Տարեդարձ մը՝ իր նոր հեռանկարներով

Democracy is the worst from of

Government, except for all

others that have been tried.

Winston Churchil

 

 

Ռամկավարական դրութիւնը ամէնէն պարզ գաղափարաբանութեան մը վրայ կառուցուած կառավարման ձեւ մըն է, որ կը ձգտի յաղթահարել հասարակութեան ամէնէն բարդ իրավիճակները. Հետեւաբար հասկնալու համար այդ գաղափարաբանութիւնը պէտք է իրազեկ դառնալ բոլոր այդ բարդութեանց. վերեւ նշուած Չըրչիլի բանաձեւումը լաւագոյնս կը դրսեւորէ բոլոր այլ վարչակարգերու փորձառութիւններէն թորուած ճշմարտութիւնները:

Ռամկավարութեան մէջ ճակատագրական տուեալը անհատ քուէարկողին քաղաքական գիտակցութեան աստիճանն է. երբ անհատը զուրկ է քաղաքական եւ քաղաքացիական գիտակցութենէ, իր եւ իր նմաններուն հաւաքական կամքով հակամէտ կը մնայ սխալ ընտրութիւններ կատարելու եւ ռամկավարական ազատութիւններէն օգտուելով՝ կրնայ խաթարել նոյնինքն այդ ազատութիւնը:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, իր հերթին, խարսխուած է նոյն այդ ցանկալի այլ դիւրաբեկ գաղափարաբանութեան վրայ, միշտ հաւատալով անհատին ազատ կամքին եւ այդ կամքին իմաստուն կերպով օգտագործման: Այդ պատճառով ալ անոր գործունէութիւնը չէ բնորոշուած զինուորական կարգապահութեամբ, երբեմն՝ ի վնաս նոյնիսկ կուսակցութեան:

Սակայն, այն պարագային երբ քաղաքացիական գիտակցութիւնը հասարակ յայտարարը դարձած է անոր ղեկավարութեան եւ անհատ շարքայիններուն՝ կազմակերպութիւնը մնացած է անպարտելի:

1921ի Հոկտեմբեր 1ը նշանակալից թուական մըն է հայոց քաղաքական պատմութեան մէջ որ կը նշէ կազմութեան թուականը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան:Կազմակերպութիւն մը, որուն բաղադրամասերը կը սերին տարբեր հոսանքներէ եւ Չըրչիլին հաստատումին եզրերով կը միանան իրարու, անցնելէ ետք այլ դրութեանց փորձերէն եւ յանգելով ազատական գաղափարաբանութեան եւ անոր գործելակերպին:

Արդարեւ 1921ին Կ. Պոլսոյ մէջ գումարուած առաջին հաւաքը կը համախմբէր Արմենական, Վերակազմեալ Հնչակեան, Սահմանադրական-Ռամկավար, Գաղափարակցական, Ազատական եւ Հայ Ազգային Ազատական կուսակցութիւնները: Այդ բոլոր հոսանքները ի մի կը բերէին իւրաքանչիւրին մտաւորական վաստակն ու յեղափոխական աւանդութիւնները:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կազմութիւնը – որուն 96րդ տարեդարձը կը նշուի այս օրերուն – միարարական արարք մըն էր, որ ի մի կը բերէր գաղափարական եւ քաղաքական հոսանքները հասարակաց դաւանանքի մը շուրջ:

Մինչ աւանդական միւս կուսակցութեանց հիմնադիրները կը սերէին Արեւելքէն, ընդհանրապէս տոգորուած միջազգայնական ընկերվարական գաղափարներով, ՌԱԿի հիմնադիրները կը հանդիսանային հայութեան Արեւելեան եւ Արեւմտեան հատուածներու ներկայացուցիչները – Թէրլէմէզեանի, Չօպանեանի, Տամատեանի, Թէքէեանի, Արփիարեանի նման գաղափարական տիտաններու քաղաքական փորձառութիւնը կը համալրուէր ժողովրդական կուսակցութեան նոյնքան պատկառելի դէմքերու վաստակով, ինչպիսիք էին Համբարձում Առաքելեան, Գրիգոր Արծրունի, Առաքել Բաբախանեան, Ստեփանոս Մալխասեան, Միքայէլ Պապաջանեան, Սամսոն Յարութիւնեան եւ ուրիշներ:

Ցեղասպանութեան հարուածէն դեռ չապաքինած՝ հայութիւնը կը դիմագրաւէր քաղաքական նոր իրականութիւն մը աշխարհի քարտէսին վրայ. ծնունդ կ’առնէր նոր կայսրութիւն մը, Սովետական Միութիւնը, որ կը կլանէր նաեւ մեր նորանկախ հայրենիքը՝ Հայաստանը:

Ուրեմն, սփիւռքի կուսակցութիւնները կը դիմաւորէին կրկնակ մարտահրաւէրներ – մէկ կողմէ վերականգնել վիրաւոր եւ կոտորակուած արեւմտահայութիւնը եւ միւս կողմէ կենակցիլ գաղափարապէս օտար աշխարհի մը ենթակայ հայրենիքին հետ:

ՌԱԿը բաղադրող հայրենասէր կազմակերպութիւնները արդէն նախապէս սատարած էին 1918ին անկախացող մայր երկրին՝ Ժողովրդական կուսակցութիւնը ուղղակի մաս կազմելով անկախ Հայաստանի կառավարութեան, իսկ ռամկավարները նիւթապէս եւ ռազմականօրէն սատարելով հայրենիքին, հակառակ հետզհետէ այլամերժ դարձող անոր իշխանութեան: Հետեւաբար կուսակցութիւնը առաջին օրէն գտնուած էր առաջնայինն ու երկրորդականը զատորոշելու երկընտրանքին առջեւ, եւ որոշած էր հայրենիքի գոյատեւման անհրաժեշտութիւնը գերիվեր նկատել գաղափարական հակամարտութիւններէն:

Սովետական իշխանութիւնը նոյնպէս միեւնոյն երկընտրանքը պիտի պարզէր կուսակցութեան դիմաց, այս անգամ՝ աւելի վտանգալից հեռանկարներով:

Կուսակցութիւնը որ կը դաւանէր ռամկավարական գաղափարաբանութիւնը՝ պիտի սատարէր սովետական պիտակով Հայաստանին՝ աչք առնելով համայնավար «գործակից»ի վտանգաւոր ամբաստանութիւնը:

Սփիւռքի կազմաւորման մէջ բազմաթիւ քոյր կամ բարեկամ կառոյցներ կառավարուեցան ռամկավարական ազատ դրութեամբ, ներշնչումովն ու ուղղակի գործակցութեամբը ՌԱԿին:

Միւս կողմէ հայրենիքի ժողովուրդին, Մայր Աթոռին եւ մտաւորականութեան հետ կապերու պահպանումը ղեկավարուեցաւ ՌԱԿի կողմէ, ի գին բազում զոհերու եւ զոհողութեանց: Օրեր եղան երբ Հայաստանի ձայնասփիւռէն հաղորդուած սիրային երգի մը ունկնդրութիւնն անգամ պիտակուեցաւ իբրեւ «համայնավար» գործակցութիւն, իր վտանգաւոր հետեւանքներով. Քանի՜ ղեկավարներ խոշտանգուեցան եւ քանի անդամներ նահատակուեցան հայրենանուէր այդ ճամբուն վրայ: ՌԱԿը դիմագրաւեց այդ վտանգները, պահպանելով եւ ամրացնելով հոգեկան ու մշակութային կապը հայրենի ժողովուրդին հետ: Թող ոչ ոք փորձէ տիրանալ այդ հայրենանուէր առաքելութեան փառապսակին:

ՌԱԿը դանակի շեղփի մը վրայէն քալելու քաղաքական ուղեգիծի մը հետեւեցաւ՝ իրականացնելու համար հայութեան երկու հատուածները մօտեցնելու գործը: Արդէն հայութեան երկու հատուածները իրարմէ տարբեր արժէչափերով եւ աւանդութիւններով զարգացող զանգուածներ էին, ինչպէս պարզուեցաւ երկաթեայ վարագոյրին անկումէն ետք: Եթէ գոյութեան կոչուած չըլլային այդ կապերը՝ անկախութենէն ետք շատ աւելի օտարացած պիտի ըլլային հայութեան զոյգ հատուածները:

ՌԱԿը համագործակցելով հանդերձ Խորհրդային Հայաստանին հետ պահպանեց իր գաղափարական ինքնութիւնը եւ չթերացաւ կատարելու իր շինիչ ու դրապաշտ քննադատութիւնները: Օրինակ, Չօպանեանի նման միտքի հսկայ մը բողոքի ձայն բարձրացուց 1937-38ի մտաւորական ջարդերուն դէմ, իր հրատարակած «Անահիտ» գրական հանդէսին մէջ: Իսկ «Պայքար»ի բազմավաստակ խմբագիր Հրաչ Երուանդ անխնայ կերպով քննադատեց սովետական ամբողջատիրական քաղաքականութիւնն ու գաղափարախօսութիւնը:

ՌԱԿի ղեկավարները միշտ ամուր կառչած մնացին իրենց լաւատեսութեան՝ միշտ հաւատալով ու քարոզելով որ վարչակարգերը անցողիկ են եւ հայրենիքը՝ յաւիտենական:

Այդ լաւատեսութիւնը իր արդարացումը գտաւ երրորդ հանրապետութեան հռչակումով: Երկար ժամանակ սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ տիրող կարծիքը այն էր որ սովետական իշխանութեան վերացումով պետութեան ղեկը պիտի տրուէր Դաշնակցութեան: Պատմութեան զարգացումը հերքեց նաեւ այդ վարկածը: Եւ առաջին Ազգային Ժողովին մէջ յայտնուեցան աւելի քան 20 ռամկավար խորհրդարանականներ, գերազանցելով միւս աւանդական կուսակցութեանց ներկայացուցչութիւնները: Պատճառը այն էր, որ միշտ գրաւիչ մնացած էր հայրենի ժողովուրդին համար ռամկավարական վարչակարգի հմայքը:

Սակայն, քաղաքական մշակոյթի պակասը պատճառ դարձաւ որ հետզհետէ իշխանութեան գան ընդհանրապէս գաղափարազուրկ ղեկավարներ:

Որքան Հայոց Համազգային Շարժումը նոյնքան Հանրապետական կուսակցութիւնը հեռու են ոեւէ գաղափարաբանութենէ. իսկ, առանց Նժդեհը ճանչնալու նժդեհականութեան դաւանումը երեւոյթ մըն է որ դժուար կարելի է սահմանել: Բարեբախտաբար մեր ժողովուրդը բաց է նոր գաղափարներու դիմաց եւ վստահաբար պիտի գիտնայ զարգացնել ազգային գաղափարաբանութիւն մը՝ այն օրը որ հասնի տնտեսական բարօրութեան: Եւ անկասկած այդ գաղափարաբանութեան հիմքը պիտի կազմեն ժողովրդավարութիւնն ու ռամկավարութիւնը:

Ինչպէս անցեալին՝ նոյնպէս այսօր ՌԱԿը հայ պետականութեան կողքին է. իր շինիչ քննադատութեան հետ պատրաստ է սատարելու հայրենիքին, իր բոլոր հնարաւորութիւններով:

Ի հարկին՝ սահմանի վրայ կողքին կանգնելով հայ զինուորին:

 

«Պայքար»