ՍԻՒՆԻՔԸ ԿՌՈՒԱԽՆՁՈՐ ՆԺԴԵՀԻ ԵՒ … ԱԼԻԵՒԻ ՄԻՋԵՒ

Սիւնիքը ողնասիւնն էր Հայաստանի եւ կը շարունակէ մնալ այդ ողնասիւնը այսօր եւս. այդ պատճառաւ ալ Հայաստանի հին ու նոր թշնամիները միշտ փորձած են ու կը փորձեն փշրել այդ ողնասիւնը` ծունկի բերելու համար Հայաստանը:

Սիւնիքի ռազմագիտական ու պատմական նշանակութիւնը աւելի լաւ կը ճանչնան Հայաստանի թշնամիները քան հայերը. գուցէ բացառութեամբը Գարեգին Նժդեհի: Թուրքերու եւ թուրանական ցեղերու համար համաթուրանական կայսրութեան ճանապարհը կ’անցնի Սիւնիքէն:

Այսօր, 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Սիւնիքը կռուախնձոր դարձած է հայերու եւ իր թշնամիներուն միջեւ, գուցէ աւելի ճիշտը` կռուախնձոր թուրքերու եւ միջազգային ոյժերու միջեւ: Պատերազմի աւարտին ստորագրուած զինադադարի համաձայնագրին մէջ, անակնկալօրէն տեղ գտաւ նաեւ ատրպէյճանական անցքի խնդիրը Սիւնիքէն. չէ՞ որ պատերազմը Արցախի մասին էր, որ կորսնցուցինք փաստօրէն: Տարբեր հարց թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ ճակատագիրը Արցախին, երբ այսօր ոյժերու վերադասաւորումներ կը կատարուին Կովկասի մէջ եւ այն կողմը որ ռազմական ու քաղաքական զօրութիւնը ունի պիտի տիրանայ առաւելագոյնին. պարտուած ու փշրուած Հայաստանը հազիւ թէ կարենայ իր կամքը պարտադրել. կը մնայ իր յոյսը դնել Մինսքի խումբի վերաշխուժացման վրայ:

Թէ Հայաստան պարտուած է եւ կ’ողբայ իր 5000 նահատակները` քաղաքական տարողութիւն մը չունի. մեծերը մեղքնալով Հայաստանին զիջումներ ու շնորհներ պիտի չընեն:

Երբ Արցախի ճակատագիրը տակաւին կը մնայ անորոշ` Հայաստան այսօր խնդիրն ունի իր հողային ամբողջականութիւնը պահպանելու: Ի՞նչ կը նշանակեն թուրք-ազերիական չորս ռազմափորձերը Հայաստանի սահմանին վրայ այս տարուան առաջին չորս ամիսներուն:      Մարգարէ ըլլալու պէտք չկայ հասկնալու համար որ Արցախի հողերու գրաւումէն ետք, թուրքերն ու ատրպէյճանցիները նպատակ ունին նոր հողերու յափշտակման եւ ի զուր չեն Իլհամ Ալիեւի սպառնալիքները այդ ուղղութեամբ:

Ներկայ ժամանակներուն, առաջին անգամ որ խնդրոյ առարկայ դարձաւ Սիւնիքի ճակատագիրը` հարիւր տարի առաջ էր: 1921ի Փետրուարեան ապստամբութենէն ետք երբ Կարմիր Բանակը մուտք գործեց Հայաստան. Պոլշեւիկները Սիւնիքը պիտի զիջէին Ատրպէյճանին: Նոյնիսկ Դրօն, որուն հրամանին ներքեւ կռուած էր Գարեգին Նժդեհը Ղարաքիլիսէի ճակատամարտին հրահանգեց որ Նժդեհ հրաժարի Սիւնիքի պաշտպանութենէն: Սակայն, Նժդեհ յամառեցաւ եւ նոյնիսկ իր իշխանութեան ներքեւ հռչակեց Լեռնահայաստանի հանրապետութիւնը. եւ այդպէս է որ Սիւնիքը մնաց Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ:

Այսպիսի ճակատագրական պահերուն տեսիլք ունեցող քաղաքական ու ռազմական դէմքերու կամակարութեամբ է որ կը ստեղծուին պատմական անշրջելի իրողութիւններ:

Նոյն բանը չկատարե՞ց Մուսթաֆա Քեմալ, երբ դաշնակիցները պաշտօն ու պարտականութիւն տուին իրեն երթալու եւ զօրացնելու Օսմանեան պարտեալ բանակը:       Սակայն, փոխանակ հլու հնազանդ երթալու դաշնակիցներու կամքը կատարելու` Մուսթաֆա Քեմալ գնաց եւ ոտքի կանգնեցուց թուրքերու պարտեալ բանակը` զինամթերք ապահովելով Լենինէն եւ ասպարէզ կարդալով Արեւմուտքին: Այսօրուան Թուրքիոյ հզօր հանրապետութիւնը արդիւնքն է Աթաթիւրքի այ «անհնազանդութեան» ինչպէս այսօր Սիւնիքը կը մնայ Հայաստանի սահմաններուն մէջ, այս անգամ` Նժդեհի «անհնազանդութեան» պատճառաւ:

Պատմական այս նախընթացները պէտք է իբրեւ դաս ծառայէին Հայաստանի իշխանութիւններուն երբ անոնք զինադադար կնքեցին 1994ի Մայիսի 12ին Ատրպէյճանի հետ:       Իրողութիւն է որ այդ պահուն Ռուսաստան հաւանութիւն պիտի չտար հայկական կողմին աւելի ճնշելու Ատրպէյճանի պարտուած ոյժերը: Ճիշդ այդ պահն էր զինադադարի փոխարէն պայմանագիր կնքելու` վերջնականապէս ճշդելով Արցախի ճակատագիրը, գուցէ միեւնոյն «անհնազանդութիւնը»  կատարելով մեր ռուս հովանաւորին նկատմամբ:

Բացի Սիւնիքի ռազմագիտական նշանակութենէն, այնտեղ կը գտնուին նաեւ մոլիպտենի եւ պղինձի հանքերը. այսինքն Հայաստանի ծանր ճարտարարուեստին վերջին մնացորդները:

Իլհամ Ալիեւ, գինովցած իր տարած վերջին յաղթանակէն, եւ կռնակը տուած թրքական բանակին, որ տեղակայուած է Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի մէջ, վերջերս քանի մը անգամ սպառնաց Հայաստանին: Ան անգամ մը յայտարարեց որ «մենք պիտի վերադառնանք Զանգեզուր, որ մեր պատմական հայրենիքն է»: Ապա ան յետս կոչեց իր սպառնալիքը յայտնելով որ «մենք չըսինք որ պիտի վերադառնանք հրասայլերով»:

Սակայն, Ապրիլ 20ին նախագահ Ալիեւ կատարած է նոր եւ հիմնական սպառնալիք մը, ըսելով – «Զանգեզուրի միջանցքի ստեղծումը կը համապատասխանէ մեր ազգային, պատմական եւ ապագայ նպատակներուն: Մենք պիտի իրականացնենք Զանգեզուրի միջանցքը` Հայաստան ուզէ կամ ոչ: Եթէ Հայաստան համակերպի, հարցը կը լուծենք դիւրութեամբ, սակայն եթէ չհամակերպի` խնդիրը կը լուծենք ոյժով»:

Նման բացայայտ սպառնալիք մը համազօր է պատերազմ յայտարարելու եւ արժանի էր միջազգային աղմուկի – նոյնիսկ Հայաստան իրաւունքն ունէր դիմելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին, գանգատելով որ Ատրպէյճան կը սպառնայ Հայաստանի հողային ամբողջականութեան: Սակայն, Հայաստանի իշխանութիւնները գոհացան պատասխանելով արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Աննա Նաղտալեանի մէկ յայտարարութեամբ որ կ’ըսէր – «Մենք մնայուն կապի մէջ ենք մեր ռազմական դաշնակիցին եւ մեր գործակիցներուն հետ եւ պէտք եղած միջոցները ձեռք պիտի առնենք պահպանելու համար մեր երկրին ինքնիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը»:

Նիկոլ Փաշինեան, իր թմբկահարներով եւ արբանեակներով ծաղրանքի կ’ենթարկէ Էտուարտ Նալպանտեանի նման փայլուն դիւանագէտ մը, երբ իր կազմին դիւանագիտութիւնը կը գտնուի ողբալի մակարդակի մը վրայ:

Բարեբախտաբար Սիւնիքի ճակատագիրը կարմիր գիծ մըն է նաեւ միջազգային այլ ոյժերու համար եւս, եւ Հայաստանի իշխանութեանց տկար դրսեւորումը դեռ չի կրնար պայմանաւորել Սիւնիքի ճակատագիրը: Առաջին հերթին հարեւան Իրանը յայտարարած է թէ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը Իրանի կարմիր գիծն է: Միջազգային հարցերու մասնագէտ Սուրէն Սարգսեան կ’ըսէ. «Սիւնիքը ոչ միայն մեզ համար է արտաքին սահման է, այլ նաեւ Իրանի ու սա նշանակում է, որ եթէ Սիւնիքը ենթադրենք անցնի թուրքական կամ ատրպէյճանական վերահսկողութեան, դա կը նշանակի, որ Իրանը արտաքին սահման է կորցրում ոչ միայն Հայաստանի, այլ ԵԱՏՄի հետ` ընդ որում միակ ցամաքային սահմանը: Այնպէս որ բնականաբար սա հետաքրքրում է ոչ միայն մեզ, այլ նաեւ մի շարք պետութիւնների ու տարածաշրջանային խաղացողների»:

Իր հերթին Հնդկաստանը հետաքրքրուած է ճամբայ բանալ Պարսից Ծոցէն մինչեւ Ֆինլանտա, անցնելով Սիւնիքէն:

Ռուսաստան ոչ միայն իր ոյժերը տեղակայած է Կիւմրիի ռազմակայանին մէջ այլ նաեւ Սիւնիքի, ուր պարզուած է ռուսական դրօշը:

Քաղաքական մեկնաբան Նայիրա Հայրումեան lragir.am –ի մէջ կը գրէ – «Ամերիկայի դեսպանի այցը Սիւնիք ուղերձ է Ալիեւին եւ Էրտողանին, որ ԱՄՆ-ն անտարբեր չէ սպառնալիքների հարցին»:

Արդարեւ, Ամերիկայի դեսպանուհի Լին Թրէյսի վերջերս այցելեց Սիւնիք եւ այնտեղ հանդիպումներ ունեցաւ քաղաքապետներու հետ: Իր Երեւան վերադարձին ան յայտարարեց որ պատերազմի պատճառով Հայաստանի ամէնէն աւելի տուժած շրջանը Սիւնիքն է եւ պէտք է օգնել տեղւոյն բնակչութեան:

Ուաշինկթըն վերջերս առաւ քանի մը նշանակալից նախաձեռնութիւններ որոնք հեռու մնացին միջազգային լուսարձակներէն: Առաջինը` Վիքթորիա Նուլենտի ամերիկեան ծերակոյտի լսումներուն ընթացքին կատարած յայտարարութիւնն էր, որ ըսաւ թէ Ամերիկա պէտք է պաշտպանէ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը: Նուլենտ  այն դիւանագէտն է որ Օպամայի իշխանութեան օրերուն կազմակերպած էր Ուքրանիոյ մէյտանի գունաւոր յեղափոխութիւնը եւ վերջերս կոչուեցաւ փոխ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին:

Անդին, երբ ամբողջ Հայաստանն ու հայութիւնը կը սպասէին որ նախագահ Պայտըն ապտակ մը տայ Էրտողանին, յիշատակելով «Ցեղասպանութիւն» եզրը, Պայտընի վարչակարգը շատ աւելի ուժգին հարուած մը տուաւ Թուրքիոյ տնտեսութեան եւ բանակին: Ի պատասխան Թուրքիոյ կողմէ գնուած ռուսական S-400 հրթիռներուն Ուաշինկթըն որոշ պատժամիջոցներ սահմանած է Թուրքիոյ ռազմական արդիւնաբերութեան ոլորտին. անոնք աննշան նկատուեցան ատենին: Սակայն, Ուաշինկթըն միւս կողմէ սառեցուցած էր Թուրքիոյ հարիւր գերարդիական ռազմական օդանաւ վաճառելու համաձայնագիրը: Երեւակայեցէք որ Թուրքիոյ հզօր բանակը որ երկրորդ զօրաւորագոյն ոյժն է ՆԱԹՕ-ի կառոյցէն ներս, պիտի օժտուէր հարիւր նոր F-36 օդանաւերով: Աւելին, Թուրքիա պայմանաւորուած էր սարքելու այդ օդանաւերուն մասերը ապահովելով հսկայ շահոյթներ: Ուրեմն, Ուաշինկթըն անաղմուկ կերպով Թուրքիան դուրս հանեց այդ ծրագրէն: Վստահաբար անով ալ կը բացատրուի թուրքական լիրային վերջին անկումը:

Այստեղ կարեւոր է շեշտել որ նախագահ Էրտողան, թուրքական պազարի իր քաղաքականութեամբ, կը կարծէր որ կրնայ յաւիտենապէս խաբել Արեւմուտքի «միամիտ»ները, միշտ պաշտպանուելով ՆԱԹՕ-ի հովանիէն` իր սեփական շահերը հետապնդելով: Վերջապէս, այդ «միամիտները» արթնցան եւ սկսած են համապատասխան միջոցներ ձեռք առնել: Մանաւանդ որ այստեղ գոյութիւն ունի նաեւ Իսրայէլի գործօնը. արդարեւ, Էրտողան վերջերս յայտարարած էր թէ «Երուսաղէմը մերն է»: Ամերիկայի քաղաքագէտները երբեմն շատ աւելի զգայուն են Իսրայէլի շահերուն նկատմամբ, քան նոյնինքն` Ամերիկայի:

Սիւնիքի անդամահատումը Հայաստանի համար գոյութենական վտանգ մըն է: Մէկ կողմէ բախտաւորութիւն է որ Սիւնիքի ռազմա-քաղաքական շահառումները շատ են. սակայն, ատիկա տակաւին հեռու է երաշխաւորութիւն մը ըլլալէ: Հայաստան պէտք է ի զօրու ըլլայ այդ հողամասը զինոյժով պաշտպանելու, սակայն, անկէ առաջ եւ անոր հերթին պէտք է մշակէ կայուն դիւանագիտութիւն մը: Հայաստանի մեկուսացումը եւ պատերազմի ընթացքին պահուած միջազգային լռութիւնը ազդու նշաններ են մեր երկրի արտաքին քաղաքականութեան ձախողութեան: Այս մատնանշումը պէտք չէ վիրաւորանք նկատուի ոեւէ կողմի: Անհրաժեշտ միջոցառում մըն է որ պէտք է լրջօրէն գործադրուի` շուտով: Դար մը առաջ Նժդեհ պաշտպանեց Սիւնիքը ու պահեց զայն Հայաստանի սահմաններուն մէջ:

Ո՞վ է այսօրուան այն Նժդեհը որ Սիւնիքը պիտի պաշտպանէ Ալիեւներու ախորժակներուն եւ յոխորտանքներուն դիմաց:

 

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ