Սարդարապատի ճակատամարտը որ պսակուեցաւ 1918ի Մայիս 28ի պետականութեան վերականգնումով, այսօր աւելի նշանակալից է քան երբեւէ, որովհետեւ այսօր նոյն այդ պետականութեան գոյութիւնն է խնդրոյ առարկայ: Սարդարապատը ճակատամարտ մը չէր միայն, ոչ այլ պատմական դէպքերու շարքին մէկ հաւասար օղակը, այլ ան խորհուրդ մըն էր, փրկութեան լաստ մը որ իրականութիւն դարձաւ միայն հայ ժողովուրդի միասնական կամքին շնորհիւ:
Երկար ատեն ան կուսակցականացաւ եւ այդ արարքին մէջ հաւասարապէս պատմութեան առջեւ պատասխանատու են թէ զայն կուսակցականացողները եւ թէ ալ զայն թոյլ տուողները: Բարեբախտաբար Հայաստանի պետականութեան վերականգնումով ան վերստին ստացաւ իր համազգային տարողութիւնը:
Սարդարապատի յաղթանակը կերտողները, ըլլան անոնք Մովսէս Նազարբէկեաններ, Բեկ-Փիրումեաններ, Սիլիկեաններ, Արամներ ու Դրօներ միայն տագնապած եւ ուժաւորուած էին հայրենիքին փրկութեան գաղափարով: Նոյնպէս Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց հայրապետն ու հետագային Կաթողիկոս Գարեգին Յովսէփեանցը ոեւէ դաւանական, քաղաքական ու կուսակցական պիտակումներու ներքեւ չէին պայքարած, այլ միայն` յանուն հայ ժողովուրդի փրկութեան:
Սարդարապատի ճակատամարտի ոգին 103 տարիներ քալեց մեր ժողովուրդին հետ եւ այսօր, դուրս գալով պատմութեան իր պատեանէն` ան դարձած է քաղաքական եւ ազգային օրակարգ:
Թուրքերը, իրենց կազմակերպուած եւ հզօր բանակով հանդերձ հայուն չներեցին Սարի Ղամիշի պարտութեան նուաստացումը եւ այսօր վերադարձած են Հայաստանի սահմանը, այդ օրուան պարտութեան վրէժը լուծելու:
Թուրքիոյ նախագահը` Թայիպ Էրտողան եւ Ատրպէյճանի նախագահը` Իլհամ Ալիեւ երբեք պաշտօնապէս չեն յայտարարած որ կ’ուզեն բնաջնջել հայութիւնը եւ քարտէսէն սրբել Հայաստանը – դիտաւորութեան նման բացայայտում մը քաղաքական ոճիրի համապատասխան արարք մը պիտի ըլլար: Սակայն, առաջինը` իր համաթուրանական ծրագրով իսկ երկրորդը` Հայաստանը արեւմտեան Ատրպէյճան յայտարարելով արդէն նախադրեալները հրապարակած կ’ըլլան ծրագրուող նոր նախճիրին:
1918ին հայ ժողովուրդը առանձին էր. հազիւ վերապրած ցեղասպանութեան աղէտէն եւ չունէր իսկ կազմակերպուած բանակ: Ռազմագէտներուն համար կը մնայ զարմանալ թէ հայ ժողովուրդը այն ո՞ր ոյժին ապաւինելով է որ վճռեց ճակատիլ, աչքի առաջ ունենալով այն միակ ճշմարտութիւնը` «մահ իմացեալ անմահութիւն է»: Այսօրուան քաղաքական աշխարհի շնական (ցինիք) հասկացողութեամբ կատարեալ միամտութիւն եւ հաւատքի կուրութիւն:
Այսուհանդերձ հայ ժողովուրդը նետուեցաւ գուպարի մէջ այն միակ զէնքով որ ունէր իր տրամադրութեան ներքեւ – միասնականութիւն, քաղաքացիական համախմբում: Եւ այդ միակ զէնքն է որ հայ ժողովուրդը առաջնորդեց յաջողութեան եւ պանծալի յաղթանակի: Հետեւաբար, Սարդարապատի ճակատամարտէն մեր քաղելիք միակ դասը այդ միասնականութիւնն է: Եթէ այսօր մենք չկարենանք կենսագործել միասնականութեան այդ դասը` կը նշանակէ որ մենք տակաւին չենք խրատուած Սարդարապատի խորհուրդին ընծայած կազդուրիչ դաստիարակութենէն:
Մորթապաշտ խաւ մը գոյութիւն ունի Հայաստանի մէջ որ չէր քաշուեր Արցախի հարցի լուծման իր միամիտ տեսակէտը կամ տեսութիւնը յայտնելու ըսելով` «յանձնենք Արցախը որ լաւ ապրենք»: Հիմա կը պարզուի որ որքան էր խորութիւնը այդ մորթապաշտ տեսակէտին, երբ Արցախը յանձնելով չեկաւ «լաւ ապրելու ժամանակը»: Ատրպէյճանը իր զօրքերը մտցուցած է Հայաստանի սահմաններէն ներս, աւելին կը պահանջէ . եւ այդ պահանջներուն ալ եզրափակիչ հանգրուանը Հայաստանի ազգաբնակչութեան ամբողջական անճիտումն է:
Այս պատերազմին` երկու հանգրուանով պարզուեցաւ Հայաստանի ռուս պաշտօնակիցին յանձնառութեան սահմանը. երբ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա ամէնէն արդիական զէնքերով յարձակեցան Արցախի վրայ` Ռուսաստանի արդարացումը այն էր որ Արցախը մաս չի կազմեր Հայաստանին, հետեւաբար Ռուսաստան պարտաւորուած չէ հայութիւնը պաշտպանելու Արցախի մէջ: Մինչ այդ չգործեցին Ռուսաստանի տրամադրած զէնքերը, չպայթեցան Իսկենտերները, ոչ ալ մեզի տրամադրուած կործանիչ օդանաւները հրթիռներ ունեցան թրքական անօդաչու օդանաւներու դէմ: Մինչ այդ Ռուսաստան երաշխաւորեց որ պատերազմի շրջանին անվնաս մնան Ատրպէյճանի կազատար խողովակներն ու քարիւղի զտարանները: Եւ 5000 զոհեր պատճառելէ ետք, 10,000 ալ հաշմանդամներ, Ռուսաստան միջամտեց զինադադար ապահովելու համար եւ այդ անպատիւ քաղաքականութեան համար երախտիքի խօսք պահանջուեցաւ հայ ժողովուրդէն, մեզ սաստելով որ եթէ չըլլար նախագահ Փութինի ճգնաջան աշխատանքը` աւելի վատթար կրնար ըլլալ հայութեան վիճակը:
Հիմա Ատրպէյճանը եկած ու մտած է Հայաստանի սահմաններէն ներս, գրաւած է Սեւ լիճը Սիւնիքի սահմանին եւ թափանցած է նաեւ Գեղարքունիքի սահմանէն ներս: Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կը դատապարտէ Ատրպէյճանի ընթացքը, Եւրոպական Միութիւնը կը պահանջէ հայ գերիներու վերադարձը, մինչեւ անգամ Հնդկաստան կը ձայնակցի Հայաստանին եւ Ատրպէյճան 300 զինուորներու վրայ 300 մըն ալ կ’աւելցնէ Հայաստանի սահմաններէն ներս: Մինսքի խումբը կը պահանջէ կողմերէն վերադառնալ բանակցութեան սեղանին եւ խաղաղ միջոցներով լուծել Արցախի խնդիրը: Ատրպէյճան վեց զինուորներ կ’առեւանգէ Հայաստանէն ու կը տանի Պաքու: Այս երեւոյթը մերկապարանոց ցոյց կու տայ թէ միջազգային հանրութիւնը ընելիք չունի. մինչեւ անգամ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի առաջարկը խնդիրը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին ներկայացնելու քաղաքական շարժաձեւէ անդին չ’երթար եւ այս բոլորին գիտակից է Իլհամ Ալիեւ եւ վստահ է թէ իր ընթացքը կրնայ շարունակել անպատիժ:
Գալով մեր դաշնակիցին` Ռուսաստանին, տակաւին ան լուռ կը մնայ եւ կը խուսափի իր յանձնառութիւնը գործադրելէ:
Հայաստան կը վարանի, (նոյնիսկ) արտօնուած ալ չէ հարցը ներկայացնելու ՄԱԿ-ին: Ճարահատ կը դիմէ ՀԱՊԿ-ին, Հաւաքական Պաշտպանութեան կառոյցին որ պաշտօնն ունի պաշտպանելու Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը:
Ու յանկարծ կը պարզուի որ Ռուսաստան` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին կ’առաջարկէ նուաստացուցիչ նոր համաձայնութիւն մը կնքել` կազմելու միացեալ յանձնաժողով մը Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի հետ, երկու երկիրներուն սահմանագծումները կատարելու: Այս երեւոյթը կը նմանի այն բանին որ գողը մտած է Հայաստանի տունը, Մոսկուան իբրեւ ոստիկան վրայ կը հասնի եւ կ’առաջարկէ միջնորդ դառնալ գողին եւ զոհին միջեւ եւ «եղբայրաբար» կիսելու զոհին կահոյքն ու ինչքը:
Քաղաքական այս զաւեշտը կը սարքուի Հայաստանի գլխուն, որովհետեւ Ռուսաստան կը փորձէ սիրաշահիլ Պաքուն եւ զայն անդամ դարձնել Եւրասիական Տնտեսական միութեան եւ Հաւաքական Պաշտպանութեան ուխտին, հակառակ Հայաստանի կամքին, որ իբրեւ անդամ վերոյիշեալ կազմերուն, իրաւունքն ունի վեթոյի: Սակայն, այս բոլորը գիտնալով հանդերձ Ռուսաստանի փոխ արտգործ նախարար Անտրէյ Ռոտենքօ կը յամառի պնդել որ այդ կազմերու անդամակցութեան դուռը բաց պէտք է մնայ Ատրպէյճանի առջեւ:
Ինչպէս կը պարզուի` Ռուսաստան պատրաստ չէ պաշտպանելու իր դաշնակիցը, որուն հողամասին վրայ զետեղած է իր ռազմախարիսխը. իսկ Արեւմուտքը, լաւագոյն պարագային, բարենպաստ կոչերէ անդին ընելիք չունի:
Ուրեմն, հայ ժողովուրդը մինակ է եւ դարձեալ անպաշտպան աշխարհի անտարբերութեան դիմաց: Անոր միակ տուեալը փրկութեան պիտի ըլլար իր ներոյժը, որ կը գոյանայ միայն միասնականութեամբ:
Մէկ կողմէ վտանգուած Սիւնիքը քաղաքական խլրտումի մէջ է նոյնիսկ խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ իր ենթակայութիւնը կեդրոնական իշխանութեան:
Հայաստանի քաղաքական դաշտը բեւեռուած է եւ ապականած: Այս բոլորին մէջ ո՞ւր է Սարդարապատի ոգին եւ անոր ընծայած պատմական դասը միասնականութեան:
Հայաստան վերջին երեսնամեակին չյաջողեցաւ ստեղծել քաղաքացիական գիտակցութեամբ դաստիարակուած հասարակութիւն մը. եւ այդ պատճառաւ ալ նախկին իշխանաւորները 10,000 դրամով գնեցին անոր հաւատարմութիւնը եւ կողոպտեցին երկիրը այն աստիճան որ ժողովուրդը անոնց փորձանքէն ազատուելու համար պատրաստ էր կրակի մէջ նետուելու, եւ նետուեցաւ ալ` իշխանութեան բերելով միջակ լրագրող մը, որ այսօր կը փորձէ պետութիւն կառավարելու արհեստը սորվիլ հայ ժողովուրդի ողբերգութեան հաշւոյն:
Երբ այսօր Հայաստանի սահմանները վտանգուած են եւ նոյնիսկ` խնդրոյ առարկայ է Հայաստանի գոյութիւնն իսկ եւ պետութիւն եւ ժողովուրդ պառակտուած ոյժերով կը պատրաստուին Յունիս 20ի խորհրդարանական ընտրութեանց: Մէկ կամ միւս կողմին միակ ազգային դաւանանքն է յաջողութեան պարագային` ջախջախել հակառակորդը եւ ոչ անպայման կառավարել երկիրը:
Ո՞ւր է պետական այն դէմքը որ վեր պիտի բարձրանար քաղաքական հատուածներէն, ո՞ւր է այսօրուան Անդրանիկը որ իր շուրջ պիտի համախմբէր ժողովուրդը միասնաբար դիմաւորելու համար թշնամին եւ նոր Սարդարապատներ իրականացնելու:
Չկայ միասնութիւն խորհրդանշող այդ դէմքը կամ` խմբաւորումը եւ մանաւանդ` չկայ դաստիարակուած հասարակութիւն որ զգուշանայ ճոռոմաբանութիւնը տրամաբանութեան հետ շփոթող ղեկավարներէն որոնք կը յայտարարեն` «ես միակ պատասխանատուն եմ, բայց ոչ միակ մեղաւոր»:
Այսօրուան քաղաքացիական հասարակութիւնը արժանի է այսպիսի ղեկավարութեան մը:
Միասնականութեամբ յաղթական դուրս եկանք Սարդարապատի ահաւոր ճակատամարտէն, բայց այսօր ո՞ւր պիտի հասնինք մեր երկրին անմիաբանութեամբ …:
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ