ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՒ ՌԱԶՄԱԳԻՏԱԿԱՆ ԶԳՕՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԸ

«Մենք միշտ սահմանին՝ կենաց ու մահի» գրած է Սիլվա Կապուտիկեան բնորոշելով այն հարցականը որ միշտ կախուած եղած է մեր ժողովուրդի գլխուն վերեւ, այն դարերուն որ կորսնցուցած էինք մեր պետականութիւնը – եւ ինչո՞ւ չէ – նաեւ այսօր, երբ գտած ենք մեր պետականութիւնը եւ կը փորձենք կերտել մեր անկախ երկիրը. սակայն, դարձեալ պատերազմ, դարձեալ շրջափակում, դարձեալ քաղաքական սադրանքներ ու դաւադրութիւններ՝ ականահարելու համար վերականգնիլ փորձող հայրենիքը, իր պատմական հողի մէկ անկիւնաքարին վրայ:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը՝ Մամետիարով կը յայտարարէ թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ընտրութիւններէն ետք Արցախի հիմնահարցին մասին պիտի սկսին նոր բանակցութիւններ՝ աւելի վճռական արդիւնքներու հասնելու համար: Դժուար է հասկնալ երկսայրի սուրի նմանող այս յայտարարութեան իմաստը. արդեօք վերջնականապէս պիտի լուծուի՞ տագնապը թէ նոր տուեալներ պիտի յառաջանան ծունկի բերել փորձելով հայկական կողմը:

Հայաստանի մէջ վերապահութեամբ ընդունուեցաւ այդ յայտարարութիւնը՝ արդարացի կերպով. որովհետեւ, բոլոր տուեալները, շրջանի բոլոր զարգացումները զգեցած են բացասական ընթացք: Ամերիկացիք կ’ըսեն՝ կացութիւնը չի կրնար բարելաւուիլ, աւելի չվատթարացած:

Նախ հրապարակ նետուեցաւ Իլհամ Ալիեւի ռազմաշունչ ու ռազմատենչ յայտարարութիւնը, որ ոչ միայն կը սպառնար Արցախին, այլ Երեւանը, Զանգեզուրը եւ Սեւանի շրջանը կը հռչակէր ազերիներու պատմական հող եւ Ատրպէյճանի «ռազմագիտական նպատակը» կը մնար վերադառնալ այդ հողերուն:

Այդ յայտարարութեան շուրջ եղան բացատրութիւններ եւ «մեղմացուցիչ դէպք յանցանաց» պիտի ըսէր Պարոնեան: Մեկնաբանութիւններ տրուեցան թէ ակնարկութիւնը նախկին հայաստանաբնակ ազերիներու վերադարձի մասին է. կամ՝ Ալիեւ ընտրական ճառախօսութիւն մը կատարած էր: Ալիեւի կողմէ չհերքուեցաւ իր սպառնալիքը, որ ընթերցուած էր գրաւոր ճառով մը, եւ ոչ թէ պահի ոգեւորութեան մէկ չափազանցութիւն էր:

Այդ սպառնալիքին յաջորդեցին ազերիներու ռազմափորձերը Հայաստանի սահմանին վրայ, բերանացի սպառնալիքին ռազմական հնչեղութիւն մը տալով:

Այդ ռազմափորձերը լուրջի առնուեցան հայկական կողմի վրայ: Զօրավար Մայոր Աստուածատուր Պետրոսեան «Առաջին լրատուական»ին հարցազրոյց մը տալով յայտարարեց – «Մենք պէտք է հետամուտ լինենք, նաեւ հետախուզական տուեալներով հասկնանք թէ զօրավարժութիւններով ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ Ատրպէյճանը»: Ըստ զօրավարի հաստատման պատերազմի օրէնքներով ռազմական գործողութիւններէն առաջ տեղի կ’ունենան ուսումնավարժութիւններ: «Ուսումնավարժութիւնների, զօրավարժութիւնների քողի տակ կամաց-կամաց անցնում են երկրորդ հանգրուան, կազմաւորում է պատերազմը: Չի՝ բացառւում, պիտի պատրաստ լինենք, չարհամարհենք ոեւէ կարծիք»:

Զօրավարին զգուշացումը շատ արդարացի է, որովհետեւ 2016ի Ապրիլին քառօրեայ պատերազմին առիթով, ոչ ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդը եւ ոչ ալ Մինսքի խումբի համանախագահները սաստեցին նախայարձակ կողմը. բաւականացան միայն երկուստեք զսպութեան քարոզներ տալով: Հետեւաբար հայկական կողմը պարտաւոր է լուրջի առնելու ռազմական ոեւէ զարգացում, մանաւանդ Ալիեւի պաշտօնական սպառնալիքէն ետք:

Սակայն, կայ նաեւ աւելին. Ատրպէյճանի նախագահին սպառնալիքն ու իր զօրքերուն կեդրոնացումները շրջանի քաղաքական զարգացումներու պարունակին մէջ զետեղելով՝ կը տեսնենք թէ օղակը աւելի կը սեղմուի Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ:

Հայաստան մաս կը կազմէ Ռուսաստանի գլխաւորութեամբ կազմուած ռազմական դաշինքին (ՀԱՊԿ), որուն գլխաւոր ղեկավարը՝ Զօրավար Գնդապետ Անաթոլի Սիտորով «Սփութնիք-Արմենիա»ին կատարած է զգաստացուցիչ յայտարարութիւն մը, որուն բովանդակութիւնը, գուցէ, նուազ զարմանալի է, քան կատարուած ժամանակը: Այդ յայտարարութիւնը չի կրնար զուգադիպութիւն մը ըլլալ: Այդ վտանգաւոր յայտարարութիւնը կարելի էր ընել տարի մը առաջ, կամ՝ վեց ամիս յետոյ: Ինչո՞ւ այս պահուն, երբ ամպերը կը կուտակուին Հայաստանի եւ Արցախի գլուխներուն վերեւ: Ռուս զինուորականը յայտարարած է թէ ՀԱՊԿը ռազմական օժանդակութիւն չի ցուցաբերեր, եթէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ռազմական ուղղութեամբ կրկին թեժանայ, «Միայն այդ դէպքում ՀԱՊԿը կը միջամտէ երբ անմիջականօրէն յարձակում լինի Հայաստանի վրայ, քանի ՀԱՊԿը ունի պարտաւորութիւններ Հայաստանի առաջ»:

Առարկայականօրէն՝ հաստատումը ճիշդ կը թուի ըլլալ քանի Արցախը ճանչցուած պետութիւն մը չէ Ռուսաստանի թէ Հայաստանի կողմէ: Բայց կայ հարցերու տրամաբանական շարք մը. Հայաստան Ռուսաստանի հետ ռազմական դաշինք կնքած էր երկու պատճառով՝ նախ պաշտպանուելու համար Թուրքիոյ դէմ, եւ երկրորդ՝ Արցախի հարցով Ատրպէյճանին հետ բախումի մը պարագային պիտի ապաւինի Մոսկուայի նեցուկին. Եթէ վիրաբուժական հատում մը պիտի կատարուի պաշտպանութեան սկզբունքին վրայ, Հայաստանը այդ պարագային պէտք պիտի չունենայ այդ դաշինքին, ոչ ալ ռուսական ռազմախարիսխը Հայաստանի հողին վրայ արդարացում մը պիտի ունենայ, այն ալ՝ 49 տարուան պայմանաժամով: Եթէ պատերազմ մը ծագի, ատիկա պիտի սկսի Արցախէն եւ Արցախի վրայ:

Մոսկուայի այս վտանգաւոր կեցուածքը, որ ստացած է պաշտօնական բնոյթ՝ իր արձագանգները գտած է նաեւ ռուս քաղաքական շրջանակներու եւ մեկնաբաններու մօտ, միշտ զիջումը ակնկալելով հայկական կողմէն: Օրինակ, ռուս ազգայնական գործիչ, «Միջազգային Եւրասիական շարժման» ղեկավար Ալեքսանդր Դուգինը վերջերս Հայաստանի «Առաջին լրատուական»ին կատարած է կարգ մը մեկնաբանութիւններ, որոնք համահունչ են վերեւի զարգացումներուն:

Նախ պատասխանելով Ամերիկայի Ազգային հետախուզութեան տնօրէն Պր. Քոաթի նախատեսութեան որ 2018ին կրնայ վերստին պայթիլ Արցախի հակամարտութիւնը, Պր. Դուգինը կու տայ դրական պատասխան՝ բացատրելով – «Ամենամեծ վտանգն այսօր այն է, որ այս խնդիրը շատ ձեռնտու է Ամերիկային, որովհետեւ կը վարկաբեկէ Ռուսաստանի քաղաքականութիւնը Հարաւային Կովկասում: Ո’չ հայերը եւ ոչ ալ ատրպէյճանցիները որեւէ նշանակութիւն չունեն ամերիկացիներու համար: Նրանք ընկալում են այն ժողովուրդներին որպէս պայմանական հասկացութիւններ քարտէսի վրայ: Հետեւաբար, կարծում եմ, որ այս վտանգը կայ, բայց ես նորից եմ ասում, որ կան ծրագրեր դրանից խուսափելու համար»:

Ռուս մեկնաբանին հրամցուցած դեղատոմսը աւելի թունալից է քան այժմու պայթունավտանգ կացութիւնը:

Ահա թէ ի՞նչ կ’ըսէ ան – «Ես, որպէս ռուս մարդ կարող եմ ասել, որ մենք շատ կ’ուզենայինք որպէսզի այդ կառուցողական երկխօսութիւնը, այնուամենայնիւ, սկսուի: Եւ հայկական կողմից Ատրպէյճանի հինգ, ոչ թէ եօթ շրջանների վերադարձը՝ որպէս բարի կամքի դրսեւորում, կարող է կարեւոր եւ նոյնիսկ վճռական քայլ լինել դէպի լարուածութեան թուլացում»:

Նման առաջարկ մըն ալ ներկայացուցած էր Թուրքիոյ ատենի արտաքին գործոց նախարար Ահմէթ Տավուտօղլուն, Ցիւրիխի փրոթոքոլներու ստորագրութեան նախօրէին: Ի դէպ թուրք նախարարի պայմանը միայն մէկ շրջանի մասին էր. ինչպէս կը տեսնուի՝ մեր թշնամիներուն հետ մեր բարեկամներն ալ լուծման միեւնոյն միակողմանի առաջարկները կը ներկայացնեն: Անոնք շատ լաւ գիտեն թէ այդ հողամասերու գրաւումը ռազմագիտական-պաշտպանական նշանակութիւն ունի: Առանց փոխադարձ երաշխաւորութեան պատահելիք հեռանկարը շատ պարզ է բոլորին համար: Երբ Արցախեան զօրքը հեռանայ այդ հողերէն՝ ատրպէյճանական բանակը անմիջապէս պիտի վերադառնայ այնտեղ եւ դարձեալ Կրատներու սպառնալիքին տակ պիտի առնէ Ստեփանակերտն ու Շուշին: Այդ պարագային ոչ թէ բարեացակամութիւն՝ այլ միայն ամբարտաւանութիւն կ’ակնկալուի Պաքուէն, որ ոյժի դիրքերու ապաւինած, պիտի ուզէ պարտադրել իր լուծումը որ շարունակ կը յանկերգէ – ինքնավարութեան բարձրագոյն իրավիճակ Ատրպէյճանի իշխանութեան տակ: Արցախի հայը որ տիրացած է իր անկախութեան պէտք ունի՞ Ատրպէյճանի այդ «շնորհին»: Ու եթէ մերժէ այդ «շնորհը» ատիկա պիտի նկատուի ազդանշան պատերազմի: Ու պատերազմի պարագային ալ՝ Զօր Սիտորով պիտի յայտարարէ թէ իրենք պատասխանատուութիւն չունին պաշտպանելու Արցախի հայութիւնը:

Մոսկուայի այս դիրքափոխումը, արդիւնք է այն բանին որ Հայաստանը արդէն իր գրպանին մէջ կը նկատէ եւ կ’ուզէ սիրաշահիլ Ատրպէյճանը իբրեւ Եւրասիական Շուկայի անդամ:

Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է իմաստուն ռազմավարութիւն մշակեն՝ դիմակալելու համար բոլոր այս վտանգները: Եւ այս՝ տնտեսական բարելաւման, հայաթափման կասեցման եւ այլ մարտահրաւէրներու ընդհանուր համադրութեան մէջ: