուած չըլլար Խորհրդային եօթանասուն տարիներու շրջանին, ի վերջոյ եթէ նորագոյն Երրորդ Հանրապետութիւնը ստեղծուած չըլլար: Այս վերջինն է որ ի վերջոյ, այսօր պատեհութիւնը կը ստեղծէ այս տօնակատարութեանց:
Այս քննական ակնարկէն անխուսափելիօրէն կը հետեւի թէ մի քանի շաբաթ վերջ տեղի ունենալիք Մայիսեան տօնակատարութիւնները փաստօրէն տօնակատարութիւնն են վերոյիշեալ երեք շրջաններու ընդհանուր գումարին որուն իր մասնակցութիւնը բերած է ամբողջ հայ ժողովուրդը, այսինքն Մայիսեան տօնակատարութիւնները շեշտուած կերպով կը վերաբերին Հայոց Պետականութեան Հարիւրամեակին:
Այս բոլորը այժմ կ’առաջնորդեն մեզ դէպի այս յօդուածին վերջին բաժինը որ նաեւ գլխաւոր նպատակն է անոր: Արդարեւ, այժմ կ’ուզեմ կեդրոնանալ անցնող այս հարիւր տարիներուն ընթացքին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հայ աշխարհին բերած անձնուրաց ծառայութեան եւ անոր տուած առաջնորդութեան վերոյիշեալ բոլոր շրջաններուն ընթացքին:
ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԸ՝ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆՆ Է
Այս կուսակցութեան որդեգրած դիրքը, անոր ընթացքը եւ կատարած աշխատանքը հայ ժողովուրդի պատմութեան այս տագնապալից շրջաններուն խորապէս նշանակալից եւ աչքառու են երբ նկատենք թէ այդ երեք շրջաններուն ընթացքին Հայաստանի քաղաքական տիրապետող ոյժերը եղած են իրարմէ բոլորովին տարբեր եւ իրարու հակառակ, եւ անոնցմէ ոչ մէկուն ժամանակ Ռամկավարները տիրող ոյժը հանդիսացած են: Տեղին է որ միւս բոլոր կուսակցութիւնները կամ կարեւոր կազմակերպութիւնները եւս այս առիթով անցնող այս հարիւր տարիներու ընթացքին իրենց կատարած գործին եւ բերած նպաստին վերաքաղը եւ վերլուծումը կատարեն:
Այսօրուան Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը ստեղծուած է 1921-ին միացումովը արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող քանի մը կուսակցութիւններու (ինչպէս օրինակ Արմենականները որոնք գոյութիւն ունէին 19րդ դարէն ի վեր) որոնց սկզբունքները հաշտ էին իրարու հետ եւ նոյնանման մօտեցումներ ունէին հայ ժողովուրդին ծառայելու իրենց աշխատանքին մէջ:
Անոնք յատկապէս կը հաւատային կառավարման աշխատանքին ընթացքին ռամկավարական սկզբունքներու գործադրութեան, նման այն հասկացողութեան որ այդ շրջանին արդէն զարգացած էր ռամկավարութեամբ գործող Արեւմուտքի երկիրներուն մէջ: Այս բնորոշումով Ռ.Ա.Կ.-ը հիմնովին կը տարբերէր, Հ.Յ.Դ.(Դաշնակ), Ս.Դ.Հ. (Հնչակ) եւ անշուշտ Կոմունիստ, հայ երեք միւս կուսակցութիւններէն:
Վերոյիշեալ երեք շրջաններէն, (ա), առաջինին ընթացքին, Ժողովրդական Կուսակցութիւնը (Ռ.Ա.Կ.-ի բաղկացուցիչ կուսակցութիւններէն մէկը) թէեւ Դաշնակներէն աւելի փոքր թիւով, սակայն կարեւոր բաժին վերցուց Առաջին Հանրապետութեան սկիզբի կառավարութեան մէջ: Ան ամբողջովին մասնակից էր այդ շրջանի խրթին զարգացումներու մատակարարման գործին եւ կը վարէր կարեւոր նախարարութիւններ: Սակայն հազիւ տարի մը անցած, իբրեւ հետեւանք Դաշնակցութեան մենատիրական միտումներուն, ան դուրս հրուեցաւ կառավարական շրջանակէն: Սակայն այս մրցակցութիւնը արգելք չեղաւ որ Ռամկավարները շարունակէին հայոց պետականութեան տալ իրենց ամբողջական զօրավիգը, ըլլայ Հայաստանին մէջ թէ դուրսը Սփիւռքի տարածքին:
Հաստատ վաւերական տուեալ է թէ երբ Հայաստանի Դաշնակցական Վարչապետ Ալեքսանտր Խատիսեան, դրամահաւաքի առաքելութեամբ Եգիպտոս եւ Պոլիս այցելեց, Ռամկավարները եւ իրենց շրջանակն է որ կազմակերպած են անոր համար բազմաթիւ յաջող ձեռնարկներ: Աւելի եւս նշանակալից պարագայ մը կը յիշուի միշտ: Արդարեւ օգտուելով Եգիպտոսի մէջ անգլիական բանակի ներկայութենէն, Ռամկավարները դժուար սակարկութիւններէ ետք, նիւթականը ապահովեցին անգլիական բանակէն գնելու համար քսան օդանաւեր զանոնք ուղարկելու համար Առաջին Հանրապետութեան տկար բանակին: Սակայն դժբախտաբար հանրապետութեան արագ անկումէն ետք օդանաւերը մնացին Եգիպտոսի մէջ:
Յաջորդող, (բ), երկրորդ շրջանին, երբ Հայաստան Խորհրդային Հանրապետութիւն դարձաւ, ան շուտով փակեց իր սահմանները եւ այդպիսով խզուեցաւ նաեւ հայ Սփիւռքէն:
Նորաստեղծ Սփիւռքը առաջին հերթին պէտք ունէր ձեռնարկելու ինքզինք կազմակերպելու աշխատանքին: Երբ մէկ կողմէ այդ հսկայական աշխատանքը կը տարուէր, Սփիւռքը նաեւ պէտք էր դիրքորոշուէր խորհրդայնացած Հայաստանի իրականութեան նկատմամբ: Անկախաբար բոլոր այլ նկատումներէ՝ Հայաստանը անվիճելիօրէն հայրենիքն էր հայութեան եւ հայ մշակոյթի, պատմութեան եւ արուեստի գլխաւոր եւ միակ աղբիւրը կը հանդիսանար ան: Հայաստանը նաեւ այն երկիրն էր ուր կը գտնուէր հայոց հաւատքի կեդրոն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը: Միւս կողմէ անխուսափելի իրականութիւն էր որ Արեւմուտքը եւ Միջին Արեւելքը ուր կը գտնուէր Սփիւռքը, բուռն կերպով թշնամական դիրք որդեգրած էր համայնավար ճակատի երկիրներուն նկատմամբ:
Ընդհանուր այս պատկերը ամբողջացնելու համար պէտք է աւելցնել թէ իրենց ձախաւեր եւ եղբայրասպան Փետրուարեան Ապստամբութենէն ետք, որուն զոհ գացին 20 000 հայեր, Դաշնակցական ղեկավարութիւնը վտարուելով Հայաստանէն եւ իր հետ տանելով Հայաստանի գանձը, եկած եւ հաստատուած էր Սփիւռքի մէջ: Այդ վայրկեանէն սկսեալ Դաշնակցութիւնը որ անզիջող հակա-խորհրդային քաղաքականութիւն մը պիտի որդեգրէր, դժբախտաբար նաեւ ձեռնարկեց հակա-խորհրդային Հայաստան մահացու պայքարի մը ինչ որ պիտի թունաւորէր հայ գաղութներու կեանքը յաջորդող եօթանասուն տարիներուն:
Արդարեւ Սփիւռքի հայ գաղութները այդ հանգրուանէն սկսեալ պիտի ապրէին դաժան ժամանակներ: Դաշնակցութիւնը թէեւ մէկ կողմէ կարեւոր եւ դրական դեր մը կատարեց Սփիւռքին մէջ կրթական եւ մշակութային կառոյցներ ստեղծելու գործին մէջ, միւս կողմէ սակայն բացարձակ փոքրամասնութիւն կազմելով հանդերձ ան ձախորդ կերպով ուզեց հոն խաղալ «աքսորուած կառավարութեան» մը դերը: Այս աշխատանքին մէջ անոնք գործադրեցին անհանդուրժողութեան եւ բռնութեան այն միջոցները որոնք դժբախտաբար այլեւս իրենց համար բնական դարձած էին: Իրենց նախաձեռնութեանց մէջ որդեգրեցին սպառնալիքներու քաղաքականութիւնը եւ ուզեցին ամէն կերպով տիրապետողները ըլլալ հայ գաղութներու կեանքին մէջ:
Ամենամեծ դժբախտութիւնը այն էր որ այս պայմաններուն մէջ իրենք հետապնդեցին հայութիւնը իր հայրենիքէն եւ Ս. Էջմիածնէն բաժնելու քաղաքականութիւնը: Հայ ժողովուրդի խոշոր մեծամասնութեան համար, սակայն, այդ քաղաքականութիւնը ընդվզեցուցիչ կերպով անընդունելի էր: Պէտք է նկատել թէ որպէս տարագրուած ժողովուրդի մը բեկորները, սփիւռքահայութիւնը ստիպուած էր առաջին հերթին իր օրուան ապրուստի պայմանները ստեղծելու: Հետեւաբար բարձր սկզբունքներով օժտուած եւ հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերը հետապնդող կազմակերպութեան մը ներկայութիւնը անհրաժեշտ էր, ղեկավարութիւն ստանձնելու համար, եւ հակադարձելու եւ կասեցնելու Դաշնակցութեան այս նկրտումները, որպէսզի Սփիւռքը կարենար անաղարտ պահել իր ազգային նկարագիրը, եւ կարենար զարգացնել իր բնական յարաբերութիւնները մայր հայրենիքին եւ մայր եկեղեցւոյ հետ՝ անկախաբար որեւէ քաղաքական գունաւորումէ:
ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ՍՓԻՒՌՔ ՀՈԳԵԿԱՆ ԿԱՊԸ
Ռ.Ա.Կ.-ը յաջողեցաւ ստանձնել ազգային ղեկավարութեան այդ չափազանց դժուարին դերը եւ զայն կատարել հաստատ, եւ վստահելի կերպով, ամբողջովին հակահամայնավար աշխարհի մը տարածքին: Ռամկավարները քաջ կերպով եւ յաջողութեամբ կատարեցին այս կենսական դերը մինչ Դաշնակները անընդհատ եւ տենդոտ կերպով օգտագործեցին եւ չարաչար գործածեցին Ցուրտ Պատերազմին ստեղծած պայմանները: Անոնք չվարանեցան Հայաստանի եւ Ս. Էջմիածնայ հետ յարաբերող եւ նախաձեռնութիւն վերցնող ամէն անձ կամ կազմակերպութիւն երկրի ապահովութեան ոյժերուն մօտ՝ մատնանշելու կամ մատնելու որպէս համայնավար գործակալ: Այսօր, Ցուրտ Պատերազմի վերջանալէն եւ հայ գաղութներու մէջ ապրուած մղձաւանջներէն քսան եւ վեց տարիներէ ետք, երեսուն տարեկանէն վար որեւէ մէկուն համար գրեթէ անկարելի է երեւակայել կամ պատկերացնել այն ողբերգութիւնները որ մեր գաղութները ապրեցան ամբողջ եօթանասուն տարիներու ընթացքին:
Այդ ժամանակներու միայն մի քանի ամենացայտուն եղելութիւնները յիշելու համար պէտք է յիշել բարձրաստիճան եկեղեցական Եպիսկոպոսի մը դաշունահարումը Ս. Խորանին առջեւ, եղբայրասպան կռիւներու մղձաւանջը կարգ մը գաղութներուն մէջ, նոյնպէս Դաշնակներու կողմէ եւ գործակցութեամբ ամերիկեան CIA-ին տեղի ունեցած Հայաստանեայց եկեղեցւոյ հերձուածը եւ բաժանումը որ դժբախտաբար կը շարունակուի մինչեւ այսօր, թէեւ յարաբերաբար աւելի մեղմ մթնոլորտի մը մէջ:
Այդ օրերու Դաշնակ մամուլը նոյնիսկ այնքան առաջ գնաց որ համարձակեցաւ ջատագովել փոխնորդ Հայաստան մը ստեղծելու գաղափարը «Արիզոնայի հիւրընկալ անապատներուն մէջ… հեռու համայնավարներէն…»: Այսպիսի ձգտուած պայմաններու մէջ, Ռամկավարները եւ իրենց մամուլը կանգնեցան բարձր եւ հաստատ ազգային ղեկավարութեան իրենց դերին մէջ: Անոնք յաջողութեամբ բանաձեւեցին եւ պաշտպանեցին այն սկզբունքը թէ հայ անհատներ եւ կազմակերպութիւններ հանգիստ կերպով կրնային իրենց կապը պահել Մայր Աթոռին եւ համայնավար մայր հայրենիքին հետ, նոյն ժամանակ մնալով իրենց ապրած երկիրներու հաւատարիմ քաղաքացիները, առանց որ անոնք որեւէ համակրական դիրք կամ գործակցութիւն ունենան Հայաստանի մէջ տիրող կարգերուն նկատմամբ:
Պէտք է կարեւորութեամբ անդրադառնալ թէ ամբողջ Սփիւռքի տարածքին դաստիարակուած եւ պաշտպանուած այս նուրբ քաղաքականութեան շնորհիւ է որ Սփիւռքը կարողացաւ պահել իր մշակութային եւ բարոյական կապը իր հայրենիքին հետ եւ այդպէսով ան նախապատրաստուած էր անմիջապէս գործակցելու 1991-ին նորանկախ Հայաստանին հետ: Թէեւ Հնչակեանները եւ կարգ մը ուրիշ հայ ձախակողմեան փոքր խմբաւորումներ եւս տարին այս սպառեցնող պայքարը, սակայն Ռամկավարներն էին որ կրնային լաւագոյնը ձեռք առնել զայն:
Արդարեւ միայն Ռամկավար Կուսակցութեան ծրագիր Կանոնագիրն է որ կը համապատասխանէ Արեւմտեան ռամկավարական սկզբունքներուն: Ռամկավարներու Արեւմտամէտ այս գաղափարախօսութիւնը այնքան յստակօրէն շեշտուած է որ անոնք բացայայտ եւ ուժգնօրէն կրցան յայտարարել թէ իրենք հակառակ են համայնավարութեան… Իսկապէս ալ Հայաստանի համայնավար շրջանակներուն մէջ, հեգնականօրէն Ռամկավարները կ’որակուէին որպէս «Պուրժուա կազմակերպութիւն»…:
Յստակ կերպով բանաձեւուած այս հասկացողութեան շնորհիւ է որ Սփիւռքի մեծագոյն կազմակերպութիւններ հանդիսացող Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը իրենց կարգին կարողացան իրենց կենսականօրէն կարեւոր գործունէութիւնը կատարել Սփիւռքին մէջ՝ նոյն ժամանակ անոնք կարողացան անվարան պահել իրենց կապը Մայր Աթոռին եւ մայր հայրենիքին հետ: Այս իրագործուեցաւ շնորհիւ այդ կազմակերպութեանց նկատմամբ Ռամկավարներու ուժեղ աջակցութեան եւ անոնց ղեկավարութեան մէջ առաջին իսկ օրէն իրենց ունեցած ներկայութեան: Եթէ Դաշնակցութիւնը ազատ թողուած ըլլար եօթանասուն տարիներ շարունակ հայութիւնը անջատուած պահելու իր հայրենիքէն, Հայաստանի նորագոյն Անկախութեան վաղորդայնին տեղի ունեցած խանդավառ օժանդակութեան հոսքը դէպի Հայաստան երբեք տեղի պիտի չունենար:
Հաստատ իրականութիւն է թէ մինչ մեր օրերուն շատ բնական երեւոյթ է հայոց համար երթալ Հայաստան, փոխանակումներ ընել այնտեղ եւ օժանդակել անոր, մինչ բոլորովին տարբեր էր վիճակը ամբողջ եօթանասուն տարիներու ընթացքին:Հայաստանի հետ յարաբերութեանց կենսական իրավիճակը պահպանուեցաւ շնորհիւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան յամառ եւ հերոսական գործունէութեան, որուն այն ժամանակ միացան նաեւ Սփիւռքի ոչ-ռամկավար բազմաթիւ համախմբումներ որոնք միասնաբար կը կրէին «Հայրենասիրական Ճակատ» մակդիրը: Սակայն բոլորն ալ այս բնագաւառին մէջ կը քաջալերուէին ու կը ներշնչուէին ՌԱԿ-էն:
ԵՐՐՈՐԴ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՆԱԿՆԿԱԼԸ
Վերջապէս կարեւորութեամբ նկատի պէտք է առնել թէ երբ անակնկալօրէն 1991-ին Սովետական Միութիւնը քայքայուեցաւ եւ Հայաստան հռչակեց իր անկախութիւնը, անոնք որոնք մղեցին Հայաստանի մէջ նախորդող քանի մը ամիսներուն պայքարը առաւելաբար Ղարաբաղի Կոմիտէ անուան տակ, բոլորն ալ առանց բացառութեան, Հայաստանի կամ Ղարաբաղի բնակիչներ էին, Սփիւռքէն ոչ իսկ մէկ հայ կար այդ պայքարողներուն մէջ եւ վստահաբար ոչ մէկ Դաշնակցական: Միւս կողմէ անկախութենէն անմիջապէս վերջ Ռամկավարներ եւ իրենց համախոհներ առաջիններն էին Հայաստան երթալու եւ իրենց մասնակցութիւնը եւ օժանդակութիւնը բերելու նորանկախ Հայաստանի մը անսպասելի իրականութեան: Մասնաւորաբար նկատի պէտք է առնուի թէ Սեպտեմբեր 1991-ին Ազգային Խորհուրդին մէջ ներկայացուած անկախութեան հռչակագիրը ստորագրող որպէս աւանդական կուսակցութիւն միայն Ռամկավարներն էին:
Այսպէս Ռամկավարները Երրորդ Հանրապետութեան ստեղծման առաջին օրէն իսկ ներկայ էին Հայաստանի մէջ: Այն ժամանակ հազիւ քանի մը շաբաթ անց յախուռն որոշումը առինք Երեւանի մէջ հրատարակելու Ազգ թերթը որպէս Հայաստանի առաջին մամուլը որուն մօտեցումը բոլորովին նոր էր: Լրատուութեան եւ կառավարական որոշումներ վերլուծելու եւ հաղորդելու իր մօտեցման մէջ ան կը հետեւէր Արեւմտեան հասկացողութեանց: Ազգ-ը անմիջապէս դարձաւ երկրին ամենափնտռուած թերթը: Ազգ-ին իւրաքանչիւր թիւէն հազարաւոր օրինակները կը սպառէին քանի մը վայրկեաններու մէջ: Մինչեւ այսօր Ազգ-ը կը մնայ Հայաստանի հեղինակաւորութիւն հրատարակութիւններէն մէկը:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան որոշ անդամներ օրինակ հանդիսանալով, շտապեցին Երեւան: Անոնք առաջիններէն հանդիսացան այնտեղ Արեւմտեան ազատ շուկայի մօտեցումներով գործ ստեղծելու: Աւելի վերջ պարզուեցաւ որ այդ ջանքերը կանխահաս էին: Ինչ կը վերաբերի Հ.Բ.Ը.Մ.ին, ինչպէս վերեւը յիշուած է Ռամկավարներ անոր ստեղծման առաջին օրէն իսկ բացառիկ հաւատքով եւ օրինակելի կերպով ներշնչող ներկայութիւն եւ աշխոյժ գործունէութիւն ցուցաբերած են անոր մէջ: Հետեւաբար կը սպասուէր որ, Հ.Բ.Ը.Մ.ը իր կարգին անմիջապէս շօշափելի օժանդակութեան աշխատանքներու ձեռնարկէր: Անոր ամենայախուռն նախաձեռնութիւնը եղաւ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի ստեղծումը որ յաջորդող տարիներուն՝ մինչեւ այսօր, կը հանդիսանայ Հայաստանի մէջ ամէնէն կենսական հաստատութիւններէն մէկը:
Այստեղ թուարկումներու այս շարքը պիտի կասեցնեմ քանի որ այս յօդուածին նպատակը չէ թուարկել եւ վերլուծել վերջին քսանվեց տարիներու ընթացքին Հայաստանի մէջ կատարուած բոլոր զարգացումները, քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային վերիվայրումները ինչպէս նաեւ այդ բոլորին մէջ շատերու կողմէ կատարուած աշխատանքը եւ յատկապէս Ռ.Ա.Կ.-ի ստանձնած դերը: Կը բաւէ հաստատել թէ հակառակ բազմաթիւ դժուարութեանց Ռ.Ա.Կ.-ը այսօր ներկայ եւ գործօն է Հայաստանի մէջ: Ան վերջերս ձեռնարկեց վերակառուցման մեծ աշխատանքի մը եւ դարձաւ Հայաստանակեդրոն Կազմակերպութիւն: Այսպիսով Ռ.Ա.Կ.-ը աւելի քան երբեք իր գործունէութիւնը եւ օժանդակութիւնը կրնայ կեդրոնացնել ի նպաստ Հայաստանին եւ Հայաստանի պետականութեան:
Եզրակացնելով այս ակնարկը նետուած մեր ազգի վերջին հարիւր տարիներու խրթին պատմութեան վրայ, բացայայտ կը դառնայ թէ Ռ.Ա.Կ.-ը արդարօրէն խրոխտ եւ հպարտ կանգնած է Մայիս 2018-ին Հայոց Պետականութեան Հարիւրամեակի նշման սեմին՝ հիմնուելով այն ծառայութեան վրայ որ ան անձնուիրաբար տուած է ի նպաստ Հայոց Պետականութեան եւ անոր Գերագոյն շահերուն, առանց խտրականութեան, հարիւր անցնող տարիներու բոլոր տարբեր շրջաններուն:
Ան ոչ մէկ ժամանակ ջանացած է օգտուիլ կացութիւններէն եւ ինքզինք հարստացնել որեւէ ձեւով իբրեւ հատուցում իր բերած ծառայութեանց: Ոչ մէկ քաղաքական խումբ կրնայ յաւակնիլ այս իմաստով գերազանցելու Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը: Հայ ազգը ամբողջ՝ այս քաղաքական Կուսակցութեան հանդէպ եւ անոր սքանչելի ծառայութեան այս վաստակին նկատմամբ երախտագիտութեան պարտք ունի:
Յառաջիկայ՝ Հայաստանի Պետականութեան Հարիւրամեակի տօնակատարութեանց ժամանակ բնականաբար բոլոր քաղաքական կուսակցութիւնները ինչպէս նաեւ ոչ-քաղաքական կազմակերպութիւններ, արդարօրէն պիտի տօնախմբեն համաձայն իրենց եւս բերած նպաստներուն: Ռ.Ա.Կ.-ը իրաւունք ունի հպարտօրէն այդ առիթով ինք եւս տօնախմբելու. աւելի եւս , ան նաեւ արդարօրէն իրաւունք ունի գնահատուելու՝ 2018 Մայիսի Ազգային Տօնակատարութեանց ընթացքին:
ՄՈՆԹՐԷԱԼ
Ծանօթ: Հեղինակը եղած է համազգային մակարդակով ղեկավարներէն մէկը բազմաթիւ հայկական կարեւորագոյն կազմակերպութիւններու: Անոնց կարգին է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը որուն բազմաթիւ տարիներով Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետը եղած է ան: Ան բազմաթիւ տարիներով եղած է նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի Անդամ եւ անոր Փոխ Նախագահը: Ան եղած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի Թեմին հիմնադրողներէն գլխաւոր ղեկավար անձնաւորութիւնը եւ ապա բազմաթիւ տարիներ եղած է անոր Թեմական Խորհուրդին Ատենապետը:
Արտատպուած «ՊԱՅՔԱՐ»-ի 8 Ապրիլի թիւէն