ՄԱԿը եւ միջազգային հանրութիւնը կը պատգամեն որ Սովետական Միութեան փլուզումէն ետք սահմանները պէտք չէ ենթարկուին փոփոխութեան. սակայն Արեւմուքն ու ՆԱԹՕն կը ռմբակոծեն Եուկոսլավիան ու փլատակներէն կը հիմնեն իսլամկան նոր պետութիւն մը` Քոսովոն Եւրոպայի սրտին վրայ եւ զայն կը յանձնեն հասարակ ոճրագործներու, զէնքի առեւտուրով զբաղող ահաբեկիչներու: Երկիր մը որ տակաւին մինչեւ այսօր չի կրնար ոտքի կանգնիլ առանց ՆԱԹՕի յենարաններուն:
Ամերիկան կը պաշտպանէ Սուտանի ապստամբները, եւ գոյութեան կը կոչուի նոր երկիր մը` Հարաւային Սուտանը: Ռուսաստան կ’արշաւէ Վրաստանի վրայ եւ կը գրաւէ Հարաւային Օսեթիան եւ Ապխազիան, իսկ աւելի ուշ` Խրիմը: Սակայն, երբ հերթը կը հասնի Արցախին` յանկարծ ի զօրու կը դառնան միջազգային օրէնքները եւ Արցախը կը մխրճուի քառակուսի անիւի մը մէջ ուր կը գործեն իրարու հակադիր երկու սկզբունքներ` հողային ամբողջականութիւն եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունք:
Հարց է թէ ինչո՞ւ միջազգային օրէնքները չեն գործեր առաջին պարագաներուն եւ կը գործեն Արցախի պարագային. պատճառը այն է որ Հայաստան տկար երկիր մըն է, իսկ Արցախը տէր չունի: Մինչեւ 44օրեայ պատերազմը Հայաստանի հանրապետութիւնը երաշխաւորն էր Արցախի հանրապետութեան. պատերազմը յեղաշրջեց այդ յարաբերութիւններն ու յաւակնութիւնները:
Այս շրջանին դիւանագիտական աշխոյժ գործունէութիւն կը տիրէ Կովկասի մէջ եւ Հայաստան, որ կը գտնուի մեծ պետութեանց բախման կիզակէտին վրայ, կրնայ օգտուիլ այդ զարգացումներէն կամ դառնալ զոհը անոնց, եթէ չյաջողի խուսանաւել այդ փոթորիկներուն մէջ:
Ռուսաստանի պատերազմը Ուքրանիոյ դէմ քաղաքական բացութիւններ թողուց կովկասեան շրջանին մէջ. այդ բացութիւնները առիթ ընծայեցին Հայաստանին որ փորձէ այլընտրանքներ գտնել իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Եւ այդ առիթները ընծայուեցան, գուցէ նոյնիսկ անկախ Հայաստանի կամքէն քանի Արեւմուտքը սկսաւ լրջօրէն զբաղիլ Կովկասով, ոչ անպայման այլասիրական կերպով օգնելու շրջանի ժողովուրդներուն, այլ հնարաւորութիւններ ստեղծելու ռուսական ազդեցութիւնը նուազեցնելու կամ` ամբողջութեամբ չէզոքացնելու. արդարեւ փորձիչ եւ փորձանուտ պատեհութիւն մը. Հայաստան այս պատեհութենէն կրնայ օգտուիլ միայն այն պարագային երբ իր դիւանագիտութիւնը կը դասաւորէ օգտուելու մէկ կողմէն, առանց թշնամանացնելու միւս կողմը, ինչպէս կը կատարէ Թուրքիան:
Արարատ Միրզոյեանի հանդիպումը պետական քարտուղար Անթոնի Պլինքընին բացառիկ յաջողութիւն մը կարելի է նկատել: Միւս կողմէ Փաշինեանի մաքոքային ճամբորդութիւնները դէպի Մոսկուա եւ Պրիւքսէլ վկայութիւններն են որ Հայաստան կրնայ նոր նախաձեռնութիւններու դիմել իր դիւանագիտութեան մէջ:
Պրիւքսէլի վերջին գագաթաժողովը Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ, միջնորդութեամբը Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի, սառը կոտրելու պատեհութիւն մըն էր:
Նոյեմբեր 9ի համաձայնութիւնը, իր ստորագրութեան թուականէն ի վեր, չէր գործադրուեր կամ կը գործադրուէր մասնակիօրէն յօգուտ Ատրպէյճանի: Եւրոպական Միութիւնը նախաձեռնութիւնը խլեց Ռուսաստանի ձեռքէն եւ սկսաւ ինք գործադրել:
Պրիւքսէլի հանդիպման առիթով լոյս ընծայուած հաղորդագրութիւնը, Պր. Շարլ Միշէլի կողմէ, կը վկայէ կարգ մը գործնական տեղաշարժերու մասին, իսկ կարգ մը տեղեր ալ կը պահէ խորհրդաւոր եւ վտանգաւոր լռութիւն մը: Պարզ է որ այդ հանդիպման ընթացքին առնուած են վճռական որոշումներ` սահմանները բանալու եւ հաղորդակցութեան միջոցներն ու ճամբաները վերահաստատելու:
Սակայն, ճամբաներու բացման կապակցութեամբ տրուած բացատրութիւնները բանաձեւուած են այնպիսի խրթին կերպով, որ կողմերը կրնան զանոնք մեկնաբանել ըստ կամս, իւրաքանչիւրը ի նպաստ իր կողմին: Եւ արդարեւ, այդ թիւրիմացութիւնը բացայայտուեցաւ յաջորդ օրն իսկ երբ նախագահ Իլհամ Ալիեւ հաղորդեց «աւետիս»ը նախագահ Էրտողանին որ արդէն համաձայնութիւն գոյացած է Զանգեզուրի անցքին շուրջ: Հայաստանի Ապահովութեան Խորհուրդի քարտուղարը` Արմէն Գրիգորեան, անմիջապէս հերքեց այդ լուրը թէ նման հարց չէ դրուած օրակարգի վրայ: Այսքանը` Հայաստանի հանրային կարծիքը հանդարտեցնելու համար. սակայն, այս խնդրայարոյց հարցին շուրջ Շարլ Միշէլի պահած լռութիւնը կասկածի գորշ ամպ մը կը թողու իր ետին:
Պրիւքսէլի վերջին հանդիպմամբ արագացուած է սահմանազատման եւ սահմանագիծերով գործընթացը: Ռուսաստան կը յաւակնէր որ այդ գործընթացը կարելի չէ իրագործել առանց իր ներկայացուցիչին մասնակցութեան, քանի միայն ինք ունէր համապատասխան քարտէսները, սակայն, ահաւասիկ, կողմերը փութացուցած են այդ գործընթացը եւ երկկողմանիօրէն առաջին նիստը կայացուցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վրայ: Վախ կայ որ Ռուսաստանի մասնակցութիւնը, այս պարագային, կրնայ քաղաքական ազդակներով յանգիլ որոշումներու, որոնք կրնան հակադրուիլ Հայաստանի շահերուն. միւս կողմէ Արեւմուտքի մասնակցութիւնը կրնայ ապահովել օրինական հիմքը`առնուելիք որոշումներուն:
Կը կարծուէր որ Ռուսաստանի մասնակցութիւն, այս գործընթացներուն, պիտի ունենար լրացուցիչ դեր մը Եւրոպայի նախաձեռնութիւններուն: Սակայն, կը պարզուի որ Ռուսաստան որոշ կասկածով ու նախանձով կը մօտենայ այս զարգացումներուն: Փաստը այն է որ հազիւ Փաշինեան եւ Ալիեւ վերադարձած էին իրենց երկիրները, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը` Սերկէյ Լաւրով հեռախօսային զրոյց ունեցաւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ, ստուգելու համար որ կացութիւնը Ռուսաստանի կշիռէն դուրս հանելու փորձեր չեն կատարուիր: Իսկ քանի մը օր ետք Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակուհի Մարիա Զախարովա յայտնեց թէ Արեւմուտքը կը փորձէ առեւանգել գործընթացը Ռուսաստանի ձեռքէն:
Այս բանակցութեանց վերջնական նպատակը երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան դաշնագիր մը կնքելն է: Եւ քանի որ Ատրպէյճան յաղթական կողմն է` կը փորձէ ամէն գինով այդ պայմանագիրը կնքել բացառաբար ի նպաստ իրեն: Ատրպէյճան չունի յաղթողի վեհանձնութիւն եւ կը ջանայ առաւելագոյնս նուաստացնել Հայաստանը: Ալիեւ գիտակից է որ այդ «յաղթանակ»ը նուէր մըն է իրեն թրքական եւ իսրայէլեան անօդաչու սարքերէն, փաքիստանցի օդաչուներէն եւ սուրիացի ահաբեկիչներէն: Ինք տէրը չէ այդ յաղթանակին, բայց կը փորձէ լիովին արժեցնել զայն բանակցութեան սեղանին առջեւ:
Շարլ Միշէլ եւ Ալիեւ հնարք մը յանձնարարած են Փաշինեանին, որ կարողանայ միամտացնել Հայաստանի հանրային կարծիքը. ի՞նչ է այդ հնարքը. համոզել հանրային կարծիքը որ այսօր Հայաստան անհրաժեշտօրէն կարիքն ունի խաղաղութեան. հետեւաբար անջատել խաղաղութեան կնքումը Արցախի խնդիրէն եւ ապագային միայն անդրադառնալ Արցախի հանրապետութեան իրավիճակին: Սակայն, այստեղ գոյութիւն ունի ճատրակի խաղ մը. ստորագրելու համար խաղաղութեան դաշնագիրը Երեւան պիտի պարտաւորուի ճանչնալու Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը` Արցախն ալ հաշուելով այդ ամբողջականութեան մէջ. այդ ձեւով կրնայ ձեռք ձգուիլ թէական խաղաղութիւն մը, սակայն կը փակուին դռները վերադառնալու Արցախի խնդիրին: Այս օրերուն Հայաստանի իշխանութիւնն ու իշխանամէտ լրատու միջոցները կը ջանան անջատել Արցախը խաղաղութեան դաշնագիրէն. վտանգաւոր խաղ մը` որ կրնայ անդառնալի հետեւանքներ ունենալ:
Հայաստանի իշխանութիւնները արդէն սկսած են հրապարակաւ արտայայտուիլ՝ ըսելով որ այսօր Արցախը մեզի համար երկրորդական նշանակութիւն ունի. այդպիսի արտայայտութիւն մը ունեցաւ վերջերս Գուրգէն Արսէնեան, Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութեան անդամ, Առաջին լրատուականին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին: Այս կը նշանակէ որ իշխանութիւնները համոզուած են որ արդէն կորսուած դատ մըն է Արցախը:
Արդէն վերեւի իրողութիւնը կարծէք ամրագրուած է Շարլ Միշէլի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: Այդ հաղորդագրութեան մէջ ոչ մէկ նշում գոյութիւն ունի որ կողմերը քննարկած են Արցախի խնդիրը: Եթէ նոյնիսկ խօսուած է` ոեւէ եզրակացութեան չէ յանգած նման խօսակցութիւնը: Միայն, Շարլ Միշէլ իր վրայ վերցնելով պատասխանատուութիւնը կը գրէ. «Իմ կողմէ շեշտեցի երկու առաջնորդներուն որ կարեւոր է անդրադառնալ նաեւ Ղարաբաղի էթնիկ հայ ազգաբնակչութեան իրաւունքներուն եւ ապահովութեան»:
Այս բանաձեւումէն կը պարզուի որ ոչ միայն «մի քիչ» իջեցուած են նշաձողերը, այլ բոլորովին ջարդուփշուր եղած են անոնք` Արցախի հանրապետութիւնը եւ անոր քաղաքական իրավիճակը իջեցնելով էթնիկ փոքրամասնութեան իրաւունքներու մակարդակին:
Այստեղ եթէ նկատի պիտի առնուի այն սկզբունքը որ սահմաններու փոփոխութիւններ պէտք չէ կատարուին` փաստօրէն միջազգային հանրութիւնը դաւակից կը դառնայ Ալիեւի կազմաքանդելու արդէն գոյութիւն ունեցող պետական կառոյց մը: Արդարեւ, սովետի շրջանին Արցախի օրինավիճակն էր ինքնավար շրջան (օպլութ) իր պետական կառոյցով, խորհրդարանով եւ ինքնավարման իրաւունքով:
Արցախի բնակչութիւնը Ատրպէյճանի իշխանութեան բարեխղճութեան թողուլը պիտի յառաջացնէ այն ճակատագիրը, որուն ենթարկուեցան 500,000 հայերը որոնք կ’ապրէին Պաքուի, Սումկայիթի եւ Կենճայի (Գանձակ) մէջ, որոնք ջարդարարութեամբ դուրս քշուեցան երկրէն, իրենց տուներն ու ինչքը թողելով ետին:
Պարզ է որ Ալիեւ կը ճնշէ Հայաստանի վրայ սպառնալով անոր գոյութեան, Հայաստանի իշխանութիւնները առաջին հերթին մտածեն իրենց հոգիի փրկութեան մասին: Խուճապային այս իրավիճակը սկսած է քաղաքական եւ հոգեբանական բաժանում մը ստեղծել Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ:
Հայաստանի մէջ Դաշնակցութիւնը կը գլխաւորէ ընդդիմութեան ցոյցերը հակադրուելով իշխանութեանց. իսկ Արցախի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը կը ճամբորդէ Լիբանան եւ Արժանթին, այդ երկիրներուն մէջ այցելելով բացառաբար դաշնակցական ակումբները: Միւս կողմէ, Հայաստանի իշխանութիւնները կը փորձեն հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն մը կիրարկել Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի միջեւ: Արցախը, շատ հաւանաբար ռուսական խաղաղապահ ոյժերու խորհուրդով, պատուիրակութիւն կ’ուղարկէ Օսեթիա, նախագահի պաշտօնավարութեան սկիզբի տօնակատարութեան:
Ցարդ պատգամը միասնականութիւնն էր Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի միջեւ, սակայն սփիւռքը խոր քունի մէջ է եւ Հայաստանն ու Արցախը հետզհետէ կը հեռանան իրարմէ` չըսելու համար որ կը թշնամանան իրարու. շահերու եւ ուղիներու այս տարանջատումը լաւ բան չի խոստանար մեր ժողովուրդին: Երանի Հայաստանի անփորձ իշխանութիւնները կարենային ձեռնհասութիւնը ունենալ օգտուելու միջազգային քաղաքականութեան ընծայած պատեհութիւններէն:
Դժբախտաբար տակաւին անոր ապացոյցը չենք տեսած:
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ