Opinions & Editorials

ԹՈՒՐՔԻԱ ԶԱՌԻԹԱՓԻ ՎՐԱՅ   Թուրքիոյ գոռոզ քաղաքականութիւնը անցեալ շաբաթ աշխարհը մօտեցուց երրորդ համաշխարհային պատերազմի մը սեմին: Հարեւան երկիրներ եւ գերպետութիւններ, պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալու տրամաբանութեամբ, թողուցին որ նորելուկ վայրագ Իսլամ կրօնամոլներ համատարած մահ ու սարսափի  մթնոլորտի մը մէջ նախ Իրաքի եւ յետոյ Սուրիոյ մէջ յառաջացնեն համատարած աւեր, մահ եւ շուրջ 3.2 միլիոն մարդկային զանգուածային գաղթ: Վերջին շաբաթներուն, օրական միջին հաշուով հարիւր մահեր տեղի կունենային Սուրիոյ մէջ,  մեծ մասամբ թրքական ռմբակոծումներու եւ Թուրքիոյ ու Սէուտական Արաբիայի...
ՆՈՐ ՄՈՒՐ ՄԸ ՄԵՐ ՃԱԿՏԻՆ     Ինչպէս անհատներու պարագային, խմբաւորումներ ալ՝ կազմակերպութիւններ, երկիրներ, ազգեր, եւլն. կատարեալ չեն ըլլար, այլ կ'ակնկալուի որ ձգտի'ն կատարելութեան: Այդ ձգտումի եւ իրագործումներու արժեչափն է որ կը հաստատէ անոնց քաղաքակրթութեան մակարդակը: Հայ ժողովուրդի պարագային, արդարացի հպարտութեամբ կ'ողջունենք կեանքի բոլոր բնագաւառներէ ներս միջազգային եւ համաշխարհային տարողութեամբ ամենաբարձր մակարդակներու հասած եւ գնահատուած հայորդիներու իրագործումները, որոնց իմացական  բարձրութիւնը ընկերաբաններու մտածել կու տայ թէ հայերու ծիները (genes, գէն) հասարակէն աւելի առողջ ու բարձրորակ են: Դժբախտաբար սակայն, միշտ...

ՏԵՍԱԿԷՏ

ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԱՂԹԻ ԶՈՅԳ ԵՐԵՍՆԵՐԸ   Աշխարհի պատմութեան մէջ հազուադէպ չեն ժողովուրդներու զանգուածային գաղթերը՝ այլազան պատճառներով – պատերազմ, սով, կրօնամոլութիւն, ատելութիւն, համաճարակ, եւլն: Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը եւս արձանագրած է մասսայական տեղափոխութիւններ, ինչպէս՝ Անիի անկումէն ետք (մօտ 1000 թուականին), Շահ Ապպասի կողմէ 17-րդ Դարուն Ճուլֆայի 300,000-ի մօտ հայ բնակչութեան  բռնագաղթը եւ տեղափոխութիւնը Նոր Ջուղա, Լեհաստանի մէջ (1370-ական թուականներուն կազմուած հայ գաղթօճախը), Հնդկաստանի մէջ (1500-ական տարիներուն) եւ մինչեւ Ծայրագոյն Արեւմտեան երկիրներ, ու վերջապէս՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով աւելի քան...
Անցեալ Հոկտեմբերին Եւրոպայի Մարդու Իրաւունքներու Դատարանի «Զուիցերիա ընդդէմ Փերինչէք»ի դատավճիռի ընկրկումէն ետք, սփոփելի եւ խրախուսիչ էր իմանալ որ Եւրոպայի գլխաւոր առաջնորդող դէմք մը նեցուկ կը կանգնի հայերուն: Արդարեւ, Ֆրանսայի Նախագահ՝ Ֆրանսուա Հոլլանտ Փարիզի մէջ Յունուար 29-ին, Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդի (CFFA) տարեկան Ճաշկերոյթի ընթացքին  ներկայացուց բուռն ճառ մը եւ հանդիսաւոր կերպով խոստացաւ Ֆրանսական Խորհրդարանին մէջ առաջարկել օրէնք մը, որ կը  քրէականացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը:  Ի դէպ՝ ի տարբերութիւն Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի հայկական լոպպիի խմբակցութիւնները...
Տարբեր երկիրներու ղեկավարները տարիներ շարունակ կը շողոքորթէին Ռեճեփ Թայյիփ Էրտողանին դիմաց` փորձելով զայն իրենց կողմը գրաւել: Անոնք այնքան փառաբանեցին Թուրքիոյ նախագահը, որ շռայլ գովեստները խելքահան ըրին զայն: Իբրեւ նոր Օսմանեան կայսրութեան ինքնակոչ մեծ սուլթան` Էրտողանը սկսաւ միջամտել դրացի երկիրներու ներքին գործերուն եւ բանտարկել իր երկրի քաղաքացիները, որոնք կը  համարձակէին յայտարարել, որ սուլթանը մերկ է… Առաջին ղեկավարը, որ խաբուեցաւ Էրտողանի կողմէն, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատն էր, որուն անխոհեմ մեղրամիսը Թուրքիոյ հետ վերածուեցաւ անվերջ մղձաւանջի` կործանելով իր...
Վերջին քառորդ դարեայ պատմութեան ամենակարեւոր զարգացումներից մէկին ենք ականատես լինում այս օրերին: Միջազգային ռազմաքաղաքական բեմ Ռուսաստանի տպաւորիչ վերադարձն է մեր աչքի առաջ ծաւալւում, որը խոստանում է ուժերի նոր հաւասարակշռութիւն բերել տարածաշրջան եւ վերջ տալ ամերիկեան քաոսի տեսութեան նոր դրսեւորումներին, որոնք այդպէս էլ ոչ մի լաւ բան չբերեցին շրջանի ժողովուրդներին, Պուշ աւագի «նոր աշխարհակարգի» հետ կապուած յոյսերն էլ թաղելով լիպիական եւ իրաքեան աւազների ու սիրիական Պալմիրայի աւերակների տակ... Փութինեան Ռուսաստանն իր լաւ հաշուարկուած ու ծրագրուած վերադարձի...

100 ԱՄԵԱԿ

Գարուն մըն է  նորէն ,օտար եւ ցուրտ գարուն  մը  եւ վերստին Հայ ժողովուրդ մը  որ երբեք չզգաց  գարնան  քաղցրութիւնն ու հեշտութիւնը    այսօր խաբող գարնան մը հետ կը հանդիպի եւ այդ դժնդակ գարունը  իրեն կը մտրակէ հեւ ի հեւ :Ի յայտ  կու գայ որ Սուրիոյ չորս տարուայ տիրող  դժուար կացութիւնը պատճառ դարձաւ  Սուրիահայութեան  ողբալի գաղթին  եւ հայը կրկին  ենթարկուեցաւ խոշտանգութեան ու  թափառականութեան : 100 տարիներ ետք դարձեալ սկսաւ  եկեղեցւոյ  անլռելի զանգակներուն հետ     դժբախտ հայը ողբալ:Մեր  տարաբախտ ...
Սիրելի հայրենակիցներ. Մուտք գործեցինք ճակատագրական 2015 տարին: Հայեր Հայաստանի մէջ, յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան վարչամեքենան եւ Հայ Սփիւռքի մէջ բազմաթիւ Հարիւրամեակի Յանձնաժողովներ, ենթադրաբար, յուսալի եւ արդիւնաւէտ կերպով կը պատրաստեն Հարիւրամեակը նշող գործունէութիւններ, որոնք պիտի իրագործուին յառաջիկայ շաբաթներուն եւ ամիսներուն ընթացքին: Բոլորս ալ կը ցանկանք տեսնել, որ այս գործունէութիւններու գումարը համաշխարհային մակարդակով յառաջացնէ բեկումնային կացութիւն մը ի նպաստ Հայկական Հարցին: Սակայն, վստահաբար առաջինը պիտի չըլլամ ափսոսալու, որ դժբախտաբար չենք կարողացած միջազգային մակարդակով կազմակերպուիլ այնպէս մը, որ Հարիւրամեակը յառաջացնէ այն ուժեղ...
Զարմանալի ենք։ Միեւնոյն ժամանակ ծիծաղելի եւ ցաւալի… Ցաւալի է «Համազգային» կոչուած միութեան այն համակիրը որու համար Թէքէեան Մշակութային Միութեան կազմակերպած ձեռնարկը քաջալերելը անհնար է, որովհետեւ «միւս կողմէն են»։ Ընկեր, «Համազգային» բառը գիտե՞ս ինչ կը նշանակէ։ Ո՛չ, չե՛ս գիտեր։ Շատ շուտ մի դատէք։ Նաեւ ցաւալի է այն Հայը որ կը մերժէ Սուրբ Յակոբ սրահէն ներս մէկ ոտք կոխել, որովհետեւ «անոնք իրենցմէ զատ մէկուն չեն օգներ, ինչո՞ւ մենք իրենց պիտի քաջալերենք»։ Որքա՜ն պիտի փափաքէի որ դուք ալ Հայ ըլլայիք… որ...
Advertisement