ՍԵՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎԻ ՎՐԷԺԽՆԴԻՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆԴԷՊ

Հայազգի, կիսահայ եւ ապահայ ռուսաստանցի Սերկէյ Լաւրով վերջերս սկսած է բացայայտօրէն թշնամական քաղաքականութիւն մը վարել Հայաստանի նկատմամբ: Պրն. Լաւրով, նախագահ Փութինէն վերջ, գլխաւոր ճարտարապետն է որ կը ձեւաւորէ Ռուսաստանի քաղաքականութիւնը աշխարհի հանդէպ. եւ իր խօսքն ու գաղափարները ծանր տարողութիւն ունին միջազգային հրապարակի վրայ: Հետեւաբար որեւէ երկրի, առաւել եւս Հայաստանի նման երկրին համար, վտանգաւոր է հակադրուիլ այդպիսի տիտանական պետական դէմքի մը:

Այս իրողութիւններուն վստահաբար գիտակից են Հայաստանի իշխանութիւնները, որոնք կը ջանան վարել զգուշաւոր քաղաքականութիւն մը: Այսուհանդերձ Հայաստանի զգուշաւորութիւնը այնքան ալ դեր պիտի չունենայ սահմանափակելու համար Պրն. Լաւրովի վտանգաւոր քաղաքականութիւնը, քանի Ռուսաստանի շահերը ներկայիս աւելի մօտ են Ատրպէյճանին` քան Հայաստանին: Աւելին` ռուս-ատրպէյճանական ճակատին, որուն հետ Ռուսաստան կը փորձէ կիսել կովկասեան շրջանի տիրութիւնը:

Միւս կողմէ, Հայաստան որ ցարդ ապաւինած էր միաբեւեռ քաղաքականութեան մը, հաւատալով որ Ռուսաստանի հետ իր կնքած ռազմավարական դաշինքները բաւարար են երաշխաւորելու իր սահմաններն ու գոյութիւնը, կ’անդրադառնայ թէ քաղաքական այժմու զարգացումները տարբեր ուղղութեամբ կ’ընթանան եւ Ռուսաստանի յոյսին ապաւինիլը ապահովութիւն մը չէ եւ ոչ ալ` ռազմավարական առողջ քաղաքականութիւն:

2020-ի 44-օրեայ պատերազմը պարզեց իրողութիւնը իր ամբողջ մերկութեամբ: Ռուսաստան ոչ միայն անպաշտպան թողուց Հայաստանը Ատրպէյճանի դիմաց – որուն միացած էին Թուրքիա, Փաքիստան եւ Իսրայէլ – այլ որդեգրեց քաղաքականութիւն մը որով կ’ակնկալէր թէ ի՛նչ դիրք որ ալ բռնէ Մոսկուան` Հայաստան պարտաւոր է համակերպիլ, ընդհուպ խնդրոյ առարկայ դարձնելով իր գոյութիւնը:

Այնպէս ինչպէս Ռուսաստան կը վարէ իր քաղաքականութիւնը, համադրելով զայն իր տարածաշրջանային շահերուն, պէտք է հասկնայ որ Հայաստան եւս ունի իրաւունքը իր գոյութենական պայքարն ու քաղաքականութիւն զուգորդելու իր շահերուն:

Անցեալ տարուան Սեպտեմբեր 13-14ին երբ Ատրպէյճան կը ձեռնարկէր լայնածաւալ պատերազմի մը, Ռուսաստանի խաղաղապահ ոյժերը չէզոք դիրքի վրայ մնացին, մինչ նախայարձակ կողմի զսպումը եկաւ Ամերիկայի եւ Իրանի ազդարարութիւններով, որքան ալ զարմանալի թուի այս երկու հակառակորդներուն դիրքաւորման զուգորդութիւնը. հակառակ որ Հայաստանի նորանշանակ փոխ արտաքին գործոց նախարարը՝ Կոստանեան իր գնահատանքը վերապահեց միայն Թեհրանին:

Մոսկուա Հայաստանի վրայ իր ունեցած հակակշիռը շատ սուղ գինով կը վաճառէ Ատրպէյճանին. օրինակ, Ռուսաստանի համար հաճոյ չէր որ Հայաստան դիմէր ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին, ամբաստանելով Ատրպէյճանը ցեղապաշտութեամբ. սակայն, Երեւան քաջութիւնը ունեցաւ առնելու նախաձեռնութիւնը եւ վերջապէս միջազգայնացնելու խնդիրը:

Անցեալ Սեպտեմբերին երբ Պրն. Լաւրով արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում մը կազմակերպեց Մոսկուայի մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը` Արարատ Միրզոյեան մերժեց մասնակցիլ, պատճառաբանելով որ զբաղած էր Լաչինի շրջապատման տագնապով: Այդպիսի համարձակութիւն մը զայրացուց Պրն. Լաւրովը, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովին հետ, հակահայաստանեան քաղաքական բեմադրութեան մը վերածեց այդ ֆորումը, ամբաստանելով Երեւանը որ կարեւոր առիթ մը կորսնցուցած էր կնքելու խաղաղութեան դաշնագիր մը Ատրպէյճանի հետ, կարծէք թէ նման տասնեակ հանդիպումներ – որոնք ջուր ծեծելու առիթներ դարձած էին – կարծէք արդիւնք մը տուած ըլլային:

Ճակատումի ուրիշ առիթ մըն էր ՀԱՊԿ-ի վերջին ժողովը Հայաստանի մէջ, ուր ռազմական այդ ուխտին անդամները մերժեցին ճանչնալ Հայաստանի սահմանները եւ համապատասխանաբար գնահատանք մը տալ Ատրպէյճանի ներխուժման: Այդ պատճառաւ ալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մերժեց ստորագրել այդ հանդիպման եզրափակիչ հաղորդագրութիւնը, զարմանք եւ զայրոյթ պատճառելով Պրն. Լաւրովին, թէ` ինչպէ՞ս փոքրիկ Հայաստան մը կրնայ այդպիսի համարձակ կեցուածք մը դրսեւորել:

Մոսկուայի համար իտէալական վիճակը պիտի ըլլար քաղաքական հոսանքները սահմանափակել երրորդութեան մը ծիրին մէջ, ուր Հայաստան-Ատրպէյճան ճակատումի հակակշիռը կը մնայ Ռուսաստանի ձեռքը: Սակայն, Ուքրանիոյ պատերազմը եւ Ռուսաստանի այլ յանձնառութիւններն ու առճակատումները Արեւմուտքի հետ, խախտած են հաւասարակշռութիւնը, առիթ տալով Հայաստանին որ իր արտաքին քաղաքականութիւնը ընդարձակէ զգոյշ քայլերով: Այդ հնարաւորութիւններէն օգտուելով անցեալ տարի, երկու ամսուան պայմանաժամով հրաւիրուած էին եւրոպացի քաղաքային դիտորդներ վերահսկելու Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանը: Բնականաբար դիտորդներու ներկայութիւնը չի կրնար առաջքն առնել ռազմական ներխուժումի մը, սակայն կրնայ ունենալ որոշ չափի զսպիչ դեր: Եւ իրօք այդ երկու ամիսներու ընթացքին լարուածութեան մագլցումներ չարձանագրուեցան, որովհետեւ Ատրպէյճանի ոյժերը եւրոպացի դիտորդներու տեսադաշտին մէջն էին:

Այդ փորձառութիւնը քաջալերեց Հայաստանն ու Եւրոպական Միութիւնը որ ընդարձակեն այդ առաքելութիւնը: Հետեւաբար Եւրոպական Միութիւնը որոշեց երկու տարուան պայմանաժամով ղրկել 100 դիտորդներ: Ի դէպ, ըսենք թէ Եւրոպական Միութեան դիտորդները 2008 թուականէն ի վեր կը հսկեն Վրաստան-Ռուսաստան սահմանը, ինչ որ յոյս կու տայ Հայաստանին աւելի երկարաժամկէտ տեղակայել այդ դիտորդները Հայաստանի սահմաններէն ներս:

Այս վերջին որոշումը վրդովում պատճառած է նախագահ Իլհամ Ալիեւին, որ Եւրոպական Միութիւնը չէր դիմած իր հաւանութեան: Սակայն, Ալիեւի դատին փաստաբանութիւնը ստանձնած ըլլալ կը թուի Սերկէյ Լաւրով որ յայտարարած է թէ այս նոր որոշումը, որ չէ համաձայնեցուած Ատրպէյճանի հետ, կրնայ հակառակ արդիւնքը տալ (counter-productive), ինչ որ կը նշանակէ թէ Մոսկուա պատրաստ է դիմելու սադրանքի մը:

Մոսկուայի տեսանկիւնէն այս առաքելութիւնը կրնայ երկու խնդիր յարուցանել – նախ Երեւան-Պաքու յարաբերութեանց հակակշիռը դուրս բերել իր գերակայութեան սահմանէն, եւ երկրորդ` ան կրնայ նշանակել Արեւմուտքի թափանցումը Կովկասեան աշխարհամասէն ներս, դուրս մղելու համար Ռուսաստանը անկէ: Այդ վախը կրնայ ճշմարիտ ըլլալ, սակայն Հայաստան պարտաւոր չէ տեղի տալ Մոսկուայի մտահոգութիւններուն:

Ի դէպ, կ’ըսուի որ այդ քաղաքային նոր դիտորդներու շարքին պիտի գտնուին 70 ֆրանսացի ժանտարմներ, որոնք սովորաբար զինեալներ են:

Սերկէյ Լաւրով աւելի թատերականացուցած է այս նոր առաքելութեան գալուստը: Ան յայտարարած է որ ՀԱՊԿ-ի ոյժերը պատրաստ էին դիտորդներ ղրկել Հայաստան, սակայն այս վերջինը նախընտրեց դիմել Եւրոպական Միութեան: Եթէ Երեւան այսօր ալ կը փափաքի, ՀԱՊԿ-ի ոյժերը երկու օրէն կրնան տեղակայուիլ Հայաստանի հողին վրայ:

Այսքան երգիծական երանգ կարելի չէ գտնել քաղաքականութեան մէջ, որովհետեւ՝

Ա. ՀԱՊԿ կը նշանակէ Ռուսաստան. քանի Ռուսաստանի ոյժերը արդէն կը գտնուին Հայաստանի հողին վրայ եւ պարզ հանդիսատեսի դեր կատարեցին երբ ատրպէյճանցիները գրաւեցին Փարուխն ու Սեւ Լիճը, ո՞ր երկիրը պիտի վստահի Ռուսաստանի հսկողութիւնը վայելող դիտորդներուն:

Բ. ՀԱՊԿ-ի ոյժերը ամէն գինով հեռու պէտք է մնան Հայաստանի սահմաններէն, որովհետեւ այդ երկիրները ամբողջութեամբ թշնամական դիրք բռնած են Հայաստանի դէմ. Պելառուսը, Ղազախստանը, Քըրքըզստանը եւ Տաճիկիստանը ցնծագին շնորհաւորեցին Ալիեւը Հայաստանի դէմ անոր տարած «յաղթանակ»ին առիթով. այդ արարքէն ետք տակաւին իրենց դիտորդնե՞րը պիտի ղրկեն Հայաստանի ապահովութիւնը երաշխաւորելու: Գայլերը ոչխարի հօտին պահապան կարգելու նման արարք մը:

Պրն. Լաւրով կը թուի որոշած ըլլալ ուղղակի դիմել առճակատումի, մոռնալով իր դաշնակիցի պարտաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան պայմանները: Արդարեւ, ան հարցազրոյց մը տալով Տիմիթրի Քիսիլեւին, Ռուսիա-24 ալիքի վրայ, արդարացուցած է Ատրպէյճանի պատերազմը Հայաստանի դէմ:

Ստորեւ պատմութիւնը խեղաթիւրողի խօսքը Պրն. Լաւրովին-  «Ղարաբաղեան այս պատերազմին պատմութիւնը կու գայ տասնամեակներու խորքէն, եւ երբ երկար-երկար տարիներ Հայաստանը գրաւած կը պահէր Ատրպէյճանի 7 շրջանները, եւ յետոյ յուսահատուած քաղաքական կերպով հարցը լուծելու փորձէն (Ատրպէյճան դիմեց պատերազմի). Ռուսաստանը առաջարկում էր բազմաթիւ տարբերակներ, որոնք դեռ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ այնքան ալ դրական չէին ընդունուեր, ցանկալով պահել այդ տարածքները, որոնց նկատմամբ յաւակնութիւն չունէր: Հետեւաբար Ատրպէյճանը վերստին առած է այդ հողերը որոնք կը պատկանէին իրեն»:

Լաւրովի այս հաստատումը եւ զայն արտայայտելու զայրոյթը անդին կ’երթան դիւանագիտութեան սահմանէն, դառնալու համար լոկ զգացական պոռթկում:

Պրն. Լաւրով Ռուսաստանի կողմէ ղարաբաղեան քաղաքականութեան ձեւաւորողն է. Ռուսաստանի դիրքը այն է որ Ղարաբաղի կարգավիճակի ճշդումը պէտք է յետաձգել անորոշ ապագային: Բայց եթէ Պրն. Լաւրով այժմէն ճշդած է Ղարաբաղի հողին ճակատագիրը, ալ ի՜նչ խօսք կը մնայ կարգավիճակ որոշելու մասին:

Արդեօք չափազանցուա՞ծ կ’ըլլայ ըսել որ Պրն. Լաւրով հիպրիտային պատերազմ կը յայտարարէ Հայաստանի դէմ: Եթէ պատերազմ իսկ չէ՝ գոնէ զգուշացման ազդարարութիւն մըն է բոլորին համար, որոնք կը հաւատային եւ հաւատացած կը մնան որ ռազմագիտական դաշնակցութիւնը ամուր եւ վստահելի է Ռուսաստանի հետ եւ թէ կարելի է յոյս կապել նման քաղաքագէտներու եւ անոնց քաղաքական վարքագիծին հետ:

«Թէ քնած էք` արթուն կացէք»:

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ