ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ ԳԵՐԱԴԱՍ ԲՈԼՈՐ ԱՆՀԵՌԱՏԵՍ ՊՈՌԹԿՈՒՄՆԵՐԷՆ

ԴՈԿՏ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ

Այս օրերուն Հայրենի աշխարհը, Արցախով եւ Հայաստանով, կ’ապրի մահու կենաց ճգնաժամային պահեր: Իրենց հետ աշխարհացրիւ հայութիւնը երկրի հինգ ցամաքամասերուն վրայ արդարօրէն զայրացած է: Իր կատարած բոլոր ջանքերով հանդերձ, վճռող դեր մը չկարենալ կատարելու յուսախաբութեամբ դառնացած է ան, մանաւանդ աշխարհի անտարբերութեան դիմաց:

Բնականօրէն ոչ մէկ կասկած կայ, թէ Թուրքիոյ բացայայտ քաջալերանքով եւ մասնակցութեամբ, այս օրերուն Ատրպէյճանի շղթայազերծած անժխտելի նախայարձակումը ցնցած է իւրաքանչիւր մարդ, պատանի, երիտասարդ թէ ծերունի որուն երակներուն մէջ կը հոսի հայու արիւնը: Բոլորը անխտիր պատրաստ են իրենց կարելին` փոքր թէ մեծ` բան մը ընելու ի նպաստ իրենց ժողովուրդին եւ հայրենիքին պաշտպանութեան:

Այս բոլորով հանդերձ պատերազմի սառն իրականութիւնը հայութեան եւ մանաւանդ Հայաստանի իշխանութեանց կը յուշէ թէ բոլոր այլ երկիրներու նման Հայաստանի պարագային եւս, աւելին` մանաւանդ Հայաստանի պարագային` երկրի մը կառավարման պատասխանատուութիւնը ստանձնող քաղաքական ոյժերուն առաջնահերթ պարտականութիւնն է իրենց գերադաս պատասխանատուութիւնը նկատել` բոլոր ձեւերով եւ մանաւանդ դիւանագիտական նրբութիւններով, երկրին պաշտպանութեան ապահովութիւնը: Այդ պատասխանատուութեան ալ առաջին բանալին` ուրիշ բոլոր նկատումներու կողքին եւ անոնցմէ վեր` մանաւանդ Հայաստանի պարագային, իրատես կերպով գիտակցիլ է երկրին աշխարհաքաղաքական (geopolitical) պայմաններուն:

Նոր գիւտ մը չէ երբեք քարտէզին վրայ պարզ ակնարկով մը անդրադառնալը թէ Հայաստան իր աշխարհաքաղաքական դիրքով եւ իր ունեցած մահացու թշնամի դրացիներով, անխուսափելիօրէն ենթարկուած է բոլոր ժամանակներուն մէջ, իր երկրին ապահովութեան կարեւորագոյն երաշխիքը նկատելու հիւսիսի «մեծ բարեկամ» Ռուսիոյ հետ պահելիք իր դրական եւ հաւանաբար պարտադրաբար ոչ հաւասարէ հաւասար, բարւոք յարաբերութիւնները:

Այսօր երբ կը կարդանք եւ կը տեսնենք Արցախի եւ Հայաստանի սահմաններուն վրայ եւ քաղաքներուն վրայ կատարուած ռմբակոծումները, կիմանանք զոհերուն մասին, արիւն կը հոսի մեր սրտերուն մէջ: Գիտենք նաեւ թէ բացի մարդկային զոհերէ. պատերազմական կորուստները միլիոնաւոր եւ շուտով միլիառաւոր տոլարներու կրնան հասնիլ:

Հայրենասիրական լոզունգները անկեղծ են եւ անհրաժեշտ են. սակայն անոնք բաւարար չեն իրական կորուստները փոխարինելու: Անհրաժեշտ է որ առաջին հերթին, բացի հերոսական պաշտպանութենէ, այլ նաեւ ու մանաւանդ փոխադարձ ոյժեղ փոխյարձակումէ, հայ իշխանութիւնները կարենան հաշուել ազդեցիկ պետութեանց գործնական եւ անմիջական միջամտութեան վրայ: Այս գծով որոշ է թէ մեր իրատես ակնկալութիւնը այսօր ինչպէս միշտ կրնայ ուղղուիլ միայն եւ միայն դէպի Ռուսաստան:

Ուրիշ ո՞վ. Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները եւ Մեծն Բրիտանիան ընկղմած են իրենց սեփական գոյութենական հարցերուն լուծման տաղտուկին մէջ, իսկ «ասպնջական» Ֆրանսան որ դար մը առաջ Կիլիկիան լուռ ու մունջ յանձնեց Աթաթիւրքին, ա՞ն է որ պիտի օգնէ Հայաստանին:

Անպատասխանատու են բոլոր անոնք որոնք տարբեր ժամանակներուն, խաղաղութեան հանգիստ օրերուն, Փանջունիական կամ Տոն Գիշոթական խոշոր բառերով ասպարէզ կը կարդան Ռուսիոյ: Այդպէս էր Սովետական շրջանին երբ մեր Խանասորեան հերոս կուսակցութիւնը կը գոռար «Զգոյշ Կրեմլ…» Այդպէս են նաեւ վերջին մէկ երկու տարիներուն ընթացքին. նորոյթ, եւ յաճախակի երեւոյթ դարձած Հայաստանի հեռուստատեսական կայաններու վրայ «քաղաքագէտի» ուռուցիկ նորաստեղծ տիտղոսին տիրացած բազմաթիւ անձերու ելոյթները ուր միամիտ ինքնավստահութեամբ կը խօսուի այն մասին թէ «Ռուսերը ստիպուած են հաշուի նստիլ մեզ հետ եւ հաշուի առնել մեր պահանջները…»:

Այո՛ բնականաբար Ռուսերը հաշուի պէտք է, եւ պիտի առնեն մեր պահանջները, որովհետեւ իրենց եւս շահերը բարեբախտաբար գոնէ որոշ տեղեր եւ պարագաներու մէջ կը համընկնին մեր շահերուն …: Սակայն բացայայտ է թէ այսօր անոնք մեր այդ «ինքնավստահութեան» դիմաց, մեզ օգնութեան հասնելու համար շատ չեն «աճապարեր»… այլապէս արդէն իսկ լռած կ’ըլլային Թուրք-Ատրպէյճանական թնդանօթները եւ կամ աւելին` անոնք նոյնիսկ յարձակման անցնելու անգամ համարձակած չէին ըլլար Սեպտեմբերի 27-ին:

Պէտք է ընդունիլ թէ այսօրուան, ինչպէս բոլոր ժամանակներու, Հայաստանի իշխանութեանց գործը դժուար է բազմաթիւ ձեւերով: Ինչպէս ժողովրդական ասացուածքը կըսէ անոնք ժամանակ առ ժամանակ ստիպուած են իրենց «թուքը կըլլելու»: Սակայն աշխարհաքաղաքական իրականութիւնները անփոփոխ եւ անողոք են: Կարելի չէ խուսափիլ անոնցմէ:

Ամբողջ սրտով կը մաղթեմ տեսնել մեր ժողովուրդի յաղթանակը Հայաստան-Արցախ աշխարհին ամբողջ տարածքին: Կը մաղթեմ մանաւանդ խաղաղութեան անմիջական վերադարձը այնտեղ: Կը մաղթեմ բոլոր բնագաւառներու մէջ հայրենիքի կերտման աշխատանքներու յառաջխաղացքը եւ մանաւանդ այս բոլորը իմաստաւորելու համար, կը մաղթեմ որ հայոց տեղափոխման հոսանքին ուղղութիւնը շրջի Հայաստանի սահմաններուն վրայ դէպի ետ, դէպի հայրենիք, քանի որ Հայաստան եւ Արցախ իմաստ կը ստանան մանաւանդ երբ հայոց թիւը կը բազմանայ այնտեղ, փոխան Լոս Անճելըսի…

Վերջապէս վերադառնալով վերնագրի հիմնական գաղափարին, կը մաղթեմ եւ կ’ակնկալեմ որ Հայաստանի քաղաքական վերին պատասխանատուութիւնը ստանձնողները գիտակցին յատկապէս թէ ազգային ապահովութեան հրամայականը կը պահանջէ իրատեսութիւնը գերադաս նկատել բոլոր այլ անհեռատես պոռթկումներէն:

Կեցցէ՛ Հայաստան-Արցախ հայոց Հայրենիքը:

 

Մոնթրէալ

10 Հոկտեմբեր 2020