Հրանդ Տինք, քաջարի լրագրողը որ հաւատաց թէ պիտի կարենայ ժողովրդավարութիւն ներմուծել Թուրքիոյ մէջ եթէ կարենար յառաջացնել ժողովուրդին առերեսումը այդ երկրին մութ պատմութեան, սպաննուեցաւ Յունուար 19, 2007-ին, «Ակօս» երկլեզուեան թերթի խմբագրատան սեմին. ան կը յուսար որ իր հիմնադրած այս հրատարակութեան միջոցաւ պիտի կարենար Թուրքերու եւ Հայերու միջեւ լուծողական երկխօսութիւն մը ստեղծել:
Ան կը հաւատար որ Իսթանպուլի Հայերը կ’ապրին շատ մեկուսացած կերպով , եւ եթէ Թուրքերը աւելի լաւ ճանչցած ըլլային Հայերը, բոլոր նախապաշարումները պիտի անհետանային:
Նոյնպէս, ան հաւատացած էր որ Հայոց Ցեղասպանութեան իրականութիւնները բացայայտելով, ոչ միայն ծառայած պիտի ըլլար պատմական իրողութեան մը, այլ նաեւ
պիտի յառաջացնէր մարդկային իրաւունքներ, որոնք պիտի մաքրագործէին Թուրքիան իր մութ անցեալէն, ու պիտի հարթէին ժողովրդավարութեան ճամբան:
Նկատի ունենալով իր յախուռն արտայայտութիւնները, Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխումները եւ Հայոց Ցեղասպանութեան դրժումը, մարդիկ միշտ մտահոգուած էին իր ապահովութեան մասին: Սակայն ինք միշտ ալ կը հանդարտեցնէր զանոնք, հաւատալով որ Թուրք ընկերութիւնը փոփոխութեան եւ հասունացման ընթացքի մը մէջ էր: Ան նոյնպէս հաւատաց թէ ինք կ’ապրէր տատրակի մը նման եւ թէ ժողովուրդը միշտ պիտի պաշտպանէր տատրակներուն: Դժբախտաբար, ան սխալած էր:
Տինքի սպանութեան հետաքննութիւններուն ընթացքին, 1997 թուականին «խորհրդապահական» մակդիրով փաստաթուղթ մը յայտաբերուած էր: Տինքի անունէն զատ, օգտագործուած էր նաեւ այդ օրերուն Իսթանպուլի Հայոց Պատրիարքութեան Տեղապահ՝ Մեսրոպ Մութաֆեանի անունը եւս: Փաստաթուղթը կ’ըսէր՝ «Ֆիրանդ Տինք անունով անձ մը մեր թիրախներէն մին է, իր ի նպաստ հայութեան գործունէութիւններուն բերմամբ: Ան խմբագրապետն է Ակօս պարբերաթերթին , որ կը հրատարակուի Իսթանպուլի Հայերուն կողմէ, եւ որ սերտ կապեր ունի հայկական ազգայնական հակումներով ծանօթ Պատրիարքութեան Տեղապահ Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի հետ:»
Կը յայտնուի թէ Թուրքիոյ «խորունկ պետութիւնը» երկար ժամանակէ ի վեր Հրանդ Տինքը իր թիրախը դարձուցած էր, ինչպէս որ կը յայտնաբերեն դատական վերջին փաստաթուղթերը: Արդարեւ, Հոկտեմբեր 2014-ին, Իսթանպուլի 5-րդ Ոճրագործութեան Բարձր ատեանը որոշում գոյացուց Հրանդ Տինքի դատավարութիւնը սկսիլ զէրոյէն:
Դատախազ Կօքալբ Քօքճիւ, դատ բացաւ նախկին եւ ընթացիկ շրջանի 26 պաշտօնակատարներու դէմ որոնք կը կարծուի թէ կապ ունին սպանութեան հետ:
Հակառակ վերոյիշեալ փաստաթուղթերու հաստատումին, Տինքը եւ Պատրիարքը երբեք մտերիմ չեն եղած եւ անոնց միջեւ հակառակութիւնները միշտ ալ հանրածանօթ եղած են:
Միայն Տինքի սպանութենէն ետքն է որ Պատրիարքը անդրադարձաւ թէ որքան մօտ էին իրենց ճակատագիրները եւ ան արցունքներով ընդունած էր այս իրողութիւնը Տինքի թաղման իր դամբանականին ընթացքին:
Այնպէս կը թուէր թէ այդ պահը Պատրիարքին վերջաւորութեան սկիզբն էր:
Թերեւս անկարելի է բժշկականօրէն փաստել թէ Մեսրոպ Պատրիարքի ուշակորուսութիւնը (dementia) յարաբերաբար երիտասարդ տարիքին մէջ, հետեւանքն էր այն վախին որ ան զգաց այնքան մահուան սպառնալիքներէն եւ ռումբերէն ետք որոնք արձակուեցան իր Քումքաբուի կեդրոնական գրասենեակներուն վրայ:
Այս բոլոր ժամանակի ընթացքին, Պատրիարքին անցեալի միայն կճեպը մնացած է: Վերջերս, Իսթանպուլի դատարան մը Պատրիարքին 78-ամեայ մայրը՝ Մարի Մութաֆեան, նշանակած է որպէս անոր խնամակալը: Ան իրաւասութիւնը պիտի ունենայ իր զաւակը ներկայացնելու դատական հարցի մը պարագային: Մինչ այդ, Պատրիարքի առողջութիւնը հայ համայնքը անել կացութեան մը մատնած է: Թուրք իշխանութիւնները լկտիօրէն չեն արտօնէր նոր պատրիարքի ընտրութիւնը որքան ատեն որ ան կ’ապրի, հոգ չէ թէ ան միայն բուսական կացութեան մէջ է: Որեւէ քաղաքակիրթ երկրի մէջ, նման կրօնական հարցերու պարագային, համապատասխան համայնքն է որ պիտի ձեռք առնէր հարցին լուծումը, բայց ոչ Թուրքիոյ պարագային:
Այն վախը որ Պատրիարքը զգետնեց ներկայ կացութեան մէջ, տարածուած է ամբողջ Թուրքիոյ հայ համայնքին մէջ եւ այդ վախը կ’արծարծուի նոյնինքն կառավարութեան կողմէ: Վերջերս Հայաստանի մէջ հարցազրոյցի մը ընթացքին, թրքական ուսումնասիրութեան մասնագէտ Տիրան Լօքմակէօզեան, ըսած է՝ «Այսպիսի պարագաներու, հայերը կունենան կրկնակի վախեր: Առաջինը այն է որ պետութեան ապահովութիւնը սպառնալիքի տակ է: Յաւելեալ, Հայ ըլլալու անհատական վախերն են: Լաւ գիտցուած իրողութիւն մըն է թէ որեւէ ժամանակ երբ նման պատահարներ տեղի կունենան Թուրքիոյ մէջ, փոքրամասնութիւններ, ներառեալ Հայեր, կ’ըլլան առաջին թիրախը: Ականատեսը եղանք ատոր երբ Թուրքիան միջոցառումներ որդեգրեց Քիւրտերու դէմ, հայերու անունը սկսաւ լսուիլ շատ աւելի յաճախականութեամբ, կարծէք թէ առաջին հերթին պատերազմը հայերու դէմ էր: Ոստիկանութիւնը բարձրախօսներով յայտարարութիւններ կատարեց, Քիւրտերուն հայ կոչելով՝ վարկաբեկելու համար զանոնք:
Ոչ միայն ոստիկանութիւնը հայերու անունը կ’օգտագործէ որպէս անարգանք, այլ պաշտօնատարներ, սկսելով նոյնինքն վարչապետէն՝ Ահմէտ Տաւուտօղլու, կ’արդարացնէ Ցեղասպանութիւնը, որ ի վերջոյ պիտի ըսէր թէ իրենք չեն գործադրած: Վերջերս կշտամբելով Քիւրտերը, որոնք Մոսկուայի մէջ գրասենեակ մը հաստատած էին, Տաւուտողլու ըսաւ Քիւրտերը գաղտնի կերպով կը համաձայնէին Ռուսերու հետ, ինչպէս որ «Հայ սրիկաներ ըրին Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին»:
Հայերը միշտ վախով ապրելու պատճառ ունէին: Թուրք կառավարութիւնը կանոնաւոր կերպով քաջալերած է ատելութիւնն ու անվստահութիւնը հայերու հանդէպ, ու պաշտօնապէս ահաբեկչութեան ենթարկած է անոնց, նոյնիսկ Ցեղասպանութենէն ետք: 1942-ին անոնք հաստատեցին «Ունեւորութեան Տուրք»ը (Վարլիք Վերկիսի) սնանկացնելու համար համայնքը եւ հարուստ հայերը աքսորելու Աշքալէի աշխատանքի ճամբարները, ուր անոնցմէ շատեր մահացան կլիմայական խիստ կացութեան բերմամբ:
Սեպտեմբեր 6-7, 1955-ի ջարդերը ուղղուած էին ընդդէմ Յոյներու, թէեւ հայերը եւս անմասն չմնացին անկէ: Ջարդերը գործադրուած էին կեղծ դրօշակի մը պատճառաւ որ հնարուած էր Անգարայի կողմէ, գրգռելու համար խուժանը: Թուրք գործակալներ ուղարկուած էին Սալոնիքա, ռմբակոծելու համար Աթաթիւրքի ծնած տունը: Այդքանը բաւարար էր որ սկսէր մոլեգնութիւնը Յոյներու եւ Հայերու դէմ:
Թուրքերը մասնագէտ են այսպիսի խարդաւանանքներու. Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին, դաւադրութիւն մը յայտնաբերուած էր, որ կազմակերպութեամբ թրքական գաղտնի սպասարկութեան (MIT) ղեկավարին, Ֆիտան Հաքան, պատրաստուած էր ռմբահարելու Ֆաթիհ Սուլթան Մուհամմէտի (Բիւզանդիոնը գրաւողը) հօրը գերեզմանը որ Սուրիոյ մէջ կը գտնուի, արդարացնելու համար յարձակումը: Կը կարծուի թէ նոյնիսկ Անգարայի մէջ վերջերս կատարուած ռմբահարումները կեղծ արարքներ են, որոնք կը ձգտին արդարացնել երկրին արեւելեան շրջաններու (կամ Արեւմտեան Հայաստան) մէջ Քիւրտերու դէմ կատարուած մոլեգնութիւնները: Թէեւ Վարչապետ Տաւուտօղլու կ’ըսէ թէ իր կառավարութիւնը «գրեթէ վստահ» է թէ այս շաբթու ընթացքին կատարուած պայթիւնները գործն են Քիւրտիսթանի Աշխատաւորական Կուսակցութեան (PKK), իրողութիւնները այլ կերպ կը թելադրեն: Արդարեւ, Նոքթա թերթին Մարտ 13-ի թիւին մէջ հրատարակուած լուր մը կը նշէ՝ «Կը թուի թէ Նախագահ Էրտողանի եւ իր ընտանիքին կողմէ հիմնադրուած Թիւրկէվ Հաստատութիւնը արդէն լուր ուղարկած էր իր անդամներուն, ՆԱԽ ՔԱՆ կէսօրուայ մօտ կատարուած պայթիւններուն, ազդարարելով անոնց հեռու մնալ ռմբահարուած շրջանէն: Ուրեմն, իշխանութիւնը ազդարարուած էր պայթիւնին մասին, սակայն այդ տեղեկութիւնները տրուեցան միայն ‘իր’ մարդկանց եւ ոչ բոլոր քաղաքացիներուն:»
Թուրքիա վտանգաւոր տեղ մը դարձած է: Պրն. Էրտողան սանձազերծած էր վայրագութիւնը, այն յոյսով որ պիտի կարենար մինչեւ վերջը հսկողութեան տակ պահել զայն:
Ամենավերջի Անգարայի պայթիւնէն ետք, Նախագահ Օպամա կրկնեց իր կախարդական խոստումը որ Միացեալ Նահանգները պիտի մնայ Թուրքիոյ կողքին, բայց ոչ մէկ մտահոգութիւն յայտնուեցաւ կառավարութեան գրոհի զոհերուն մասին:
Արեւմտեան մամուլին մէջ քննադատութիւնները աւելի ու աւելի կը բարձրաձայնուին, խնդրելով որ Արեւմուտքը լքէ Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի անդամակցութենէն: Այսպիսի յօդուած մըն էր Թորոնթոյի Կլոպ էնտ Մէյլ թերթին մէջ Տուկ Սոնտըրզի ստորագրած գրութիւնը, որ կը վերջանար հետեւեալ կերպով. «Պրն. Էրտողան քանդեց միացեալ եւ բաց Թուրքիան, որ ան աւելի առաջ օգնած էր որ իրականանար: Եւ այս արարքը ան կատարեց օգտագործելով ոչ միայն իշխանաւորի մը ուժը, այլ նաեւ լռեցնելով մամուլը եւ կիրարկելով ամբողջատիրական բռնակալութեան միջոցներ: Ժամանակ է դադրիլ Թուրքիան իբրեւ դաշնակից նկատելէ, այլ նկատել երկիր մը որ բոլոր գոյներէն անդին անցած է»:
Կացութեան հեգնական աստիճանը գնահատելու համար, բաւարար է մատնանշել մէջբերում մը Իսթանպուլի Կառավարիչ Վասիպ Սահինի խօսքերէն զոր արտասանած էր Հայերու, Հրեաներու, Յոյներու եւ Մահմետականներու կրօնապետերու հետ հանդիպման մը ընթացքին. որպէս եզրափակում ան կ’ըսէր թէ Իսթանպուլը եղած է քաղաք մը ուր կան տարբեր կրօնքներու ժողովուրդներ եւ թէ բոլոր կրօնական համայնքները կ’ապրին խաղաղօրէն «ներդաշնակութեան եւ եղբայրութեան քաղաքին մէջ:» Եւ այս՝ երբ երկրին արեւելեան շրջանները պատերազմական վիճակի մէջ են, ուր Քիւրտեր կարող չեն նոյնիսկ իրենց մեռեալներու մարմինները փողոցներէն հաւաքել եւ երբ փոքրամասնութիւնները սարսափի մթնոլորտի մէջ է որ կ’ապրին ամբողջ երկրի տարածքին:
Եթէ Հրանդ Տինքը զգուշացուած ըլլար բաւական կանուխէն, թէ տատրակներ Թուրքիոյ մէջ այլեւս ապահով չեն, թերեւս այսօր ողջ մնացած ըլլար ան:
Թարգմ. Յ. Ա.