ՍՓԻՒՌՔԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԵՑԱԿԱՐԳԸ. ՆԱԽԱԳԻԾ

Փաստաթուղթը պատրաստած են՝

ՀՀ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան

ՀՀ Սփիւռքի նախարարի խորհրդական Վահէ Սահակեան

Նախնական այս տարբերակի մշակումն իրականացուած է սփիւռքի ուսումնասիրութիւններով զբաղուող հետեւեալ մասնագէտներու հետ խորհրդակցութեամբ՝

Խաչիկ Թէօլէօլեան (Ուեզլէյեան համալսարան, ԱՄՆ, Diaspora: A Journal of Transnational Studies գիտական ամսագրի հիմնադիր եւ խմբագիր),

Հրաչ Չիլինկիրեան (Օքսֆորտի համալսարան, Մեծ Բրիտանիա),

Արա Սանճեան (Միշիկընի համալսարան-Տիրպորն, ԱՄՆ)

Ռազմիկ Փանոսեան (Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկի հայ համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն, Փորթուկալ)

Հայեցակարգին մէջ ներառուած են նաեւ իրենց կողմէ հնչեցուած առաջարկութիւնները եւ կարծիքները, սակայն հայեցակարգի բոլոր հատուածներու մշակումն իրականացուած է Մխիթար Հայրապետեանի եւ Վահէ Սահակեանի կողմէ:

Հայեցակարգի ծիրէն ներս «Սփիւռք» հասկացութիւնը սահմանած ենք շատ լայն, որ կ’ընդգրկէ բոլոր անոնց, որոնք Հայաստանի մէջ չեն ապրիր, այլ երկիրներու մշտական բնակիչներ կամ քաղաքացիներ են, իրենց որեւէ ձեւով հայ կը համարեն, ունին հայկական ծագում կամ արմատներ:

 

Խորհրդային եւ անկախ Հայաստանի իշխանութիւններու վարած սփիւռքի քաղաքականութիւններու անցեալն ու ներկան

Հայաստանի խորհրդայնացումէն մինչ այսօր, եթէ (խորհրդային կամ անկախ) Հայաստանի իշխանութիւնները վարած են սփիւռքի քաղաքականութիւն, ապա այդ քաղաքականութիւնները եղած են հայաստանակեդրոն եւ միտուած եղած են ողջ սփիւռքի կամ ատոր այս կամ այն հատուածներուն վրայ հայաստանեան իշխանութիւններու ու ներհայաստանեան օրակարգերու պարտադրման:

Սփիւռքի քաղաքականութիւնները խորհրդային եւ յետխորհրդային Հայաստանի տարիներուն նպատակ ունեցած են:

ա) ծառայեցնել սփիւռքի միջոցները (հիմնականին մէջ ֆինանսական) խորհրդային կամ անկախ Հայաստանի զարգացման ծրագիրներուն:

բ) Հայաստանը դարձնել բոլոր հայերու հայրենիքը (չնայած այն հանգամանքին, որ ցեղասպանութենէն փրկուածներն ու իրենց սերունդներն այդ Հայաստանի մէջ երբեք չէին ապրած):

գ) կազմակերպել հայրենադարձութիւն, վերադարձ դէպի հայրենիք:

դ) խորհրդային եւ յետագային անկախ Հայաստանի քաղաքական ազդեցութիւնը եւ հայաստանեան (հիմնականին մէջ արեւելահայ) մշակոյթը տարածել սփիւռքեան գաղութներուն վրայ:

Այս բոլորը դրսեւորուած են թէ’ 1920-1930-ականներուն Հայ օգնութեան կոմիտէի գործունէութեան եւ Հայաստանի խորհրդային իշխանութիւններու, թէ’ 1946-48-ի դրամահաւաքներու ու «Մեծ հայրենադարձութեան» տարիներուն, թէ’ 1960-1980-ականներուն Սփիւռքի հետ մշակութային կապերու կոմիտէի եւ թէ’ անկախութեան տարիներուն Համահայկական հիմնադրամի, 1998-2008 Ռ. Քոչարեանի կառավարութեան, իսկ 2008-2018 ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան վարած քաղաքականութիւններուն:

Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու գրեթէ մէկդարեայ պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ նաեւ այսպիսի քաղաքականութիւններու արդիւնքով՝

Սփիւռքի ողջ ֆինանսական, մարդկային ու այլ միջոցները, մեծ առումով, Հայաստան չեն ուղղուած,

Ողջ սփիւռքը չէ ենթարկուած հայաստանեան այս կամ այն իշխանութիւններու պարտադրած քաղաքական, մշակութային եւ արժէքային օրակարգերուն,

Արտերկրի մէջ ծնած եւ մեծցած, իրենց երկիրներուն եւ իրենց ոլորտներուն մէջ մեծ յաջողութիւններ արձանագրած սփիւռքի երկրորդ, երրորդ, չորրորդ սերունդները մեծ մասամբ անհաղորդ դարձած են հայաստանեան իրադարձութիւններուն եւ տարբեր պատճառներով հեռացած են հայաստանեան իրադարձութիւններուն եւ տարբեր պատճառներով հեռացած են նաեւ սփիւռքեան աւանդական կառոյցներէն ու կազմակերպութիւններէն,

Հայկական խիստ բազմազան սփիւռքի միայն փոքր մասը այսօր ընդգրկուած է սփիւռքեան տարբեր միաւորումներու, կազմակերպութիւններու կամ նախաձեռնութիւններու մէջ եւ միայն փոքր մաս մը հետեւողականօրէն կը հետաքրքրուի Հայաստանի Հանրապետութեան խնդիրներով, սփիւռքի ստուար զանգուած մը տարերայնօրէն կ’աշխուժանայ միայն Հայաստանի մէջ որեւէ ճգնաժամային իրավիճակ յառաջանալուն, ինչպիսին էր, օրինակ, 1988-ի երկրաշարժը կամ Արցախեան պատերազմը:

 

Սփիւռքի քաղաքականութեան վերագնահատման պատմական հնարաւորութիւնը

Թաւշեայ յեղափոխութիւնն այլ խիստ կարեւոր հարցերու շարքին նաեւ ստեղծած է պատմական ամենաբարենպաստ պահը, երբ Հայաստան պետութիւնը կրնայ վերագնահատել սփիւռքի հետ համագործակցութեան մօտեցումները եւ արմատապէս վերանայիլ սփիւռքի հետ համագործակցութեան մօտեցումները եւ արմատապէս վերանայիլ սփիւռքի նկատմամբ վարած իր քաղաքականութիւնը:

Հայաստան կարեւոր դեր կրնայ ունենալ սփիւռքի բազմազան շրջանակներուն հայաստանակեդրոն ու ոչ հայաստանակեդրոն տարբեր ծրագիրներու մէջ ներգրաւելու եւ անոնց սոցիալական, մշակութային, տնտեսական ու քաղաքական գործօնը Հայաստանի կամ սփիւռքի կարեւորագոյն խնդիրներու լուծման նպատակով հաւաքագրելու աշխատանքներուն մէջ: Աւելին, սփիւռքի մէջ շատերը կ’ակնկալեն, որ Երեւանը կրնայ դառնալ հէնց այն «չէզոք» վայրը, ուր սփիւռքահայ տարբեր շրջանակներ կրնան հանդիպիլ եւ քննարկել իրենց յուզող խնդիրները, մտածել այդ խնդիրներու լուծման ուղղութիւններու շուրջ:

Պատմական փորձը ցոյց կու տայ, որ սփիւռքի հետ մէկ օրակարգով հնարաւոր չէ արդիւնաւէտ աշխատիլ: Սփիւռքը բազմաշերտ է, եւ սփիւռքի համայնքներու, կազմակերպութիւններու ու անհատներու հետ աշխատանքներուն պէտք է ունենալ բազմակի օրակարգեր ու ուժաբանական քաղաքականութիւններ: Սփիւռքի նկատմամբ նոր քաղաքականութեան նպատակը երկարաժամկէտ հեռանկարին մէջ պէտք է ըլլայ ուժեղ Հայաստանի կայացումը եւ ուժեղ սփիւռքի գոյութիւնը: Մեր պատկերացմամբ, ուժեղ սփիւռք ունենալու գաղափարը չի հակասեր ուժեղ Հայաստան ունենալու տեսլականին եւ ընդհակառակը՝ ուժեղ Հայաստանի կառուցումը պէտք չէ ենթադրէ սփիւռքի միջոցներու սպառում եւ սփիւռքեան կազմակերպութիւններու, միութիւններու, համայնքներու թուլացում իրենց երկիրներուն մէջ: Սփիւռքի նկատմամբ սպառողական ու չհամակարգուած քաղաքականութիւնը կրնայ կարճաժամկէտ հեռանկարին մէջ Հայաստանի համար շահ ապահովել, բայց հեռահար ժամկէտի մէջ՝ նուազեցնել կամ սպառել սփիւռքի ներուժը: Սփիւռքի հետ համատեղ ծրագիրներու իրականացման ու համագործակցութեան իւրաքանչիւր գործելակերպ պէտք է խարսխուած ըլլայ հէնց հեռահար արդիւնաւէտութեան հաշուարկին վրայ:

Առանձին խնդիր է սփիւռքի ճանաչողութեան հարցը: Եթէ հրէական, ափրիկեան, չինական, հնդկական կամ այլ սփիւռքներու մասին բազմաթիւ լուրջ գիտական ուսումնասիրութիւններ կան, տարբեր երկիրներու մէջ ձեւաւորուած հայ սփիւռքեան բազմազան ինքնութիւններու ու համայնքներու մասին շատ քիչ ուսումնասիրութիւններ կան: Այդ պատճառով, անհրաժեշտ է նաեւ ունենալ արդի սփիւռքագիտական տեսական ու համեմատական ուսումնասիրութիւններուն հաղորդակից հայ սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոններ տարբեր երկիրներու մէջ, որ պարբերաբար նոր գիտելիքներ կը ստեղծեն եւ տուեալներ կը հաւաքագրեն սփիւռքի բազմազան համայնքներու, անոնց խնդիրներու, հայկականութեան բազմազան դրսեւորումներու, սփիւռքի այս կամ այն համայնքներուն մէջ առկայ հմտութիւններու, հնարաւորութիւններու, միջոցներու եւ շատ այլ հարցերու շուրջ (Հայաստանի մէջ եւ քանի մը այլ երկիրներու մէջ այդպիսի կեդրոններ կան, սակայն ատոնց կարեւոր մասը գործած եւ կը գործեն միջազգային տեսական ու համեմատական սփիւռքագիտական փորձէն անկախ, հայ սփիւռքի մասին եղած որոշ աւանդական պատկերացումներու ծիրէն ներս): Այսպիսի կեդրոններու կողմէ իրականացուող հայ սփիւռքի նորարարական ուսումնասիրութիւններուն ու հետազօտութիւններուն հաղորդակից ըլլալը հնարաւորութիւն կ’ընձեռնէ մշակելու սփիւռքի աւելի իրատեսական քաղաքականութիւններ:

Սփիւռքի նկատմամբ նոր քաղաքականութիւններ մշակելու եւ ատոնք հետեւողականօրէն իրագործելու համար անհրաժեշտ է ունենալ որակապէս եւ գաղափարապէս նորովի աշխատող, արդիւնաւէտ լայն լիազօրութիւններով պետական մասնագիտացած գերատեսչութիւն՝ նախարարութեան կարգավիճակով:

 

Նորացուած սփիւռքի նախարարութեան տեսլականն ու առաքելութիւնը

Նորացուած սփիւռքի նախարարութիւնը պէտք է ծառայէ «Ուժեղ Հայաստան-Ուժեղ Սփիւռք» տեսլականին: Այս տեսլականին ուղղուած՝ նախարարութեան հիմնական առաքելութիւնը կրնայ ըլլալ:

Հայաստանի պետական շահերու պաշտպանութեան եւ ընկերային-տնտեսական զարգացման ու ռազմավարական այլ նպատակներու համար սփիւռքի ներուժի հաւաքագրումը,

Սփիւռքի բազմազան շրջանակներու հետ համագործակցութեամբ ու համատեղ սփիւռքի ներուժի վերարտադրութեան ու սփիւռքի ուժեղացման ուղղուած ծրագիրներու մշակումն ու իրագործումը:

Սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու տեսութիւնն ու փորձը ցոյց կու տան, որ սփիւռքներու սահմաններն անորոշ են եւ այդ իմաստով սփիւռքի մէջ ներկայացուցչական մարմիններու ստեղծումը գործնականին մէջ անիրագործելի է:

Սփիւռքի նախարարութիւնը, սակայն, պարբերաբար տեղեկանալով սփիւռքի բազմազան շրջանակներու, խմբաւորումներու, համայնքներու խնդիրներուն, տարբեր ու բազմազան շրջանակներու հետ մշտական կապի եւ քննարկումներու մէջ ըլլալով եւ վայելելով այդ շրջանակներու վստահութիւնը՝ կրնայ անոնց ներկայացնողն ու ներկայացուցիչը դառնալ Հայաստանի եւ ՀՀ կառավարութեան մէջ:

Ինչպէս, օրինակ, գիւղատնտեսութեան կամ կրթութեան նախարարութիւնը միաժամանակ կը ներկայացնեն ինչպէս պետութեան, այնպէս ալ՝ այդ ոլորտին մէջ աշխատողներու եւ այդ ոլորտին մէջ գործող կառոյցներու շահերը, Սփիւռքի նախարարութիւնն ալ կրնայ հանդիսանալ այդ միջնորդ կառոյցը, որ Հայաստանը կը ներկայացնէ սփիւռքի մէջ, եւ սփիւռքի բազմազան շահերու ներկայացնողը կ’ըլլայ Հայաստանի մէջ: Ուժեղ Հայաստան, եւ ուժեղ սփիւռք ունենալու տեսլականի իրագործման համար սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները պէտք է կառուցուին փոխշահաւէտութեան սկզբունքով, որոնք Հայաստանի զարգացման զուգահեռ կը նպաստեն նաեւ սփիւռքի բազմազան շրջանակներու կարողութիւններու եւ ներուժի հարստացման:

Այս տեսլականին ու առաքելութեան ծառայող նորացուած Սփիւռքի նախարարութիւնը կրնայ ըլլալ այն գերատեսչութիւնը,

ա) որ կը մշակէ սփիւռքի նորարարական քաղաքականութեան ռազմավարութիւնը, նպատակները, խնդիրները, որ կը ստեղծէ սփիւռքի քաղաքականութեան արդիւնաւէտութեան գնահատման մեխանիզմներ՝ մշտական խորհրդատուական խորհուրդին մէջ սփիւռքը լաւ ճանչցող մասնագէտներու ներգրաւմամբ ու անոնց աջակցութեամբ, որ նոյն խորհուրդի աջակցութեամբ կը մշակէ կարճաժամկէտ քաղաքականութիւններ, որոնք կ’ըլլան իրատեսական, փոխշահաւէտ, ուղղուած կ’ըլլան Հայաստանի զարգացման եւ միտուած կ’ըլլան սփիւռքեան բազմազան համայնքներու կարիքներուն,

բ) որ այլ երկիրներու կառավարութիւններու հետ համագործակցութեամբ կը մշակէ եւ կ’իրագործէ սփիւռքի տեղական ներուժն ու միջոցները ներգրաւող եւ Հայաստանի տարբեր ոլորտներու զարգացման ուղղուած ծրագիրներ,

գ) որ կը համագործակցի սփիւռքի մէջ գործող կառոյցներու, անհատներու հետ՝ ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան:

դ) որ սփիւռքի բազմազան գործարար եւ այլ շրջանակներու հետ պարբերաբար հանդիպումներու եւ քննարկումներու արդիւնքով ՀՀ այլ գերատեսչութիւններու հետ համատեղ հանդէս կու գայ Հայաստանի մէջ սփիւռքահայերու ներգրաւման եւ ներդրումներու դաշտի բարելաւման ուղղուած քաղաքականութեան առաջարկներով եւ օրէնսդրական նախաձեռնութիւններով,

ե) որ սփիւռքի ամերիկեան, ռուսական, եւրոպական կամ այլ երկիրներու մէջ հաստատուած բազմազան գործարար, գիտական եւ մասնագիտական շրջանակներու հետ պարբերաբար հանդիպումներու եւ քննարկումներու միջոցով կ’օգնէ ՀՀ կառավարութեան գնահատել եւ պատկերացումներ կազմել միջազգային շուկաներու մէջ հայաստանեան արտադրութեան ապրանքներու սպառման հնարաւորութիւններուն մասին, որ կ’օգնէ նաեւ պատկերացումներ կազմել Հայաստանի մէջ այն ոլորտներուն մասին, որոնց մէջ սփիւռքահայ ներդրողները կրնան էական գործունէութիւն ծաւալել,

զ) որուն համապատասխան վարչութիւններն ու բաժինները սփիւռքի տեղական կառոյցներու կամ անհատներու հետ կ’ուսումնասիրեն այս կամ այն երկրին մէջ առկայ համատեղ դրամաշնորհային ծրագիրներու միջոցով Հայաստանի կամ սփիւռքի այս կամ այն համայնքին մէջ տարբեր զարգացման ծրագիրներ իրականացնելու հնարաւորութիւնները, կը մշակեն հայաստանեան եւ սփիւռքեան տարբեր կազմակերպութիւններու հետ համատեղ առաջարկներ եւ ծրագիրներ,

է) որ ԱԳ նախարարութեան եւ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու հետ համատեղ կ’աշխատի սփիւռքահայ շահերու խումբերու հետ՝ իրենց իսկ երկիրներուն մէջ հայկական համատեղ քաղաքական օրակարգերու շուրջ նաեւ ոչ հայկական այլ շահերու խումբերու հետ համագործակցութեամբ,

ը) որ կ’աջակցի սփիւռքի տարբեր կազմակերպութիւններու եւ նախաձեռնութիւններու՝ բազմազան ծրագիրներու շուրջ ստեղծելու եռակողմ համագործակցութիւններ իրենց երկիրներուն մէջ գործող տեղական (հասարակական կամ այլ) կազմակերպութիւններու, իրենց կազմակերպութեան եւ Հայաստանի մէջ գործող նմանատիպ (հասարակական կամ այլ) կազմակերպութիւններու միջեւ,

թ) որ սփիւռքի տարբեր շրջանակներու հետ համատեղ կը մշակէ ու կ’իրագործէ Հայաստանի մէջ զարգացման, ներդրումներու եւ մասնագիտական ներգրաւման ծրագիրներ, միջնորդ կը հանդիսանայ Հայաստանի մէջ առկայ կարիքներու, այդ կարիքներու շուրջ աշխատող հասարակական կազմակերպութիւններու ու պետական հաստատութիւններու եւ սփիւռքի տարբեր անհատներու, կազմակերպութիւններու ու հաստատութիւններու միջեւ,

ժ) որ շարունակաբար ներկայ կ’ըլլայ սփիւռքի բոլոր համայնքներուն մէջ տեղեկատուական բնոյթի գրքոյկներու, պարբերաբար թարմացուող արդիական կայքէջի, ընկերային ցանցերու մէջ ներկայացուածութեան, սփիւռքի տարբեր կազմակերպութիւններու, հաստատութիւններու եւ անձանց հետ պարբերաբար կապի մէջ գտնուող իր վարչութիւններու ու բաժիններու, ինչպէս նաեւ ՀՀ ներկայացուցչական մարմիններուն մէջ սփիւռքի գծով կցորդ (attaché) պաշտօնեաներու միջոցով,

ժա) որուն համապատասխան վարչութիւններն ու բաժինները ամէնօրեայ կարգով կը հետեւին սփիւռքի մէջ լոյս տեսնող ինչպէս տպագիր, այնպէս ալ համացանցային ու թուային հայ պարբերականներու բովանդակութեան թէ’ հայերէնով, թէ’ հէնց իրենց՝ սփիւռքի բազմազան լեզուներով (ռուսերէն, անգլերէն, սպաներէն, ֆրանսերէն, արաբերէն եւ այլն), եւ տեղեակ կ’ըլլան սփիւռքի բոլոր զարգացումներուն:

ժբ) որ տարբեր համայնքներու մասին պարբերաբար տեղեկատուութիւն ստանալով՝ կը կարենան կապել սփիւռքի մէկ վայրի մէջ կամ ոչ-սփիւռքեան տարածութիւններու մէջ առկայ միջոցները այլ սփիւռքեան վայրերու առկայ կարիքներուն՝ այդպիսով համակարգելով միջոցներու աւելի արդիւնաւէտ ծախսը եւ նպաստելով սփիւռքի տարբեր կեդրոններու միջեւ անդրազգային կապերու ձեւաւորման ամրապնդման:

ժգ) որ հարցումներու եւ հետազօտութիւններու հիման վրայ պարբերաբար կը մշակէ տարբեր երկիրներու մէջ, կամ մէկ երկրի տարբեր քաղաքներու ու շրջաններու մէջ բնակող ազգութեամբ, ծագմամբ կամ որեւէ ձեւով իրենց հայ համարող անձանց ու խմբաւորումներուն տարբեր ծրագիրներու ներգրաւելու գործօն քաղաքականութիւններ, այդպիսով հաւաքագրելով սփիւռքի՝ հայկական նախաձեռնութիւններէն ու Հայաստանէն կտրուած մեծ թիւ կազմող այս սփիւռքահայ զանգուածներուն:

ժդ) որ կը կարենայ անուղղակիօրէն՝ խորհրդատուութեամբ կամ խնդիրներու լուծման իր աջակցութեամ, մասնակից դառնալ սփիւռքի տարբեր կազմակերպութիւններու կողմէ սփիւռքեան դպրոցներու կամ այլ հաստատութիւններու ստեղծման, ընդլայնման, կամ փակման, սահմանափակման եւ օտարման որոշումներուն:

ժե) որ պատրաստ կ’ըլլայ նախարարի, փոխնախարարներու, համապատասխան վարչութիւններու ու բաժիններու մակարդակով արձագանգել սփիւռքի տարբեր կառոյցներու (կուսակցութիւններու, եկեղեցիներու, բարեգործական, երիտասարդական, մշակութային կամ այլ կազմակերպութիւններու) կողմէ ստացուած դիմումներուն, եւ համապատասխան խնդրանքի պարագային նաեւ մասնակցիլ ու միջնորդել սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ առկայ խնդիրներու լուծման (հարկ եղած պարագային նաեւ՝ պետական-դիւանագիտական միջնորդութեամբ),

ժզ) որ համապատասխան վարչութիւններու ու բաժիններու պատասխանատուներու միջոցով սփիւռքեան տարբեր կառոյցներու հետ համատեղ կը մշակէ եւ կ’իրականացնէ տեղական բնաբանին համապատասխան արեւմտահայ կամ արեւելահայ լեզուներու ուսուցման, տեղական հայկական կրթութեան ու մշակոյթի զարգացման միտուած ծրագիրներ,

ժէ) ուր իւրաքանչիւր սփիւռքահայ Հայաստան գալուն պէս կը ստանայ տեղեկատուութիւն իր մասնագիտական կամ այլ մասնակցութեան ու ներդրումներու, Հայաստանի մէջ հաստատուելու, ուսանելու, զինուորական ծառայութիւն անցնելու եւ շարք մը այլ հարցերու շուրջ,

ժը) որ կ’օգնէ սփիւռքահայ հայրենադարձներուն հաստատուիլ Հայաստանի մէջ եւ կը նպաստէ հայրենադարձներու՝ սփիւռքահայէն-հայաստանցի անցման խորհրդատուութեան եւ այլ ծրագիրներու միջոցով, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ հաստատուած սփիւռքահայերուն հետ ժամանակ առ ժամանակ հարցումներու եւ հարցազրոյցներու միջոցով ստացուած խնդիրներուն արձագանգելով եւ այդ խնդիրները լուծելով:

Ի հարկէ, այսքանով չեն սահմանափկուիր մեր պատկերացուած վերափոխուած սփիւռքի նախարարութեան ընելիքները: Ռազմավարական ուղղութիւններու այս շարքը կարելի է ընդլայնել փորձագէտներու եւ շահագրգիռ աւելի լայն շրջանակներու հետ քննարկումներու արդիւնքով: Սփիւռքի հետ նման բազմամակարդակ յարաբերութիւններ ձեւաւորելու համար անհրաժեշտ է ունենալ առանձին գերատեսչութիւն, որ ներկայացուած կ’ըլլայ կառավարութեան մէջ, հաշուետու կ’ըլլայ կառավարութեան, որ այլ գերատեսչութիւններու հետ համագործակցութեամբ՝ կը մշակէ ու կ’իրագործէ սփիւռք կրթական, մշակութային, քաղաքական, արտաքին քաղաքական ներուժ հարստացման նպաստող եւ այդ ներուժը արդիւնաւէտօրէն հաւաքագրող բազմազան ծրագիրներ:

 

Սփիւռքի քաղաքականութեան միջազգային փորձը

Սփիւռքի նորարարական քաղաքականութիւններու միջազգային փորձ կայ: 2015թ.-ին Իռլանտայի կառավարութեան մշակած սփիւռքի քաղաքականութիւնը, օրինակ, ունի հետեւեալ նպատակները.

ա) աջակցիլ իռլանտացի արտագաղթողներուն, որպէսզի լաւագոյն հնարաւոր կենսապայմաններ ստեղծեն իրենց բնակութեան երկիրներուն մէջ,

բ) օգնել արտագաղթածներուն եւ անոնց սերունդներուն զարգացնել եւ պահպանել իրենց իռլանտական ինքնութիւնը եւ կապը Իռլանտայի հետ,

գ) սփիւռքի անդամներու հետ համատեղ աշխատիլ ի նպաստ Իռլանտայի կղզիին վրայ շարունակական խաղաղութեան ու բարեկեցութեան:

«Կլոպալ իռլանտացի» խորագիրով սփիւռքի քաղաքականութեան այս նպատակները հիմնուած են իռլանտական սփիւռքի իրատեսական ըմբռնման վրայ, որ կ’ընդգրկէ թէ’ Իռլանտայէն վերջին տարիներուն արտագաղթածներուն, եւ թէ’ իռլանտական ծագումով անձանց, որոնք կ’ապրին Իռլանտայէն դուրս, բայց այս կամ այն կերպ կապուած են իռլանտական մշակոյթին ու ժառանգութեան: Կարելի է, ի հարկէ, ուսումնասիրել, թէ ինչպէս իիռլանտական կառավարութիւնը կ’իրագործէ այս նպատակները, սակայն կարեւոր ալ չէ, որ Հայաստանի քաղաքականութիւնը ընդօրինակէ իռլանտական, հրէական, հնդկական, լիբանանեան կամ այլ սփիւռքներու քաղաքականութիւնները:

 

Ամփոփում

Սփիւռքի համեմատական ուսումնասիրութիւնները հայ սփիւռքի փորձառական հետազօտութիւններուն զուգահեռ՝ հիմքեր կ’ապահովեն աւելի արդիւնաւէտ եւ ճկուն սփիւռքի քաղաքականութիւններ մշակելու համար: Աւելին, սփիւռքի նորացուած նախարարութեամբ եւ քաղաքականութեամբ յետ-յեղափոխական Հայաստանը կրնայ նաեւ հանդիսանալ պետութիւն-սփիւռք(ներ) յարաբերութիւններու ու նորարարական քաղաքականութիւններու արտահանողն ու օրինակը: Վերը շարադրուած հեռանկարներն ունենալու տեսանկիւնէն սփիւռքի հետ նորարարական քաղաքականութիւններու մշակման այս պատմական հնարաւորութիւններու փուլին մէջ սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու անկախ գերատեսչութիւն ունենալն առաւել քան կարեւոր է: Սակայն սփիւռքի նախարարութեան ռազմավարութեան, ծրագրային ու անձնակազմի վերանայումն ու բարելաւումն անհրաժեշտութիւն է:

Մեր համոզմամբ, սփիւռքը աշխարհաքաղաքական առումով Հայաստանի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունի եւ կրնայ ունենալ, ինչպէս այլ երկիրներու համար իրենց բնական պաշարները: Եթէ ռազմավարական առումով, երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ, սփիւռքի ներուժի հզօրացումն ու հաւաքագրումը Հայաստանի համար նոյնքան կարեւոր է, որքան գիտութեան, բժշկութեան, տնտեսութեան զարգացումը, ապա սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները նոյնպէս պէտք է ընդգրկուած ըլլան Հայաստանի ներքին քաղաքական կարեւորագոյն ոլորտներու շարքին: Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը ժամանակի ընթացքին գերարդիւնաւէտ դարձնելով՝ հնարաւոր կ’ըլլայ սփիւռքի բազմազան համայնքներու, կազմակերպութիւններու եւ սփիւռքի ամենահեռացած եւ օտարուած շրջանակներուն հետ ուղղակի կապեր ստեղծել, եւ ժամանակի ընթացքին նպաստել սփիւռքի հզօրացման ու Հայաստանի ռազմավարական խնդիրներու լուծման նպատակով սփիւռքի ներուժի հաւաքագրման: