Ամէն տարի երբ կը հասնի Մայիս ամիսը եւ մենք կ’անդրադառնանք մեր ազգի պատմութեան փոթորկալից անցքերուն` հպարտութեամբ կը յիշենք որ այդ պատմութիւնը այնքան ալ կորուստներու շարք մը չէ հանդիսացած, այլ ունեցած է բազում «գործքարութեան», ինչպէս կը նշէ մեր պատմահայրը:
Մեր արդի պատմութեան մէջ այդ «արութեան» գործերէն մէկը հանդիսացած է Սարդարապատի հերոսամարտը, որուն հետեւանքով մեր ժողովուրդը յաջողեցաւ կերտել իր առաջին անկախութիւնը, վեց դարու գերութենէ մը վերջ: Օտար իշխանութեանց լուծին տակ` կը կարծուէր թէ հայութիւնը կրնայ կորսնցուցած ըլլալ ինքնակառավարման իր կարողականութիւնը, սակայն Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնումը եկաւ հերքելու այդպիսի մտավախութիւններ:
Մայիսը դեռ ուրիշ յաղթանակներու առիթը հանդիսացած է ինչպէս Շուշիի ազատագրումը (Մայիս 9), Բ. Աշխարհամարտի յաղթական աւարտը (դարձեալ Մայիս 9). պատերազմ` որ ուղղակի մեր ազգին պատերազմը չէր, այլ համայն քաղաքակիրթ մարդկութեան պայքարը ընդդէմ խաւարամտութեան, ցեղապաշտութեան եւ հիթլերական աշխարհակալութեան եւ մեր ժողովուրդը վճարեց իր արեան տուրքը` քաղաքակիրթ մարդկութեան փրկութեան զոհասեղանին, ըլլալով այդ քաղաքակիրթ մարդկութեան մէկ հատուածը: 600,000 հայ երիտասարդներ զինուորագրուեցան սովետական բանակին եւ միայն այդ թիւին կէսը վերադարձաւ Խորհրդային Հայաստան:
Ու դարձեալ Մայիս 14ին (1994) կնքուեցաւ զինադադարը Ատրպէյճանի հետ, ղարաբաղեան պատերազմի միջնարարին, եւ մենք «մեր սուրը փառքով դրեցինք պատեան» ինչպէս պիտի բնութագրէր Աւետիք Իսահակեան. միջնարար` որովհետեւ տակաւին վերջակէտը չէ դրուած այդ պայքարին:
Սարդարապատի պատերազմը շրջադարձային հանգրուան մը հանդիսացաւ մեր պատմութեան մէջ, ուր ժողովուրդը իր բոլոր հատուածներով բռունցք դարձած` պայքարեցաւ ահաւոր թշնամիին դէմ: Միասնականութիւնը, այդ առիթով օրինակելի էր: Այդ օր դիւցազնացան նաեւ մեր եկեղեցականները յանձինս Գէորգ Ե. Հայրապետին եւ Տանն Կիլիկիոյ ապագայ Կաթողիկոս Գարեգին Ա. Յովսէփեանցին: Հայկական զօրքերու հրամանատարն էր Զօր. Մովսէս Սիլիկեան, շտապի պետը` Ալեքսանտր Վէքիլեան: Սարդարապատի ճակատի վրայ էր Զօր. Դանիէլ Բեկ-Փիրումեան: Թիկունքին կանգնած էր Արամ Մանուկեան, որ մագնիսացուցած էր ժողովուրդը իր հմայքով: Յաճախ կը յիշուի նաեւ Դրոյի անունը որ պիտի պաշտպանէր Բաշ Ապարանի ճակատը, սակայն ինք 24 ժամ ուշացումով հասած էր պատերազմի դաշտը, երբ արդէն ժողովուրդը կանգնեցուցած էր թրքական բանակը:
Սարդարապատի ճակատամարտը ճակատագրական կռիւ մըն էր ուր հերոսացաւ ամբողջ ժողովուրդը: Մենք նշանակութիւնը զեղչած կ’ըլլանք այդ պատմական մարտին` կուսակցականացնել փորձելով զայն, մանաւանդ գերադրական դրուատանքներով Դրոյի դերը եւ շուքի մէջ թողելով Սիլիկեանը, Բեկ-Փիրումեանը, որոնք անպայման կուսակցական շեշտուած պատկանելիութիւն մը չունէին:
Ամէնէն օրինակելին ժողովուրդին միասնականութիւնն էր. միասնականութիւն` որ ցուցաբերուած էր Վանի ինքնապաշտպանութեան, Մուսա Տաղի եւ այլ հերոսամարտերու մէջ:
Հակառակ մեր բաժանուածութեան աւանդական մեղադրանքներուն,
ժողովուրդը միշտ ալ համախմբուած է, մոռնալով իր կուսակցական պատկանելիութիւնը եւ գուցէ նաեւ կուսակցական պատկանելիութեամբ հանդերձ:
Այստեղ կարծէք կ’արժէ կատարել փիլիսոփայական շեղում մը, խորհրդածելու համար հետեւեալ իրողութեան մասին. մենք միշտ ազգովին միացած ենք, ազգային միասնականութիւն դրսեւորած թուրքին դիմաց: Շրջելով երեւոյթները` արդեօք կարելի՞է, կամ կարելի եղա՞ծ է այդ միասնականութիւնը առանց թուրքի ազդակին: Միայն թո՞ւրքն է որ մեզ կը համախմբէ` սպառնալով մեր գոյութեան: Դեռ գոյութիւն ունի ուրիշ հարցական մը եւս. արդեօք սփիւռքը դարձած է կտոր-կտոր` որովհետեւ թուրքին անմիջական սպառնալիքը չկա՞յ իր գլխուն վերեւ: Կ’արժէ խորհրդածել այս մասին եւ խորհիլ թէ ինչպէ՞ս կարելի է միասնականութիւն ստեղծել առանց թուրքի գործօնին:
Հայաստանի պարագային տարբեր է սփիւռքէն, քանի ան չի կրնար ընտրել իր դրացիները եւ ճակատագրուած է ապրիլ թուրքին եւ ազերիին դրացնութեան մէջ: Վարդգէս Պետրոսեան կ’ըսէր թէ հայրենիքը հիւրանոց (պանդոկ) չէ որ որոշած պահուդ ճամպրուկներդ (պայուսակներդ) հաւաքես ու մեկնիս. մեր ճամպրուկները միշտ պիտի մնան բաց` Արարատի շուքին տակ. եւ այնտեղ դարձեալ թուրքին եւ ազերիին գործօնն է որ մեր ժողովուրդը պիտի պահէ միասնական: Ի դէպ, եթէ մենք գիտնայինք ըլլալ ազգովին միասնական, առանց թուրքին միջամտութեան` գուցէ այսօր աւելի տարողունակ պետութեան մը տէրը կ’ըլլայինք այդ աշխարհամասին մէջ:
Բայց մեր ճակատագիրը կը մնայ մեր հետ. ու ճակատագրուած ըլլալով դիմակայել թուրքը` չենք կրնար երբեք թուլացնել մեր զգօնութիւնը:
Այսօր ոչ միայն խնդրոյ առարկայ է Արցախի ճակատագիրը, այլ նոյնինքն` Հայաստանինը, ուր թուրքերն ու ատրպէյճանցիները կը ծրագրեն Արեւմտեան Ատրպէյճանի հանրապետութիւնը հիմնել մեր երկրի հողին վրայ: Եւ այս` ռազմագիտական տրամաբանութիւնն է թուրք-ազերիներու, որոնք կը ձգտին հիմնել թուրանական կայսրութիւն մը որ կ’երկարի Իսթանպուլէն մինչեւ Միջին Ասիա. եւ իրենց ճանապարհին, փուշի նման կը ցցուի Հայաստան մը:
Եթէ չենք սխալիր Քեազիմ Քարապեքիրն էր որ իր յուշերուն մէջ կը գրէր. «Հայեր, մենք Ձեր հողերը կը գրաւենք ոչ անոր համար որ կ’ատենք Ձեզ. այլ որովհետեւ դուք կը կանգնիք մեր ծրագիրներու ճանապարհին»:
Ինչպէս կը տեսնուի` երէկ եւ այսօր թուրքին ռազմագիտական տրամադրութիւնը միեւնոյնն է` մեր հայրենիքը, մեր ազգը մղելով զգօնութեան եւ զօրաշարժի. այսինքն, Սարդարապատէն 102 տարի վերջ, դեռ հարկադրուած ենք մնալու Սարդարապատի տրամադրութեան մէջ, Սարդարապատի պատրաստութեան մէջ եւ, ի հարկին, Սարդարապատի մարտերուն մէջ:
Երբ վերջերս կայացան Արցախի նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները, Ատրպէյճան սկսաւ ցուցաբերել իր անհանգստութիւնը` դիմելով գայթակղութեան, ռմբակոծելով Տաւուշի շրջանը եւ գրգռիչ զինավարժութիւններ կատարելով Նախիջեւանի մէջ, թուրքական գերարդիական զինամթերքով: Չբաւէին կարծէք, այդ բոլորը` նախագահ Ալիեւ սկսաւ սպառնալ զինու ոյժով լուծելու Արցախի հակամարտութիւնը: Ատիկա ազդարարութիւն մըն էր համայն հայութեան մնալ արթուն եւ պատրաստ` ոեւէ անակնկալի հաւանականութեան:
Արցախի նորընտիր նախագահը` Արայիկ Յարութիւնեան, պատասխանելով Ալիեւի սպառնալիքներուն, ըսաւ. «Պրն. Ալիեւ, չէք կրնար մեզի հետ խօսիլ ոյժի լեզուով. մենք պատրաստ ենք խաղաղութեամբ լուծելու Արցախի հարցը: Սակայն, եթէ ոյժի կը դիմէք` յիշեցէք 1994ը. մենք պատրաստ ենք»:
Այսինքն, մեր պատմիչ Եղիշէի լեզուով Արցախի նախագահը ըսած եղաւ`«ոչ հուրը եւ ոչ սուրը» կրնան մեզ շեղել մեր վճռակամութենէն: Դարաշրջանին փոփոխութեան պատճառաւ` փոխուած է նաեւ հայութեան ազգային ռազմավարութիւնը: Այդ պատճառաւ ալ Պրն. Յարութիւնեան չշարժեցաւ Եղիշէի ռազմավարութեան ճակատագրապաշտութեամբ եւ չյաւելեց` «Ձեր սուրը` եւ մեր պարանոցը»:
Այսօր հայութիւնը պատրաստ չէ իր պարանոցը թուրքին սուրին ներքեւ դնելու: Այդ պատճառով ալ պէտք է պատրաստ ըլլայ գործելու Սարդարապատի ոգիով:
Սարդարապատը` երէկ եւ այսօր:
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ