Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան բանակցութիւնները մէկ օղակն են հայ-թրքական մերձեցումներուն, որոնք իրենց կարգին դրսեւորումն են միջազգային աւելի ընդարձակ զարգացումներու: Այլապէս նախագահ Պայտըն պիտի չթելադրէր նախագահ Էրտողանին յարաբերութիւնները բարելաւել Հայաստանի հետ, իսկ նախագահ Փութին պիտի չհեռաձայնէր Փաշինեանին եւ Ալիեւին բանակցութեանց նախօրէին` իրազեկելու եւ իրազեկուելու կացութեան մասին:
Արդէն պարզ դարձաւ որ Ապրիլ 6ին Պրիւքսելի մէջ պիտի հանդիպին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի մասնակցութեամբ, սկսելու համար խաղաղութեան պայմանագրի բանակցութիւնները:
Պէտք է ընդգծել որ այս բանակցութիւնները, կերպով մը կը հանդիսանան լրացումն ու ամբողջացումը վերջերս սկսած հայ-թրքական հանդիպումներուն: Մէկ կողմէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը` Մեվլուտ Չաւուշօղլու ժպիտով կը դիմաւորէ իր հայ պաշտօնակից Արարատ Միրզոյեանը, եւ գրեթէ գիրկընդխառն կը յայտնէ անոր որ հայ-թրքական բանակցութիւնները կը կայանան առանց նախապայմաններու եւ միւս կողմէ կը ճշդէ որ Թուրքիա բանակցութեանց ընթացքը կը համադրէ Ատրպէյճանի հետ եւ կը թելադրէ որ Հայաստան նախ իր յարաբերութիւնները բարելաւէ Պաքուի հետ որպէսզի դիւրանան հայ-թրքական գործընթացները: Եւ ահա այնտեղ է որ կը պարզուին նախապայմանները, երբ Ատրպէյճան Հայաստանին կը ներկայացնէ հինգ կէտերէ բաղկացած խաղաղութեան առաջարկ մը, մեծապէս անընդունելի պայմաններով: Սակայն, Հայաստան քաղաքականօրէն իմաստուն նկատելով` կ’ընդունի առաջարկը, որովհետեւ Ատրպէյճան, տանելէ ետք յաղթանակը 44օրեայ պատերազմին, վեհանձն երեւոյթ մը առած կը խօսի խաղաղութեան եւ իր խաղաղասէրի հանգամանքին մասին: Եւ քանի որ Պաքու իր խաւեարի քաղաքականութեամբ եւ Անգարա իր լրատուական եւ lobbying-ի լայն ցանցերով ողողած են միջազգային մամուլի էջերը, անխոհեմութիւն պիտի ըլլար Հայաստանին մերժել Պաքուի առաջարկը, կամ առնուազն` վերապահութիւն դրսեւորել:
Պաքուի եւ Անգարայի աճապարանքը Հայաստանի հետ արագ կարգադրութիւններ իրականացնելու կը բխի Հայաստանի իրավիճակէն եւ ստեղծուած միջազգային քաղաքական պայմաններէն:
Հայաստանի հակառակորդները գիտեն որ մեր երկիրը կը գտնուի տկար վիճակի մէջ, 44օրեայ պատերազմի պարտութենէն վերջ: Միւս կողմէ ալ ծայր տուած ուքրանական պատերազմը իտէալ պատեհութիւն մը ստեղծած է Հայաստանը անկիւնաւորելու, քանի թէ Ռուսաստանը եւ թէ Մինսքի խումբը ամբողջութեամբ կլանուած են Ուքրանիոյ պատերազմով:
Նիկոլ Փաշինեան երկար զեկոյց մը ներկայացուց` իբրեւ նախաբան այս բանակցութեանց: Այնտեղ պարզուեցան կարգ մը դառն իրողութիւններ. նախ այն մասին, որ տակաւին չեն իրականացած Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան պայմանները: Չէ իրականացած գաղթականներու վերադարձը, ազատ չեն արձակուած հայ ռազմագերիները, ատրպէյճանական զինեալ ոյժերը չեն հեռացած Սեւ լիճէն եւ այլ սահմանային գօտիներէն, մինչ այսր ամենայնի, Պաքու կը պահանջէ Արցախի պաշտպանութեան բանակի հեռացումը «Ատրպէյճանի սեփական տարածքէն»:
Փաշինեանի զեկոյցէն կը պարզուի որ Պաքուի առաջարկին մերժումը այս պահուն կ’ենթադրէ նոր պատերազմ, որ շատ ձեռնտու է Ատրպէյճանին, եւ ոչ` բնականաբար Հայաստանի:
Հայաստան կերպով մը գլխիկոր կը ներկայանայ Պրիւքսելի այս բանակցութեանց:
Պաքուի ներկայացուցած հինգ առաջարկներուն մէջ, զարմանալիօրէն կը բացակայի Զանգեզուրի միջանցքի պահանջը: Այս զանցառումին պատճառները կրնան ըլլալ հետեւեալները. առաջինը` միջազգային ճնշումը, երկրորդ` այն փաստը որ Իրան առաջարկած է իր հողատարածքը տրամադրել Ատրպէյճանին միջանցքը իրականացնելու. եւ այս վերջինը համաձայնած է. իսկ երրորդ պատճառը կրնայ ըլլալ այն որ Պաքու սեղանին վրայ բերէ պահանջը Զանգեզուրի միջանցքին վրայ գործադրելի հայկական կողմին մաքսային դրութեան կրկնութիւնը Լաչինի անցքին վրայ, որ փաստօրէն կը գտնուի ռուս խաղաղապահ զօրքերու հրամանատարութեան ներքեւ եւ ոչ` Հայաստանի:
Պէտք է յիշել որ Մինսքի խումբի համանախագահները ատենին անարգուած ու փաստօրէն վտարուած էին Ատրպէյճանէն Ալիեւի կողմէ, որովհետեւ անոնք կը շարունակեն պնդել որ տակաւին Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը չէ սահմանուած, մինչ Ալիեւ կը պնդէ որ ինք պատերազմով լուծած է հարցը եւ այլեւս Լեռնային Ղարաբաղի հարց գոյութիւն չունի:
Այս օրերուն Մինսքի խումբի հերթական նախագահութիւնը ստանձնած է Լեհաստանը, որուն արտաքին գործոց նախարարը` Զպիկնի եւ Ռաու այցելեց տարածաշրջան, վերսկսելու համար բանակցութիւնները Մինսքի խումբի հովանաւորութեամբ: Պաքուի մէջ Ալիեւ դարձեալ պնդեց որ ինք առանձին լուծած է Ղարաբաղի հարցը: Հասկնալի է որ Մինսքի խումբին անկ չէ հակաճառել կողմերու կեցուածքներուն. սակայն, երբ Պրն. Ռաու ելոյթ ունեցաւ Երեւանի մէջ վերահաստատեց որ Մինսքի խումբին պարտականութիւնն է խաղաղութիւն հաստատել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ եւ շեշտեց որ պէտք է կարգաւորուին նաեւ մարդասիրական խնդիրները, որոնց կարգին` գերիներու վերադարձի խնդիրը:
Արարատ Միրզոյեանի եւ Ռաուի մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը վերստին շեշտեց Արցախի հայութեան «իրաւունքներու» խնդիրը: Այդ անորոշ եզրաբանութիւնը առիթ ընծայած է կարգ մը մեկնաբանութիւններու որ Հայաստանի իշխանութիւնները պատրաստ են զիջումներու երթալու Արցախի ժողովուրդի ճակատագրին նկատմամբ. որովհետեւ Մինսքի խումբը եւս իր բանաձեւումին մէջ «իրաւունք»ներ կը նախատեսէ Արցախի ժողովուրդին եւ ոչ անպայման` անկախութիւն: Դժբախտաբար Թուրքիա եւ Ատրպէյճան յաջողած են միջազգային հանրային կարծիքը համոզել որ Արցախը մաս կը կազմէ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան. նոյնիսկ այդ տեսակէտին են Հայաստանի բարեկամ նկատուած երկիրները` Ռուսաստան եւ Իրան:
Հետեւաբար, առաւելագոյնը որ կարելի է Մինսքի խումբէն ակնկալել` ապահովումն է որոշ «իրաւունքներու» Արցախի ժողովուրդին համար Ատրպէյճանի իշխանութեան ներքեւ: Արդէն Ատրպէյճանն ալ մինչեւ պատերազմի կայացումը կը խոստանար «առաւելագոյն ինքնակառավարման իրաւունքներ» տալ Արցախին, իր հողային տարածքին մէջ եւ իր իշխանութեան ներքեւ:
Սակայն, այն երկրին մէջ որ հայ զինուորը կացինահարող Ռամիլ Սաֆարովները հերոսի կոչում կը ստանան՝ ազերիներու եւ հայ ազգաբնակչութեան գոյակեցութիւնը անհնար կը դառնայ: Փոխարէնը պէտք է զարգացնել «անջատում` յանուն փրկութեան» սկզբունքը, որուն կիրարկումով անկախութիւն ստացան Արեւելեան Թիմորը, Հարաւային Սուտանն ու Քոսովոն: Դիւանագիտութեան մէջ գոյութիւն ունի սկզբունք մը որ պէտք է կիրարկել այստեղ – պահանջել առաւելագոյնը` ձեռք ձգելու համար նուազագոյնը:
Վերջին շրջանին միջազգային հանրութիւնը վկայեց Ատրպէյճանի բիրտ վերաբերումը Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ երբ Պաքու խափանեց կազի մատակարարումը Արցախի ժողովուրդին, խստաշունչ ձմեռուան պայմաններուն ներքեւ. եւ աւելի խիստ կերպով դատապարտեց ատրպէյճանական ոյժերուն ներխուժումը հայկական Փարուխ գիւղին վրայ, ուրկէ որոշ չափով հեռացած են անոնք, իրենց ռազմագիտական դիրքերը ամրացնելով Քարագլուխի մէջ: Այս ընդհարումներուն ընթացքին քննադատութիւններ արձակուեցան Ֆրանսայի, Ամերիկայի եւ Ռուսաստանի իշխանութիւններուն կողմէ: Այդ յանդիմանութիւնները կը մնան օդի մէջ արձակուած փամփուշտներ, եթէ Հայաստան չփորձէ քաղաքականացնել զանոնք, օգտագործելո «անջատում` վասն փրկութեան» սկզբունքին:
Այս փափուկ շրջանին խորհրդաւոր այցելութիւն մը տուաւ Մեծն Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարը Պաքու: Այդ այցին հետեւեցան BBC-ի հաղորդումները որ Հայաստան իսլամ ճիհատիստներ կը ղրկէ Ուքրանիա: Ինչպէս կը տեսնուի` մեծերու միջամտութիւնները Կովկասի քաղաքականութեան մէջ ինքնանպատակ են իւրաքանչիւր միջամտողի համար եւ հակասութեան մէջ են այլ խաղացողներու շահերուն հետ:
Ամբողջ 30 տարիներ Հայաստան սնուցանեց յաւակնութիւնը որ ինք երաշխաւորն է Արցախի ապահովութեան: Մինչդեռ այդ յաւակնութիւնները ի չիք ելան պատերազմի հետեւանքով: Ոմանք նոյնիսկ կը մեղադրեն Երեւանի իշխանաւորները, որ կը փորձեն Արցախը զոհել` փրկելու համար Հայաստանը: Ահաւասիկ ուրիշ կիրարկում մը «անջատում` վասն փրկութեան» սկզբունքին:
Արցախը մնացած է մինակ, եւ զարմանալի չէ որ կարգ մը քաղաքական շրջանակներ Ստեփանակերտի մէջ կոչ կ’ընեն Մոսկուայի որ կցուին Ռուսաստանին, ինչպէս այս օրերուն կը կատարուի Վրաստանէն անջատուած Հարաւային Օսեթիան: Նման յուսահատական պահանջ մը կար նաեւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի կողմէ Ռուսաստանին ուղղուած կոչին մէջ, ուր կ’առաջարկուէր Մոսկուային աւելցնել իր խաղաղապահ ոյժերուն քանակը` երաշխաւորելու համար Արցախի բնակչութեան ապահովութիւնը:
Մոսկուայի ծրագիրներուն կը համընկնի նման կոչերուն դրապէս ընդառաջելը, սակայն նման քայլ այս պահուն կրնայ վտանգել Մոսկուայի շահերը` Պաքուի եւ Անգարայի հետ:
Ալիեւ Պրիւքսել կ’երթայ ոչ միայն իր դիմաց ունենալով պարտուած Հայաստան մը, այլ նաեւ ունենալով քաղաքական ուրիշ խաղաթուղթ մը` սպառնալիքը Ռուսաստանի համար երկրորդ ճակատ մը բանալու Կովկասի մէջ:
Ահաւասիկ այսպիսի բարդ իրավիճակի մը մէջ է որ Պրիւքսել կը մեկնի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, բանակցելու համար Իլհամ Ալիեւի հետ` թրքական եւ ազերիական թնդանօթներու սպառնալիքին ներքեւ:
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ