Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար, Օպերատիւ շտապի պետ Ռուբէն Վարդանեանը Յունուարի 29-ին Ստեփանակերտի տարբեր թաղամասերու մէջ հանդիպումներ ունեցած է բնակչութեան հետ:
Ինչպէս անցած շաբաթուայ ընթացքին համայնքներու մէջ, այնպէս ալ Ստեփանակերտի մէջ հանրային հանդիպումներու ընթացքին Ռուբէն Վարդանեանը խօսած է այն մարտահրաւէրներու եւ խնդիրներու մասին, որոնց պետութիւնն ու հասարակութիւնն առերեսուած են ատրպէյճանական շրջափակման պատճառով:
Պետ նախարարը ներկայացուցած է Օպերատիւ շտապի կողմէն ճգնաժամային իրավիճակի մէջ բնակչութեան կենսագործունէութեան ապահովման, հրատապ խնդիրներու լուծման, ճգնաժամի հետեւանքներու մեղմացման, ինչպէս նաեւ ապաշրջափակման ուղղութեամբ տարբեր ոլորտներու մէջ ու ասպարէզներու մէջ կատարուող աշխատանքները: Ան կարեւոր համարած է այս բարդ ժամանակաշրջանին ժողովրդի հետ յետադարձ կապի պահպանումը, ամբողջական տեղեկատուութեան փոխանցումը, ինչը հանրութեանը կ’օգնէ աւելի լաւ հասկնալ իրավիճակն ու համատեղ ջանքերով յաղթահարել այն: «Եթէ մենք կ’ուզենք, որ Ատրպէյճանն Արցախը հայաթափելու իր ծրագրերը չյաջողի, մենք ունինք մէկ ճանապարհ՝ սեղմել ատամներն ու առաջ երթալ: Ու սա կարող ենք ընել միայն համախմբուելու միջոցով»,-ըսած է Ռուբէն Վարդանեանը:
Պետ նախարարը լսած է ստեղծուած իրավիճակի, ինչպէս նաեւ Օպերատիւ շտապի կողմէն իրականացուող աշխատանքներու վերաբերեալ բնակչութեան կարծիքներն ու մօտեցումները, պատասխանած է անոնց հետաքրքրուող հարցերուն:
Ինչպէս համայնքներում, այնպէս ալ Ստեփանակերտի մէջ հանդիպումներու մասնակիցները վստահեցուցած են, որ ոչ մի շրջափակում չի կրնար կոտրել հայրենի հողի վրայ իրենց արժանապատիւ կեանքը շարունակելու հաստատակամութիւնը: