Հոկտեմբեր 20-21-ին, Լոնտոնի Questors թատերասրահին մէջ Լոնտոնի Հայկական Օփերա-ն (ԼՀՕ) բեմադրեց Ալեքսանդր Յարութիւնեանի “Սայաթ Նովա” օփերան։
ԼՀՕ-ը կեանքի կոչուեցաւ հայ մշակոյթի, յատկապէս հայ երաժշտութեան տարածման նուիրուած լոնտոնաբնակ երաժիշտ՝ Արիս Նադիրեանի կողմէ։ Համեմատաբար կարճ ժամանակուան ընթացքին, Նադիրեան կրցաւ իր շուրջ համախմբել երաժիշտներու, արուեստագէտներու եւ սիրողներու խումբ մը։ Ի գիտութիւն նշեմ, որ ԼՀՕ ցարդ Լոնտոնի մէջ բեմադրած է “Անուշ”, “Կարինէ”, “Դաւիթ Բէկ”, “Կրակէ Օղակ” եւ “Սայաթ Նովա” օփերաները։ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւնը բարձր գնահատելով Արիս Նադիրեանի կատարած աշխատանքը, անցեալ տարի զայն պարգեւատրեց “Կոմիտաս” շքանշանով։
“Ա. Յարութիւնեանի “Սայաթ Նովա” օփերան (կը գրէ յայտագրին մէջ բեմադրիչ Սեդա Ուայթ) պատուհան մը կը բանայ 18-րդ դարու համանուն հռչակաւոր աշուղի արտակարգ կեանքին վրայ։ Յիշեալ օփերային նիւթը քաղուած է Սայաթ Նովայի կեանքէն։ Յարութիւնեան, արուեստագէտերուն վերապահուած իրաւունքով եւ գեղեցկօրէն հիւսուած երաժշտութեամբ, յաջողած է մեզ տանիլ դէպի աշուղին ապրած կեանքի կարեւոր հանգրուանները, Թիֆլիսի շուկաները, ուր յղկուած է անոր արուեստը, ապա՝ այն ժամանակաշրջանը՝ երբ Սայաթ Նովան դարձած է Հերակլես Բ. Թագաւորի պալատական աշուղը եւ սիրահարուած թագաւորի քրոջ՝ իշխանուհի Աննային վրայ, հուսկ՝ Հաղբադի վանքը, ուր իր կեանքի վերջին տարիները անցուցած է, որպէս վանական։ Յարութիւնեան վարպետօրէն ընդելուզած է Սայաթ Նովայէն եօթ երգեր իր օփերային մէջ եւ անոնցմով աղիւսած՝ իր ստեղծագործութեան կառոյցը”։
Բեմադրիչը կը նշէ նաեւ, որ իր նպատակը եղած է “Սայաթ Նովա” օփերային տալ աւելի ժամանակակից նկարագիր”։
Բեմադրութեան “ժամանակակից նկարագիր” տալու եւ կիսա-թատերական ձեւաւորմամբ (semi-stage format) ներկայացնելու որոշումն ունէր իր հասկնալի պատճառները։ 18-րդ դարու դէպքերուն եւ դէմքերուն նուիրուած օփերայի մը աւանդական հասկացողութեամբ ամբողջական բեմադրութիւնը, մեծածախս նախաձեռնութիւն մըն էր, զոր ԼՀՕ-ը իր ֆինանսական սահմանափակ միջոցներով չէր կրնար իրականացնել։ Առնուած որոշումը արդարացնող կար տրամաբանական ուրիշ բացատրութիւն մը եւս։Հանդիսատեսներուն մեծամասնութիւնը, Սայաթ Նովայի պարագային մանաւանդ, թատրոն պիտի գար, գլխաւորաբար անոր երգերը լսելու համար։ Ես, որպէս ականատես եւ ականջալուր վկայ՝ կրնամ անվարան հաստատել որ յիշեալ առաջադրութեամբ թատրոն եկած հանդիսականները ներկայացումէն ստացան ակնկալուածէն աւելի մեծ գոհունակութիւն, երբ լսեցին սքանչելի մենակատարները, բոլորն ալ անուանի երգիչներ՝ որոնք մեծ վարպետութեամբ երգեցին հանճարեղ աշուղին
Երգերը առանձին եւ նուագախումբի-երգչախումբի հետ համատեղ, անուանի խմբավար Լեվոն Բարիքյանի ղեկավարությամբ, ստեղծելով երաժշտական առինքնող մթնոլորտ մը։ Ներկաները հիացախառն հուզումով ունկնդրեցին ՀՀ Ժողովրդական Արտիստ Պերճ Քազազեանի (Սայաթ Նովա), Անայիս Հեղոյեանի (Իշխանուհի Աննա), Արիս Նադիրեանի (Աշուղ եւ Իշխան) եւ Արշակ Քուզիկեանի (Պազարպաշի եւ Թագաւոր) մեծ վարպետութեամբ յագեցած բարձրորակ կատարումները։
Տաղանդաւոր պարաստեղծ-պարուսուց-պարուհի Շաքէ Մեճըր Չիլինկիրեան, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս արժանացաւ հանդիսատեսներու հիացումին, երբ՝ որպէս պալատական պարուհի, կատարեց իր ինքնատիպ հեզաճկուն մենապարը։
Նաթալիա Սուքիասի յօրինած եւ լուսարձակով պաստառի վրայ ցուցադրած զարդանկարներն ու գծանկարները մեծապէս տպաւորեցին հանդիսատեսը։
Բնական է, առանց վերոյիշյալ տաղանդաշատ երգիչներու եւ արուեստագէտներու նման բարձրորակ բեմադրութիւն մը անկարելի պիտի ըլլար ներկայացնել։ Չմոռանանք ուրեմն նշելու, որ այդ հաջողութեան մեջ կարեւոր բաժին ունէին նաեւ շատ ուրիշներ, յատկապէս ԼՀՕ-ի վարչութեան անդամները, իրենց ատենապետին, Դաւիթ Ստեփանի գլխավորութեամբ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ կամաւորներ, որոնց անխոնջ աշխատանքը արժանի է բարձր գնահատանքի։
Սրտանց կը շնորհաւորեմ ԼՀՕ, որ յաջողեցաւ արժանավայել բեմադրութեամբ ներկայացնել մեծանուն կոմպոզիտոր Ալեքսանդր Յարութիւնեանի “Սայաթ Նովա”ն, արժանանալով բոլորի գնահատանքին, գրաւելով մանաւանդ՝ երաժշտութեան եւ բանաստեղծութեան սիրահարներու սրտերը։ Չմոռնանք՝ որ Սայաթ Նովան որքան մեծ է որպէս երաժիշտ, նոյնքան մեծ է նաեւ՝ որպէս բանաստեղծ։
Ասատուր Կիւզելեան
Լոնտոն, 23 Հոկտեմբեր, 2017