Opinions & Editorials

Կոչ Կ’ուղղենք Հայաստանի Իշխանութեան Զերծ Մնալ Ուժային Որեւէ Գործողութենէ Եւ Առիթ Ստեղծել Բացատրողական Ու Համաձայնական Հանդիպումի Կը Պահանջուի Ո՛չ Թէ Կղերապետութիւն, Այլ Իսկական Ժողովրդավարութիւն Ճակատագրական օրեր կ’ապրին Մայր Հայրենիքը, Հայոց պետականութիւնը եւ ժողովուրդը։ Սփիւռքահայութիւնը, գոնէ անոր ազգայնօրէն կենսունակ զանգուածները, իւրաքանչիւրը իր ապրած երկրին մէջ, հեւ ի հեւ կը հետեւի մեր Մայր երկրին մէջ կատարուող դէպքերուն եւ զարգացումներուն, նաեւ՝ ի հետեւանք պաշտօնի վրայ գտնուող իշխանութեանց ստեղծած արտակարգ վիճակին ու որդեգրած կեցուածքին, կանխատեսելի էր, որ հասարակական ղեկավար շրջանակներու...
Մեր ժողովրդի պատմութեան օրհասական բոլոր պահերին, բացառութեամբ դրսից թելադրուած արտառոց մի քանի շեղումների, Հայ Առաքելական եկեղեցին հանդիսացել է հայութեան վերջին, գուցէ միակ ապաւէնը թէ՛ հոգեւոր, թէ՛ քաղաքական, նոյնիսկ, ճակատագրական որոշ պահերին` ռազմաքաղաքական կռուանը, ազգային միաւորման, դիմադրողական ոգու կերտիչն ու պահապանը: Լուսաւորչի այն կանթեղը, որին նայել ու ոգեշնչուել են, ինչպէս մեր մեծագոյն բանաստեղծներ` Յովհաննէս Թումանեանն ու Վահան Թէքէեանն են վկայել, իրարայաջորդ սերունդները վերջին աւելի քան 17 դարերի ընթացքում: Մեր ձեռքի տակ չկան տուեալներ, թէ վերջին 5...
Մեծ Եղեռնի Ապրիլեան տարեկան հանդիսաւոր նշումը գոնէ այն մէկ պատեհութիւնն է ուր հայութիւնը ամէն տեղ՝ մէկ կողմ կը թողու ամէն տեսակի նկատումներ եւ անհամաձայնութիւններ, եւ յարգանք կը մատուցէ իր բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին: Այդ պատեհութեամբ է նաեւ որ իւրաքանչիւր համայնքի մէջ բոլոր կազմակերպութիւնները, միացեալ ոյժերով, հայութեան անժամանցելի պահանջատիրական արտայայտութիւնները կը բարձրաձայնեն այդ առիթով հրաւիրուած երկրի պետական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու ներկայութեան: Իսկ այս բոլորին առանցքը անվիճելիօրէն մեր հայրենիքը Հայաստանն է որպէս անփոխարինելի նշանաբանը հայկականութեան եւ յենարանը մեր պահանջատիրութեան,...
Հայաստանէն մինչեւ հեռաւոր ծայրերը աշխարհի` բազմաթիւ են Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանները, քարակոփ կամ պրոնզաձոյլ յիշատակարանները, խաչքարերը, հրապարակային միւս յիշատակարանները, հայ կամ օտարազգի արդարասէր մարդոց ձեռքով տեղադրուած: Սակայն ոչ մէկ յուշարձան, կամ չնկատուելու չափ քիչ են Ցեղասպանութենէն փրկուածներու, վերապրածներու յիշատակը յաւերժացնող կոթողներ: Յուշարձաններ չկան Չանղըրըի, Տէր Զօրի, հայերու սպանդանոց դարձած միւս դժոխավայրերէն հրաշիւք իմն փրկուած տասնեակ հազարաւորներու, հարիւր հազարաւոր որբերու յիշատակին նուիրուած, նոյնիսկ` Քորֆուի, Կիւմրիի, Սեպիլի, Ճիպէյլի եւ այլ վայրերու մէջ ամերիկեան, դանիական, շուէտական եւ...
Օրացոյցի անխախտելի օրինաչափութեան ընթացքով, ահա այս տարի եւս կը թեւակոխենք Մեծ Եղեռնի նշման Ապրիլեան օրերը: Այս անգամ անոր 109-րդ տարելիցը: Ամէն տարի, Կաղանդ, Ծնունդ կամ Զատիկ կանոնաւորութեամբ նշելու նման, նոյնպէս ալ հայ ժողովուրդը այս օրերուն՝ Ապրիլի 24-ին կամ անոր շուրջ, կ'ոգեկոչէ Մեծ Եղեռնը: Եկեղեցական թէ քաղաքական տարբեր միջոցառումներով մէկ կողմէ կը ձգտինք յարգել այժմ սրբացած մէկ ու կէս միլիոն մեր նահատակներուն յիշատակը, իսկ միւս կողմէ ալ, դժբախտաբար, երթալով տկարացող փորձեր կը կատարենք արդարութիւն եւ հատուցում...
Ապրիլ 5-ին Պրիւքսէլի մէջ կայացած եռակողմանի հանդիպումը փոխանակ Հայաստանին սպառնացող վտանգները չէզոքացնելու եւ, միւս կողմէ, տարածաշրջանային տնտեսական-հաղորդակցական մեծ ծրագիրներուն մեր երկիրը մասնակից դարձնելու ուղղութեամբ աշխատելու, ծառայեց Նիկոլ Փաշինեանի դիրքերը ամրապնդելու, Ռուսիոյ դիրքերը տկարացնելու: Այս վերջին հանգամանքը աննկատ չթողուց Մոսկուան, որ իր արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովայի բերանով խրատական քայլի դիմեց, մեզի յիշեցնելով մեր հարուստ քաղաքակրթութիւն ունենալու գերազանցութիւնը եւ փոխանակ եւրոպական սին խոստումներու, այդ ծիրին մէջ մնալու նպատակայարմարութիւնը: Այլ խօսքով` Մոսկուան փափկօրէն հասկցնել ուզեց, որ...
Տեղեակ ըլլալով սփիւռքահայութեան ու յատկապէս երիտասարդ սփիւռքահայու հոգեխառնութեան, օտար միջավայրերու մէջ հայ մարդու կրած ազդեցութիւններուն եւ, վերջապէս, ազգային պատկանելիութիւն ու նկարագիր պահպանելու դժուարութիւններուն, «Պայքար»ի ընթերցողներուն պիտի ուզէի ներկայացել, ոգեւորութիւն պատճառող նիւթեր ու փաստեր: Աւա՜ղ, դժուար է, եթէ ոչ` անկարելի: Վերջին տարիներուն մեր կրած ծանրածանր կորուստներուն, ազգային դիմադրողականութեան անկումին զուգահեռ` գրեթէ ամէն օր ականատեսն ու ականջալուրն ենք սխալ կամ թերի որոշումներու եւ գործողութիւններու, որոնք կու գան աւելնալ մեր թշնամիներու ամենօրեայ պահանջներուն եւ սպառնալիքներուն: Արձանագրուող այդ...
2018-ին անարիւն յեղաշրջմամբ իշխանութեան եկած Նիկոլ Փաշինեանի առաջին գործերէն մէկը եղաւ, կառավարութեան կազմը խտացնելու եւ պետական միջոցները խնայելու անուան տակ, միացնել կարգ մը նախարարութիւններ եւ ընդհանրապէս ջնջել ուրիշներ: Վերջիններու շարքին յայտնուեցաւ Սփիւռքի նախարարութիւնը եւ անոր փոխարէն Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններ մշակելու գործը յանձնել անձի մը, յանձնակատարի անուան տակ, որուն միակ «բարեմասնութիւնը» եղեր էր նորընծայ վարչապետին հրապարակային խանդավառ հաւաքը կազմակերպելը Քալիֆորնիոյ մէջ, յԱմերիկա: Երեւան վերադարձին, նկարագրելով այդ հաւաքը, Փաշինեանը հայաստանցիներուս վստահեցուց, որ ամերիկահայերը,- նկատի ունէր Հայաստանէն...
Հայաստանի ներքաղաքական կեանքը իր ամէնօրեայ նոր զարգացումներով, վերջին շրջանին ստացած է բոլորովին մտահոգիչ հանգամանք մը: Վերջին մօտ մէկ տարուան ընթացքին տեղի ունեցած աղէտալի իրարայաջորդ մեծ տագնապներուն ազդեցութեան տակ է որ մի քանի ամիս առաջ, արտայայտուեցայ հայերէն եւ անգլիատառ մամուլին մէջ լայն արձագանգ ստացած ՝ «Հայաստան-Արցախ- Սփիւռք, Յաջորդ Դարաշրջանը դիմագրաւելու Մեծ Մարտահրաւէրին Առջեւ» վերնագրով երկար եւ սպառիչ յօդուածով մը: Այդ երկար յօդուածին մէջ արծարծուած միտքերը այսօր, աւելի քան երբեք, կը մնան այժմէական: Անոնցմէ կարեւորագոյնը եւ անյետաձգելին...
Խորագիտակ ըլլալու պէտք չկայ հասկնալու համար, թէ ինչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ եւ շուրջ, ինչ կը սպասէ ռազմաքաղաքական սարդոստայնի մէջ յայտնուած մեր երկրին ու պետութեան եւ ընդհանրապէս հայութեան` Հայաստան, Սփիւռք եւ Արցախ: Արցա՞խ: Շատերը պիտի զարմանան: Արցախ մնացե՞ր է որ…. Մանաւանդ անոր յանձնումին հետեւած բռնագաղթէն ետք: Սեպտեմբեր 19-ին: Ի՞նչ պիտի սպասէ մանաւանդ այն հայը, նկատի ունիմ անհետացող սերունդը, որ Ատանան, Վանը, Կարինն ու Կարսը կորսնցնելէ, ջարդի ու բռնագաղթի ենթարկուելէ ետք վերադարձի որեւէ դուռ այլեւս...
Advertisement