Հայաստան անգամ մը եւս կը բացուի աշխարհի քաղաքական լուսարձակին ներքեւ: Նշանակալի ու պատմակշիռ իրադարձութիւն մըն է 17րդ ֆրանքոֆոնիի կայացումը Հայաստանի մէջ: 58 երկիրներու անդամակցութիւնը ունեցող այս կազմակերպութեան ղեկավարներէն արդէն քառասունը առիթը ունեցան ճանչնալու Հայաստանը, վայելելու անոր աւանդական հիւրասիրութիւնը – որ Քսենեֆոնի օրերէն իսկ յայտնի է Եւրոպային – ու ճանչցան հայ ժողովուրդը եւ իրազեկուեցան այս ժողովուրդի կացութեան եւ քաղաքակրթական մակարդակին: Մանաւանդ զգացին թէ հայ ժողովուրդը, այդ լեռնաշխարհի բարձունքներուն վրայ երկու հազար տարիներէ ի վեր պահպանած ու կենսագործած է քրիստոնէական արժէքները, որոնք գոնէ սկզբունքով, հարազատ են Եւրոպայի:
Նախագահ Մաքրոնի, վարչապետ Թրուտոյի եւ այլոց արտայայտութիւններն ու արժեւորումները արձագանգ գտան ու կը շարունակեն գտնել Հայաստանի սահմաններէն շատ հեռու: Քաղաքականօրէն եւ հոգեբանօրէն ճիշդ ատենին կայացաւ ֆրանքոֆոնիի այս հաւաքը, երբ Հայաստան առած է վճռական քայլը դէպի տեմոկրատացում, բայց մանաւանդ՝ սկսած է կիրարկել աշխարհին բացուելու քաղաքականութիւն մը, առանց զոհելու մէկ երկրին շահերը՝ միւսին: Ասիկա լաւագոյն ատեանն էր աշխարհի մեծերուն բացատրելու Հայաստանի նոր իրավիճակը եւ մանաւանդ՝ անոր խնդիրները խաղաղ ու շինարար ուղիի մը վրայ ընթանալու:
Ճիշդ է, Հայաստան իր տարողութենէն վեր ռազմական, քաղաքական ու թշնամական խանդիրներ կը դիմագրաւէ, սակայն սկսած է նաեւ իր հնարաւորութիւններէն աւելի կարենալ բացուիլ աշխարհին: Առիթներէն մէկը եւ ամենէն պայծառը ֆրանքոֆոնի կիզակէտին յայտնուիլն էր: Համագումարի մասնակիցները զգացին եւ արտայայտուեցան ինչպէս եւ Հայաստանի ներկայացուցիչները յաջողեցան բացատրել որ մեր երկիրը կ’ապրի եւ կ’առաջնորդուի ֆրանքոֆոնիի արժէքներով: Սակայն այդ արժէքները միայն այսօր չէ որ յայտնուեցան աշխարհին: Աւելի քան մէկ դարու շօշափելի կամուրջ մը գոյութիւն ունի Հայաստանի, հայ ժողովուրդի եւ Ֆրանսայի քաղաքակիրթ ժողովուրդին միջեւ, եթէ նոյնիսկ չփորձենք ընդգրկել ժամանակները խաչակիրներու:
Այդ կամուրջին գիտակ, նուիրեալ, տաղանդաւոր ճարտարապետը Արշակ Չօպանեանն էր որուն անունը պէտք էր ճառագայթած ըլլար ֆրանքոֆոնիի հանդիսութեանց ու խորհրդակցութեանց բոլոր հարթակներուն վրայ:
Չօպանեան այն անձնուէր հերոսն էր եւ քրիստոսատիպ առաքեալը որ կը սնուցանէր հայութիւնը Ֆրանսայի մտաւորական արժէքներով եւ կը ջանար Հայաստանն ու հայութիւնը ծանօթացնել Ֆրանսային՝ իր հեզօր մշակոյթով, կենցաղով ու մանաւանդ՝ ողբերգութիւններով: Չօպանեան կը հաւատար որ Արեւելքի մէջ ծուարած ժողովուրդի մը ճակատագիրը պիտի չհետաքրքրէր Եւրոպան եւ, առաւել եւս, Ֆրանսան, առանց ճանչնալու այդ ժողովուրդին արժէքները, եւ այդ պատճառով ալ լծուեցաւ տիտանեան աշխատանքի մը այդ արժէքները վերծանելու, թարգմանելու եւ ընծայելու Ֆրանսայի ժողովուրդին: Ֆրանսերէն լեզուի իր իմացութիւնը կը հաւասարէր ու կը գերազանցէր անգամ Ազնաւուրի իմացութիւնը, կարենալ հասնելու համար Ֆրանսայի մտաւորական ընտանիի միտքին եւ ֆրանսական հասարակութեան սիրտին:
Ան փոխադարձաբար կը հիմնաւորէր ֆրանսական արժէքները հայկական գրականութեան ու հայկական իրականութեան մէջ: Մեր զարթօնքի սերունդը, իրապաշտ սերունդը եւ ամբողջ մտաւորական մթնոլորտը իրենց սնունդը կը ստանային Եւրոպայէն. այն ինչ որ Չօպանեան կատարեց այդ արժէքներու ամրագրումն էր մեր մշակոյթին մէջ՝ Փարիզի մէջ իր հրատարակած «Անահիտ» հանդէսով: Շնորհիւ Չօպանեանի գիտակ ճիգերուն «Անահիտ»ը դարձաւ հարազատ բնակավայրը գրական այնպիսի տաղանդներու, որպիսին էին Ալֆրէտ տը Վինեի, Ֆլոպէր, Զոլա, Հիւկօ, Թէոֆիլ Կոթիէ, Վերլէն, Պոտլէր, Էմիլ Վերհարն եւ ուրիշներ, որոնցմէ ոմանց հետ Չօպանեան հաստատած էր հիացական կապեր:
Փոխադարձաբար Չօպանեան կը պեղէր գրականութեան հանքերը, յաճախ յայտնաբերելով նորութիւններ – ինչպէս Ակնայ հայրէնները – եւ ապա զանոնք թարգմանելով ու ծանօթացնելով Եւրոպային: Ֆրանսերէն թարգմանութեանց միջոցաւ Լաստիվերտացի, Նարեկացի, Քուչակ, Ֆրիկ, Նաղաշ Յովնաթան եւ բազում ուրիշ միջնադարեան գրողներ սեփականութիւնը դարձան Եւրոպայի մտաւորական հասարակութեան: Ռեվիւ Պլանշ, Ռեվիւ տէ Ռեվիւ, Մերքիւր տը Ֆրանս եւ այլ ֆրանսական հրատարակութիւններ դարպասները դարձան ուրկէ հայ գրականութիւնը եւ հայուն ճակատագիրը խուժեցինպ Եւրոպայի խիղճէն ներս: Չօպանեանի Լէ Թրուվէր Արմէնիէնը, Ռոզըրէ Արմէնիէնը եւ բազում այլ հրատարակութիւններ մնայուն կայք հաստատեցին Ֆրանսայի արեւելագիտական շրջանակներու մօտ:
Չօպանեանի փոխադարձ թարգմանական գործերը էատարրերն էին բուն այն գործնական առաքելութեան որուն ան լծուած էր Ֆրանսայի քաղաքական շրջանակներուն մէջ: Անոր բուն նպատակն էր Ֆրանսայի մտաւորական եւ քաղաքական շրջանակներու մտահորիզոնին վրայ պարզել հայոց ճակատագիրը եւ հայոց դատին էութիւնը: Եւ յաջողեցաւ ալ առաւել չափով Քլեմանսոյի, Ժան Ժորէսի, Էմիլ Զոլայի եւ քաղաքական ու մտաւորական այլ դէմքերու համակրանքն ու գործակցութիւնը ընդգրկելով իր նախաձեռնած Ֆրանքօ-Արմէնեան կազմակերպութեան ծիրէն ներս:
Զէյթունի ապստամբութիւնը, Սասունի ջարդերը եւ ընդհանրապէս համիտեան բարբարոսութիւնները մեծ արձագանգ գտան եւրոպական մամուլին մէջ եւ նոյնիսկ վերածուեցան քաղաքական շարժումի, ի նպաստ հայութեան, շնորհիւ Չօպանեանի միանձնեայ գործունէութեան:
Այն ինչ որ յանձնախումբեր կը փորձեն կատարել այսօր արդիական միջոցներով Չօպանեան փորձեց եւ իրականացուց դար մը առաջ, նախնական միջոցներով բայց հայու աննկուն կամքով ու հաւատքով:
Կարելի չէ անգամ ուրուագծել այստեղ այն կոթողային աշխատանքը զոր Չօպանեան իրականացուցած է այն մարզին մէջ որ այսօր կը կոչուի ֆրանքոֆոնի: Սակայն, դժբախտաբար այդ գանձը եւ գիտութեան այդ հարստութիւնը չդրսեւորուեցան ֆրանքոֆոնի 17րդ համագումարին, քանի մը պատճառներով որոնցմէ գլխաւորը այն է որ հայրենական մտաւորականութիւնը եւ քաղաքական մտածողութիւնը բաւարար չափով ծանօթացուած չեն Արեւմտահայութեան գրական արժէքներուն ու քաղաքակն մշակոյթին: Սովետի բռնաշապիկներով կաշկանդուած Կարլէն Դալլաքեան 1987ին հրատարակեց Չօպանեանի նուիրուած իր հատորը (480 էջ): Հրապարակի վրայ է նաեւ Էտմոն Խայաճեանի պատմակշիռ գործը ֆրանսերէն լեզուով, որոնք կրնային աղբիւր դառնալ ֆրանքոֆոնիով ընդգրկուած հայկական կողմին: Սակայն, չօգտագործուեցան եւ ուրացուեցան անոնք: Բացի «Ազգ» թերթի առաջնորդող մէկ յօդուածէն, ոչ մէկ կերպով Չօպանեան առնչուեցաւ ֆրանքոֆոնիով, որուն հիմնադիրն էր փաստօրէն:
Ֆրանքոֆոնին աւելի պիտի իմաստաւորուէր եթէ այսօրուան մասնակիցները իմանային որ արդէն պատմական հարուստ վաստակ մը կայ այդ ուղղութեամբ:
Օտարին ուրացումը հասկնալի է. բայց հայուն մոռացումը եւ ուրացումը՝ անբացատրելի:
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ